ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Մեր պահանջը ուրիշ է

Ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւն ձե­ւաւո­րելու մէջ աճա­պարել կամ ու­շա­նալ։ Եր­կուքն ալ վտան­գա­ւոր հե­տեւանքներ ու­նե­ցան մեր ապ­րած աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուա­ծի վրայ։

Հա­յերս աճա­պարող­նե­րէն էինք։ Առանց նկա­տի ու­նե­նալու շուրջբո­լորի յե­տամ­նա­ցու­թիւնը, տնտե­սական, գա­ղափա­րական, գի­տական, գե­ղարուես­տա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ու­սումնա­կան ոլորտնե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րե­ցինք մեծ նո­ւաճումներ։ Հո­ղը բեր­քա­ռատ էր հայ գիւ­ղա­ցու համ­բե­րատար ու ար­դար աշ­խա­տան­քի դի­մաց։ Եր­կա­թը սայ­լին վրայ դիւ­րաւ կը հնա­զան­դէր հայ արո­ւես­տա­գէտի մուրճի հա­րուած­նե­րուն։ Խա­ւար շրջան­նե­րէ ժա­ռան­գո­ւած ռամ­կօ­րէնը նոր շունչ կը ստա­նար ար­դի գա­ղափար­նե­րով տո­գորո­ւած բա­նաս­տեղծի գրի­չով։ Ամե­նու­րէք կը յայտնուէին նո­րանոր վար­ժա­րան­ներ, բազ­մազգի կայսրու­թեան մը մէջ միայն մէկ ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն բարձրո­րակ ու­սում ջամ­բե­լու հա­մար։

Ան­դին կար միջ­նա­դարեան խա­ւարի պայ­մաննե­րուն մէջ նա­հապե­տական կեն­ցաղ վա­րող ժո­ղովուրդներ եւս։

Անոնք են­թա­կայ իրենց շէյ­խե­րու, մե­լէնե­րու կամ սա­լիպա­ներու, կոյ­րօ­րէն կ՚ապ­րէին կրօ­նական հա­մայնքի մը ձե­ւաչա­փով, առանց գիտ­նա­լու թէ ինչ կը նշա­նակէ ազգ եզ­րը։

Քիւրտե­րու եւ ասո­րինե­րու զար­թօնքը հա­զիւ ծիլ ար­ձա­կեց Ի դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դին զու­գա­դիպող տա­րինե­րուն։

Այժմ այդ զար­թօնքի հե­տեւանքնե­րէն մէ­կուն շիճ­ման ակա­նատես կ՚ըլ­լանք։ ՓՔՔ եր­կա­րատեւ պայ­քա­րէ ետք յայ­տա­րարեց ինքնա­լու­ծարկում։

Յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւեցաւ թէ այ­լեւս գո­յացած է խնդիր­նե­րը բա­նակ­ցութեան եղա­նակով լու­ծե­լու յար­մար գե­տին մը։ Հե­տեւա­բար զի­նեալ ապստամ­բութիւ­նը կա­տարած է իր առա­քելու­թիւնը։

Այս ըսե­լէ ետք նոյն յայ­տա­րարու­թիւնը կ՚առա­ջար­կէ խնդիր­նե­րուն մեր­ձե­նալ Լո­զանի դաշ­նագրի ստո­րագրման նա­խոր­դող տա­րինե­րու տրա­մադ­րութեամբ։ Իբ­րեւ սխալ որո­շում կը յա­ւելէ նաեւ 1924-ի սահ­մա­նադ­րութիւ­նը, որ հիմ­նա­քարը կը հա­մարո­ւի ազ­գա­յին պե­տու­թեան։

Հասկնա­լի պա­հանջ մը, քա­նի որ հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­դիր գոր­ծիչնե­րը հա­զիւ քա­նի մը տա­րիներ առաջ խոս­տա­ցած էին բո­լորո­վին ու­րիշ տես­լա­կան։ Այդ տես­լա­կանի հա­մաձայն քիւրտե­րը նոր պե­տու­թեան հա­մահիմ­նա­դիր­նե­րը պի­տի հա­մարո­ւէին։ Այսպէ­սով անոնք ար­ժա­նի պար­գե­ւին տի­րացած պի­տի ըլ­լա­յին քա­նի մը տա­րիներ առաջ գոր­ծո­ւած մեծ ոճի­րին մաս­նա­կից ըլ­լա­լու իբր նո­ւէր։

Այդպէս չե­ղաւ եւ շա­հագոր­ծուած քիւրտ տար­րը դուրս շպրտու­եցաւ հա­մահիմ­նա­դիրի կար­գա­վիճա­կէն։ Աւե­լին՝ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն կեր­տե­լու մար­մա­ջը քիւրտե­րուն պար­տադրեց ին­քուրա­ցում եւ ցու­լո­ւիլ երկրի տի­րող ազ­գութեան մէջ։

Այդ պար­տադրան­քը գոր­ծադրե­լու հա­մար պե­տու­թիւնը դի­մեց զա­նազան բիրտ մի­ջոց­նե­րու, որոնց հե­տեւան­քով ալ գո­յացաւ ապստամ­բա­կան շար­ժումը։

Նոյն ժա­մանա­կին յստա­կացաւ նաեւ ան­ցեալի մեղ­սակցու­թեան հետ առե­րեսո­ւելու պա­հան­ջը։

Ըստ երե­ւոյ­թի քրտա­կան կող­մի հա­մար բա­ւարար պի­տի ըլ­լայ քիւրտ ինքնու­թեան պաշ­տօ­նական ճա­նաչու­մը Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան կող­մէ։

Իսկ ար­դեօք երկրի բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րու, նե­րառեալ հա­յերուս հա­մար ալ բա­ւարա՞ր է այդքա­նը։

Մեր պա­հան­ջը կը յա­մառի երկրի ժո­ղովրդա­վարա­կանաց­ման եւ օրի­նակա­նաց­ման վրայ։