Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Ռուսիան կը մեղադրեն զանգուածային «սայպըր» յարձակումներու համար

Ատրպէյ­ճա­նի Միլ­լի մեճ­լի­սի ար­տա­քին մի­ջամ­տութեան դէմ պայ­քա­րի յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ Ռա­միտ Նա­մազով յայ­տա­րարեց, որ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ռու­սա­կան կա­ռոյցնե­րու` «Ռու­սա­կան տան» եւ «Սփութնիք»ի ատրպէյ­ճա­նական ծա­ռայու­թեան գոր­ծունէու­թիւննե­րու ար­գելքին, Ռու­սիան պա­տաս­խա­նեց «սայ­պըր» յար­ձա­կումնե­րով` թի­րախ դարձնե­լով շարք մը ատրպէյ­ճա­նական յա­ռաջա­տար մա­մու­լի հար­թակներ:

«Դրդա­պատ­ճա­ռը 3 Փետ­րո­ւարին «Ռու­սա­կան տան» փա­կումն է, որ չէր

ար­ձա­նագ­րո­ւած իբ­րեւ իրա­ւաբա­նական անձ, եւ որուն գոր­ծունէու­թիւնը դադ­րե­ցուած էր իրա­ւական պա­հանջնե­րու լուրջ խախ­տումնե­րու պատ­ճա­ռով, ինչպէս նաեւ «Russia Today»ի (Sputnik) ներ­կա­յացուցչու­թիւնը Ատրպէյ­ճաի մէջ, որուն լու­ծարման շուրջ բա­նակ­ցութիւններ կ՛ըն­թա­նային: Ինքնին այս գոր­ծընթաց­նե­րուն պատ­ճա­ռով տե­ղի ու­նե­ցաւ սայ­պըր մի­ջամ­տութեան այս քա­ղաքա­կան դրդա­պատ­ճառնե­րով մի­ջադէ­պը» , յայ­տա­րարեց Նա­մազով`վկա­յակո­չելով «հե­տաքննու­թեան ար­դիւնքնե­րը»:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ