ՔԱՏԻՐ ԱՔԸՆ
Իմ հեղինակած «Ռետ» ֆիլմի ցուցադրութեան համար գացի Պոյենոս Այրէս եւ Մոնթէվիտէօ։ Շուրջ 1,5 ամսուայ այս շրջագայութեան հիմնական պատճառը ֆիլմի սպաներէն ներքնագիրի պատրաստ ըլլալն է։ Այս այցելութիւնը հաճելի հանդիպումներու ալ առիթ ընձեռեց։ Նախորդ Մայիս ամսուն մահացած էր երկրի նախագահ Խոզէ Մուիքան։ Այս այցելութեան բախտաւորուեցայ ինք ալ Թուփամարոյի հայդուկ եղած իր տիկնոջ Լուսիա Թոփոլանսքիի հետ ծանօթանալու։ Իրեն նուիրեցի Բարամազներու ձօնուած գիրքիս անգլերէն օրինակը։ Ֆիլմի ցուցադրութիւնը կայացաւ Սինեմաթիքայի դահլիճը, 300 հանդիսատեսի ներկայութեամբ։ Հանդիսատեսը սահմանուած չէր միայն հայերով։
Հոն ներկայ էին ուրուկուայցի համայնավար երեսփոխաններ եւ ակադեմականներ ալ։ Մոնթէվիտէոյի Համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօսներուն հետ ալ զրոյց մը ունեցայ, որ տեղադրուեցաւ համալսարանի «ԵուԹուպ»եան էջին։ Սակային զիս ամենաշատ հետաքրքրողը եղաւ Մարաշէ, Այնթապէ եւ Ատանայէ գաղթած բազմահազար հայերու գոյութիւնը։
Իրականութեան մէջ այս մասին լսած էի 2016-ին «Ակօս»ի մէջ Օրչուն Ուրկունի ստորագրութեամբ լոյս տեսած գրութենէն։ Այսպէս Պոյենոս Այրէսի մէջ Այնթապցիներու, իսկ Մոնթէվիտէոյի մէջ ալ Մարաշցիներու միութիւնները այցելեցի։
1919-էն մինչեւ 1980 շարունակուող գաղթի ալիքները բազմահազար հայեր բերած են դէպի նոր աշխարհ։ Անոնք իրենց հիմնած եկեղեցիներով, դպրոցներով, թերթերով, մշակոյթի միութիւններով կազմակերպեալ համայնք մը ձեւաւորած են մանաւանդ Փալերմոյի մէջ։ Կ՚ըսուի թէ բացի մայրաքաղաքէն Քորտոպայի մէջ ալ շուրջ 20 հազարի հասնող հայ համայնք մը կայ։ Արկենդիանայի հայ համայնքը յաջորդ սերունդներուն փոխանցած է իր կենցաղը ու մշակոյթը։ Թէեւ այսօր նկատելի է ձուլման որոշ պատկերներ, մանաւանդ երիտասարդներու հայախօսութենէն դադրելու ընդհանուր երեւոյթին մէջ։
Ուրուկուէյը ծանօթ է որպէս հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող առաջին երկիր ըլլալու հանգամանքով։ Այդ որոշումը կայացած է 22 Ապրիլ 1965-ին, ընդունուած յատուկ օրէնքով մը։ Արկենդինա նոյն որոշումը առաւ համեմատաբար աւելի ուշ՝ 2007-ին։ Երկու երկիրներու մէջ ալ բազմաթիւ յուշարձաններ կան ձօնուած հայոց ցեղասպանութեան։ Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետարանը 2015-ին, այսինքն ցեղասպանութեան դարադարձին քաղաքի կարեւորագոյն զբօսայգիներէն մէկուն գտնուծ հրապարակը վերանուանեց Փարամազի յիշատակով։ Արդէն լսած էի այս մասին եւ ուզեցի անձամբ այցելել այդ հրապարակը։
Մարաշցիներու ակումբի հանդիպումը եւս ուշագրաւ էր ինծի համար։ Նախ նկարագրեմ միութիւնը՝ ան կը զբաղեցնէ բաւական ընդարձակ տարածք մը, ուր կայ հարսանիքի սրահ, խոհանոց, փակ մարզադաշտ եւ լողաւազան։ 80 անց մարաշեցի մը եղող Փապլօ Կէօզիւքարայան Մարաշի բարբառով խօսած թրքերէնով ինք ծանօթացուց ամբողջ այդ կառոյցը։ Յաջորդ օր արդիաշունչ ճարտարապետութիւնով կառուցուած բարեգործարանի Նուպարեան նախակրթարանի այցելութեան պահուն ալ ինք էր որ կ՚ուղեկցէր ինրի եւ կը ստանձնէր թարգմանութիւնները։ Զրուցակիցներս կ՚ուզէին հասկնալ թէ թուրք մը ըլլալով ի՞նչ դրդումներով սնուցած եմ այս հետաքրքրութիւնը։ Փորձեցի պատմել թէ իբրեւ համայնավար մը իրականութեան մէջ ես իմ գաղափարներու պատմութիւնը կը որոնեմ։ Նկատած եմ որ այդ գաղափարախօսութեան ջահակիրները հայեր եղած են, որոնք աւելի ուշ մոռացութեան մատնուած են պաշտօնական պատմագրութեան մէջ։ Կը կարծեմ թէ իմ մտատանջութիւնները ամենալաւ հասկցողները եղան երկու երիտասարդական միութիւններու անդամները, որոնք այսօրերուն կը պատրաստուին պարային ներկայացումի մը։ Իրենց հրաւէրով ներկայ գտնուեցայ անոնց փորձերուն։ Բծախնդիր աշխատութիւնով կը պատրաստուին 22 Հոկտեմբերի իրենց ներկայացումին։
Արկենդինայի մէջ զինուրական բռնատիրութեան տարիներուն 30 հազար այլախոհներ սպանուած եւ շատերուն աճիւնները կորսուած են։ Անոնց մէջ էին նաեւ 24 հայեր, որոնց անունը յիշատակուած է Փալերմօ, Արմենիա հրապարակի յուշաքարի մը վրայ։
Բացի այդ յուշաքարէն այցելեցի նաեւ Փլացա Տէ Մայօ հրապարակը։ Ծանօթացայ «Հինգշաբթիի Մայրեր»ու հետ։ Երբ լսեցին որ Իսթանպուլէն եկած եմ, իսկոյն հարցուցին «Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ու մասին։
1976-ին զինուորական յեղափոխութիւնով մը իշխանութիւն նուաճած զօրավար Վիտելայի վայրագութիւնները թող մնան ուրիշ գրութեան մը։ Ես այստեղ կ՚ուզեմ արմատները Կիլիկիա հասնող 24 այլախոհ հայերու յիշատակը յարգել։ Երանի ինծի որ հազարներով քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ այս հարազատ մարդկանց հետ աղն ու հացը կիսելու եւ զիրենք ճանչնալու պատուին արժանացայ։