Ամենադժուարն է Թուրքիոյ նման բեւեռացած, մասնահատուած հասարակութեան մը մէջ բոլորին սիրելին դառնալ։ Ան յաջողած էր այդ դժուարը։ Իր զուարճախօսութեամբ, սրամտութեամբ եւ անզիջող դիրքորոշումով Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր բոլորին սիրելի դարձած կերպար մըն էր։ Անզիջող որ կ՚ըսենք, կոյրզկուրայն յամառութեան մը մասին չէ խօսքը։ Ընդ հակառակը՝ ան լաւ լսող մը, դատող մը եղաւ եւ միշտ յաջողեցաւ իր միտքն ու կարծիքը խօսակիցին փոխանցելու։
Մարդասէր մըն էր նախ եւ առաջ։ Ինք վաղուց ձերբազատուած էր ազգային կամ կրօնական բոլոր պատկանելութիւններէ։
Ծագումով թուրք մըն էր, բայց ամբողջ էութեամբ մխրճուած էր քրտական ազատագրական շարժումին։ Խիստ տափակ ու սնամէջ հաստատում մը պիտի ըլլայ այդ նուիրումը քրտասիրութեամբ բացատրելը։ Ան նոյնքան հայասէր էր, ասորասէր, եզդիասէր կամ յունասէր։ Ով որ արհամարուած է, Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր անոր կողքին եղաւ ընդմիշտ։ Յիշողութիւններու մէջ թարմ է «Կեզի»ի դիմադրութեան օրերուն արմատախիլ ըլլալու վտանգին հետ դէմ յանդիման գտնուող սօսիի ծառի մը առջեւ կանգնած «Ես այս ծառին ալ երեսփոխանն եմ» ըսող պատկերը։
Այդ արտայայտութիւնը պարզ խօսք մը չէր, այլ ամբողջ կեանքի մը իմաստը բացատրող կարգախօս։
Իրաւացի էր, անկեղծ նաեւ, որու շնորհիւ արժանացաւ բոլորին համակրանքին։ Միայն վարձկան գրիչները յանդգնեցան իր մահէն ետք ալ թունաւոր թանաքով սեւ տողեր մրոտել իր յիշատակին հանդէպ։
Անդին Էօնտէրի մարդկային արժանիքները գնահատող զանգուածը ծովու ալիքի նման պոռթկաց ու լեցուեց Աթաթիւրք Մշակոյթի Կեդրոնի մուտքին, յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու համար։ Այդ ամբոխի հազիւ որոշ փոքր մէկ հատուածը յաջողեցաւ ներխուժել դէպի դահլիճ, ուր ասեղ քցելու տեղ չէր մնացած։ Մնացեալները թափոր կազմելով հետիոտն հասան նախ Լեւենթի մզկիթը, ապա Զինճիրլիքույույի գերեզմանը։
Թափորը երբ հասաւ Օսմանպէյ, Հրանդ Տինքի ինկած կէտէն սկսաւ նոր վանկարկում մը՝ «Ֆաշիզմէ ինատ քարտեշիմսին Հրանդ»։ Այդ պահուն յիշեցինք 15 ամեայ Պերքին Էլվանի թաղման թափորը, որ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւէն անցնելու պահուն նոյն վանկարկումը կրկնած էր։
Սըրրըյի կարեւորագոյն յատկութիւնն էր երկրի աւանդական մշակոյթի մասին անծայրածիր գիտելիքներու պաշարը։ Ան կը սիրէր յաճախ մէջբերումներով երանգաւորել իր պատումը, որ հիացում կը պատճառէր խօսակցին։
Յաճախ կը հպարտանար ըսելով որ «Ձեր բոլորէն աւելի շատ հայ ընկերներ ունիմ։ Այդ հայը պահանջել հարկին կարելի է փոխարինել յոյնի, հրեայի, արաբի, գնչուի կամ միասեռականի հետ։ Ով որ պիտի տուժէ իշխող ուժի հալածանքով, Սըրրըն իսկոյն անոր կողքին կ՚ըլլար իր ամբողջ էութեաբ։
Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէրի մահով Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդները հարազատ զաւակ մը կորսնցնելու կսկիծն է որ կ՚ապրին։ Մենք անձամբ հարազատ ընկերոջ մը կորուստը։
Չենք գիտեր թէ արդարներու յիշատակը օրհնութիւններու կ՚արժանանայ թէ ոչ, բայց հաստատ գիտենք թէ անոր յիշատակը անմոռաց պիտի մնայ բիւրաւորներու սրտին մէջ։
«ԱԿՕՍ»