Կենդանի է Տիգրանակերտի հոգին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Տիգ­րա­նակեր­տի Հո­գին»։ Անո­ւանի վար­պետ եր­գիչ Օն­նիկ Տինքչեան, այսպէս կո­չած էր բո­լորո­վին Տիգ­րա­նակեր­տի եր­գե­րէն բաղ­կա­ցած իր վեր­ջին ձայ­նապնա­կը։ Ամ­բողջ շա­բաթա­վեր­ջին այս եր­կու բա­ռերն էր որ կը տո­ղան­ցէր մտքիս մէջ։ Իս­կա­պէս կ՚ըմ­բոշխնէի եր­բեմնի հա­յաշատ քա­ղաքի ոգին, որ ի դէմ այլ եւ այլ փոր­ձանքնե­րու, կը շա­րու­նա­կէ վառ մնալ քա­ղաքը շրջա­պատող պա­րիսպնե­րու պայ­ծառ խա­ւարին մէջ։ Ճիշդ ալ այս նա­խադա­սու­թեան նման հա­կասու­թիւննե­րով լե­ցուն ապ­րումնե­րու խաչ­մե­րուկն է Տիգ­րա­նակեր­տը։ Այստեղ մենք ալ չենք վա­րանիր հա­մատա­րած սխալ ըն­կա­լու­մը կրկնե­լէ եւ Ամի­տա քա­ղաքը կը կո­չենք Տիգ­րա­նակերտ, քաջ գիտ­նա­լով թէ Տիգ­րա­նակեր­տը դէ­պի Արե­ւելք 20 քմ հե­ռաւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող Սիլ­վանն է, այլ ոչ թէ Ամի­տան։ Այդ սխա­լին մենք ալ կը տա­րուինք գի­տակ­ցա­բար, որով­հե­տեւ տի­յար­պե­քիր­ցին իւ­րա­ցու­ցած է իր քա­ղաքի այս հա­յաշունչ կո­չու­մը։ Հե­տաքրքրա­կան է որ տե­ղացի­ներն ալ առար­կութիւն չ՚ու­նին այդ սխալ կո­չու­մին հան­դէպ եւ իբր մի­ջան­կեալ լու­ծում կ՚առա­ջար­կեն «Տիգ­րա­նամետ» տար­բե­րակը։

Պատ­մա­կան Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ վե­րաբաց­ման հա­մար, երբ ոտք կը դնենք, այս բազ­մա­տանջ քա­ղաքը կը շրջա­պատուինք թէ ու­րախ եւ թէ տխուր զա­նազան մտո­րումնե­րով։ Նախ ամե­նացնցիչն է եր­բեմնի «Կյա­վուր Թաղ»ի են­թարկո­ւած տխուր պատ­կե­րը։ Պատ­մա­կան քա­ղաքը շրջա­պատող պա­րիսպնե­րը մօտ ան­ցեալին մաս կազ­մած էին ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի մշա­կոյ­թի հա­մաշ­խարհա­յին ժա­ռան­գի ցան­կին։ Այդ ցան­կին մաս կազ­մե­լու գլխա­ւոր գոր­ծօնն էր պատ­մա­կան Սուր թա­ղամա­սը, որ կը պա­հէր քա­ղաքի իւ­րա­յատուկ ճար­տա­րապե­տական ոճիր բո­լոր յատ­կա­նիշ­նե­րը։ Այ­սօր եկե­ղեց­ւոյ թա­ղը բո­լորովին կեր­պա­րանա­փոխո­ւած եւ ճիշ­դը ըսե­լու հա­մար ամ­բողջո­վին աղա­ւաղո­ւած է «ԹՈ­ՔԻ» կո­չեալ պե­տական շի­նարա­րու­թեան ան­ճա­շակու­թեան մէջ։ Կար­ծես թէ պե­տու­թիւնը փոր­ձած է ի սպառ հա­նել ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի մաս­նա­գէտ­նե­րու ար­ժէք ըն­ծա­յած բո­լոր յատ­կութիւննե­րը։ Կաս­կած չկայ որ այ­սօ­րուայ տես­քով ոչ ոք պի­տի հա­մար­ձա­կէր պատ­մա­կան քա­ղաքին այդ կո­չու­մը շնոր­հե­լու։ Սա­կայն եկե­ղեց­ւոյ բա­կը մօ­տենա­լով տա­րուե­ցանք բո­լորո­վին տար­բեր զգա­ցումնե­րու։ Ի դէմ հա­մատա­րած մեր­ժո­ղական կար­ծի­քին Տի­յար­պե­քիր հպար­տօ­րէն կը ներ­կա­յանար մեզ իր հայ դի­մագի­ծով։ Այդ պա­հուն կը տի­րէր նոր հա­կասու­թիւններ։ Օրի­նակի հա­մար կը հան­դի­պէինք վի­զէն մեծ խաչ­ մը կա­խած մարդկանց, որոնք կ՚ըն­դունէինք իբ­րեւ ծպտեալ հա­յեր։ Բնաւ դիւ­րին չէ նման ծպտո­ւելու պատ­կե­րը մեկ­նա­բանել։ Դիւ­րաւ կը պար­զո­ւի թէ անոնք ձե­ւակա­նօրէն որ­դեգրած են մահ­մե­տակա­նու­թիւնը, բայց գո­յացած առա­ջին առի­թով ալ վե­րադար­ձած իրենց նախ­նեաց ինքնու­թեան։ Ան­շուշտ որ կոր­սո­ւած է մայ­րե­նին, բայց այդ կոր­սո­ւածին վե­րատի­րանա­լու հա­մար մեծ աշ­խա­տու­թիւն կը տա­րուի Ամի­տայի մէջ։ Ան­ցեալին քա­ղաքա­պետա­րանի ալ զօ­րակ­ցութեամբ ըն­թա­ցող հա­յերէ­նի դա­սըն­թացքնե­րը հա­մավա­րակի պայ­մաննե­րուն մէջ կը շա­րու­նա­կուին առ­ցանց դրու­թեամբ եւ բնաւ նո­ւազ չեն այդ դա­սըն­թացքնե­րուն լուրջ ու­շադրու­թեամբ հե­տեւող­նե­րուն թի­ւը։ Անոնք այս աշ­խա­տան­քին մէջ կը յա­ջողին, քա­նի որ ու­նին չա­փահա­սի յա­տուկ գի­տակ­ցութիւն եւ ոչ թէ պար­տադրան­քով, այլ այդ գի­տակ­ցութեան թե­լադ­րանքով կը շա­րու­նա­կեն հա­յերէ­նի ու­սուցման։

Իս­կա­պէս իր յա­տուկ ոգին ու­նի Ամի­տան։ Այդ ոգին նկա­տելի է քա­ղաքի ամէն հա­տուա­ծի մէջ, բայց յատ­կա­պէս ալ Խան­չե­փեկի փո­ղոց­նե­րը։ Քա­ղաքի ժխո­րը, փո­ղոց­նե­րու իւ­րա­յատուկ բուրմունքը, մարդկանց տա­րազ­նե­րը միաս­նա­բար կը ներ­կա­յաց­նեն այդ յա­տուկ նկա­րագի­րը։ Յա­ւելեալ բախ­տա­ւոր­ներ են անոնք, որոնք դիւ­րաւ կը հա­ղոր­դո­ւին տե­ղացի ժո­ղովուրդին հետ։ Այդ հա­ղոր­դակցու­թիւնը կու գայ փաս­տե­լու թէ քա­ղաքի եզա­կիու­թեան գաղտնի­քը, նոյն ինքն տե­ղացի ժո­ղովուրդն է։

Ճիշդ է որ Ամի­տա եւս վեր­ջին տա­րինե­րուն մեծ գաղ­թա­կանու­թիւն մը հիւ­րընկա­լող քա­ղաքի վե­րածո­ւած է։ Սա­կայն իր բազ­մա­դարեան մշա­կոյ­թով, քա­ղաքը կը յա­ջողի այդ եկո­ւոր զան­գո­ւածը իր ինքնու­թեան հա­մակել եւ պա­հել ու­րոյն դի­տագի­ծը։

Ես այս վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւնով ան­գամ մը եւս հա­մոզո­ւեցայ թէ որ­քան մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նի այս քա­ղաքէ ներս ըն­կե­րական ապ­րումնե­րը։ Նախ կ՚ար­ժէ յի­շել թէ Ամի­տա ամ­բողջ Թուրքիոյ մէջ բնակ­չութեան ամե­նաքա­ղաքա­կանա­ցած վայրն է։ Այս մա­կար­դա­կի քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութիւ­նը ոչ Պոլ­սոյ մէջ գո­յու­թիւն ու­նի, ոչ մայ­րա­քաղաք Ան­գա­րայի մէջ եւ ոչ ալ երկրի ոեւէ քա­ղաքէ ներս։ Այստեղ բո­լոր վայ­րե­րու մէջ կա­րելի է բարձր մա­կար­դա­կով քա­ղաքա­կան վեր­լուծումնե­րու կամ կար­ծի­քի փո­խանա­կումնե­րու ակա­նատես ըլ­լալ։ Այս ալ իր հետ կը բե­րէ քա­ղաքի մշա­կոյ­թին վե­րաբե­րեալ նոր հարստու­թիւննե­րու երե­ւոյթներ։

Ամի­տա հա­սած առա­ջին օրո­ւայ երե­կոյեան հիւ­րա­սիրո­ւեցանք տե­ղացի բա­րեկամ­նե­րու բնա­կարա­նը։ Մարդ ու կին որ­պէս ամու­սիններ ներգրա­ւուած են հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու եւ քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու։ Այդ քիւրտ ամու­սիննե­րու սե­ղանա­կից եղանք երեք հա­յեր, որոնց մէջ միայն ես էի որ կը կրէի պաշ­տօ­նապէս հայ­կա­կան ինքնութիւն։ Մեր ժա­մանու­մէն ան­մի­ջապէս ետք մարդ ու կին միաս­նա­կան որո­շու­մով իմաց տո­ւին իրենց հա­րեւա­նին, ըսե­լով թէ Բագ­րատ աղ­բա­րիկը հոս է եւ սա­զը առ­նե­լով թող վար իջ­նէ։ Քիչ յե­տոյ մե­զի հետ էր նոյն շէն­քի բնա­կիչ հա­րեւա­նը, սաս­նե­ցի հայ մըն էր եւ մեզ մե­ծարող ամո­լի մտե­րիմ բա­րեկա­մը։ Զգա­ցած էի թէ այդ ժո­ղովրդա­կան նո­ւագա­րանով հա­ճելի պա­հեր պի­տի ապ­րէինք։ Բայց մտքովս իսկ չէր անցներ թէ այդ նոյն ժո­ղովրդա­կան նո­ւագ­արա­նի լա­րերէն պի­տի բարձրա­նար մե­զի շատ ծա­նօթ հնչիւններ, որոնց կ՚ըն­կե­րացէինք. «Ար­դեօք ով­քեր են, ինչ կտրիչ­ներ են, Մա­սիսը վկայ հա­յոց քա­ջերն են…»։

Պայ­ման չէ Ամի­տայի անակնկալ­նե­րու հա­մար հա­յերէն եր­գի հնչիւննե­րը։ Ինչպէս կ՚ընեմ դէ­պի Ամի­տա իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թեան ժա­մանակ, այս ան­գամ ալ յար­գե­ցի սո­վորու­թիւնը եւ կի­րակնօ­րեայ պա­տարա­գէն եւ յաջորդող չորս մկրտութեան ու մէկ պսակադրութեան արարողութենէն ան­մի­ջապէս ետք պոլ­սէն եկած բա­րեկամ­նե­րուս ալ ըն­կե­րացու­թեամբ այ­ցե­լեցինք քա­ղաքին ին­ծի հա­մար շատ յատ­կանշա­կան վայ­րե­րէն մէ­կը՝ Տենկպեժ­նե­րու Տու­նը։ Այս վայ­րը օր­նի­բուն կ՚եր­գէն քիւրտ տենկպեժ­ներ, վառ պա­հելով բազ­մա­դարեան աւան­դութիւն մը, որն է տա­ղասա­ցու­թիւնը։ Միայն քա­նի մը վայրկեանը բա­ւարար է որ մարդ դուրս գայ ապ­րած ժա­մանա­կահա­տուա­ծէն եւ սկսի ըմ­բոշխնել դա­րերու աւան­դութիւ­նը։ Այդ պա­հուն նշա­նակու­թիւն չու­նի ար­տա­սանո­ւած լե­զուն։ Մշու­շի մը մէջ կ՚ընդլու­ծո­ւին այս օրը եւ նա­խաք­րիստո­նէական շրջա­նի հե­թանո­սական ապ­րումնե­րը։ Այդ պա­հուն մենք կրնանք թա­փան­ցել Գող­թան գա­ւառի եր­գիչնե­րու տա­ղասա­ցու­թեան։ Այ­սօր քիւրտ տենկպեժ­նե­րը իրենց մայ­րե­նիով կար­ծես կը պատ­մեն Վա­հագ­նի Ծնունդը կամ Ար­տա­շէսի Հար­սա­նիքը։ Մենք այդ պա­տումնե­րուն իրա­զեկ եղանք պատ­մա­հայր Մով­սէս Խոր­ե­նացիի գրչին մի­ջոցաւ։ Իսկ քիւրտե­րը, որ չու­նե­ցան իրենց ու­րոյն տա­ռերը, բա­նաւոր գրա­կանու­թիւնը մե­զի փո­խան­ցե­ցին ահա տենկպեժ­նե­րու մի­ջոցաւ։ Այս ալ իր կար­գին քա­ղաքի կա­խար­դա­կան եզա­կիու­թեան վրայ աւել­ցած նոր յատ­կա­նիշ մըն է։ Լսել ու­զո­ղը կ՚իմա­նայ, բայց ականջնե­րը փա­կածին ո՞վ, ի՞նչ կրնայ պատ­մել։ Այս բո­լորին մէջ վե­րաբա­ցուե­ցաւ Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեցին, քա­ղաքին նոր աւիշ, նոր եռանդ բե­րելու հա­մար։ Միայն թե­րահա­ւատ­ներն են որ պի­տի շարունակեն Ամի­տայի հայ ինքնու­թիւնը ու­րա­նալ կամ ան­տե­սել։ Տես­նո­ղին կամ գո­նէ տես­նել ու­զո­ղին հա­մար ահա քա­ղաքը հոն է իր ամ­բողջ կեն­դա­նու­թեամբ եւ մեծ հոս­քով։ Այս հանգրուանին մե­զի կը մնայ միայն մէկ բա­րի մաղ­թանք, որն է Աս­տո­ւած չար փոր­ձանքնե­րէ եւ չար միտ­քե­րէ զերծ պա­հէ այս մեծ պատ­մութեան այժմու ներ­կա­յացուցիչները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ