Իմ Մայրենի

ՆԱՐՕՏ ԵԱՆԸՔՕՂԼՈՒ ՔԸՅՄԱԶ

­­­«Լինել թէ չլի­նել, այս է խադիրը» այս ան­մո­ռանա­լի եւ հան­րա­ծանօթ տո­ղերը կը պատ­կա­նին Անգլիացի մեծ գրա­գէտ Շեքսպի­րի «Համ­լէթ» թա­տերա­խաղին։ Հա­մալ­սա­րանի Անգլե­րէն լե­զու եւ գրա­կանու­թիւն ճիւ­ղէն շրջա­նաւարտ ըլ­լա­լուս պատ­ճա­ռաւ ու­նիմ յա­տուկ սէր մը Շեքսպի­րին եւ իր գոր­ծե­րուն հան­դէպ, բայց այս գրու­թիւնը գրի առ­նե­լուս պատ­ճա­ռը այս սէ­րը չէ այլ սէրս է մայ­րե­նի լե­զուիս՝ հա­յերէ­նին հան­դէպ։

«Յան­կարծ» թա­տերա­խումբը ինա­ցա՞ծ էք։ Ար­ժէ­քաւոր եւ տա­ղան­դա­ւոր Պոլ­սա­հայ երի­տասարդնե­րէ կազ­մո­ւած խումբ մըն է որ կա­րեւո­րու­թիւն կու տայ հայ գրա­կանու­թեան գոր­ծե­րը բեմ փո­խան­ցե­լու։ Վեր­ջերս կը բե­մադ­րեն Ուի­լիըմ Սա­րոյեանի «Եիւ­րե­ղիմ Տաղ­լարտա­տըր» թա­տերա­խաղը։ Այս խումբը մայ­րե­նի լե­զուի օրո­ւայ առ­թիւ տե­սաերիզ մը հրա­տարա­կեց որ զա­նազան մար­դիկ տար­բեր ոճե­րով ար­տա­սաներ են՝ «Լի­նել թէ չլի­նել, այս է խնդի­րը» նա­խադա­սու­թիւնը։ Շատ հաւ­նե­ցայ, շատ տպա­ւորո­ւեցայ եւ նաեւ շատ ալ տխրե­ցայ։ Տխրե­ցայ որով­հե­տեւ մենք իս­կա­պէս ալ պէտք ու­նինք մեր մայ­րե­նիին ար­ժէ­քը հասկցնե­լու մեր ժո­ղովուրդին եւ պայ­քա­րելու որ­պէսզի չկոր­սո­ւի։ Բայց իրա­կանու­թեան մէջ պէտք չէ ու­նե­նանք այսպէս բա­նի մը հա­մար պայ­քա­րելու կարիքը, որով­հե­տեւ այս խնդի­րը պայ­քա­րելիք խնդիր մը չէ, պէտք չէ ըլ­լայ։

Երբ մա­նուկ մը աշ­խարհ կու գայ որե­ւէ մէ­կը անոր կ՚ազ­դա­րարէ թէ մայ­րե­նի լե­զուն շատ կա­րեւոր է, պէտք է ան­պայման խօ­սի եւ տէր դառ­նայ իր մայ­րե­նիին։ Մայ­րի­կը որ լե­զուով որ կը խօ­սի մա­նու­կը այդ լե­զուով լե­զու կ՚ել­լայ։ Բայց մեր մէջ այս պա­րագան ալ պատ­մութեան սեւ էջե­րուն շու­քով քիչ մը տար­բեր է։ Թրքե­րէն լե­զուով մեծ­նող մա­նու­կին ալ մայ­րե­նի լե­զուն Հա­յերէն է եւ ան ալ դպրո­ցը կը սոր­վի իր մայ­րե­նին։ Դպրոց­նե­րը այս տե­սակէ­տէ շատ ար­ժէ­քաւոր կը նկա­տեմ որով­հե­տեւ մեր մշա­կոյ­թին, լե­զուին գո­յատեւ­ման ամե­նամեծ պայ­քա­րը հայ վար­ժա­րան­նե­րու եր­դի­քին տակ կը մղուի։ Շատ ան­գամներ մար­դիկ չեն հաւ­նիր, կը քննա­դատեն բայց ըստ իս հայ վար­ժա­րան­ներն են ամե­նամեծ զի­նուոր­նե­րը։ Անոնք կը պահ­պա­նեն ոչ թէ երկրի մը սահ­մա­նը այլ ազ­գի մը սահ­մա­նը։ Անոնք քրտինք կը թա­փեն ոչ թէ հո­ղամաս չկորսնցնե­լու այլ ինքնու­թիւն չկորսնցնե­լու հա­մար։ Այ­սինքն անոնց հա­մար «Լի­նել թէ չլի­նել» հար­ցումին պա­տաս­խա­նը լի­նել է որով­հե­տեւ անձ մը կը գո­յատե­ւէ իր պատ­մութիւ­նով, ըն­տա­նիքով, մշա­կոյ­թով եւ լե­զուով, նոյնպէս ազգ մըն ալ դա­րեր շա­րու­նակ կը գո­յատե­ւէ իր պատ­մութիւ­նով, մշա­կոյ­թով եւ լե­զուով։ Եթէ լե­զուն չըլ­լայ գո­յատեւ­ման պատ­մութիւնն ալ չգրո­ւիր եւ ազ­գը կը կոր­սո­ւի։

Մարդ արա­րածին եթէ հարցնենք «Լի­նել թէ չլի­նել» հար­ցումը բո­լորը լի­նել կը պա­տաս­խա­նեն որով­հե­տեւ մարդ արա­րածը գիտ­նա­լով իր մա­հացու ըլ­լա­լը, կը նա­խընտրէ ան­մա­հի նման իր կեան­քը շա­րու­նա­կելու։ Լի­նել բա­յին իմաս­տը ճիշդ ցո­լաց­նե­լու հա­մար պէտք է լի­նել մայ­րե­նիով, պէտք է լի­նել պատ­մութիւ­նով, պէտք է լի­նել մշա­կոյ­թով եւայլն։ Առանց ասոնց կեան­քը չոր ու ցա­մաք կ՚ըլ­լայ։ Լե­զուով, մշա­կոյ­թով, պատ­մութիւ­նով եւ ար­ժէքնե­րով գո­յատե­ւելը իմաս­տա­լից է եւ նաեւ հարստու­թիւն։ Ասոնք եթէ չըլ­լան չոր ծա­ռերու կը վե­րածո­ւինք։ Ինչպէս բո­լորին ծա­նօթ է UNESCO -ն արեւմտա­հայե­րէնը նշած է տա­րիներ յե­տոյ կորսուելիք լե­զու­նե­րու ցան­կին։ Երե­ւակա­յեցէք տա­րիներ յե­տոյ աշ­խարհի վրայ կամ բնաւ արեւմտա­հայե­րէնի տէր անձ պի­տի չըլ­լայ կամ ալ դիւ­րաւ պի­տի կա­րենանք համ­րել թէ աշ­խարհի վրայ քա­նի հո­գի կրնայ արեւմտա­հայե­րէն խօ­սիլ։ Երե­ւակա­յելը դժո­ւար է՞։ Երե­ւակա­յելը չէ որ դժո­ւար է, դժո­ւարը այս վի­ճակին հա­ւատալն եւ այս իրո­ղու­թիւնը առանց խոր­հե­լու ըն­դունիլն է։ Մենք մեզ­մէ զատ մէ­կը չու­նինք այս լե­զուն գո­յատե­ւեց­նե­լիք, մենք մեր վար­ժա­րան­նե­րէն զատ տեղ մը չու­նինք հա­յեցի դաս­տիարա­կու­թիւնը գո­յատե­ւե­լիք։ Այդ պատ­ճա­ռաւ պէտք է ամուր բռնենք զայն եւ լի­նել անոր հետ։ Ինչպէս ըսած էր Մու­շեղ Իշ­խան՝ «Հայ լե­զուն տունն է Հա­յուն»։ Այս տո­ղին հե­տեւան­քով եթէ խօ­սինք մարդ առանց տու­նի շատ դժո­ւար պայ­մաննե­րու տակ կ՚ապ­րի եւ ատեն մը կու գայ որ ալ չկա­րենար ապ­րիլ։ Ու­րեմն պէտք չէ լքել մեր տու­նը եւ պան­դուխտ ըլ­լալ։ Ուշ չմնա­լով պէտք է միաս­նա­բար շէ­նաց­նել այդ տու­նը եւ լի­նել միաս­նա­բար այդ մեծ տան ան­դամները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ