Վերջին Գիշերը Բ.

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Զոհրա­պի 23 Ապ­րի­լը

Շա­բաթ մը առաջ, կը յի­շէ՞ք, որո­շեր էի 23 Ապ­րի­լը տօ­նել, այն վեր­ջին գի­շերը, երբ հայ մտա­ւորա­կանը մո­լեգ­նօ­րէն կը ստեղ­ծէր, ան­տե­ղեակ, եւ առանց կաս­կա­ծելու, թէ յա­ջորդ օրը ի՚նչ պի­տի պա­տահէր։ Փա­փաքեր էի նաեւ ակա­նատես ըլ­լալ, թէ ան ո՚ր բա­նաս­տեղծու­թիւնը կը գրէր, ո՚ր եր­գը կը յօ­րինէր, կամ՝ ո՚ր թեր­թը կը խմբագ­րէր։ Լուռ եւ քայ­լա­մոլոր ան­ցեր էի Էլ­մա­տաղ, Բէ­րա եւ Այազ­փա­շա թա­ղերու հան­գոյցնե­րը ու այ­ցե­լեր էի Դա­նիէլի եւ Ռու­բէ­նի տու­նե­րը։ Շա­ւար­շը չէի գտեր։ Սէ­պու­հեան խան գա­ցեր էր, Չաք­մաքճը­լար փո­ղոց, խմբագ­րա­տուն, «Մարմնա­մարզ» թեր­թը տպագ­րութեան պատ­րաստե­լու հա­մար։ Նկա­տած էի նաեւ, թէ այդ պա­րոն­նե­րը, բո­լորն ալ, յար­գե­լի ըն­թերցող, մեր կէս տա­րիքն էին։ Այդ գի­շեր, երբ հա­սեր էի Այազ­փա­շա կո­չուած բա­րեկե­ցիկ թա­ղամա­սի գե­ղաքան­դակ եւ խիստ տպա­ւորիչ «Ազա­րեան աբարթմա­նը» (Այ­սօր՝ Gümüşsuyu Palas), չէի հա­մար­ձա­կած ներս մտնել։ Գի­տէի, թէ հոն պա­րոն Զոհ­րա­պը եւ 19 ամեայ Տո­լորէ­սը պատշգա­մի վրայ նստած՝ կը դի­տէին մայ­րա­մու­տին փայլփլող Մար­մա­րան։ Այդ խորհրդա­ւոր, երա­նելի եւ երա­զային պա­հուն Զոհ­րա­պը աղջնա­կին կ’ըն­թերցէր իր նո­րագոյն պատ­մո­ւած­քը։ Ու, սպա­սեցի…։

Բաց էին դու­ռե­րը

Կար­ծեմ ժա­մանակն է, որ բա­նամ Ազա­րեան ափարթմա­նի երկփեղկ, եր­կա­թեայ դու­ռը։ Մար­մա­րեայ աս­տի­ճան­նե­րով կ’ել­լեմ եր­րորդ յարկ։ Ձեռ­նունայն եմ նո­րէն։ Ի՞նչ բե­րէի այս տան, երբ տի­կին Քլա­րան ամէն ան­գամ Haviland Porcelaine de Limoges բա­ժակ­նե­րու մէջ կը մա­տու­ցէր թէ­յը, Սէվ­րի ծաղ­կա­ւոր պնա­կիկ­նե­րու մէջ կը դնէր աւստրիական տուրմե­րը, - որոնք փաթ­թո­ւած կ’ըլ­լա­յին ոս­կե­փայլ թղթիկ­նե­րու մէջ, - եւ ար­ծա­թեայ սպա­սեղէն­նե­րը ու­նէին Christo՞e մակ­նի­շը։ Տի­կին Քլա­րան այդ սպա­սեղէն­նե­րը գնած էր Grande Rue de Pera 471-473 հաս­ցէի վրայ գտնո­ւող Verrerie H. Decugis պերճ վա­ճառա­տու­նէն։ Երբ աւար­տի այս այ­ցե­լու­թիւնը, քա­ղաքի մէջ պի­տի յու­սամ գտնել մաեւ Սիաման­թո­յի, Երու­խա­նի եւ Զար­դա­րեանի հետ­քե­րը, որո­նելով անոնց վեր­ջին եր­կե­րը, վեր­ջին նա­մակ­նե­րը, եւ վեր­ջին իղ­ձե­րը։ Ապա, պի­տի վե­րադառ­նամ Էլ­մա­տաղ, Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նոցի թա­ղը՝ պի­տի թա­կեմ Կո­միտա­սի դու­ռը, ունկնդրե­լու հա­մար վար­դա­պետի վեր­ջին մե­ղեդին։

Պոլ­սա­կան «Sérénade» մը

Յար­կա­բաժի­նը խա­ղաղ է։ Տի­կին Քլա­րան ֆրան­սա­ցի յայտնի ապա­կեգործ Կա­լի (Émile Gallé) ստեղ­ծա­գոր­ծած «առ-նու­վօ» ծաղ­կա­մանի մէջ կը դնէ դե­ղին կա­կաչ­նե­րու փունջ մը։ Լե­ւոնը, Արա­մը եւ Հէր­մի­նէն իրենց սե­նեակ­նե­րու մէջ են։ Հիւ­րա­սենեակի մէջ կը լսեմ Քա­րու­զո­յի քնա­րական ձայ­նը։ Կը մօ­տենամ կրա­մոֆո­նին։ Կը պտը­տուի His master’s Voice ըն­կե­րու­թեան 6 Փետ­րո­ւար 1915-ին լոյս ըն­ծա­յած ձայ­նապնա­կը. Les Deux Sռrռnades (Leoncavallo) Enrico Caruso։ Պա­րոն Գրի­գորը եւ Տո­լորէ­սը պատշգա­մի վրայ նստած՝ հիացիկ կը դի­տեն Մար­մա­րայի շի­կացած ջու­րե­րը։ Խա­ղաղ է ժա­մը։ Մեղմ։ Հե­ռուն, պատ­մա­կան թե­րակղզիի վրայ կը փայ­լի Սուրբ Իմաս­տութեան գմբէ­թը։

Համ­բոյր սի­րալիր

Պատ­մո­ւած­քը վեր­ջա­ցաւ։ Տո­լորէ­սը շնոր­հա­կալա­կան համ­բոյր մը դրաւ իր սի­րելի հօր ճա­կատին ու տուն մտաւ։ Պա­րոն Գրի­գորը մնաց պատշգա­մի վրայ։ Մտա­հոգ։ Ցնցո­ւած։ Մայ­րա­քաղա­քի մէջ օտա­րահ­պա­տակ­նե­րուն յայտնի իրա­ւաբան-փաս­տա­բանը, ռու­սա­կան դես­պա­նատան իրա­ւագի­տական հար­ցե­րու խորհրդա­կան այս մար­դը, իր կեան­քի մէջ առա­ջին ան­գամ հիաս­թա­փուած եւ ցնցո­ւած էր։ Չար նա­խազ­գա­ցում մը կը տան­ջէր իր միտ­քը։ Ան 1914 թո­ւակա­նէն ի վեր խորհրդա­րանի մէջ ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րի եւ ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագա­հի հետ կը զրու­ցէր հայ­կա­կան բա­րեփո­խումնե­րու հար­ցը՝ ստա­նալով դրա­կան եւ յու­սադրող պա­տաս­խաններ։ Ան յա­ճախ կը դի­մէր նաեւ եւ­րո­պական տէ­րու­թիւննե­րու մի­ջամ­տութեան։ Այդ գի­շեր սա­կայն Զոհ­րա­պը լուռ էր. չու­նէր ռու­սե­րու հետ յու­նո­ւարին ստո­րագ­րո­ւած հա­յան­պաստ հա­մաձայ­նա­գիրի տո­ւած յոյ­սը։ Թուղթի վրայ մնա­ցեր էր ան։ Եւ­րո­պայի մէջ մեծ պա­տերազմ էր բռնկած. նպաս­տա­ւոր պայ­ման՝ ամէն չա­րիքի հա­մար։

- Իր տա­րեդար­ձին, գի­տէ՞ք Քլա­րային ի՚նչ պի­տի նո­ւիրեմ։ Ան­զուգա­կան, թան­կա­գին նո­ւէր մը։ Ծա­նօթ էք, չէ՞, Յով­սէփ Մա­նասին, կայ­սե­րական նկա­րիչին։ Ի՚նչ պա­տիւ է, որ սուլթան­նե­րու դի­ման­կա­րիչը երեք սե­րունդէ ի վեր Մա­նասեան­ներն են։ Այ­սօր Բէ­րա գա­ցի, Եաղ­խա­նէ փո­ղոց, իր աշ­խա­տանո­ցը։ Ի՞նչ կրնամ Քլա­րային նո­ւիրել, հար­ցուցի։ Առանց նոյ­նիսկ մտա­ծելու՝ Medaillon en ivoire, ըսաւ, աւելցնե­լով, թէ մայ­րա­քաղա­քի ազ­նիւ տի­կին­նե­րու հա­մար փղոսկրի վրայ ման­րանկար­ներ սկսած է փո­րագ­րել։ Ձո­ւաձեւ, ոս­կե­ծիր մե­տալիոն մը ապսպրե­ցի իմ «քի­թիկ­լի» սի­րելիիս հա­մար։

Վեր­ջին թղթա­խաղը

Զոհ­րա­պը գնաց ննջա­սենեակ։ Հա­գաւ մե­տաք­սէ շա­պիկ մը։ Իր անգլիական բաճ­կո­նի ձախ գրպանի մէջ զե­տեղեց մա­նիշա­կագոյն թաշ­կի­նակ մը՝ դար­ձեալ ըն­տիր մե­տաք­սէ։

- Կա­րեւոր ժա­մադ­րութիւն մը ու­նե­նալու էք, ըսի։

- Cercle d’Orient կ’եր­թամ, ըսաւ, մեր ակումբը։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րի եւ խորհրդա­րանի նա­խագա­հի հետ թուղթ պի­տի խա­ղանք։ Ասի­կա լաւ առիթ կրնայ ըլ­լալ հայ­կա­կան հար­ցի նիւ­թը ար­ծարծե­լու հա­մար։ Մտե­րիմ յա­րաբե­րու­թիւն ու­նինք։ Չեն մեր­ժեր զիս։

- Յոյս ու­նիք…

- Հայ­րե­նիք մը ու­նէի թշո­ւառ, ազգ մը ու­նէի ինձմէ աւե­լի ողոր­մե­լի, անոնց որո­շեցի յատ­կացնել կե­նացս մնա­ցոր­դը։ Մենք պէտք է որ ըլ­լանք ու­ղիղ եւ պարզ, միշտ աւե­լի պարզ. հոն է յա­ջողու­թիւնը։

- Միշտ եր­ջա­նիկ կ’երե­ւիք Պա­րոն Զոհ­րապ։

- Եր­ջանկու­թիւնը եր­ջանկու­թիւն չփնտռե­լուն մէջ է։ Անոր հա­մար ալ մա­նուկնե­րը միշտ եր­ջա­նիկ են։

Համ­բոյր չա­րագու­շակ

Զոհ­րա­պը գա­լեց Այազ­փա­շայի պո­ղոտա­յէն վեր։ Ան­ցաւ Գեր­մա­նական դես­պա­նատու­նը, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Թէվ­ֆիկ փա­շայի ապա­րան­քի յա­րաշէն­քե­րը (Ապա­րան­քը 1912-ին մա­սամբ այ­րած էր։ Մնա­ցեր էին քա­րաշէն, երկրոր­դա­կան մա­սերը։ 1930-ին փա­շայի զո­ւիցե­րիացի տիկ­նոջ որո­շու­մով վե­րածո­ւեցաւ պան­դո­կի՝ բո­լորին յայտնի, աշ­խարհահռչակ Park Otel) Զոհ­րա­պը մտաւ Grand Rue de Pera։ Կե­ցաւ Մեծ Ակումբի, կամ՝ Cercle d’Orient կո­չուած շէն­քի առ­ջեւ ու ինքն իրեն կրկնեց. «Մտե­րիմ յա­րաբե­րու­թիւն ու­նինք։ Չեն մեր­ժեր զիս»։ 2 Յու­նիս, Չո­րեք­շաբթի էր, Զոհ­րա­պի 23 Ապ­րի­լը։ Ներ­սը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ…։ Պատ­մեմ ձե­զի։ Զոհ­րա­պը դար­ձեալ մաս­նա­կից պի­տի դառ­նայ նոյն խա­ղասե­ղանին։ Խա­ղակից­նե­րը նոյնն են, խա­ղը՝ նոյ­նը։ Զոհ­րա­պը անայ­լայլ է։ Ու­նի երես­փո­խանա­կան ան­ձեռնմխե­լիու­թիւն։ Խա­ղակի­ցը անայ­լայլ է։ Որ­պէս ներ­քին գոր­ծոց նա­խարար՝ ստո­րագ­րած է մա­հագոյժ հրա­մանա­գիր։ Կէս գի­շեր։ Խա­ղը պի­տի վեր­ջա­նայ։ Զոհ­րա­պը ոտ­քի պի­տի ել­լէ։ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարարն ալ։ Գրի­գոր էֆէն­տիին ճա­կատէն պի­տի համ­բուրէ։ Անսպա­սելի բան.

- Պատ­ճա­ռը ի՞նչ է։

- Մէ­ջէս եկաւ։

Այդ գի­շեր Զոհ­րապ նոյն ճամ­բով տուն պի­տի վե­րադառ­նայ։ Պի­տի նկա­տէ, թէ պաշ­տօ­նեայ մը զինք ար­դէն կը հե­տեւի։ Տան առ­ջեւ պի­տի տես­նէ եր­կու ոս­տի­կան։ Անոնք Զոհ­րա­պին պի­տի հրա­հան­գեն քա­նի մը ապ­րանք պա­յու­սա­կի մէջ դնել եւ դուրս ել­լել։

«Գրե­լու ոյժ չու­նիմ…»

Գո­նիա քա­ղաքի մէջ Զոհ­րա­պը տեղ­ւոյն հա­յերէն խնդրեց. «Մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն լուր տո­ւէք աս­կէ անցնել­նիս, ու­րիշ ծա­ռայու­թիւն չենք սպա­սեր ձե­նէ»։ Անոնք հար­ցուցին. «Ո՞ւր կը տա­նին ձեզ»։ Զոհ­րա­պը պա­տաս­խա­նեց. «Տիար­պէ­քիր, դա­տուե­լու հա­մար, բայց չեմ կար­ծեր, որ մին­չեւ այնտեղ հաս­նինք»։ 15 Յու­լի­սի Հինգշաբ­թի։ Հա­լէպէն ու­ղարկո­ւած ըն­տա­նեկան վեր­ջին նա­մակ. «Քլա­րա, Սի­րական, մէկ հա­տիկ, հո­գիս, կեանքս…, Տիար­պէ­քիրէն եւ ու­րիշ տե­ղերէ առ­նո­ւած լու­րե­րը աղէկ չեն. յե­տոյ շատ խիստ պա­տիժ­ներ տրո­ւելու եւ գոր­ծադրո­ւելու լու­րերն ալ կ՚առ­նենք կոր. Տիար­պէ­քիրի մէջ ալ ի՞նչ պի­տի պա­տահի, Աս­տո­ւած գի­տէ։ Հի­մա, սի­րական էակս, ալ վեր­ջին վա­րագոյ­րը կը սկսի մե­զի հա­մար. հա­ւատալս չի գար, որ Խա­լիլ պէ­յը ամէն երախ­տիք մոռ­ցած ըլ­լայ եւ օգ­նութեան չհաս­նի։ Եր­կու ան­գամ է, որ նոր լու­սի­նը կը տես­նեմ եւ զքեզ ու զա­ւակ­ներս աչ­քի առ­ջեւ կը բե­րեմ ու կը համ­բուրեմ։ Աւե­լի գրե­լու ոյժ չու­նիմ. թէ որ ողջ չմնամ, զա­ւակ­նե­րուս վեր­ջին պա­տուերս եւ կտակս է, որ միշտ սի­րով ըլ­լան իրա­րու հետ, զքեզ յար­գեն եւ սիրտդ չցաւցնեն եւ … զիս ալ յի­շեն։ Եթէ մեռ­նիմ՝ ու­նե­ցածս 2000 ոս­կի բա­րեգոր­ծա­կան նպա­տակի մը հատ­կա­ցու­ցեք։ Ամեն­քիդ կը համ­բուրեմ։ Գ. Զոհ­րապ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ