Անօրինութեան ամպերը պատած են Թուրքիոյ երկնակամարը

Թերթիս նա­խորդ թիւ­ին մէջ ար­ձա­գան­գած էինք Տի­յար­պե­քիր 20 լրագ­րողնե­րու բեր­ման են­թարկո­ւելու մա­սին լ­րա­տուու­թեան։ Թերթիս տպա­րան ղրկո­ւած ժա­մերուն կը շա­րու­նա­կուէր դա­տախա­զի հար­ցաքննու­թիւնը։ Ապա շու­տով պար­զուեցաւ թէ դա­տարան ներ­կա­յացող լրա­գող­նե­րէն 16-ը ձեր­բա­կալո­ւած են ահա­բեկ­չութեան քա­րոզ­չութիւն ընե­լու մե­ղադ­րանքով։ Թուրք Պատ­ժա­կան Օրէն­քին ագու­ցո­ւած այս մե­ղադ­րանքը իրա­կանու­թեան մէջ կը գոր­ծէ կա­ռավա­րու­թեան հա­մար ան­բաղձա­լի թո­ւացող բո­լոր կար­ծիքնե­րը ճնշման տակ պա­հելու։

Սար­սա­փելին այն է թէ խօս­քի ազա­տու­թեան դէմ նման ճնշումնե­րը երբ կը գոր­ծադրո­ւին քրտե­րէն մա­մու­լի դէմ, Թուրքիոյ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը կը մատ­նո­ւին խոր լռու­թեան։

Նման երե­ւոյթ մը պար­զո­ւեցաւ, երբ 20 Յու­նի­սին Վա­նի Պաշքալէ գա­ւառին մէջ զի­նեալ ու­ժեր մե­ղադ­րեալ մը բեր­ման են­թարկե­լու հա­մար սար­սա­փի պա­հեր ապ­րե­ցու­ցին խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն։ Դէպ­քի պա­հուն բջջային հե­ռախօ­սի տե­սախ­ցի­կով կատ­արո­ւած նկա­րահա­նու­մին մէջ կը տես­նո­ւէին բազ­մա­թիւ զի­նեալ­ներ, որոնք իրենց ինքնա­ձիգ հրա­ցան­նե­րով կը կրա­կէին օդին։ Ետին կը լսո­ւէր կա­նանց սար­սա­փի ճի­չերը։ Աւե­լի ետք տե­ղացի­ներ դէպ­քի վայ­րէն հա­ւաքած էին աւե­լի քան 400 պար­կուճներ։

Աւե­լի ետք լսո­ւեցաւ կու­սա­կալու­թեան դա­սակա­նացած ստա­խօսու­թիւնը։ Կու­սա­կալը կը պնդէ թէ բեր­ման են­թարկո­ւածը ՓՔՔ-ի ան­դամ ահա­բեկիչ մը է եւ անոր մեր­ձա­ւոր­ներն ալ քար­կո­ծած են ապա­հովու­թեան ու­ժե­րու ինքնա­շարժնե­րը։ Կու­սա­կալի յայ­տա­րարու­թիւնը իս­կոյն հեր­քուեցաւ տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րու կող­մէ, որոնք կը պար­զէին թէ բեր­ման են­թարկուելու պատ­ճառը մի­ջըն­տա­նեկան թշնա­մու­թիւն մըն էր, որուն դա­տավա­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուէր աւե­լի քան ինը տա­րիէ ի վեր։

Այս օրե­րուն Խորհրդա­րանի քննարկման յանձնո­ւած է կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ պատրաստուած գրաքննու­թեան օրէն­քի նա­խագիծ մը։ Նա­խագի­ծը իբ­րեւ թէ կը մի­տի ապա­տեղե­կատո­ւու­թեան առաջ­քը առ­նել, սա­կայն մաս­նա­գէտ­նե­րու հա­մաձայն կա­տարո­ւածը յատ­կա­պէս ըն­կե­րային ցան­ցե­րէ ներս լու­րե­րու տա­րածու­մը կան­խե­լու հա­մար հնա­րուած միջոց մըն է, որ կը սպառ­նայ խօս­քի ազա­տու­թիւնը ալ աւե­լի սահ­մա­նելու։

Յատ­կա­պէս կը նշո­ւի օրի­նագ­ծի պղտոր ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։ Ապա­տեղե­կատուութիւն բա­ռի սահ­մա­նու­մը խիստ անո­րոշ է։ Ո՞վ եւ ո՞ր եղա­նակով պի­տի ճշդէ լրա­տուու­թեան հա­ւաս­տիու­թիւնը։

Այս զար­գա­ցումնե­րէ ետք մա­մու­լի ոլոր­տի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը երկրի զա­նազան քա­ղաք­նե­րէ ներս խիս­տօ­րէն կը դա­տապար­տեն օրէն­քի նա­խագի­ծը, որ մեծ հա­ւանա­կանու­թեամբ պի­տի վա­ւերա­ցուի խորհրդա­րանի կող­մէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ