Անգլիական լուծէն ազատուելէն անմիջապէս ետք Հնդկաստանի համար գլխացաւի մը վերածուած էր երկրի հիւսիսային հատուածի մահմետական բնակչութիւնը։ Լուծումը գտնուեցաւ այդ հատուածի անկախ պետութեան մը վերածուելով, որ կոչուեցաւ Փաքիստան։ Սկիզբը իրարմէ անջատուած երկու հատուածներէ կը բաղկանար Փաքիստան երկիրը, որու արեւելեան հատուածը եւս դարձաւ անկախ պետութիւն մը, այս անգամ Պանկլատէշ անունով։
Անջատումները ինքնին բաւական չեղան հարեւան երկիրներու թշնամութիւնը վերացնելու համար։ Հիմնական կռուախնձորը դարձաւ Քաշմիրի նահանգը։ Արդարեւ 22 Ապրիլին այս նահանգին մէջ գործուած ահաբեկչական արարքի մը զոհ գացին 26 զբօսաշրջիկներ, որոնցմէ 25-ը հնդիկ ուխտաւորներ էին։
Այս պատահարին իբր պատասխան Հնդկաստան հրթիռներով հարուածեց Փաքիստանեան թիրախներ եւ այդ յարձակումներու հետեւանքով զոհուեցան եւս 26 անձեր։
Համաշխարհային գետնի վրայ լուրջ մտահոգութիւնը կը յառաջանայ այդ զարգացումներով, քանի որ մարտնջող կողմերը ունին հիւլէական զէնք, որուն շահագործումը աղետալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։
Հրթիռներով կատարուած վերջին յարձակումէն ետք Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, ԱՄՆ եւ Չինաստան զսպուածութեան կոչեր ուղղեցին կողմերուն։
Ըստ երեւոյթի որոշ տարակարծութիւններ դիտումնաւոր կերպով անլուծելի կը մնան, որպէսզի հարկ եղած պահուն վերաբորբոքի նոր պատերազմի մը մարդասպան յատկութիւնը։ Չէ որ համաշխարհային դրամապաշտական համակարգը ընդմիշտ կը սնանի պատերազմով։