ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Պարտք

Երկար մտա­ծեցի կա­ղան­դի եւ նոր տա­րուայ մա­սին գրել… Չէ՞, որ բո­լորս, յար­գե­լի ըն­թերցող, հո­գեպէս կը պատ­րաստո­ւինք նոր սկիզբնե­րու՝ նոր յոյ­սե­րով, նոր եր­գով… Ապա, յի­շեցի, թէ մեր մե­ծերը նոր տա­րուայ շե­մին կը խրա­տեն պարտքե­րը մա­րել: Ըստ հին իմաս­տութեան, հա­մաձայն էք, չէ՞, կա­րելի չէ պատ­քե­րով նոր տա­րի մտնել: Ուստի որո­շեցի գրել «պարտք» բա­ռի պատ­մութիւ­նը, ազա­տիմ այդ պարտքէն, որ­պէսզի 2024ն ըլ­լայ բա­րի եւ բա­րեբեր, թէ՛ ին­ծի եւ թէ՝ ձե­զի հա­մար: Ահա «պարտք» բա­ռի՝ գրա­կան էջե­րու, անձնա­կան նա­մակ­նե­րու եւ սի­րային եր­գե­րու մէջ ճշգրտօ­րէն ար­ձա­նագ­րո­ւած, ապա մա­րած հա­մախառն պատ­մութիւ­նը…

Մեր հին պարտքե­րը

Մի ըսէ՛ք պարտք, Ֆրի­կի սիր­տը կու լայ… Յար­գե­լի ըն­թերցող, պարտք բա­ռի պատ­մութիւ­նը կը փա­փաքիմ պատ­մել միջ­նա­դարու մեծ տա­ղասաց Ֆրի­կի անձնա­կան ող­բերգու­թիւնը յի­շելով: Ըն­կե­րային ար­դա­րու­թեան, անար­դա­րու­թեան, հա­ւասա­րու­թեան եւ ան­հա­ւասա­րու­թեան բա­նաս­տեղծը, բազ­մա­թիւ «գան­գատ»նե­րու հե­ղինա­կը, որ եղեր էր հա­րուստ վա­ճառա­կան, հարստա­հարու­թեան, կա­շառա­կերու­թեան եւ անօ­րինու­թեան զոհ դառ­նա­լով սնան­կա­ցաւ, ին­կաւ ծանր պարտքե­րու տակ, այս պատ­ճա­ռով ալ, պարտքե­րու դի­մաց իր ըն­տա­նիքը խլե­ցին իր­մէ, հար­կադրո­ւեցաւ պարտքե­րու դի­մաց գրաւ տո­ւաւ իր որ­դիին: Յա­ջորդ ան­գամ երբ այ­ցե­լէք Մա­տենա­դարա­նը, հա­ճեցէք վե­ցերորդ ար­ձա­նի առ­ջեւ պահ մը կանգ առ­նել, լսել Ֆրի­կի ցա­ւը եւ թե­թեւցնել անոր պարտքե­րը:

5-րդ դա­րու պարտքե­րը

Ոս­կե­դարը մեր… Պարտքե­րու շտե­մարան իս­կա­կան: Մեր գրա­բարը ու­նե­ցեր է գե­ղեց­կա­տիպ եւ քաղցրահնչիւն ար­տա­յայ­տութիւններ, կար­ծես, թէ պարտքը հա­ճելի բան ըլ­լար, ինչպէս՝ «Բա­զում պարտս ու­նել» պարտքե­րու մէջ մխրճո­ւած ըլ­լալ, «Հա­տու­ցա­նել զպարտս իւր» իր պարտքե­րը վճա­րել, «Պարտք ան­ձին հա­մարել» պարտք ստանձնել, «Հա­տու­ցա­նել զպարտս երախ­տա­գիտու­թեան» երախ­տա­պար­տութիւն ար­տա­յայ­տել, եւ հայ­րե­նանո­ւէր խօսք մը՝ «Հա­տու­ցա­նել զպարտս իւր առ հայ­րե­նիս»: Հայ մա­տենա­գիրը նոյն օրե­րուն պարտք կը հա­մարէր ծա­ռայա­սիրու­թիւնը եւ հա­մես­տութիւ­նը: Հին հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու գրի­չը ինքզինք կը հա­մարէր «մե­ղապարտ»: Միջ­նա­դարեան ձե­ռագիր­նե­րու յի­շատա­կարան­նե­րու մէջ կան հե­տեւեալ նշումնե­րը. «Գրե­ցաւ ձե­ռամբ մե­ղապարտ Խա­չենե­ցի Վար­դան աբե­ղայիս», «Ես Գրի­գորիս մե­ղապարտ գրիչ», «Ձե­ռամբ Կիւ­րա­կոսի տխմար եւ մե­ղապարտ գրչի», «Ամե­նաս­խալ մե­ղապար­տիս Թո­րոսի»:

Նա­րեկա­ցիի պարտքե­րը

Կը կար­ծէի, թէ ծա­նօթ եմ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի կեան­քի հան­գա­մանքնե­րուն: Բայց աւե­լի լաւ է կար­դալ ի՛ր Մա­տեանը, քան թէ հան­րա­գիտա­րանա­յին յօ­դուած­նե­րը, որ­պէսզի հասկնանք, թէ ո՛վ էր ան: Սուրբը իր ան­ձի հա­մար ըսաւ,- գրա­կան երեք պատ­կեր. «Անձն իմ պար­տա­ւոր», «Յա­ւէտ պար­տա­ւորեալ», «Անձն իմ կո­րու­սեալ բա­զում են պար­տիքդ», ապա նկա­րագ­րեց իր հո­գեվի­ճակը, «Ամօ­թապարտ զղջա­ցեալ», «Ան­քա­ւելին են պար­տիք», «Ծանրս առ­նե­լով զբեռն պար­տեացս»: Մենք, յար­գե­լի ըն­թերցող, ար­դեօ՞ք օր մը կ’ազա­տինք մեր պարտքե­րէն եւ մեր աչ­քե­րը կը տես­նեն, թէ մոխ­րա­ցեր են մուրհակ­նե­րը: Նոյն մտա­հոգու­թիւնը ու­նէր Նա­րեկա­ցին. «Իցէ՞ թէ տես­ցեն պա­տու­հանք աչացս իմաս­տից զմուրհակ պար­տուցս իմոց պա­տառեալ»: Վեր­ջա­պէս ան նա­յեցաւ Վե­րինին եւ խնդրեց հե­տեւեալը,- գրա­կան երեք պատ­կեր. «Թո­ղու­թիւն պար­տուց», «Սրբեա՛ ի պար­տեաց, օրհնեալ», «Կե­ցո՛ եւ զիս` մաք­րեալ ի մե­ղաց պար­տեաց»:

Ես «բօրթք» չու­նիմ

Նա­րեկա­ցիի աղօթքնե­րը մեզ կը տա­նին Վան, ուր «պարտք» բա­ռը կը հնչէր այլ ձե­ւով: Այժմ կ’առա­ջար­կեմ լսել վա­նեցի­ներու, մշե­ցինե­րու եւ մեր այլ հայ­րե­նակից­նե­րու բազ­մա­տեսակ պարտքե­րը. Վան «պառտք», Ալաշ­կերտ, Մուշ, Թիֆ­լիս «պարտկ», Խար­բերդ, Սե­բաս­տիա «բարդգ», Ակն, «բարթգ», Ան­դիոք «բօրթք», Ագու­լիս «պօռթկ», Զէյ­թուն, Հա­ճըն «բօյդք», Մու­սա լեռ «բուրթք» եւ Ար­ցախ «պարթք»: Այ­սօր, կա­րելի է բո­լոր այդ պարտքե­րը մա­րած յայ­տա­րարել, երբ ո՛չ պար­տա­տէրը մնա­ցեր է, ո՛չ ալ՝ պար­տա­պանը, բա­ցի Ար­ցա­խէն, քան­զի վեր­ջերս հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լի մէջ յայտնո­ւեցաւ լրագ­րող, քա­ղաքա­գետ, քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ Գե­ղամ Նա­զարեանի հե­տեւեալ խօս­քը. «Մենք ար­ցախցի­ներին պարտք ենք եւ այդ պարտքը պէտք է փոր­ձենք վե­րադարձնել»:

Պարտքերս բար­դա­ցան

Պարտքը կը սկսի փոքր գու­մա­րով, ապա կը բազ­մա­պատ­կո­ւի բարձր տո­կոսի պատ­ճա­ռով, նման ձիւ­նա­կոյ­տի, որ կլո­րուե­լով կը խո­շոր­նայ: «Պարտք» բառն ալ, դա­րերու ըն­թացքին անընդհատ բար­դա­ցեր է, ինչպէս բարձրա­տոկոս պարտքե­րը մեր: Ահա ան­կա­տար ցանկ մը. ամե­նապարտ, ամօ­թապարտ, անի­ծապարտ, անձնա­պարտ, ար­ժա­նապարտ, արիւ­նա­պարտ, բազ­մա­պարտ, բիւ­րա­պարտ, գլխա­պարտ, մե­ղապարտ: Կը փա­փաքիմ նաեւ ձե­զի ներ­կա­յաց­նել մեր ամե­նամեծ երեք պարտքե­րը, այ­սինքն «պարտք» ար­մա­տով շի­նուած ամե­նաեր­կար երեք բա­ռերը. պար­տա­ւորե­ցու­ցա­նել, ինքնա­դատա­պար­տեալ եւ զու­գա­դատա­պար­տիլ:

Պարտքը մա­րել պարտքով

Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տարո­ւած հե­տազօ­տու­թիւն մը յայտնա­բերեց, թէ մեր հայ­րե­նի քա­ղաքա­ցին ին­չո՛ւ պարտք կ՛ըն­դունի: Առա­ջին պատ­ճառ. «Պարտք է վերցնում՝ այլ պարտք մա­րելու նպա­տակով»: Երկրորդ պատ­ճառ. «Պարտք է վերցնում ծախ­սե­լու հա­մար»: Ուստի պէտք չէ զար­մա­նալ, որ երբ պարտքի շու­կան այսքան աշ­խոյժ է, ես ին­ծի պարտք կը հա­մարեմ «պարտք» բա­ռով շի­նուած հա­յերէն ար­տա­յայ­տութիւննե­րու հա­րուստ շտե­մարա­նէն բա­ժին մը մէջ­բե­րել. Հա­յը ամէն ինչ կ՛ընէ՝ «պարտք կ՛ընէ» տուն կ’առ­նէ, ապա կը փոր­ձէ «պարտքի տա­կէն դուրս գալ», կամ «ազա­տիլ», բայց իրա­կանու­թեան մէջ շատ չի սի­րեր «պարտքի տակ մնալ», «պարտքե­րու տակ իյ­նալ», կամ՝ «պարտք մնալ», իսկ խո­րաման­կը ու­րի­շին ծախ­սեր փաթ­թե­լով զայն «պարտքի տակ կը դնէ»:

Հա­ցագոր­ծիս պարտքը վճա­րեմ

Մեր­ձա­ւոր ժա­մանակ­նե­րու գրա­կանու­թեան մէջ, Յա­կոբ Պա­րոնեանի գրի­չին շնոր­հիւ, «պարտք» բա­ռը, որ խո­ժոռա­դէմ երե­ւոյթ ու­նի, դար­ձաւ ծի­ծաղա­շարժ: Յա­ւերժ չքա­ւոր Պա­րոնեանը, ըստ երե­ւոյ­թին իր հա­նապա­զորդ հացն իսկ պարտքով կ’ու­տէր: Իր ձե­ռատետ­րին մէջ ան գրեց հա­ցագոր­ծին ուղղո­ւած ձօն մը. «Ձօն. / Առ հա­ցագործն իմ / Քի­րիյէ Աբոս­թոլ / Պարտք երախ­տա­գիտա­կան / եւ / Քիչ մ՛ալ պարտք / Նիւ­թա­կան / Հինգ հա­րիւր դա­հեկա­նի / Գին / Չորս հա­րիւր նկա­նակ հա­ցի / Զորս / Զա­ւակ­նե­րովս կե­րած եմ / Եւ / Ցարդ վճա­րած չեմ / Յի­շատակ ան­մո­ռաց»: Պա­րոնեանը ապա մտա­ծեց այդ ձօ­նը տպել եւ վա­ճառել, որ­պէսզի՝ «Մէյ֊մէկ օրի­նակ առ­նէք ան­կեց, որ հա­ցագոր­ծիս պարտքը վճա­րեմ ու կա­րենամ գո­նէ քա­նի մը շա­բաթ խելքս գլուխս ապ­րիլ»։ Մէկ այլ գրող, որ պարտքե­րու ծա­նօթ էր դեռ իր ման­կութեան տաինե­րուն՝ Զա­պէլ Եսա­յեանն է: «Սի­լիհ­տա­րի Պար­տէզնե­րը» գիր­քի մէջ ան պատ­մեց իր ծնող­քի մէկ վի­ճաբա­նու­թիւնը. «Մայրս կը պա­ղատէր որ վերջ տրո­ւի այս ան­կա­նոն կեան­քին, պարտքով ապ­րե­լու սիս­տե­մին: – Ես ալ կ’աշ­խա­տիմ, կ’ըսէր ան. նոր պարտք չը­նենք, ո՛տքդ պագ­նեմ… կա­մաց-կա­մաց հին պարտքե­րը կը վճա­րենք»: Իսկ օր մը մայ­րը փոք­րիկ Զա­պէլին ցոյց տո­ւաւ պարտքի ընդհան­րա­կան վիշ­տը. «Կը տես­նե՞ս, աղ­ջիկս, հո­ղին կա­պուած հե­լալ աշ­խա­տանք ընող մար­դիկ են, բայց արիւն քրտինք թա­փելով չեն հաս­նիր տաք կե­րակուր մը ու­տե­լու... Այս խեղճ մար­դի­կը պարտք ըրեր են տուրքե­րը վճա­րելու հա­մար, հի­մա ալ պի­տի աշ­խա­տին պարտքը եւ տո­կոս­նե­րը վճա­րելու հա­մար եւ մէ­ջէն չեն կրնար ել­լել»։ Պարտք վճա­րելու հա­մար հայ մայ­րը, Ղա­զարոս Աղա­յեանն է վկայ, շատ ճա­խարակ դար­ձուց. «Ճա­խարակ» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ան պատ­մեց գեղ­ջուկ մօր լուռ ցա­ւը. «Կար­միր օրս երբ սե­ւացաւ, / Երբ պարտք մնաց, թէեւ քիչ, / Պարտքա­տիրոջ սիրտն էլ սեւ­ցաւ, / Եկաւ, տա­րաւ ամէն ինչ: / Մա­նի՛ր, մա­նի՛ր իմ ճա­խարակ»:

Զօհ­րա­պի 200 ոս­կի պարտքը

Գրի­գոր Զօհ­րապն ալ ու­նէր պարտքէր: Այս պար­տա­ճանաչ մար­դը իր աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ իսկ ճշգրտու­թեամբ ար­ձա­նագ­րեց իր պարտքե­րը, նա­մակ-կտա­կի ձե­ւով ու­ղարկեց իր տիկ­նոչ Կլա­րա Զօհ­րա­պին, որ­պէսզի ամօ­թով չմնայ. «Կլա­րա Զօհ­րա­պին. Կ. Պո­լիս, մա­յիս 20/2 յու­նիս, 1915, Չո­րեք­շաբթի, գի­շեր ժա­մը 11: Սի­րական կինս, Հի­մա իմա­ցու­ցին ին­ծի որ Գո­նիա պի­տի եր­թամ. վա­ղը առ­տու կը մեկ­նիմ. գի­տէք որ կու­սա­կալը ին­ծի բա­րեկամ է. ուստի կը յու­սամ որ նե­ղու­թիւն չի պի­տի կրեմ: Ան­հոգ եղէք, տէրտ մի՛ ընէք, մար­դու դի­մում մի՛ ըրէք: Ամենքնիդ կը համ­բուրեմ, քե­զի, Տօլ­լիիս եւ Հեր­մի­նիս աչուկնե­րը կը պագ­նեմ:- Հա­լէպ, 2/15 յու­լիս, 1915, հինգշաբ­թի իրի­կուն, Սի­րելի հո­գիս, Մե­զի շա­բաթ օր պի­տի մեկ­նիք ըսեր էին. ես ալ եր­կու գիր պատ­րաստե­ցի քե­զի. Կտակս ալ այս նա­մակիս մէջ դրի. մի՛ յու­զո­ւիք. «Մահ­մուտ Նէ­տիմ պէ­յին 200 ոսկւոյ չափ պարտք ու­նիմ. / Վա­հանիս պարտք ու­նե­նալու եմ. բուրդի գոր­ծին հա­շիւն ճշդե­լով, անոր պարտք վճա­րուի։ / Ապա­հովագ­րութիւնս 71000 ֆրանք, ուրկէ պէտք է զեղ­չել ըն­կե­րու­թեանս 400 ոս­կի պարտքս, օսմ. ոս­կի»: Պա­րոն Զօհ­րապն էր, որ օր մը պարտքի ծան­րութեան տակ խեղ­դա­մահ եղած Յու­սէ­փի ող­բերգա­կան պատ­մութիւ­նը գրի առաւ եւ զայն կո­չեց «Ճի­տին պարտքը»: Պարտքի դի­մաց պար­կեշտ ըլ­լա­լու կրթու­թիւնը ուրկէ՞ կու գայ: Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեանը պա­տաս­խա­նեց «Դպրոց եւ Դպրու­թիւնք» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ. «Խիղ­ճը եթէ պար­տուց վկայն ու դա­տախազն է, պարտքն ալ, ինչպէս գի­տէք, հա­ւատա­րիմ մնալն է մեր իս­կութեան… Ան­փոյթ ըլ­լալ մեր մարդկա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թեան՝ ան­փոյթ ըլ­լալ է մեր բո­լոր պարտքե­րուն», ինչպէս Հա­մօ Սա­հեանը ըսաւ. «Պա­տը շա­րուի պի­տի, / Ու­րիշ հնար չկայ: / Պարտքը մա­րուի պի­տի, / Ու­րիշ հնար չկայ»:

Տպա­գիր պարտքեր

Բիւր երախ­տիք հայ տպագ­րիչնե­րուն, հա­յը հա­տոր-հա­տոր հրա­տարա­կեց իր պարտքե­րը, որ­պէսզի չըլ­լայ, թէ թե­րանայ զա­նոնք վճա­րելու մէջ: Այդ գիր­քե­րու խո­րագիր­նե­րը մե­զի նաեւ ցոյց տո­ւին, թէ պարտքը միշտ չէ որ նիւ­թա­կան կ՛ըլ­լայ, այլ կ՛ու­նե­նայ բազ­մա­թիւ այլ տե­սակ­ներ: Այժմ մտնենք մեր պարտքե­րու մա­տենա­դարա­նը եւ կար­դանք քա­նի մը վեր­նա­գիր. «Պարտք տղա­յոց կամ տղա­յոց իրենց ծնո­ղաց ու­նե­ցած պար­տա­ւորու­թիւննե­րը», Կ. Պո­լիս, 1873, «Կեն­սագրու­թիւն եւ պարտք պանդխտին», Կ. Պո­լիս, 1875, «Նկա­տողու­թիւն անե­լը ամէն մի քրիս­տո­նեայի պարտքն է», Հա­լէպ, 1929, «Հայ­րե­նիքի պաշտպա­նու­թիւնը ԽՍՀՄ քա­ղաքա­ցու սրբա­զան պարտքն է», Թիֆ­լիս, 1940, «Պատ­ւով կա­տարել իր պարտքը հայ­րե­նիքի հան­դէպ», Երե­ւան, 1941, «Պարտքի զգաց­մունքի դաս­տիարա­կու­մը դպրո­ցում», Երե­ւան, 1947, «Զի­նուո­րի պարտքը», Երե­ւան, 1970, «Պարտքին հա­ւատա­րիմ: Վա­ւերագ­րա­կան վի­պակ», Երե­ւան, 1988, վեր­ջի­նը եւ ամե­նէն կա­րեւո­րը՝ «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան պե­տական պարտքը», 2001, Երե­ւան: Այս գիր­քի հրա­տարա­կի՞չը. հայ­կա­կան առա­ջին գիր­քի հե­ղին­կի անու­նը կրող ըն­կե­րու­թիւն՝ Յա­կոբ «Մե­ղապարտ»:

Հայ­րե­նիք ենք պարտք

Հայ­րե­նի մա­մու­լը կը սի­րէ «պարտք» բա­ռը, չէ՞ որ հան­րա­պետու­թեան եւ անոր բնա­կիչ­նե­րու ար­ժա­նապա­տուու­թեան հարցն է ան: Ես ալ փոր­ձե­ցի հին ու նոր քա­նի մը խո­րագիր ամ­փո­փել եւ ցոյց տալ երկրի տնտե­սական եւ հո­գեբա­նական վի­ճակը. «Որ­քա՞ն ար­տա­քին պարտք ենք «փռել» Հա­յաս­տա­նի ճա­նապարհնե­րին», «ՀՀ-ն ՌԴ-ին պարտք է 280 մլն դո­լար», «Պե­տական պարտքն աւե­լացել է», «Մեր եր­կի­րը հա­մարո­ւում է նո­ւազ պարտք ու­նե­ցող պե­տու­թիւն»: Իսկ ամիս մը առաջ բո­լորս կար­դա­ցինք մէկ այլ պարտքի ցնցիչ վեր­նա­գիր. «Հայ­րե­նիք ենք պարտք նրանց. Հայ­րե­նիք են պարտք մեր նա­հատակ զա­ւակ­նե­րին»:

Արեւ, պարտք ու­նիս ին­ծի

Յար­գե­լի ըն­թերցող, այս շա­բաթ երբ բո­լորս կը պատ­րաստո­ւինք մուտք գոր­ծել նոր տա­րուան մը եւ կը կա­տարենք լուռ հա­շուե­յար­դար, կ՛առա­ջար­կեմ յօ­դուա­ծիս եւ մեր պարտքե­րուն հրա­ժեշտ տալ սի­րային եր­գով մը՝ «Պարտքով Սէր»: 2024ի առա­ջին օրե­րուն նոր միտ­քե­րով եւ նոր բա­ռերով դար­ձեալ հան­դի­պելու մաղ­թանքով.

Ինձ հա­մար մէկ ա ար­դէն,

Եթէ էլ էդ մէ­կը չեմ

Դու իմ ար­մատն էիր, առանց քեզ

Դժո­ւար թէ էլի աճեմ

Կա­րաս գնաս, խնդրեմ,

Բայց մէկ ա, դու ինձ սէր ես պարտք

Մէկ ա դու ինձ սէր ես պարտք…

Արեւս, դու ինձ սէր ես պարտք: