ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Վառ

Շաբաթ մը առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, մտքի թռիչ­քէ մը կայծ առած՝ վա­ռեր էի «վա­ռ» բա­ռի պատ­մութիւ­նը։ Փայ­լուն էր ան, լու­սա­ւոր ու պայ­ծառ, ինչպէս հա­յու երե­ւակա­յու­թիւնը, մա­նու­կի աչուկնե­րը, ազա­տամար­տի­կի յի­շատա­կը, սի­րոյ գի­շեր մը պարզ ու ջինջ։ Նա­խորդ յօ­դուա­ծի մէջ մտա­բերեր էի նաեւ 19-րդ դա­րու սի­րավառ քնա­րեր­գակնե­րու այն քա­նի մը տո­ղիկ­նե­րը, ուր «վառ» բա­ռը դար­ձեր էր բա­նաս­տեղծի երազն ու կա­րօտը։ Իսկ այ­սօր, կ՚առա­ջար­կեմ վեր­ջին ան­գամ ճե­մել այդ բա­ռի գրա­կան մո­խիր­նե­րու վրայ, վա­յելել անոր ջեր­մութիւ­նը, ապա հեշ­տօ­րէն մա­րել զայն։

***

Չեմ գի­տեր, թէ վա­րե՞լն է աւե­լի դժո­ւար, թէ մա­րելը, բայց առա­ջինը, մա­նաւանդ «օրը ցե­րեկով» տան լոյ­սե­րը վա­ռած ձգե­լը ըն­տա­նեկան բուռն վի­ճաբա­նու­թեան պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ, եթէ ամուսնա­լու­ծութեան սե­մին հա­սած ամոլ էք ամէն օր կռո­ւող։ Առտնին այդ վի­ճակը զա­ւեշ­տա­կան ձե­ւով կը փայ­լի 1984-ին պատ­կե­րահա­նուած «Մեր ման­կութեան տան­գոն» շար­ժանկա­րի մէջ, ուր Ռու­բէ­նը (Մհեր Մկրտչեան) փո­ղոցէն կը նկա­տէ, թէ կի­նը, Սի­րանոյ­շը (Գալ­յա Նո­վենց) վառ պա­հած է լոյ­սե­րը։ Ռու­բէ­նը իր կնոջ հաս­ցէին անուղղա­կիօրէն կը պո­ռայ.

- Այս օրը ցե­րեկով լոյ­սը ին­չո՞ւ կը վա­ռէ... Մենք [պաշ­տօ­նապէս] բաժ­նո­ւած չենք։ Որ կը բաժ­նո­ւինք յե­տոյ ինչքան ու­զէ վա­ռէ։

Սի­րանոյ­շը պատշգա­մէն բարձրա­ձայն կը պա­տաս­խա­նէ եր­կու ձեռ­քե­րը մէջ­քին դնե­լով.

- Քէֆս ինչքան կու տայ էդ­քան պի­տի վա­ռեմ, էդի իմ անձնա­կան գործն է։ Ես ըն­ձի բա­ժանո­ւած կը հա­մարեմ։

Դրա­ցինե­րու զար­մանքի մէջ անոնք կը շա­րու­նա­կեն բա­նավի­ճիլ.

- Թող վա­ռէ՜, վա­ռէ՜, ին­ծի վա­ռեց, էրէ­խէքին վա­ռեց, թող քա­ղաքն ալ վա­ռէ։

- Ռու­բէն տղայ, լոյ­սը վա­ռել եմ ու պի­տի վա­ռեմ, ու էսօ­րից յե­տոյ էլ պի­տի վա­ռեմ, մա­րեմ, վա­ռեմ, մա­րեմ, վա­ռեմ, մա­րեմ...

- Վա­ռէ՛, վա­ռէ՜...

- Կը վա­ռեմ, հենց պի­տի վա­ռեմ։

- Քու գործդ մե­նակ վա­ռելն է։

***

Յար­գե­լի ըն­թերցող, նկա­տեցի, թէ հայ­կա­կան գրատ­պութիւ­նը չէ ու­նե­ցած բազ­մա­թիւ «վառ» էջեր։ Հայ տպագ­րի­չի զգու­շութի՞ւնն էր մի­թէ պատ­ճա­ռը։ Ըստ երե­ւոյ­թին այս միավան­կը կայծ չէ տո­ւած հայ­կա­կան խո­րագիր­նե­րուն։ «Վառ» անուն ու­նե­ցող հա­զիւ երեք հա­տոր գո­յու­թիւն ու­նի հայ­կա­կան գիր­քի պատ­մութեան մէջ։ Առա­ջինը լոյս տե­սեր է այն օրե­րուն, երբ հա­յը հա­մայն կայսրու­թեան մը վա­ռօդը կ՚ար­տադրէր ու մե­նատէրն էր այդ ռազ­մա­վարա­կան փո­շիին։ 1864 թո­ւակա­նին Պոլ­սոյ մէջ Յով­հաննէս Միւ­հէնտի­սեանի տպա­րանէն ներս լոյս տե­սած այդ գիր­քի անունն էր «Ար­քունի վա­ռօդա­պետ վսե­մաշուք եւ քա­ջանուն Պօ­ղոս Պէյ Տա­տեան ամի­րային դար­ձը»։ Երկրոր­դը քա­ղաքա­կան հոտ ու­նի։ 1959 թո­ւակա­նին Երե­ւանի մէջ լոյս տե­սած բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու ժո­ղոուա­ծու մըն է՝ «Լե­նինը եւ վա­ռարա­նի վար­պե­տը»։ Իսկ եր­րորդը, Վա­հէ Յո­վակի­մեանի «Վա­ռուող անուրջներ»ը, ար­ժա­նապէս լոյս տե­սած է 1962 թո­ւակա­նին Պա­քու քա­ղաքի մէջ՝ «Ատրբե­ջան» պետհրա­տի կող­մէ, ար­դա­րաց­նե­լով գիր­քին անու­նը, քան­զի ըստ մէկ աւան­դութեան այդ տա­րածու­թեան պարսկա­կան պատ­մա­կան անու­նը բուն կը նշա­նակէ «կրա­կի պա­հապան»։

***

Ինչպէս հայ տպագ­րիչնե­րը, նոյնպէս ալ հայ բա­նաս­տեղծնե­րը զգու­շա­ցան այս բա­ռէն։ Ար­դա­րեւ, հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան մէջ կը հան­դի­պինք քա­նի մը գոր­ծա­ծու­թեան միայն։ «Վառ» բա­ռի քնա­րական առա­ջին գոր­ծա­ծու­թիւնը կը պար­տինք հայ­կա­կան միջ­նա­դարեան ամե­նէն վառ անու­նին՝ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիին։ Վար­դա­վառի տա­ղի մէջ ան գրեց. «Գո­հար վարդն վառ առեալ / ի վե­հից վար­սիցն ար­փե­նից»։ Վեց դար յե­տոյ, Սա­յաթ Նո­վայի նա­խոր­դը, տա­ղասաց Նա­ղաշ Յով­նա­թանը եր­գի մը մէջ բա­ռիս տո­ւաւ աշ­խարհիկ սի­րային բո­վան­դա­կու­թիւն. «Ինձ կու տես­նուս, աչ­քով կ՚անես, ծի­ծաղես, / Վառ կրա­կով սրտիս մէջն կու դա­ղես (շի­կացած եր­կա­թով դրոշ­մել)»։ Իսկ Սա­յաթ Նո­վան, իր վար­պե­տի նմա­նողու­թեամբ շա­րու­նա­կեց Թիֆ­լիս քա­ղաքի եր­գա­րուես­տի վառ աւան­դութիւ­նը ու ըսաւ. «Էշխն վառ կրակ է՝ էրո­ւելով գու­քայ (կու գայ)»։

***

19-րդ դա­րուն հայ գե­ղապաշտնե­րը գրա­կան նոր փայլ մը տո­ւին «վառ» բա­ռին։ Անոր հետ լու­սա­ւորո­ւեցան Վա­րու­ժա­նի, Շան­թի, Թու­մա­նեանի եւ Իսա­հակեանի բազ­մա­թիւ բա­նատո­ղեր։ Ահա վառ նկա­րագ­րութիւննե­րու ընտրա­նի մը. «Վառ մա­նեակ մը լոյ­սե­րով հե­ղեղուկ... Տիոնի­սեան բագ­նին վրայ, գի­նիին մէջ հրա­վառ... Ձիաւոր­ներ զի­նավառ մրրկար­շաւ ու դա­ժան... Կա­տաղու­թեան խա­րոյ­կով ամ­բողջո­վին բո­ցաւառ», Հար­ճը, Դ. Վա­րու­ժան, «Ան ինչպէս սի­րուն մեղմ կը նա­յի վար / Հան­դարտ աստղե­րուն աչուկնե­րը վառ», Լ. Շանթ, «Քո դաշ­տե­րը ծաղ­կա­վառ... Հա­նուր կեան­քի ար­շա­լոյ­սը վառ հա­գած», Հայ­րե­նիքիս հետ, Յ. Թու­մա­նեան, «Ու երբ խա­ղում ես / Իմ մա­զերի հետ, / Վառ ման­կութիւնս / Ինձ դառ­նում է ետ», Աւ. Իսա­հակեան։ Կո­միտաս Վար­դա­պետը ձայ­նագրեց ժո­ղովրդա­կան երգ. «Երկնից կա­մար ունքերդ, / Ին­ձի վա­ռեց քո սէրդ»։ Թա­թուլ Ալ­թունեանը մշա­կեց սի­րուն զու­գերգ. «Ըն­կե­րու­հի.— Քե­զի հա­մար շատ են վա­ռուել։ Աղ­ջիկ.— Քա դէ՚ եսիմ, եսիմ, եսիմ»։ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը բա­ռը գոր­ծա­ծեց փո­խաբե­րաբար. «Ու բաց­ւում է կա­պոյտ աղ­ջիկ, քո հե­ռուն լու­սա­վառ»։ Իսկ Պա­քուի մէջ ծնած, 1929 թո­ւակա­նին տե­ղուոյն Ալ. Մեաս­նի­կեանի անո­ւան վար­ժա­րանը աւար­տած, 1933-46 թո­ւական­նե­րուն նոյն քա­ղաքի Լե­նինի անո­ւան գրա­դարա­նի հայ­կա­կան բա­ժինը վա­րած Աշոտ Գրա­շին սի­րուած եր­գի վե­րածո­ւած «Անոյշ Հա­յաս­տան» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ հայ­րե­նիքը դի­տեց վառ գոյ­նե­րով.

Ես ջուրն եմ խմել ամէն աղ­բիւրիդ

Անոյշ ակունքից, անուշ Հա­յաս­տան,

Քո վառ գա­րու­նը ծաղ­կունքն է սրտիս,

Ծուփ-ծուփ ծաղ­կունքով, անոյշ Հա­յաս­տան։

***

Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, օրը ցե­րեկով լոյ­սը վա­ռելու-մա­րելու ըն­տա­նեկան ծի­ծաղա­շարժ բա­նավէ­ճով սկսած մեր զրոյ­ցը թող աւար­տի բո­ցաւառ սէ­րով ու վա­ռած մո­մերով։ Մին­չեւ մեր յա­ջորդ հան­դի­պու­մը, թող վառ մնան ձեր սէ­րերը.

Եկ այս գի­շեր վա­ռենք բո­լոր մո­մերը

Թոյլ տուր ասեմ սրտիս բո­լոր խօս­քե­րը

Թող այս գի­շեր երազ դառ­նայ մեր սէ­րը

Ու իմ գրկում այ­րո­ւեն քո տաք շուրթե­րը։