Քարեր կան, որ կը խօսին լսողի ականջին

ՆԱԶԸՄ ԷՕԶԿԻՒՆ ԱՖՇԻՆ

 

Հրանդ հօբարս երբ մեռաւ ես հազիւ հինգ տարեկան էի։ Հասակակիցներուս նման չէի կրնար խօսիլ, քանի որ օթիսթիկ էի։ Ափսոս որ զինք չեմ յիշեր։ Մայրս կը պատմէ, իրենք ընկերներ եղած են։ Մօրս պատմածներով գիտեմ որ ան զիս կը ճանչնար։ Իսկ իմ յատուկենտ յիշածս խոշոր ձեռք մըն է, որ մազերս կը շոյէր։ Այս յիշողութեան անգամ զարմանալ կարելի է։ Բայց եթէ օթիսթիկ ուղեղ մը ունիք, ուրիշներուն չյիշածը կրնաք յիշել եւ ատենօք ալ կը սորվիք այդ յիշողութեան չզարմանալ։ Հրանդ հօբարիս դէմքը լուսանկարներով ծանօթ է ինծի։ Քանի մեծցայ աւելի շատ դիտեցի այդ դէմքը, աւելի շատ կարդացի անոր գրածները եւ աւելի շատ լսեցի իր ելոյթները։

Կարգ մը քարեր լեզու կ՚ելլեն, կը խօսին զիրենք լսողներու հետ։ Հրանդ հօբարի քարն ալ անոնցմէ մէկն է։ «Ակօս»ի խմբագրատան մուտքին, մայթին վրայ տեղադրուած այդ քարը կը խօսի ինծի հետ։ Խորհրդանշան մըն է, իրեն հետ կը հանդիպիմ այդ քարի մօտ։ Կը զգուշանամ, բնաւ չեմ կոխեր վրան։ Ամէն 19 Յունուարին ներքուստ կը ցանկամ՝ «Երանի հիմա տեսնէ զիս»։ Սա պահուն այս պատշգամբէն խօսելու ժամանակ ալ զգացումս նոյնն է։ Երանի թէ կարենայի զրուցել իրեն հետ։ Երանի թէ դպրոցի վիճակացոյցներս ցոյց տայի եւ վայելէի ուրախ ժպիտը։ «Չըլլայ որ այս տղայէն հրաժարիս, անոր հոգին տարբեր է» ըսեր է մօրս, երբ իմ վիճակը ախտաճանաչեր են իբրեւ օթիզմ։ Երանի Հրանդ հօբարս տեսնէր Հաճեթթեփէ Համալսարանի մտից քննութիւնը յաջողելս, երանի…։

15 տարին երկար ժամանակ է բոլորին համար։ Բայց ինծի համար համարեա ամբողջ կեանք մը։ Եթէ մէկը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ամէն տարի նոյն օրը յիշատակման հանդէսի մը կը մասնակցի, գիտէ՞ք որ հոն լսածները երբեք չի մոռնար։

Հսկայ բազմութեան մը մէջ եմ։ Լուռ բազմութիւն մըն է այդ եւ մերթ ընդ մերթ միաբերան կը վանկարկեն «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»։ Նոյնիսկ այդ վանկարկումը կրկնելու դժուարացած տարիներուս կը խորհէի թէ միասնութիւն կոչուածը այս պէտք է ըլլար։ Բազմութիւնը, աղմուկը, ժխորը սարսափազդու բաներ էին մանկութեանս տարիներուն։ Հիմա կը խորհիմ որ միայն այդ բազմութեան մէջ ես լաւ կը զգայի։ Ամէն 19 Յունուարին Հրանդ հօբարիս եկող եւ շատ շատերը բնաւ չտեսած մարդիկ ինծի ծանօթ կը թուէին։ Լաւ կը զգայի անոնց մէջ։ Եթէ գիտնար Հրանդ հօբարս կ՚ուրախանար, վստահ եմ։

Հրանդ հօբարիս շատ սիրած կնոջ Ռաքէլ Տինքի յուղարկաւորութեան օր արտասանած խօսքերը ես աւելի վերջ լսեցի եւ երբեք չմոռցայ։ «Ոճրագործը ով որ ըլլայ, գիտեմ որ մանուկ մը ըլլալով ծնաւ։ Մանուկ մը ոճրագործի վերածող  խաւարը առանց դատապարտելու ոչ մէկ լաւ բան կարելի է եղբայրներ»։

Հարցաքննելը, հետաքրքրուիլը, միասնաբար կողք կողքի ապրելու իմաստը, խտրականութեան հաւաքականութեան մը համար ինչպիսի փտախտ մը ըլլալը, արդարութեան համար անիրաւութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը ես 19 Յունուարներուն արտասանուած ճառերով իմացայ։ Այդ գիտակցութեան հասնելուս մէջ Հրանդ հօբարիս գրածներուն, անցած ճանապարհին ու այդ վայրագ սպանութեան բաժինը մեծ են։

Հրանդ հօբարիս սպանութենէն ութը տարի անց 19 Յունուար 2015-ին յիշատակման օրը գրող Մուրաթհան Մունկան «Այդ տարի ծնած երեխէք լեզու ելան, գրաճանաչ դարձան։ Մինչդեռ Հրանդի մահացած մարմինը լուսաբանութեան կարօտ ոճիրի մը զոհը ըլլալով տակաւին այս մայթին վրայ է։ Անոր մահով աշխարհը ամայացնողները յիշատակներով ու կտակներով կ՚աճեցնեն։ Ու այդ կտակի պահակը դարձած մենք այստեղ մէկտեղուելով արդարութեան եւ իրողութեան որոնումը կ՚արտայայտենք։ Հրանդի անշունչ մարմինը մոռացութեան դաժան ձեռքերուն պիտի չթողունք» ըսած էր։ Արդարութեան որոնումն ալ, խաղաղութեան համար պայքարն ալ, միասին գոյատեւելու կամքն ալ, ազատութեան պահանջն ալ առանց նուազելու շարունակուեցան։ Շատ տարբեր դէպքերով այս հաստատումը ապրեցայ։ «Չկայացած արդարութիւնը կը բազմացնէ թէ ոճրագործները եւ թէ զոհերը» ըսած էր Մունկան։ 15 տարուայ ընթացքին արժէքաւոր մարդիկ կորսնցուցինք։ «Կէզի»ի ցոյցերուն մէջ կորսնցուցած եղբայրներս, Անգարա սպանուած խաղաղութեան աղաւնիները եթէ լսէր վստահ եմ որ ան ալ կը հաստատէր այս խօսքերը։ 2019-ին 19 Յունուարին մասնակցած ատենս 17 տարեկան երիտասարդ մըն էի։ Սապահատտին Ալիի դուստրը Ֆիլիզ Ալի «Սիրելի Հրանդ, այդքան ալ յուսահատ չենք։ Կան տակաւին լռութիւնը մերժողներ, հոս ենք։ Տեղ մը չենք երթար։ Չենք հրաժարիր մեր պահանջատիրութենէն։ Դուն սպանուած ժամանակ երախայ եղողները այսօր հոս են, մեր մէջ են։ Քու սպանութեան հաշիւը կը հարցնեն, չեն լռեր» ըսած պահուն ուրախացած էի, Ֆիլիզ Ալին զիս կը պատմէր։ 2020-ին իմ շատ սիրելի Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը կը խօսէր իրողութիւնը տեսնելու, պատմելու երբեք չհրաժարելու մասին։ «Իրողութեան որոնումը չաւարտիր, չէ աւարտուած։ Շաբաթնօրեայ Մայրերը մէկտեղման վայրերէն վտարեն իսկ, իրողութիւն պահանջողները բանտարկեն իսկ, մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքներու դիմաց մեր բողոքը ճնշելու ջանան իսկ, պիտի չհրաժարինք։ Ինչպէս չէր հրաժարած Հրանդ։ Սա չարիքի դէմ ատելութիւն չէ։ Մեր պայքարը չարիքը սովորականացնելու դէմ է։ Բռնակալին չհնազանդելու համար է»։

Այդ պահուն հանգստացած զգացի։ Երբեմն կը պատահի որ խօսք մը ուղղակի ձեզի ըսուած կարծէք։ Ես խելահաս ըլլալէ վերջ խոստացայ՝ Չեմ մոռնար, չեմ հրաժարիր։

Ես այս երկրի ապագային համար մտահոգուող, բայց խօսքը ըսելէ չխուսափող միլիոնաւոր երիտասարդներէն մէկն եմ եւ կ՚աղաղակենք՝ «Հոս ենք չենք հրաժարիր Աղբարիկ»։

Հրանդ հօբարիս համար արդարութեան, խաղաղութեան, խտրականութենէ զերծ կեանքի մը համար ազատ, ժողովրդավարական եւ արդար Թուրքիոյ մը տեսլականին համար պիտի պայքարիմ։ Շատ պիտի կարդամ, շատ պիտի լսեմ, շատ պիտի հետեւիմ ու շատ պիտի բաժանեմ։ Որովհետեւ Հրանդի վերջին գրածները դրոշմուած է մտքիս աղաւնիի մը երկչոտութեամբ։ Բոլորդ կ՚ողջունեմ ձեր երկչոտ աղաւնիները գրկած ու հոս եկած ըլլալնուդ համար։        

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ