Վերջին Գիշերը (Ա)

Բազ­մա­թիւ պատ­մա­բան­ներ, բա­նիմաց այ­րեր խօ­սեցան, գրե­ցին ու վի­ճեցին 24 Ապ­րի­լի մա­սին։ Իսկ ես, հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան երկրպա­գու ու­սուցիչ, մտքի ակա­մայ թա­փով մը ինքնա­բեր, մտմտա­ցի 23 Ապ­րիլ 1915-ի մա­սին։ 1915-ի Ապ­րի­լին մայ­րա­քաղա­քը դեռ կը խօ­սէր Գա­տըգիւ­ղի մէջ եր­կու տա­րի առաջ տե­ղի ու­նե­ցած հայ­կա­կան առա­ջին ողիմ­պիական խա­ղերու յա­ջողու­թիւնը։ Դաշ­տը այդ օր ողո­ղուած էր մար­զիկնե­րով, վա­յելուջ հան­դի­սատե­սերով եւ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րով։

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Եօթը մտա­ւորա­կանի 23 Ապ­րի­լը

Բազ­մա­թիւ պատ­մա­բան­ներ, բա­նիմաց այ­րեր խօ­սեցան, գրե­ցին ու վի­ճեցին 24 Ապ­րի­լի մա­սին։ Իսկ ես, հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան երկրպա­գու ու­սուցիչ, մտքի ակա­մայ թա­փով մը ինքնա­բեր, մտմտա­ցի 23 Ապ­րիլ 1915-ի մա­սին։ Թեր­թե­ցի այդ օրո­ւայ պոլ­սա­հայ Կավ­րօ­շը, Ազա­տամար­տը, Ժա­մանա­կը եւ Ման­զումէի Էֆ­քեարը։ Ըստ արեւ­մուտքէն եկած լու­րե­րու՝ Եւ­րո­պան կը վա­յելէր գե­ղարո­ւես­տա­կան նո­րանոր վե­րելքներ. Լոն­տո­նի մէջ սկսեր էր «To-Nights the Night» եր­գա­խառն զո­ւար­ճա­լի թատ­րո­նը, Փոր­թուկա­լի մէջ բա­ցուեր էր օբե­րայի շքեղ նոր սրահ մը՝ «Theatre Circo»ն, իսկ օր մը առաջ, 22 Ապ­րիլ, Հինգշաբ­թի օր ֆինն երա­ժիշտ Եան Սի­պէլիու­սը Դու­սուլա լի­ճի մէջ լո­ղացող տասնվեց կա­րապի զմայ­լե­լի տե­սարա­նի տպա­ւորու­թեամբ սկսեր էր յօ­րինել իր հին­գե­րորդ հա­մանո­ւագի վեր­ջին՝ քնա­րական եւ յու­զիչ հա­տուա­ծը։ Ապա ես ին­ծի հար­ցուցի. Պոլ­սա­կան այդ ուրբաթ գի­շերը, հայ մտա­ւորա­կանը, բո­լորո­վին ան­տե­ղեակ, առանց կաս­կա­ծելու թէ յա­ջորդ օր ի՚նչ պի­տի պա­տահի, ո՞ր բա­նաս­տեղծու­թիւնը կը գրէր, ո՞ր եր­գը կը յօ­րինէր, ո՞ր թեր­թը կը խմբագ­րէր… Խոր ակ­նա­ծան­քով, եր­կիւղած քա­լեցի կայ­սե­րական քա­ղաքի փո­ղոց­նե­րու մէջ։ Էլ­մա­տաղի մէջ որո­նեցի Սե­ւակի եւ Վա­րու­ժա­նի տու­նե­րը։ Անոնք քով քո­վի էին։ Այազ­փա­շայի զա­ռիվա­րի վրայ գտայ պա­րոն Զոհ­րա­պի շքեղ բնա­կարա­նը։ Մտա­ծեցի նաեւ թա­կել Կո­միտա­սի դու­ռը։ Ար­դեօ՞ք մտազ­բաղ վար­դա­պետը պի­տի բա­նայ դու­ռը։ Այս գի­շեր, յար­գե­լի ըն­թերցող, հան­գոյցներ պի­տի անցնիմ, լուռ, քայ­լա­մոլոր, եւ պի­տի փոր­ձեմ ձե­զի պատ­մել եօթը խո­նար­հած մտա­ւորա­կան­նե­րու վեր­ջին խա­ղաղ գի­շերը։

Բան­տի մարմնա­մար­զը

1915-ի Ապ­րի­լին մայ­րա­քաղա­քը դեռ կը խօ­սէր Գա­տըգիւ­ղի մէջ եր­կու տա­րի առաջ տե­ղի ու­նե­ցած հայ­կա­կան առա­ջին ողիմ­պիական խա­ղերու յա­ջողու­թիւնը։ Դաշ­տը այդ օր ողո­ղուած էր մար­զիկնե­րով, վա­յելուջ հան­դի­սատե­սերով եւ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րով։ «Մարմնա­մարզ» թեր­թի խմբա­գիր Շա­ւար­շի մտայ­ղա­ցումն էր ան։ Շա­ւա՞րշը… Շա­ւարշ Քրի­սեան։ Պե­շիկ­թաշ ծնած 29-ամեայ ներ­կա­յանա­լի պա­րոն մը։ Մաք­րուհեան վար­ժա­րանի, Պար­տի­զակի ամե­րիկեան բարձրա­գոյն վար­ժա­րանի եւ Ռո­պէրթ Քո­լեճի սան, որ Փա­րիզի մէջ հմտա­ցած էր մարմնա­մար­զանքին։ Իսկ վե­րադար­ձին, 1908-ին, ծննդա­վայ­րի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու մէջ ար­դէն նոր սե­րունդը կը մար­զէր։ Դու­ռը չբա­ցաւ։ «Ճումպա»յէն ամ­բողջ ժա­մանակ զիս դի­տող դրա­ցու­հին ըսաւ. «Տղաս, այ­սօր Ուրբաթ է։ Շա­ւար­շը խմբագ­րա­տուն գա­ցած կ’ըլ­լայ։ Մին­չեւ առ­տու չի գար»։ Շա­ւար­շը միշտ զբա­ղած է իր սի­րելի «Մարմնա­մարզ» թեր­թով։ Տա­րինե­րը ի՞նչ շուտ ան­ցան։ Շա­ւար­շը այդ օր հրա­տարա­կու­թեան կը պատ­րաստէ «Մարմնա­մարզ»ի նոր թի­ւը։ Իսկ աւե­լի մեծ նպա­տակ մը անոր միտ­քը զբա­ղած եւ հրճո­ւած կը պա­հէ. մօտ օրէն տօ­նել թեր­թի հին­գա­մեակը։ Չաք­մաքճը­լարի վրայ Սէ­պու­հեան խա­նը, ուր խմբագ­րա­տունն է, հե­ռու է մտա­ծեցի եւ քայ­լերս ուղղե­ցի Էլ­մա­տաղ թա­ղամա­սը, Վա­րու­ժա­նին եւ Սե­ւակին այ­ցե­լելու։ Բայց, ես ձե­զի պատ­մեմ, թէ ինչպէ՞ս պի­տի աւար­տի 29 տա­րուայ աշ­խոյժ կեանք մը։ Բո­լոր այլ յայտնի­ներու հետ Շա­ւարշն ալ պի­տի ու­ղարկեն Ան­գա­րա քա­ղաքի մօտ Այա­շի բան­տը, տղան բան­տարկեալ­նե­րու հա­մար պի­տի կազ­մա­կեր­պէ մար­զանքի վար­ժութիւններ, իսկ 15 Օգոս­տո­սին անոր խու­ցէն դուրս պի­տի հա­նեն եւ քա­ղաքի ամա­յի մէկ ծայ­րա­մասը տա­նին որ­պէս կաս­կա­ծելի կազ­մա­կեր­պիչ։

Ար­տը լռեց

Բազ­մա­մարդ են Էլ­մա­տաղի փո­ղոց­նե­րը։ Ձեռքս կայ Վա­րու­ժա­նի հաս­ցէն. «Yeni Nalbant» փո­ղոց, «Karavela» աբարթման։ Կ’անցնիմ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նոցի առ­ջե­ւէն։ Յա­ջորդ ան­կիւնը Պէր­պէ­րեան աբարթմանն է։ Ապա Չպուքքա­րեան­նե­րու բնա­կարա­նը։ Դու­ռը բաց է։ Կը մտնեմ ներս։ Չորս տա­րեկան Վե­րոնի­քան քնա­ցած է։ Կը խու­սա­փիմ տնե­ցինե­րը ան­հանգիստ ընե­լէ։ Դա­նիէլը Արաք­սիին կ’ըն­թերցէ «Հա­ցին եր­գը» շար­քի քեր­թո­ւած­նե­րը, կա­րեւո­րելով տիկ­նոջ տպա­ւորու­թիւնը եւ գնա­հատան­քը։ Գրա­սեղա­նի վրայ ապա­գայ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու սե­ւագ­րութիւննե­րը կան. «Հայ­կա­կան Հո­մերա­գիրք», «Սաս­նայ Ծռեր», «Գի­նիին Եր­գը»…։ Իսկ «Հա­ցին Եր­գը» մօ­տեցեր է աւար­տին։ Ըն­կե­րոջ՝ Վ. Ահա­րոնեանին ու­ղարկած նա­մակի մէջ Վա­րու­ժան ըսեր էր. «Այժմ կը գրեմ «Հա­ցին եր­գը», որ յու­սամ տա­րիէ մը լոյս կը տես­նէ. այդ հա­տորին մէջ եր­գո­ւած պի­տի ըլ­լան հայ­րե­նի հո­ղը, մշակ­նե­րու աշ­խա­տու­թիւնը եւ գիւ­ղա­կան կեան­քի խա­ղաղ մե­ծու­թիւննե­րը»… Յա­ջորդ գի­շեր։ Ժա­մը 11-ին Տի­կին Արաք­սին դու­ռը պի­տի բա­նայ այ­լայլած։ «Էֆեն­տին ու՞ր է», պի­տի հարցնէ երեք հո­գի։ Այդ գի­շեր պի­տի խզո­ւի Վա­րու­ժա­նի եր­գը։ Յան­կարծ եկած այդ երե­քը, - ու­րո­ւական­նե՞ր էին կար­միր - , պի­տի խու­զարկեն գրա­սենեակի բո­լոր դա­րակ­նե­րը։ Տոպ­րակնե­րու մէջ պի­տի լե­ց­նեն ի՚նչ որ գտնեն։ Տոպ­րա­կի մէջ պի­տի դրո­ւի նաեւ «Հա­ցին Եր­գը». կի­սաւարտ ու կի­սամ­շակ։ Ի՞նչ կը պակ­սէր ան­կէ։ Կար ցո­րենը։ Կար քրտին­քը։ Կար հունձքը։ Բայց, չկար աշ­խա­տան­քի ար­դար հա­տու­ցումը՝ հա­ցը։ Պա­կաս պի­տի մնայ վեց քեր­թո­ւած. «Ալիւր», «Ախո­ռը», «Թթխմոր», «Փու­ռը», «Հայ­րե­նի Սե­ղան» եւ «Հա­ցին Եր­գը»։

Վեց տա­րի ան­ցաւ։ Գրաքննու­թեան պաշ­տօ­նեայի բա­րեխղճու­թեամբ Տի­կին Արաք­սի Թաշ­ճեանը յետ–մա­հու հրաշ­քով կը փրկէ «Հա­ցին Եր­գը» գոր­ծը։ 19 Մա­յիսին, Հինգշաբ­թի օր է։ Գիր­քի «Հրա­տարա­կու­թեանն ի նպաստ» կազ­մա­կեր­պո­ւած է գրա­կան ճոխ ցե­րեկոյթ մը։ Թէ­քէեանը եւ Պէր­պէ­րեանը ճա­ռեր կը խօ­սին։ Ապա կու գայ ցե­րեկոյ­թի ամե­նէն յու­զիչ պա­հը։ Նոյ­նինքն Վե­րոնի­քը, այժմ տա­սը տա­րեկան պա­տանու­հի, կ’ար­տա­սանէ «Վա­րուժնա­կիս» քեր­թո­ւածը։

«Ըն­դա­մէնը մէկ օր»

Նոյն փո­ղոցի վրայ է Ռու­բէ­նի տու­նը։ Այդ շէն­քը այժմ վե­րածո­ւած է պան­դո­կի մը։ Գե­ղեց­կուհի Եան­նին, Ռու­բէ­նի գեր­մա­նու­հի կի­նը դեռ չէ հա­մակեր­պած Պոլ­սոյ կեան­քին։ Գի­շեր մը առաջ ան խնդրեր էր. «Ռու­բէ՚ն, մռայլ է այս քա­ղաքը։ Ծան­րութիւն մը կայ վրաս։ Եր­թանք։ Վե­րադառ­նանք Լո­զան»։ Իսկ Բժիշկ Չի­լին­կի­րեանը, որ եր­կու ամիս առաջ տօ­նած էր իր 30-րդ տա­րեդար­ձը, այդ օր բազ­մա­թիւ հի­ւանդներ բժշկած ըլ­լա­լու յոգ­նութիւ­նը մոռ­նա­լու նպա­տակով կը քննէ իր նոր լու­սանկա­րի մե­քենան, զոր բե­րել տո­ւած էր Եւ­րո­պայէն։

Չի­լին­կի­րեան ըն­տա­նիքի տու­նը կը նմա­նի ար­հեստա­նոցի մը. Հոս ու հոն կի­սաւարտ կտաւ­ներ, գե­ղան­կարներ, բազ­մա­թիւ տու­փե­րու մէջ հաստ ու բա­րակ վրձին­ներ, ներ­կեր, գիր­քեր, Պէյթհո­վէնի եւ Վիք­թոր Հիւ­կո­յի դի­ման­կարնե­րը, գե­ղարո­ւես­տա­կան եւ ըն­տա­նեկան լու­սանկար­ներ, ար­ձակ եւ բա­նաս­տեղծա­կան հին ու նոր գիր­քեր, սե­ւագ­րութիւններ։ Երեք տա­րեկան Լե­ւոնը եւ միամեայ Շա­միրա­մը հա­սակ կը նե­տեն այդ մի­ջավայ­րի մէջ։ Սե­ւակը կը գի­տակ­ցի երկրի քա­ղաքա­կան վի­ճակին։ Իր ըն­կերնե­րուն ու­ղարկած է զգու­շացնող նա­մակ­ներ. «Ներ­սի գա­ւառ­նե­րու մէջ կո­տորա­ծի վախ կայ, կը լսէ՞ք կո­տորա­ծի վա­խը»։ Ելոյ­թի մը հա­մար պատ­րաստած է ճառ մը ու բա­ցատ­րած, թէ հա­յը պի­տի ըլ­լայ իր ճա­կատագ­րի յան­ցա­ւորը. «…Ես չեմ տե­սեր ու չեմ ալ կրնար հա­ւատալ, որ գտնո­ւի տա­կաւին մէկ ու­րիշ ազգ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապ­րէր դե­րասա­նի ճշմար­տա­պէս կեղծ ու գե­րեզ­մա­նօրէն ծի­ծաղե­լի այն կեան­քը, որ դա­րերէ ի վեր մեր կեան­քը եղաւ. մեր՝ ստրկա­ցած թրքա­հայե­րուս կեան­քը… Տա­ռապիլ ու ստի­պուած ըլ­լալ ամե­նաեր­ջա­նիկ կեր­պա­րանք մը ցոյց տա­լու… Ան­պա­տուուիլ, բռնա­բարուիլ, գետ­նա­քարշ տա­պալիլ ու ստի­պուած ըլ­լալ գո­հու­թեան ջեր­մա­գին աղա­ղակ­ներ բարձրաց­նե­լու… Ահա դե­րասա­նական ահ­ռե­լիօրէն կեղծ կեան­քը, որ մե­րը եղաւ այնքան եր­կար տա­րիներ»։

Օգոս­տո­սի 25։ Սե­ւակը հրա­ժեշ­տի հե­ռագիր մը կ’ու­ղարկէ իր կնոջ. «Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի հետ Այա­շի բան­տի մէջ ենք։ Իսկ ապ­րե­լու մնաց ըն­դա­մէնը մէկ օր»։ Յա­ջորդ օր բարձրաս­տի­ճան սպա­յի դուստրը Եան­նին, ազ­նիւ ոգիի տէր կին եւ մայր, պի­տի եր­թայ իր երկրի հիւ­պա­տոսա­րանը, որ Զոհ­րա­պի բնա­կարա­նի կող­քին է, իր ան­ցա­գիրը պի­տի նե­տէ իւ­պա­տոսի երե­սին, պի­տի հրա­ժարի իր գեր­մա­նական քա­ղաքա­ցիու­թե­նէն, իր եր­կու զա­ւակ­ները առած պի­տի հաս­տա­տուի ֆրան­սա, եւ ըստ իր կտա­կին՝ պի­տի յու­ղարկա­ւորո­ւի հայ­կա­կան եկե­ղեցիէն հայ­կա­կան կար­գով։

Մայ­րա­մու­տը Այաս­փա­շայի մէջ

Մար­մա­րա ծո­վը դի­տող Այազ­փա­շա թա­ղամա­սը հե­ռու չէ Վա­րու­ժա­նի եւ Սե­ւակի տու­նե­րէն։ Իմ քա­լելովս, ըսենք, քսան վայրկեան։ Յի­շեց­նեմ, թէ Պոլ­սոյ մէջ մար­դիկ շատ արագ կը քա­լեն։ Ի՞նչ է պատ­ճա­ռը։ Չեմ գի­տեր։ Գե­ղաքան­դակ է Ազա­րեան աբարթմա­նը։ Հիացու­մով կը դի­տեմ զայն։ Ճար­տա­րապետ Լե­ւոն Կիւ­րե­ղեանի այս ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը հա­րուստ է «նէօ-պա­րոք» եւ «առ-նու­վօ» ման­րա­մաս­նութիւննե­րով։ Մուտքը գրո­ւած է պա­տուի­րատու ըն­տա­նիքին անու­նը՝ «Apart. Azarian» (Այ­սօր՝ Gümüşsuyu Palas)։ Կաս­կած չու­նիմ. պա­րոն Զոհ­րա­պը հոն պի­տի գտնեմ իր դուստր Տո­լորէ­սին հետ ծո­վահա­յեաց պատշգամ­բի վրայ նստած։ Հայ­րը կը կար­դայ իր նո­րագոյն նո­րավէ­պը։ Տո­լորէ­սը միշտ ալ իր հօր պատ­մո­ւածքնե­րու առա­ջին ունկնդի­րը եղած էր։ Ե՞րբ մեծ­ցաւ աղջնա­կը։ Ար­դէն 19 տա­րեկան եղեր է։ Չեմ ու­զեր այդ երա­նելի եւ երա­զային պա­հը աւ­րել։ Պի­տի սպա­սեմ։ Յա­ջորդ յօ­դուա­ծիս մէջ պի­տի պատ­մեմ Զոհ­րա­պի, ինչպէս նաեւ Սիաման­թո­յի, Երու­խա­նի եւ Զար­դա­րեանի պատ­մութիւննե­րը։ Պի­տի որո­նեմ անոնց վեր­ջին նա­մակ­նե­րը, վեր­ջին փա­փաք­նե­րը եւ վեր­ջին եր­կե­րը։ Իսկ աւար­տին, պի­տի վե­րադառ­նամ Էլ­մա­տաղ՝ ունկնդրե­լու հա­մար Կո­միտա­սի վեր­ջին մե­ղեդին։

(Շարունակելի)

Kategoriler

Թղթածրար