Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը պաստառի վրայ

Պատ­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի մա­­սին պատ­­րաստո­­ւած վա­­ւերագ­­րա­­­կան նոր ֆիլ­­մի անդրա­­նիկ ցու­­ցադրու­­թիւնը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ 11 Հոկ­­տեմբեր 2025, Շա­­բաթ երե­­կոյ, Աթո­­ռանիստ Մայր Եկե­­ղեց­­ւոյ յա­­րակից Որդւոց Որոտ­­ման Եկե­­ղեցի-Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիարք Մշա­­կոյ­­թի Կեդ­­րո­­­նին մէջ:

Երե­­կոյեան ժա­­մեր­­գութե­­նէն ետք, Որդւոց Որոտ­­ման Եկե­­ղեցի-Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիարք Մշա­­կոյ­­թի Կեդ­­րո­­­նին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ «Ինքնու­­թեան արա­­հետ. Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը ժա­­մանակ­­նե­­­րու մէջ» վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մի անդրա­­նիկ ցու­­ցադրու­­թիւնը:

Հան­­դի­­­սու­­թեան կը նա­­խագա­­հէր Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը, իր շուրջ ու­­նե­­­նալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ, Արեւմտեան Եւ­­րո­­­պայի Հայ­­րա­­­պետա­­կան Պա­­տուի­­րակ եւ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսու­­թեան Վա­­տիկա­­նի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Գերշ. Տ. Խա­­ժակ Ար­­քեպս. Պար­­սա­­­մեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ եւ Կա­­թողի­­կոսա­­րանի Դի­­ւանա­­պետ Գերշ. Տ. Տա­­ճատ Եպս. Աշը­­գեանը, Գերշ. Տ. Արամ Ար­­քեպս. Աթէ­­շեանը, միաբան հայ­­րեր, քա­­հանա­­յից դա­­սու ան­­դամներ, Հայ Կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի Պատ­­րիար­­քա­­­կան կա­­ռավա­­րիչ Գերյ. Տ. Վար­­դան Թ.Ծ.Վրդ. Գա­­զան­­ճեան, Սեւ Ծո­­վեան Տնտե­­սական Հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան մշտա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Նա­­յիրի Պետ­­րո­­­սեան: Ներ­­կայ էին հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թեանց վա­­րիչ­­ներ ու հրա­­ւիրեալ­­նե­­­րու բազ­­մութիւն մը:

Բաց­­ման խօս­­քով հան­­դէս եկաւ Մա­­րալ Սա­­թար եւ շնոր­­հա­­­ւորեց Ս. Թարգման­­չաց տօ­­նը եւ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան գա­­հակա­­լու­­թեան հին­­գե­­­րորդ տա­­րեդար­­ձը:

Ապա անդրա­­նիկ ցու­­ցադրու­­թեամբ հսկայ պաս­­տա­­­ռի վրայ սփռո­­ւեցաւ «Ինքնու­­թեան արա­­հետ. Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը ժա­­մանակ­­նե­­­րու մէջ» վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մը: Ներ­­կա­­­ները 98 վայրկեան տե­­ւողու­­թեամբ, ու­­շի ու­­շով դի­­տեցին Ժա­­մանակ օրա­­թերթի ու Երե­­ւանի «Ֆակ­­տում» փաս­­տա­­­վաւե­­րագ­­րա­­­կան կեդ­­րո­­­նի կող­­մէ, Տիգ­­րան Պաս­­կե­­­ւիչեանի բե­­մագ­­րութեամբ պատ­­րաստո­­ւած ֆիլ­­մը:

Ցու­­ցադրու­­թե­­­նէն ետք հրա­­պարա­­կային ասու­­լիս սար­­քո­­­ւեցաւ Երա­­նու­­հի Պալ­­ճըի զրու­­ցա­­­վարու­­թեամբ: Ասու­­լի­­­սին մաս­­նակցե­­ցան Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ու­­զունեան, Տիգ­­րան Պաս­­կե­­­ւիչեան, Ար­­մէն Սա­­րու­­հա­­­նեան եւ Յա­­կոբ Քորթմո­­սեան:

Ապա խօսք առաւ Ժա­­մանակ Օրա­­թեր­­թի գլխա­­ւոր խմբա­­գիր Արա Գօ­­չու­­նեան եւ իր ու­­րա­­­խու­­թիւնը յայտնեց նման գործ մը յա­­ջողու­­թեամբ աւար­­տած ըլ­­լա­­­լուն ու հա­­սարա­­կու­­թեան մա­­տու­­ցե­­­լուն հա­­մար: Ան դի­­տել տո­­ւաւ, որ սոյն ֆիլ­­մը ձօ­­նուե­­ցաւ մեր Հո­­գեւոր Պե­­տի գա­­հակա­­լու­­թեան հին­­գա­­­մեակին, նաեւ հա­­մընկնե­­ցաւ Ժա­­մանակ օրա­­թեր­­թի հո­­գելոյս աւագ խմբա­­գիր Մար­­տի­­­րոս Գօ­­չու­­նեանի մա­­հուան յիս­­նա­­­մեակին։ Արա Գօ­­չու­­նեան յար­­գանքով յի­­շեց նո­­րոգ հան­­գուցեալ ազ­­գա­­­յին բա­­րերար Տիգ­­րան Կիւլմէզ­­կի­­­լը, որու յի­­շատա­­կի ար­­ծարծման հնա­­րաւո­­րու­­թիւն պի­­տի տայ այս ֆիլ­­մը։

Գօ­­չու­­նեան որ­­դիական երախ­­տիք յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսին, որ Գերշ. Տ. Խա­­ժակ Ար­­քեպս. Պար­­սա­­­մեանը որ­­պէս ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ ու­­ղարկած էր այս ցու­­ցադրու­­թեան: Նոյնպէս երախ­­տիք յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսին, որ Գերշ. Տ. Տա­­ճատ Եպս. Աշը­­գեանը որ­­պէս ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ ու­­ղարկած էր: Ան շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Արամ Ար­­քեպս. Աթէ­­շեանին, որու Ընդհա­­նուր Փո­­խանոր­­դութեան շրջա­­նին ու խրա­­խու­­սանքով սկսած էր այս գոր­­ծը:

Յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց ֆիլ­­մի բե­­մագ­­րութեան հե­­ղինակ Տիգ­­րան Պաս­­կե­­­ւիչեանին։

Գօ­­չու­­նեան յար­­գանքով յի­­շեց երախ­­տա­­­շատ բա­­րերար եւ Ս. Փրկիչ Ազ­­գա­­­յին հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լո­­­ւի անու­­նը, որ ակա­­մայ կը բա­­ցակա­­յէր, որու նո­­ւիրա­­տուու­­թեամբ իրա­­կանա­­ցած էր ֆիլ­­մի ար­­տադրու­­թիւնը:

Գօ­­չու­­նեան իր խօս­­քի աւար­­տին մի առ մի յի­­շեց բո­­լոր անոնք, որոնք իրենց ներդրու­­մը ու­­նե­­­ցած էին ֆիլ­­մի պատ­­րաստու­­թեան ու այս երե­­կոյ­­թի կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ըն­­թացքին: Ան ըսաւ, որ այս ֆիլ­­մը միաս­­նա­­­կանու­­թեան կոչ է:

Ապա Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեան կար­­դաց Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան օրհնու­­թեան գի­­րը, որով մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը բարձր կը գնա­­հատէր Տիգ­­րան Պաս­­կե­­­ւիչեանն ու իր գոր­­ծը եւ այս առ­­թիւ Աթո­­ռոյս Մա­­ղաքիա Պատ­­րիարք Օր­­մա­­­նեան շքան­­շա­­­նը կը շնոր­­հէր իրեն: Այստեղ մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը ան­­ձամբ կա­­խեց շքան­­շա­­­նը Պաս­­կե­­­ւիչեանի վի­­զը ու ան­­գամ մը եւս շնոր­­հա­­­ւորեց զինք:

Հուսկ՝ յու­­շա­­­նուէր­­ներ յանձնո­­ւեցան վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մի պատ­­րաստու­­թեան ներդրում ու­­նե­­­ցող ան­­հատնե­­րուն ու հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն:

Հան­­դի­­­սու­­թեան աւար­­տին ներ­­կա­­­ներ ան­­ցան Յա­­րու­­թիւն Ամի­­րա Պէզ­­ճեան սրահ, ուր սար­­քո­­­ւեցաւ ընթրի­­քի սե­­ղան մը, որ­­պէս հո­­գեճաշ Ճե­­միլ եւ Ան­­նա Թոփ­­լա­­­յըճը­­ներու յի­­շատա­­կին: Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան գա­­հակա­­լու­­թեան հին­­գա­­­մեակին առ­­թիւ կտրո­­ւեցաւ տա­­րեդար­­ձի կար­­կանդա­­կը եւ մեր Հո­­գեւոր Պե­­տի փակ­­ման խօս­­քով աւար­­տին հա­­սաւ հան­­դի­­­սու­թիւնը:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ