Մեծն Բրիտանիա չեղեալ համարեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելու արգելքը, յայտարարութեան մը միջոցով տեղեկացուց երկրին պետական նախարար Սթիվըն Տաութի։
Անոր յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ, նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յառաջընթացը, խաղաղութեան շարունակական ջանքերուն աջակցելու համար Մեծն Բրիտանիա որոշած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ բարձրացնել իր երկկողմ յարաբերութիւններուն մակարդակը՝ զայն հասցնելով ռազմավարական գործընկերութեան։ Ըստ Լոնտոնի` այս որոշումով Միացեալ Թագաւորութիւնը նաեւ կ՛աջակցի երկու երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման՝ «զանազան տեսակի սպառնալիքներէ»։
«Կը կարծենք, որ 1992ի ԵԱՀԿի զէնքի արգելքը այլեւս այժմէական չէ», շեշտեց Տաութի։
Սակայն, Հայաստան եւ Ատրպէյճան արտածման եւ առեւտուրի արտօնագիրներու դիմումները պիտի շարունակուին արժեւորուիլ անհատական հետազօտութեան հիման վրայ։ Մեծն Բրիտանիոյ ռազմավարական արտածման արտօնագրութեան չափանիշներուն համապատասխան։
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք երկու երկիրներուն մէջ տարածաշրջանի եւ ներպետական ապահովական իրավիճակին», շեշտեց Տաութի յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ Ուաշինկթընի պայմանաւորուածութիւններով Հարաւային Կովկասի մէջ իսկապէս խաղաղութեան սկիզբ կը դրուի։