ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Սպառո՞ւմ թէ մսխում

Մարդկա­յին մտքի յատ­կութիւննե­րէն մէկն ալ ակնթար­թի մէջ, ճիւ­ղէ ճիւղ ոս­տոստող ճնճղու­կի մը նման, խոր­հուրդնե­րու մէջ տո­ւայ­տիլն է։

Պարզ սո­վորա­կան գրիչ մըն էր, որ ու­նէր նուրբ ու շգեղ երե­ւոյթ։ Աւե­լին՝ մուգ ու փայ­լուն մարմնին վրայ դա­ջուած էր ին­ծի հա­մար հա­րազատ գա­ղափա­րական կու­սակցու­թեան մը անու­նը։ Եկուր տես որ այս բո­լորը բա­ւական չեն գրի­չի մը գոր­ծա­ծու­թիւնը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։ Բնա­կանա­բար իր­մէ կ՚ակնկա­լենք ան­սայթաք եւ սա­հուն մե­լանի հետք մը թուղթին վրայ։ Ափ­սոս որ իմ սի­րասուն գրի­չը զուրկ էր այդ յատ­կութե­նէ։ Յա­ճախ կ՚ընդհա­տուէր սպի­տակ թուղթին վրայ անոր թո­ղած հետ­քը։ Եթէ ան­ցեալին ըլ­լար, լու­ծումը շատ հեշտ էր։ Կ՚եր­թա­յի գրե­նական պի­տոյք վա­ճառող խա­նութ մը եւ իս­կոյն կը փո­խէի ծայ­րը։

Ան­ցած են այդ օրե­րը եւ եթէ գրի­չը չար­դա­րաց­նէր իր պար­տա­կանու­թիւնը, զամ­բիւղը պէտք է նե­տես եւ գնես նոր մը։

Ակա­մայ կը յի­շեմ իմ ման­կութեան տա­րինե­րը, երբ օրէն­քով ար­գի­լուած էր մշտա­հոս գրիչ­նե­րու նե­րառու­մը։ Այդ ժա­մանակ երկրի տնտե­սու­թիւնը որոշ հա­ւասակշռու­թեան մէջ պա­հելու հա­մար սպա­ռողա­կան շու­կա­յի զա­նազան ապ­րանքնե­րու ար­տերկրէն նե­րածու­մը սահ­մա­նափա­կուած էր։ Պարզ հրա­հան մը ան­գամ նե­րածե­լը լուրջ ար­գելքնե­րու կը հան­դի­պէր։

Նա­խակրթա­րանի առա­ջին դա­սարան­նե­րուն էինք, որ վե­րացաւ մշտա­հոսի նե­րած­ման ար­գելքը եւ մենք ծա­նօթա­ցանք այս դիւ­րութիւններ ըն­ծա­յող գրի­չի տե­սակին։

Մա­նուկ էինք պար­զա­պէս, դիւ­րաւ գտանք այդ գրի­չի տե­սակը խա­ղի վե­րածե­լու ձե­ւը։ Ծայ­րը կը քա­կէինք եւ կը ստա­նայինք պարզ խո­ղովակ մը։ Խո­ղովակ մը՝ որուն ծայ­րը կը մխրճես նու­մա­յի կամ նա­րին­ջի կե­ղեւին եւ ապա հան­դի­պակաց կող­մէն ուժգին կը փչես։ Շունչիդ ու­ժով այդ նու­մա­յի փսո­րը կը թռչի քա­նի մը մեթր եւ կը հա­րուա­ծէ ըն­կե­րոջդ։ Ահա­ւասիկ ման­կա­կան անա­ռակու­թեան օրի­նակ։

Սպա­ռելու, հետզհե­տէ մսխե­լու հի­ման վրայ ձե­ւաւո­րուած տնտե­սական նոր մշա­կոյթ մը հետզհե­տէ տի­րապե­տեց առօ­րեայ կեան­քի բո­լոր պա­հերուն։

Նոյ­նիսկ լուցկիի ցպի­կը կ՚ար­ժե­ւորէինք զա­նազան եղա­նակ­նե­րով։ Խա­ղերու առար­կայ կը դառ­նար ան։ Տնակ­ներ կը սար­քէինք եւ հա­նելուկներ կը ստեղ­ծէինք մէկ ցպի­կի տե­ղափո­խու­թիւնով նոր կեր­պար մը գո­յաց­նե­լու հա­մար։

Մար­դիկ հրա­հան լցքա­ւորե­լով տուն եւ ըն­տա­նիք կը պա­հէին։ Կար ամէն ին­չի նո­րոգո­ղը։ Այժմ այդ բո­լորին փո­խանակ հա­մակար­գը կը պար­տադրէ փճա­ցածը նե­տել եւ նո­րը գնել։ Ամե­նասո­վորա­կան, անար­ժէք իրե­րէն մին­չեւ թան­կա­գին գոր­ծիքներ, նոյն սկզբունքով շու­կայ կ՚իջ­նեն։

Ար­տադրող­նե­րը ի սկզբա­նէ գի­տեն թէ իրենց ապ­րանքը երբ պի­տի փճա­նայ։ Եւ մար­դիկ մրցակ­ցութեան մէջ են նո­րը, աւե­լի նո­րը, նո­րագոյ­նը ապա­հովե­լու հա­մար։

Աղ­քա­տու­թիւնը բա­ցատ­րող գոր­ծօննե­րու մէջ մսխո­ղական բնոյ­թով ար­տադրու­թիւնը առաջ­նա­կարգ է։