Ն.Ս. Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի վախճանման առթիւ Սէնթ Էսփրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ, 28 Ապրիլ 2025, Երկուշաբթի, ժամը 19.00-ին։
Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ մօտ Պապական Նուիրակ Մոնս. Մարէք Սոլժինսքի Արքեպիսկոպոսը, իր կողքին ունենալով Լատին Եկեղեցւոյ Իսթանպուլի Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսը, Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մոնս. Մարթին Քըմէթէքը եւ յարանուանութիւններէ առաջնորդներ ու հոգեւորականներ։
Արարողութեան մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Աթոռոյս Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։
Արարողութեան իրենց ներկայութիւնը բերին նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչը, Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանը եւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպս.ը, դիւանագիտական դէմքեր, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Նախ ողջոյնի խօսք արտասանեց Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսը եւ քահանայապետի վախճանման առթիւ վշտակցական խօսքը ներկայացուց։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հոգեւոր առաջնորդներուն, դիւանագիտական դէմքերուն եւ մասնակիցներուն, որոնք աղօթակցութեան համար փութացած էին Սէնթ Էսփրի Եկեղեցին։
Մոնս. Մարէք Սոլժինսքի եւ Մոնս. Մարթին Քըմէթէք արքեպիսկոպոսները եւս սրտի խօսքեր արտասանեցին։
Արարողութեան ընթացքին Պատրիարք Հայրը իր խօսքին մէջ յանուն Հայոց Պատրիարքութեան եւ Հայ համայնքին ցաւակցութիւն յայտնեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց, թէ վախճանեալ քահանայապետը հոգեւոր առաջնորդն էր աւելի քան մէկ միլիար ժողովուրդի եւ այս առումով իր խօսքը ազդեցութիւն ունէր աշխարհի վրայ։ Ինք ընտրած էր խոնարհ կեանք մը եւ քահանայապետութեան շրջանին եւս շարունակած էր կեանքի այս փիլիսոփայութիւնը։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ քահանայապետը իր հոգին աւանդած էր Ս. Յարութեան Տաղաւարին եւ կարծէք Աստուած կը հաստատէր քրիստոնէական իր դիմագիծը եւ տեսլականը։ Մեր Հոգեւոր Պետը խօսքի աւարտին մաղթեց, որ մերձաւոր ժամանակին ընտրուի Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի արժանաւոր յաջորդը եւ ան եւս դառնայ աշխարհի խաղաղութեան համար միջնորդ մը։
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ ներքնայարկը տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի ձօնուած յուշաքարին։