Անցեալի ու ապագայի արանքին «Ժամանակազուրկ»

ՆԵՍԼԻՀԱՆ ԳՈՅՈՒՆՃՈՒ ՊԱԼԻ

Գարագիւղ Շա­րափ Իս­քե­լէսի (Գի­նիի նա­ւամա­տոյց) փո­ղոցի վրայ պատ­մա­կան շէնք մը։ Յստա­կօրէն կ՚երե­ւի իր 200 տա­րուայ ան­ցեալը։ Այս շէն­քը այժմ ան­ցեալի ու­րո­ւական­նե­րու հետ միասին կը հիւ­րընկա­լէ Գրի­գոր Սա­հակօղ­լո­ւի վեր­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ «Ժա­մանա­կազուրկ»ը։ Ցու­ցա­հան­դէ­սէն ետք ան պի­տի վե­րանո­րոգո­ւի եւ յետ այ­սու պի­տի դառ­նայ «Կա­լերի 77» գե­ղարո­ւես­տա­կան ցու­ցասրա­հի նոր հաս­ցէն։

Սա­հակօղ­լո­ւի ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ 11 Յու­նիս։

Անո­ւանի արո­ւես­տա­գէտի ինչպէս նա­խորդ ցու­ցա­հան­դէսնե­րը, Ժա­մանա­կազուրկն ալ վայ­րե­րու եւ ժա­մանա­կի յա­րաբե­րու­թիւնը կը նկա­րագ­րէ։ Ան 2015-ին եր­բեմնի ծխա­խոտի շտե­մարան ծա­ռայած «Տե­փօ»ի մէջ սար­քած էր ցու­ցա­հան­դէս մը, որ նիւթ կ՚ու­նե­նար հայ ժո­ղովուրդի կո­րուստնե­րու որո­նու­մը եւ կո­չուած էր «Էք­սիք», այ­սինքն պա­կաս կամ բա­ցակայ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը 2017-ին իր ալ աշա­կեր­տած Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի ան­մի­ջապէս դի­մացը գտնո­ւող եր­բեմնի Ղա­լաթիոյ Յու­նա­կան դպրո­ցի, որ այ­սօր ցու­ցա­հան­դէսնե­րու կամ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րու վայ­րի մը վե­րածո­ւած է, Սա­հակօղ­լու հոն ներ­կա­յացաւ «Իւ­թո­փիա» անուն ցու­ցա­հան­դէ­սով։

«Ժա­մանա­կազուրկ»ը կը ներ­կա­յանայ գի­նիի հին շտե­մարա­նի մը մէջ։ Ան­ցեալին յոյն նա­ւաս­տի­ներ Էգէական կղզի­ներէն Իս­թանպուլ փո­խադ­րած գի­նիի եւ օղիի տա­կառ­նե­րը հոս կը բե­րէին։ Շէն­քը որոշ ժա­մանակ յոյն ըն­տա­նիքի մը սե­փակա­նու­թիւնը ըլ­լա­լով, որ­պէս ծա­ղարան գոր­ծա­ծուե­ցաւ։ Աւե­լի ետք այս ան­գամ «Թա­րիշ» ըն­կե­րու­թիւնը նոյն վայ­րը գոր­ծա­ծեց իբ­րեւ գի­նիի պա­հես­տա­նոց։ Շէն­քի այժմու տէրն է «Կա­լերի 77» ցու­ցասրա­հը։

Խօ­սուն վայր մըն է այս, ուր պա­տերու ներ­կի շեր­տե­րը խո­նաւու­թեան պատ­ճա­ռաւ իրա­րու մէջ ըն­դե­լու­զո­ւած փոք­րիկ հպումնե­րու կը սպա­սեն փշրո­ւելով գե­տին թա­փելու հա­մար։ Ներ­կի իւ­րա­քան­չիւր շերտ յի­շողու­թիւն մը կը բե­րէ տար­բեր ժա­մանա­կէ, որոնց վրայ Սա­հակօղ­լո­ւի կտաւ­նե­րը այ­սօ­րուայ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը ըլ­լա­լով կը դի­մաւո­րեն այ­ցե­լու­նե­րը։

Պա­տերու տար­բեր ժա­մանակ­ներ յու­շող ներ­կի շեր­տե­րու նման Գրի­գոր Սա­հակօղ­լո­ւի կտաւ­նե­րուն ալ մերթ սփա­թու­լով եւ մերթ ալ վրձի­նի հպումնե­րով։ Իրար լրաց­նող իւ­ղա­ներ­կի շեր­տե­րը այս ան­գամ ոչ թէ դէ­պի ան­ցեալ, այլ դէ­պի ապա­գայ են­թադրու­թիւննե­րու առիթ կը ստեղ­ծեն։ Կտաւ­նե­րու շեր­տե­րու կու­տա­կու­մը եւ պա­տի շեր­տե­րու մա­շուի­լը զգա­լի հա­կասու­թեան մը տե­ղի կու տան։ Արո­ւես­տա­գէտը «Ժա­մանա­կը մար­դու մտա­ծու­թե­նէն ան­կախ իրա­կանու­թիւն մը ու­նի՞» հար­ցումին հե­տեւե­լով մե­ծամաս­նութիւ­նը այս վայ­րը նկա­տի ու­նե­նալով պատ­րաստած գոր­ծե­րով ան­ցեալի ու ապա­գայի արան­քին ժա­մանա­կազուրկ սպա­սում մը կ՚առա­ջար­կէ։ Այստեղ նկար­նե­րը ան­հա­ղորդ չեն իրենց տե­ղադ­րուած պա­տերէն։ Ընդ հա­կառա­կը մտա­ձու­լո­ւած են իրա­րու հետ։

Գոր­ծե­րու ցու­ցադրման եղա­նակը անոնք լոկ նկար մը ըլ­լա­լէ հե­ռաց­նե­լով վայ­րին տե­ղադ­րո­ւած գոր­ծե­րու կը վե­րածէ։ Սո­վորա­բար նկա­րը պա­տին կպցո­ւած կը ներ­կա­յացո­ւի։ Իսկ այստեղ նա­խընտրո­ւած է անոնք առաս­տա­ղէն իջ­նող թե­լերով կա­խել։ Այսպէ­սով գո­յացւած է որոշ հե­ռաւո­րու­թիւն մը պա­տին եւ գոր­ծին մի­ջեւ։

Իսկ երկրորդ յար­կի վրայ ապա­կի չու­նե­ցող լու­սա­մուտնե­րէն փչող քա­մին շար­ժուն կը դարձնէ կա­խուած նկար­նե­րը։ Աւե­լին, պա­տի ու նկա­րի հե­ռաւո­րու­թեան հե­տեւան­քով կը գո­յանայ ստո­ւեր մը, որ իր կար­գին կու գայ նոր շերտ մը ըլ­լա­լով։

Կարգ մը նկար­ներ քո­լաժի դրու­թեամբ օժ­տո­ւած են զա­նազան իրե­րով։ Կո­ճակ­ներ, փայ­լուն մե­տաղեայ ուղղան­կիւն քա­ռան­կիւններ՝ չո­րացո­ւած ծա­ղիկ­ներ…։

Երբ իր գոր­ծե­րուն մա­սին կը զրու­ցեմ Գրի­գոր Սա­հակօղ­լո­ւին հետ կ՚անդրա­դառ­նամ անոր իր գոր­ծե­րուն հետ ու­նե­ցած շփու­մին։ Բա­ցատ­րութիւններ տո­ւած պա­հուն դպչե­լու կա­րիքը կը զգայ։ Գի­տենք որ նկա­րի մը դպչե­լը թա­պուի հա­մազօր խնդիր է։ Բայց հե­ղինա­կը անոնց հետ ու­նի պատ­կա­նելու­թեան զգա­ցում մը։ Ան նաեւ կը բա­ցատ­րէ կտաւ­նե­րուն ագու­ցուած իրե­րը, ըսե­լով որ անոնք ընդհան­րա­պէս իր ծնող­նե­րէն յի­շողու­թիւններ կը պա­րու­նա­կեն։ Օրի­նակի հա­մար այդ մե­տաղեայ քա­ռան­կիւննե­րը կտրած է հօր­մէն յի­շատակ մնա­ցած թի­թեղի մկրա­տով։ Իսկ կո­ճակ­նե­րը պէտք է յի­շեց­նեն օղակ­ներ, որոնք նաեւ իրենց միաս­նութեան մէջ կը խորհրդան­շեն կա­պուա­ծու­թիւն։

Ան թէեւ կը պար­զէ թէ իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծի ար­տադրու­թեան շրջա­նին գոր­ծին հետ կ՚ու­նե­նայ մտա­յին ու զգա­ցական խտա­ցում մը, բայց նաեւ կը կա­րեւորէ հան­դի­պակա­նու­թեան գոր­ծօնն ալ։ Պա­տահա­կանու­թիւննե­րը, վայ­րի խոր­շե­րէն թա­փան­ցող փո­ղոցի ձայ­նե­րը կամ քա­մին կու գան իրենց բա­ժինը բե­րելու այս ցու­ցա­հան­դէ­սին։

Ընդհան­րա­պէս մեծ ծա­ւալով գոր­ծե­րը այ­ցե­լուին կը թե­լադ­րեն տար­բեր տե­սան­կիւննե­րէն դի­տելու կա­րիքը։ Ար­դա­րեւ մե­տաղեայ քայ­լուն պնակ մը, երբ կը մօ­տենաք յան­կարծ կը վե­րածո­ւի հա­յելիի մը, որուն մէջ կը տես­նէք ձեր դէմ­քի ցո­լացու­մը։ Բա­ցի այդ նկար­նե­րէն ան­ջա­տաբար տե­ղադ­րո­ւած կլոր հա­յելիի մը տակ գրո­ւած է հե­տեւեալը. «Սե­րունդնե­րու յա­րատե­ւու­թիւնով գի­տենք միակ ճշմար­տութիւն մը մեր տե­սած բո­լոր իրե­րու մէջ ամե­նանո­ւազ ծա­նօթն է սե­փական դէմ­քը»։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը վե­րանոր­գութենէ մը ետք իբ­րեւ ցու­ցասրահ ծա­ռայե­լու պատ­րաստո­ւող վայ­րի, ան­ցեալին ու ապա­գային մի­ջեւ խիստ շա­հեկան փա­կագիծ մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ