Ժողովուրդներու համակեցութիւնը մեր ժամանակներու, մանաւանդ ալ մեր տարածաշրջանի գլխաւոր խնդիրներէն մէկն է:
Փորձենք պարզել «մեր ժամանակներու» եւ «մեր տարածաշրջանի» սահմանումներու նշանակութիւնը:
Անցեալ ժամանակներուն, երկրի մը բնակչութեան զանազանութիւնը միասնաբար ենթակայ էր տուեալ երկրի թագաւորի կամքին: Ան էր որ որոշ իրաւունքներ պիտի շնորհէր, կամ ալ ընդհակառակ, պիտի կրճատէր իրեն հպատակ ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:
Եթէ կ'ակնարկենք տարածաշրջանին, խօսքը առհասարակ միջին արեւելքի մասին է: Հետեւաբար նիւթ կ'ունենանք Օսմանեան, Պարսկական եւ ռուսական կայսրութիւններու իշխանութեան տարածքը:
Ինչպէս ծանօթ է, այս թագաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը բնակէին զանազան ազգութիւններ, որոնք կը ձգտէին իրենց ազգային, հոգեւոր, մշակութային առանձնայատկութիւններու ուրոյն գոյութիւնը պահել, առանց ձուլուելու երկրի մեծամասնութեան մէջ:
Կայսրութիւններէ ներս արժէքներու նախապատւութիւնը կը դասաւորուէր կրօնական յատկանիշներով։ Օրինակի համար Օսմանեան իշխանութիւններու դիմաց երկրի մահմետական ժողովուրդները կը վայելէին պետութեան նախախնամութիւնը։
Իսկ երբ հասանք ազգային պետութիւններու շրջանին, պետական առաջնակարգ խնամքին արժանանալու համար այս անգամ մեծամասնութեան կրօնքի կողքին, հարկ էր տիրող ազգութեան ալ հպատակիլ։ Այս է պատճառը որ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններու մէջ բնակող բազում ժողովուրդներ, այդ առիթներուն տիրանալու համար նախ երեք կամ չորս դար առաջ մահմետականացան, իսկ վերջին հարիւրամեակին ալ ուրացան իրենց ազգութիւնը։
Ինքնաբերաբար մուտք գործեցինք ժամանակի բերած տրամադրութիւններու նիւթին։ Անցեալին թագաւորներու կամքէն կախեալ էր ժողովուրդներու իրաւունքները։ Այսօր այդ բոլորը իբրեւ համաշխարհայնօրէն իւրացուած սկզբունքներ, շատ անգամ կը գերադասեն երկիրներու կառավարութիւններուն ինքնակամ որոշումներուն։ Մարդկութիւնը անցած է շեմ մը եւս, բայց ըստ երեւոյթի բոլոր իշխանաւորները չէ որ կը գիտակցին այս զարգացումին։
Հիմնականին այս եւ նման նիւթերով ծանրաբեռնուած էր նախորդ շաբաթավերջին Մարտինի մէջ կայացող բանախօսութիւնը։
«Ժողովրդավարական հասարակութեան նախաձեռնութիւն» անուն կազմակերպութեան կողմէ կայացող ժողովը վայելեց բաւականին մեծ թիւով ներկաներու ուշադրութիւնը։ Իբրեւ ժողովավայր ընտրուած էր Մարտին-Միտյաթ երթուղիի վրայ գտնուող արդիական հիւրանոց մը, որ իր կարելիութիւններով բաւարարեց բազմանդամ ժողովի բոլոր պահանջները։ Բացի հիւրանոցէ, ժողովի սրահը ուշագրաւ էր իր դիրքով։ Ան արհեստական կերպով ստեղծուած քարայր մըն էր, որ դիւրաւ կ՚ընդգրկէր շուրջ 300 մասնակիցները։
Միջոցառումը մեկնարկեց բացման ճառերով, որոնց մէջ ուշագրաւ էր Մարտինի ընտրեալ քաղաքապետ Ահմետ Թիւրքի ելոյթը։ Ան անդրադարձաւ շրջակայքի ժողովուրդներու համակեցութեանը միտող ծրագիրներու կարեւորութեան։ Այս ուղղութեամբ օրինակ բերաւ Ռոժավայի մէջ կեանքի կոչուած փորձը, որ օրինակ կը հանդիսանայ նման բնոյթի բոլոր շրջաններու համար։
Համագումարը կը բաղկանար երկու փանելային նիստերէ։ Այդ նիստերուն ատենախօսները իրենց միտքերը պարզեցին սահմանուած ժամանակահատուածի մէջ։ Անոնց ելոյթը շատ անգամ կ՚առնչուէր իրենց մասնագիտութեան կամ պատկանելութեան հետ։ Արդարեւ բացի հայ, ասորի, եզդի, քիւրտ, քրիստոնեայ կամ մահմետական ներկայացուցչութենէ, նիւթերը կը ծաւալէին գիտաշխատողի, ուսուցիչի, հոգեւորականի, լրագրողի, հայդուկի, քաղաքական գործիչի տեսանկիւններով։
Շրջօրեայ նիստերու աւարտին խմբագրուեցաւ նաեւ գիտաժողովի մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ուր ի մի կը բերէր արծարծուած նիւթերու պարզած ընդհանուր համայնապատկերը։