Էսդուգեան եւ Արապեանին մամուլի մրցանակ

Ոստիկան­նե­րու դա­ժան ծե­ծի հե­տեւան­քով մա­հացած երի­տասարդ լրագ­րող Մե­թին Կէօք­թե­փէի յի­շատա­կը կը յար­գո­ւի իր իսկ աշ­խա­տակ­ցած «Էվ­րենսել» թեր­թի նա­խաձեռ­նութեամբ կա­յացող մրցա­նակա­տու­չութեամբ։

Թեր­թը տա­րուայ ու­շագրաւ լրատ­ւութիւ­նը եւ լու­սանկա­րը յա­տուկ մրցա­նակով մը կը պար­գե­ւատ­րէ։ Այս տա­րուայ հա­մար ալ Հավ­վա Կիւ­միւշքա­ղա եկ Հիք­մեթ Ատալ իրենց խմբագ­րած լու­րե­րով նո­ւաճե­ցին Մե­թին Կէօք­թե­փէի անո­ւան 27-րդ մրցա­նակ­նե­րը։

Նոյն ծի­րէն ներս դա­տակազ­մը յա­տուկ մրցա­նակով պար­գե­ւատ­րեց թեր­թիս անձնա­կազ­մէն Բագ­րատ Էս­դուգեանը եւ լու­սանկա­րիչ Պերճ Արա­պեանը, 2023-ի Հոկ­տեմբե­րին Հա­յաս­տա­նի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղահա­նուած հա­յոց մա­սին լրատ­ւութիւննե­րուն հա­մար։

Մրցա­նակա­տու­չութիւ­նը պի­տի կա­յանայ Մե­թին Կէօք­թե­փէի ծննդեան օրին զու­գա­դիպող 10 Ապ­րի­լին։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ