ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ածուխ

Ընթեր­ցո­ղին զգու­շա­ցում։

«Ածուխ» բա­ռի այս պատ­մութիւ­նը երե­ւակա­յական է։ Ան չի հա­մապա­տաս­խա­ներ գրա­կան, պատ­մա­կան կամ աշ­խարհագ­րա­կան իրա­կանու­թեան։ Նոյնպէս երե­ւակա­յական են ան­ձինք։ Հայ­կա­կան գե­ղարո­ւես­տա­կան գրա­կանու­թեան մէջ «ածուխ» բա­ռի բա­ցակա­յու­թիւնը ստի­պեց, որ ես, բա­րեխղճու­թեամբ, ի՚նքս ստեղ­ծեմ այն ինչ որ «ածուխ» գո­յակա­նը կրնար ու­նե­նալ եւ այդ ջերմ բո­ցերով փայ­լեցնել մեր լե­զուն։

Ածուխ աչերդ մի շար­ժիր

«Ածուխ» բա­ռը աւե­լի սեւ է քան «սեւ» ածա­կանը։ Մի գու­ցէ նաեւ աւե­լի քնա­րական։ Հե­տեւա­բար, սիր­տը սի­րով այ­րած եւ ածուխ դար­ձած, բազ­մա­թիւ աշուղներ իրենց եր­գե­րու մէջ «ած­խանման» ար­տա­յայ­տութիւններ ստեղ­ծե­ցին։ Անոնց հա­մար «ածուխ» բա­ռի սե­ւու­թիւնը խորհրդա­ւոր գե­ղեց­կութիւն էր։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ, «Ածուխ աչերդ մի շար­ժիր սի­րական», «Ածուխ վար­սերդ վար­դա­բոյր, կը ծա­ծանին այս գի­շեր», «Ածուխ է բախտս, / կը տես­նե՞մ ար­դեօք, / արե­ւի մի շող», «Սի­րավառ սիրտս դար­ձուցիր ածուխ / Կա­րօտ եմ ես քո տե­սոյն լու­սա­ւոր», « Ես ածուխ սե­ւադէմ, դուն շո­ղակ շող­շո­ղուն»։

Ած­խա­ծորան գի­շեր­ներ

Դժո­ւար է հա­ւատալ, թէ «ածուխ» բա­ռը ըլ­լար քնա­րական։ Այս բա­ռը, որ մուր կը յի­շեց­նէ, կրնա՞ր սէր եւ երազ արտա­յայ­տել։ Ին­չո՞ւ չէ։ Մեր Տէ­րեան­նե­րը, Դու­րեան­նե­րը, Մե­ծարենցնե­րը «ածուխ» բա­ռին չտո­ւին այդ առի­թը, բայց մենք, յար­գե­լի ըն­թերցող, այս ած­խա­գոյն գի­շերո­ւան խա­ղաղ ժա­մերուն, եկէք մտքի թռիչք մը կա­տարենք, գրա­կան զբօ­սանք մը, եւ ամէն ձմեռ մեզ ջեր­մացնող այդ նիւ­թին տանք գրա­կան բե­մի վրայ յայտնո­ւելու հա­ճոյ­քը։ Նախ ստեղ­ծենք քա­նի մը բարդ բառ. «ած­խա­ցած», «ած­խա­ծորան», «ած­խա­սիրտ», «ած­խա­սեւ», «ած­խա­տես»։ Իսկ այժմ, գե­ղապաշտ բա­նաս­տեղծի տա­րազ հա­գած՝ յօ­րինենք քա­նի մը քնա­րական խօսք. «Ած­խա­ցած սիրտ», ան­յոյս սէ­րէ տա­ռապող, վշտա­ցած, դառ­նա­ցած, կեն­դա­նու­թեան նշան­ներ ցոյց չտո­ւող, «Ած­խա­ծորան գի­շեր», շատ մութ գի­շեր, մռայլ գի­շեր, «Ած­խա­սեւ» (մա­զի եւ աչ­քի հա­մար) սեւ, մութ, խոր, խորհրդա­ւոր, փո­խաբե­րական իմաս­տով՝ ան­գութ, «Ած­խա­տես» (դէմ­քի, ար­տա­քին երե­ւոյ­թի հա­մար), ածու­խի գոյն ու­նե­ցող։

Ած­խա­ցած բնաշ­խարհս

Մեր բնաշ­խարհի մէջ գո­յու­թիւն չու­նի աշ­խարհագ­րա­կան տե­ղանուն մը, որ «ածուխ» բա­ռը ու­նե­նար իր մէջ։ Ի՞նչ է պատ­ճա­ռը։ Ածու­խի բա­ցակա­յու­թիւնը… Չենք գի­տեր։ Պատ­ճա­ռը թա­ղուած է պատ­մութեան հան­քե­րու մէջ։ Իսկ եթէ մեր եր­կի­րը Վա­նայ լի­ճի հա­րաւա­յին ափին ու­նե­ցեր է «Մոխ­րա­բերդ», Էջ­միած­նի մօտ՝ «Մոխ­րաբլուր», Էր­զուրու­մի մէջ՝ «Մոխ­րա­կոյտ» եւ Կո­տայ­քի մէջ՝ «Սե­ւաբերդ» գիւ­ղը եւ աւե­րակ բեր­դը, ապա թէ ին­չո՞ւ պի­տի չու­նե­նայինք «ածուխ» բա­ռը պա­րու­նա­կող բնա­կավայ­րեր։ Մենք կա­ռու­ցենք եւ հա­ւատանք որ անոնք գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են. «Ած­խա­բերդ», գիւղ, բերդ, «Ած­խա­ջուր», գե­տակ, «Ած­խա­շէն», գա­ւառ, աւան, «Ած­խա­ձոր», ձո­րակ, հո­վիտ, «Ած­խաբլուր», հնա­դարեան բնա­կավայր, «Ած­խա­կերտ», նախ­կին բնա­կատե­ղի Ած­խա­ջու­րի ձախ ափին։

Ըծո­խը բեր, հարս

Ածու­խը նոյն գոյ­նը, նոյն տես­քը ու­նի ամե­նուր։ Բայց անոր անու­նը այլ եւ այլ պի­տի հնչէր հայ­կա­կան բար­բառնե­րու մէջ։ Գա­ւառա­կան գրա­կանու­թեան մէջ ի՚նչ գե­ղեցիկ պի­տի ըլ­լար այդ բա­ռերը տես­նել, կամ կեն­դա­նի խօս­քի մէջ ական­ջա­լուր ըլ­լալ անոնց։ Ահա քա­նի մը քաղցրահնչիւն բառ, որ հե­ռու­նե­րէն կը կան­չէ ու կը վա­ռէ մեզ. «ըծոխ», «ըծըխ», «ածուղ», Զէյ­թունի եւ Հա­ճընի մէջ հա­ւանա­բար «էծիւղ», «էյ­ծիւխ», Մու­սա լե­րան գիւ­ղե­րու մէջ՝ «էյ­ծէօխ»։

Ած­խա­հան­քի բո­ցերը

Վէպ մը ըլ­լար, հաս­տա­փոր, պատ­մա­կան, մե­զի պատ­մէր ած­խա­հան քա­ղաքի մը հայ­կա­կան եր­կու հսկայ ար­դիւնա­բերող Տ. եւ Մ. ըն­տա­նիք­նե­րու դրա­մամոլ եւ բա­րոյա­զուրկ կեան­քը։ Այդ սեւ կտա­ւի վրայ վէ­պը մե­զի պատ­մէր նաեւ այդ ըն­տա­նիք­նե­րու եր­կու երի­տասարդ զա­ւակ­նե­րու՝ Տ. ըն­տա­նիքի ազ­նո­ւահո­գի, վա­յելուչ եւ ար­դա­րամիտ տղու եւ Մ. ըն­տա­նիքի առա­քինա­զարդ օրիոր­դի­կի ան­յոյս սէ­րը։ Վէ­պի սկիզ­բը մենք տես­նէինք երկրպա­գու­թիւնը դէ­պի ոս­կիին, որ ջնջած ըլ­լար բա­րոյա­կանը ան­բա­րոյա­կանէն զա­տող գի­ծերը։ Վէ­պի դե­րակա­տար­նե­րը, ըն­տա­նիք­նե­րու հայ­րե­րը ու­նե­նային գայ­լի ախոր­ժակ։ Անոնք իրա­ւազրկէին իրենց ած­խա­դէմ բա­նուոր­նե­րը։ Իսկ պճնա­մոլ տի­կին­նե­րը վագ­րի ժա­նիք­նե­րով զի­նուած ըլ­լա­յին եւ ցու­ցա­մոլու­թեան ճա­հիճին մէջ լո­ղային։ Քա­ղաքի ըն­կե­րային մի­ջավայ­րը ար­տա­քուստ փայ­լուն ըլ­լար, բաց ներ­քուստ՝ այ­լանդակ, ան­մարդկա­յին եւ վտան­գա­ւոր։ Վէ­պի աւար­տին ած­խա­հան բա­նուոր­նե­րու ըն­բոստու­թիւն մը կրա­կի տար եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րու ապա­րանքնե­րը, ինչպէս նաեւ ածու­խի հան­քե­րը։ Իսկ ըն­թերցո­ղը շնչա­զուսպ հարցնէր. ար­դեօ՞ք այդ բո­ցէն անվնաս դուրս պի­տի ել­լեն ու պի­տի միանան վի­րավառ երի­տասարդնե­րը։ Գիր­քին անո՞ւնը… Վա­յել­չօ­րէն «Ած­խա­հան­քի բո­ցերը»։ Ան­շուշտ, թէ այդ վէ­պը պի­տի վե­րածո­ւէր նոյ­նա­նուն շար­ժանկա­րի։

Ածու­խը մար­դա­ցաւ

Գրու­թեանս միակ իրա­կան անձն է 1637 թո­ւակա­նին Պո­լիս ծնած, արեւմտա­հայ մշա­կոյ­թի աչ­քա­ռու դէմք, հա­սարա­կական եւ քա­ղաքա­կան նշա­նաւոր գոր­ծիչ, պատ­մա­գիտա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող ար­ձակ գոր­ծութիւննե­րու, նա­մակ­նե­րու եւ բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու հե­ղինակ, քար­տի­զագէտ, տպագ­րիչ, յու­նա­րէնի, լա­տինե­րէնի, պարսկե­րէնի, արա­բերէ­նի, թուրքե­րէնի, եբ­րա­յերէ­նի, ֆրան­սե­րէնի եւ գեր­մա­ներէ­նի տի­րապե­տած այր մը։ Այնքան կը ցան­կա­նայի, որ մեր «ածուխ» բա­ռը հպար­տա­նար, որ այդ անձնա­ւորու­թեան մա­կանունն է. Ածու­խեան մը, կամ՝ Ածուխխա­նեան, Ածուխճեան… Ո՚չ մէ­կը։ Այդ պա­րոնը Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճնանն է, որ մա­կանու­նին վրայ «ածուխ» բա­ռի տեղ ըն­դուներ է անոր թրքե­րէն թարգմա­նու­թիւնը՝ «քէօմիւր»։ Իսկ, յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք մին­չեւ այ­սօր կը յի­շենք անոր եղ­բայրը՝ քե­րական, ճար­տա­սան եւ աս­տո­ւածա­բան Կո­միտաս քա­հանայ Քէօմիւրճեանը, որ կա­ռավա­րու­թեան որո­շու­մով 1707 թո­ւակա­նին Պոլ­սոյ Սա­մաթիա թա­ղի մէջ 3000 հո­գիի, իր տիկ­նոջ, քրոջ եւ իր եօթը զա­ւակ­նե­րու աչ­քին առ­ջեւ գլխա­տուե­ցաւ։

Կը դառ­նաս ադա­մանդ

Ես կը փա­փաքէի տես­նել ոմն Տիար Ածու­խեան մը՝ կե­սարա­ցի, կար­նե­ցի, նոր ջու­ղա­ցի կամ վա­նեցի մեծ վա­ճառա­կան, որ հիմ­նած ըլ­լար գա­ւառա­կան դպրոց, ու զայն կո­չէր «Ածու­խեան Ճե­մարան», եւ այդ դպրո­ցի գեղ­ջուկ սա­ները հա­ւատա­յին, որ ածուխ կո­չուած անգրա­ւիչ քա­րը ճնշու­մի տակ կը դառ­նայ ադա­մանդ։ Իսկ երբ շրջա­նաւարտ ըլ­լա­յին այդ երե­խանե­րը, մեր գրա­կանու­թեան եւ գի­տու­թեան մէջ փայ­լէին աստղե­րու նման։

Ած­խա­ջուր խմե­ցէք

Ած­խա­սեւ է գի­շերը։ Լու­սինն իսկ ան­տե­սանե­լի է։ Հե­ռատե­սիլի մէջ ին­ծի կը յայտնո­ւի գո­վազդ մը, որ սպա­ռողին կը փոր­ձէ «ած­խա­ջուր» վա­ճառել։ Կը նե­րէք, յար­գե­լի ըն­թերցող, չբա­ցատ­րե­ցի, թէ ինչ է «ած­խա­ջուր» կո­չուած ըմ­պե­լին։ Ած­խա­ջու­րը այն ջուրն է, որ ան­ցած ըլ­լա­լով «ակ­տի­ւացած» ածու­խի մէ­ջէն, ստա­ցած է զտու­թիւն։ Ան տար­րա­բանու­թեան մէջ կը գոր­ծա­ծուի որ­պէս զտիչ, ինչպս նաեւ բժշկու­թեան մէջ՝ որ­պէս ստա­մոք­սի եւ աղիք­նե­րու մէջ թու­նա­ւոր նիւ­թեր հա­ւաքող եւ հե­ռաց­նող նիւթ։

Մի երազ, մի ածուխ

«Ածուխ» բա­ռի գո­յու­թիւն չու­նե­ցող պատ­մութիւ­նը կը հաս­նի իր աւար­տին։ Ի հար­կէ եր­գով պէտք է հրա­ժեշտ տանք իրա­րու։ Սա­կայն, ես եր­գա­հան չեմ, որ հեշ­տա­լուր եղա­նակ­ներ յօ­րինեմ։ Ամե­նայնդէպս, կառա­ջար­կեմ քա­նի մը անուն, մի գու­ցէ ճշմա­րիտ բա­նաս­տեղծ-երա­ժիշտ մը կը մտա­ծէ զայն եր­գի վե­րածել. «Մի երազ, մի ածուխ», «Շո­յեմ քո ածուխ մա­զերը», «Ածուխ դար­ձայ», «Ես ածուխ, դու ադա­մանդ»։

Ափ մը ածուխ՝ կա­ղանդչէք

Քնա­րական է ածու­խը, խոր ու խորհրդա­ւոր։ Ուստի, ես կը փա­փաքիմ որ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձեր սի­րածէն ստա­նաք կամ անոր տաք ափ մը ածուխ, որ­պէս 2026-ի կա­ղանդչէք։ Մի զար­մա­նաք, սա ցուրտ եր­կի­րի տէր սկով­տիացի­ներու սո­վորու­թիւնն է՝ անոնց բա­րեմաղ­թութիւ­նը, որ շու­տով վե­րադառ­նան ջերմ օրե­րը։ Այ­սօր, վա­ռեցի ածու­խի պատ­մութիւ­նը։ Իսկ յա­ջորդ յօ­դուա­ծը կը նո­ւիրեմ լոյ­սի մէկ այլ աղ­բիւրին՝ «ճե­մարան» բառին։