Հայերէն գաւառի գրականութիւնը, համշէնի մշակոյթը եւ վերյիշումներ

ՄԱՀԻՐ ԷՕԶՔԱՆ

Համ­շէ­նա­հա­­յե­րէ­­նը իմ մայ­­րե­­­նին է։ Խօ­­սիլ սկսայ եր­­կու լե­­զու­­նե­­­րով։ Համ­­շէ­­­նահա­­յերէ­­նի եւ թրքե­­րէնի կը տի­­րապե­­տէի նախ­­քան դպրո­­ցական տա­­րինե­­րուս։ Խոս­­տո­­­վանիմ թէ ծնող­­ներս շատ ալ ցան­­կութիւն չ՚ու­­նէին համ­­շէ­­­նահա­­յերէն իմա­­նալուս հան­­դէպ։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի կը մտա­­հոգո­­ւէին թէ համ­­շէ­­­նահա­­յերէն խօ­­սելով կը դժո­­ւարա­­նամ թրքե­­րէնի լաւ տի­­րապե­­տելու։ Ես աւե­­լի վերջ նկա­­տեցի թէ այդ դժկա­­մու­­թեան ետին ու­­րիշ ազ­­դակներ ալ կան։ Կրնամ ըսել թէ համ­­շէ­­­նահա­­յերէ­­նի դէմ ու­­շադրու­­թեանս աղ­­բիւրը մեր բնա­­կավայրն է, գիւ­­ղը եւ լեռ­­նա­­­դաշ­­տը։

Այ­­սօր գիւ­­ղե­­­րու եւ լեռ­­նա­­­դաշ­­տե­­­րու բնակ­­չութիւ­­նը խիստ նո­­ւազած է։ Համ­­շէնցի­­ները բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տած են մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ եւ միայն ար­­ձա­­­կուրդի պատ­­ճա­­­ռաւ կամ թէ­­յի բեռ­­քա­­­հաւա­­քի օրե­­րուն կ՚այ­­ցե­­­լեն Համ­­շէն։ Քա­­ղաքի պայ­­մաննե­­րուն մէջ հա­­սարա­­կաց լե­­զուն թրքե­­րէնն է։

Թէեւ տար­­բեր ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րով եւ տար­­բեր եղա­­նակ­­նե­­­րով պոլսհա­­յերն ալ ապ­­րե­­­ցան մեր նման փոր­­ձութիւն մը։ Երբ Նոր Զար­­թօնք Հար­­թա­­­կի երի­­տասարդնե­­րու նա­­խաձեռ­­նած հա­­մացան­­ցա­­­յին «Նոր Ռա­­տիոյ»ի հա­­մար հա­­ղոր­­դումներ կը պատ­­րաստէի նկա­­տեցի, որ մեր գոր­­ծա­­­ծած բա­­ռերէն շա­­տեր իրենց օտար էին։ Այստեղ ան­­շուշտ որ կայ գիւ­­ղի եւ քա­­ղաքի կեն­­ցաղնե­­րու թե­­լադ­­րած տար­­բեր բա­­ռամ­­թերքի գոր­­ծօ­­­նը։

Այս հա­­մոզու­­մին եկայ, երբ ճանչցայ Հա­­մաս­­տե­­­ղի եւ Յա­­կոբ Մնձու­­րիի գիր­­քե­­­րը։ Այդ գիր­­քե­­­րուն մէջ ալ յա­­ճախ կը հան­­դի­­­պէի բա­­ռերու, որոնք ինձ՝ համ­­շէ­­­նախօ­­սին ծա­­նօթ էին եւ պոլ­­սա­­­հայոց ոչ։ Այս առ­­թիւ կ՚ու­­զեմ երախ­­տիք յայտնել այդ գիր­­քե­­­րու խմբա­­գիր Ար­­տա­­­շէս Մար­­կո­­­սեանին եւ թարգմա­­նիչ­­ներ Սար­­գիս Սե­­րով­­բեան եւ Սիլ­­վա Գու­­յումճեանին։

Հա­­մաս­­տե­­­ղի գիր­­քին առա­­ջին պատ­­մո­­­ւածքն էր «Աղ­­ջի Էղ­­սիկ»ը։ Հոն ար­­ժէն հան­­դի­­­պած էի ին­­ծի ծա­­նօթ բա­­ռերու, որոնք կը յի­­շեց­­նէին իմ հօրս հայ­­հո­­­յանքնե­­րը։ Նման գիւ­­տեր կ՚ընեմ յա­­ջոր­­դող հե­­քեաթ­­նե­­­րը ըն­­թերցե­­լով եւս։

Հա­­մաս­­տե­­­ղի հե­­քեաթ­­նե­­­րը կար­­դա­­­լով մէկ կող­­մէ ալ կ՚ափ­­սո­­­սամ այս մեծ ար­­ժէ­­­քին այսքան ուշ հան­­դի­­­պելուս հա­­մար։

Ըն­­թերցումներս կը շա­­րու­­նա­­­կեմ այս ան­­գամ Ակ­­նէն կամ Խար­­բերդէն տե­­ղափո­­խուե­­լով դէ­­պի Արմտան։ Յա­­կոբ Մնձու­­րիի էջե­­րը թղթա­­տելով կը տա­­րուիմ այնպի­­սի տպա­­ւորու­­թեան թէ կար­­ծես Համ­­շէ­­­նի լեռ­­նա­­­դաշ­­տե­­­րուն վա­­ռարա­­նի մը շուրջ նստած մեր տա­­րեց­­նե­­­րուն պատ­­մութիւննե­­րը կը լսել։ Հասկնա­­լի է այս տպա­­ւորու­­թիւնը, քա­­նի որ յա­­ճախ ըն­­թերցումս կ՚ընդհա­­տէի եւ ծնող­­նե­­­րուս մէջ­­բե­­­րումներ կար­­դա­­­լով անոնք ալ իրա­­զեկ կը դարձնէի։ Հոս եւս կը հան­­դի­­­պիմ ին­­ծի հա­­մար շատ հա­­րազատ բա­­ռերու։ Զար­­մա­­­նալի զու­­գա­­­դիպու­­թիւններ կը գո­­յանա­­յին, օրի­­նակի հա­­մար լե­­ղաղ­­բիւրը նոյն ձե­­ւով մենք ալ կը գոր­­ծա­­­ծենք։ Լե­­ղի է այդ աղ­­բիւրին ջու­­րը։

Յե­­տոյ ման­­կութեանս թռչու­­նը կու­­կուն կը յայտնո­­ւէր Մնձու­­րիի տո­­ղերուն վրայ։ Ման­­կա­­­կան խաղ մըն էր մե­­զի հա­­մար։ Մենք «կու­­կու» կը կան­­չէինք եւ ինք ալ կը կրկնէր այդ կան­­չը անընդհատ մին­­չեւ որ ձանձրա­­նանք։

Մնձու­­րիի պա­­տումնե­­րը ման­­կա­­­կան յի­­շատակ­­նե­­­րու պատ­­կերներ կը պար­­զեն իմ առ­­ջեւ։ Թէ­­յի բեր­­քա­­­հաւա­­քի օրե­­րուն հա­­ւաքո­­ւած բեր­­քը փո­­խադ­­րե­­­լու հա­­մար այ­­սօր կ՚օգ­­տո­­­ւինք նախ­­նա­­­կան ճո­­պանու­­ղիէն։ Իմ ման­­կութեան ժա­­մանակ այդ սար­­քը գո­­յու­­թիւն չ՚ու­­նէր։ Կա­­լան­­դնե­­­րը կը բեռցնէինք իշուն ու ես ալ արմտան­­ցի տղոց նման «Չո՜լ» կը պո­­ռայի իշուն, բայց ան չէր հնա­­զան­­դեր։ Համ­­շէնցի­­ներու արա­­գօրէն քաղ­­քե­­­նիաց­­ման այս շրջա­­նին լե­­զուի այ­­լա­­­սերումն ալ թափ կը ստա­­նայ։ Հայ գեղ­­ջուկ գրա­­կանու­­թիւնը այդ առու­­մով ալ յի­­շողու­­թիւնը վե­­րակեր­­տե­­­լու առիթ մը կ՚ընդձե­­ռէ մեզ համ­­շէնցի­­ներուս։ Մշա­­կու­­թեային հա­­սարա­­կական ան­­ցեալին հետ կապ հաս­­տա­­­տելու առիթ մըն է հա­­յերէն գա­­ւառի գրա­­կանու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ