ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Վերջին դուռը
Ապրիլ, 1915, Պոլիս։ Եօթը հայ մտաւորականներու տունը այցելեցի։ Եօթը թաղի մէջ եօթը դուռ բացուեցաւ առջեւս։ Եօթը հարս եւ եօթը զաւակ եօթը ժպիտով ողջունեցին զիս։ Սեղանի վրայ գտայ եօթը նկան հաց, եօթը բաժակ գինի։ Անոնց քով եօթը ձեռատետրի վրայ սեւագրուած էր եօթը անաւարտ վէպ։ Ապա այցելեցի Արմէն Տօրեանը, 23 տարեկան տղայ՝ եօթներորդ բախտակիցը իր աւագ գրչեղբայրներուն։ Իր բանաստեղծութիւնները ան գրեր էր շագանակագոյն, մանր, ափի չափ ծոցատետրի մը մէջ, որ կարենար հետը տանիլ, եթէ երթար հեռու տեղեր։ Տօրեան զայն տեղաւորեր էր իր սրտին մէջ, որ չկորսուէր յանկարծ։ Իսկ այժմ, Մարմարայէն կու գայ հիւսիսային պաղ հովը, կը զարնէ ճակատիս։ Կը սթափիմ այդ երանելի երազներէ։ Քայլերս կ’ուղղեմ Էլմատաղ, եօթը անգամ երկիւղելով։ Կոմիտասի դուռը պիտի զարնեմ։ Վերջին գիշերս է քաղաքի մէջ։ Կը փափաքիմ հրաժեշտի բարեւ տալ վարդապետին։
Սրտառուչ ծառուղին
Փանկալթի Մխիթարեան վարժարանէն դէպի Էլմատաղ՝ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի թաղը շատ հեռու չէ. ամենօրեայ հեռաւորութիւն՝ քաղաքի հետիոտն բնակիչներու համար։ Յարգելի ընթերցող, Պոլսոյ ամենէն բարեկեցիկ հատուածներէն մէկն է ասիկա, որ ամբողջութեամբ բնակեցուած է հայերու, յոյներու եւ «լեւանթէն»ներու կողմէ, որոնք Պոլսոյ եւրոպացիներն են։ Մինչեւ որ ես Սուրբ Յակոբի բնակարանները հասնիմ, արտօնեցէք, որ ձեզի ներկայացնեմ այդ գեղատեսիլ ծառուղին. պողոտայի ձախ կողմը՝ ռուսաց գեղաքանդակ եկեղեցին եւ հիւանդանոցն է, անոնց քով զինուորական ճեմարանը, ապա հայոց գերեզմանոցը, իսկ աջ կողմը՝ Anderlich փողոցէն սկսելով (այժմ՝ Sel Başı փ.) ՝ Giacomo Anderlich-ի կողմէ հիմնուած Artigiana աղքատախնամ անկելանոցը, Թօփալեաններու, Ազարեաններու, Մէրճիմէքեաններու եւ Կեսարեաններու բազմայարկ բնակարանները, անոնց քով Lycee Notre Dame de Sion համբաւաւոր գիշերօթիկ դպրոցը, եւ վերջապէս՝ Սուրբ Յակոբի հատուածը, ուր կան քով-քովի շարուած եկամտաբեր բնակարաններ։
Աշնանային նամակ մը
Կոմիտասը Էջմիածնի մէջ էր։ Վարդապետը ինչո՞ւ եկաւ Պոլիս։ Պատմեմ. աշնանային նամակ մըն էր այդ ճակատագրական փոխադրութեան պատճառը։ Իր դասընկեր Կարապետ Պարտիզպանեանը 1909-ի աշնան ուղարկած նամակով Կոմիտասին հրաւիրեց Պոլիս, բացատրելով, թէ հոն նպաստաւոր պայմաններու մէջ կրնայ աշխատիլ, աւելցնելով նաեւ, որ այլեւս չկայ գրաքննութիւն եւ չկայ բռնատիրութիւն։ Պարտիզպանեան իրաւունք ունէր. Դանիէլը, Ատոմը, Ռուբէնը եւ Երուխանը մէկիկ մէկիկ սկսեր էին եւրոպական ոստաններէն վերադառնալ տուն՝ զայն արուեստով նուաճելու նպատակով։ Բոլորը որոշեր էին երկնել եւ մոլեգնօրէն ստեղծագործել։ Իսկ Կուտինայի սոխակը, 1910-ի յուլիսին իր մոգական սրինգը շալկած Պոլիս եկաւ։ Թիֆլիսի Վերնատունէն շատ հեռու, հայ միտքը Բիւզանդական կայսրութեան շքեղ, բայց տապալած մայրաքաղաքի մէջ ստեղծեց արեւմտահայութեան երկրորդ Վերնատունը։
Կոմիտասի տունդարձը
Կոմիտաս նախ գնաց Գում-Գափու։ Ան այցելեց պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեանին։ Յաջորդ օր որդիական ակնածանքով այցելեց Գէւորգեան ճեմարանի իր ուսուցիչ եւ նախկին պատրիարք Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանը, որ այդ պահուն կը ճգնէր Բերայի Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերանի դիմաց Ըթըր փողոցի իր բնակարանը։ Ապա Կոմիտասը յիշեց իր մանկութեան տարիները՝ իսկոյն փութաց Քէօթահիա, հոն մնաց երկու ամիս, Վերին Թաղի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ երգեց ամէն Կիրակի։ Պոլսոյ մէջ արդէն լուծուած էր վարդապետի կեցութեան հարցը. Բանկալթիի հայոց գերեզմանատան դիմաց, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցին պատկանող բնակարան մը պիտի ըլլար նոր հասցէն։ Սենեկակից մըն ալ ունեցաւ Կոմիտասը. Փարիզէն նոր ժամանած գեղանկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանն էր ան։ Վանեցի Թէրլէմէզեանը սակայն, անհատական ցուցահանդէս մը բանալէ ետք 1913ին հայրենի կանչով պիտի վերադառնայ ծննդավայրը՝ նկարելու համար Վանայ լիճը, Կտուցը, Սիփանը, եւ իր չքնաղ բնաշխարհի այլ գեղեցկութիւնները։
Բանկալթիի Վերնատունը
Կը դիտեմ Բանկալթիի երկյարկանի տունը։ Զինուորական հիւանդանոցներու, «Խտիւեալ Փալաս»ներու 22-ամեայ ճարտարապետ Արամ Թախթաճեանի համեստ ծառայութիւնն է ան։ Կոմիտասը կը նուագէ։ Թէրթէմէզեանը կը նկարէ իր սենեակի մէջ։ Իրիկունները Վարուժանը, Սիամանթօն, Օտեանը, Զօհրապը եւ Չէօկիւրեանը այցելութեան կու գան։ Ներկաները կը շարունակեն որ լոյս տեսած «Վանքը» վէպը։ Բոլորին կը հետաքրքրէ ազատ հայրենիքի, ազգապահպանութեան, անհատի բանականութեան յաղթանակի գաղափարները։ 31 տարեկան հեղիկանը ի՚նքն ալ ներշնչուած արդէն՝ յոտնկայս կը յայտարարէ. «Ազգերն առանց յեղափոխութեան չեն կրնալ ազատիլ»։ Երբեմն Կովկասէն եկած հիւրեր կը յայտնուին, որոնք Կոմիտասի մտերիմներն են հին, Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանը, Եղիշէ Թադէոսեանը, Աւետիք Իսահակեանը կամ Վրթանէս Փափազեանը։ Եռաթեւ ելեքտրական լապտեր մը կը լուսաւորէ վերնայարկը։ Այրերը ամբողջ գիշեր կը զրուցեն։ Այս բնակարանը արդէն վերածուած է ժամադրավայրի մը։
Արքայական ոսկեայ կառքը
Ոսկեայ զարդերով կառք մը կանգ առաւ տան առջեւ։ Խեղճ դռնապանը լեզուն կարկամած վեր վազեց ու հեւասպառ գոչեց.
- Թէրլէմէզեան էֆէնտի, վարը ոսկեայ զարդարանքով արքայական կառք մը կայ։ Համազգեստ հագած պաշտօնեայ մը ձեզ կ՚ուզէ տեսնել։
- Նայիմ, ո՞վ է… Սուլթանին արարողապետն է մեր հիւրը։
Թէրլէմէզեան հիւրը կ՚առաջնորդէ վերի յարկաբաժինը։ Թուրք պէյը եկած է գեղանկարիչին գործերը դիտելու։ Ապա, կը հարցնէ.
- (Ֆրանսերէն խօսելով) Կոմիտասը կրնա՞յ երգել եւ նուագել ինծի համար։
Վարդապետը կ’անցնի դաշնակին դիմաց, կը նուագէ ու կ’երգէ Շուպերթի արիաներէն մէկը։ Արարողապետ Իսմայիլ Ճանան պէյը գերուած եւ զմայլած՝ կը խոստովանի.
- (Ֆրանսերէն խօսելով) Գրո՚ղը տանի, ութ հարիւր տարուան պետութիւն մըն ենք եւ տակաւին նման հանճար մը չունինք։
Պտղաբեր 1913-ը
1913 թուականին հայոց միտքերը լաւ պտուղ տուին։ Հայոց գիրերու գիւտի 1500ամեակի տօնակատարութիւններու տարին էր։ Վարդապետը Էսաեան վարժարանի մէջ Գրական Ասուլիսներու համար ճառեր խօսեցաւ։ Գրեց «Ո՜վ մեծասքանչ դու լեզու» երգը, հիմնեց «Գուսան» երգչախումբը, մասնակցեցաւ ձեռնարկներու եւ դասախօսական երեկոներու, երգչախումբի համար անդուլ փորձեր կատարեց, այդ գործունէութիւններուն գագաթնակէտը եղաւ 13 Հոկտեմբերը, երբ քաղաքի «Petits Champs» թատերասրահի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական գիրերու գիւտի 1500-ամեակին եւ հայկական տպագրութեան 400-ամեակին նուիրուած շքեղ հանդիսութիւնը։ Այդ օր Էնվէր եւ Թալէաթ փաշաները բեմ բարձրացան եւ ճառեր արտասանեցին, գովեստներ հիւսեցին հայկական մշակոյթին եւ հայ հանճարին։ Անոնք նոյն առիթով շռնդալից ճառեր խօսած էին նաեւ Գում-Գափուի պատրիարքանիստ մայր տաճարի սրահին մէջ։ Իսկ, կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, միեւնոյն օրը, Մէզիրէյի հայութիւնը Երուխանի եւ հոգեւոր հայրերու գլխաւորութեամբ երբ կը տօնէր այդ պանծալի տարեդարձը՝ Խոզաթի կառաւարիչ Սապիթ պէյն ալ ուղերձով մը կը գովէր հայկական միտքն ու մշակոյթը։
Դուռը թակեցի եօթը անգամ
23 Ապրիլ, 1915։ Թէրլէմէզեանը չկայ։ Վան գնաց։ Վարդապետը առանձին է։ Առաւօտուն l՛Union Française-ի մէջ երգչախումբի փորձ ունէր։ Կէսօրին ճերմակ գոգնոց հագած երկու աշակերտուհիներ եկան։ Անոնք դասի ժամանակ իրենց մազերը միշտ կապած կ’ըլլան ժապաւէնով մը մետաքսեայ։ Իսկ հիմա ուշ երեկոյ է։ Վերնայարկի լոյսը կը վառի։ Բաց են «ճումպա»յի պատուհանները։ «Անտունի» երգը կը յորդի դէպի պողոտայ։ Ռուբէնը եւ Վարուժանը իրենց տուներն են, գործէն նոր եկան։ Ընթրիքէն ետք պիտի աշխատին։ Վարուժանը որոշած է մինչեւ աշուն ամբողջացնել «Հացին երգը»՝ գրելով «Ալիւր», «Ախոռը», «Թթխմոր», «Փուռը», «Հայրենի Սեղան» եւ «Հացին Երգը» քերթուածները։ Ռուբէնը հայ բժիշկներու կազմակերպած հիւանդապահութեան դասընթացքէն եկաւ։ Ան քիչ մը պիտի խաղայ երեք տարեկան Լեւոնի եւ միամեայ Շամիրամի հետ, ապա հայկական բժշկական պարբերական մը հրատարակելու երազի վրայ պիտի աշխատի։ Զօհրապը, որ տան պատշգամի վրայ Պոսֆորի մայրամուտը դիտելով իր դուստր Տոլորէսին պատմեր էր ապագայ նորավէպի մը գաղափարը՝ այժմ կը պատրաստուի Cercle d՛Orient ակումբը երթալու՝ Թալաթ փաշայի եւ Հալիլ պէյի հետ besigue խաղալու։
Belle Epoque մը անցաւ քաղաքէն
Դրան երկաթեայ բռնակը կնոջ ձեռքի մը ձեւը ունի։ Զայն կը զարնեմ եօթը անգամ։ Կը դադրի դաշնակի հնչիւնը։ Մուճակի ձայն մը կ’իջնէ սանդուխէն։ Ձեռնունայն չեմ։ Քաղցրեղէն կը սիրէ՞ արդեօք։ Գիտեմ, թէ քաղաքի մէջ մեծ համբաւ ունին Rue de Petits-Champs պողոտայի վրայ գտնուող, ճակատին վրայ Cafe Zythopoleion - Καφενείον Ζυθοπωλείον մարմարեայ գրութիւնները մինչեւ այսօր պահած սրճարանի անուշեղէնները։ Բայց ոտքերս ակամայ քալեցին պարոն Եսայեանին պատկանող Pera Palace պանդոկի PՉtisserie de Pera ծաղարանը։ Գրաւիչ «մակարոն»ներ դրին վարդագոյն շքեղ տուփի մը մէջ, որ պատրաստուած էր La Belle Epoque ճաշակով։ Սակայն, Եւրոպայի մայրաքաղաքներու մէջ գիտեն, թէ այս պերճանքը, La Belle Epoque կոչուած շքեղ ժամանակաշրջակը արդէն աւարտած է։ Այժմ պատերազմի ձայնն է լսելի… Երկաթ դրան կղպանքը շխրտոցով մը կը դառնայ։ Վարդապետը հագած է կարմիր թաւշեայ robe de chambre։ Դուռը կը բացուի.
- Աստուած օգնական, Վարդապետ։
Խորհրդաւոր վերնայարկը
Խորհրդաւոր է Կոմիտասի աշխատասենեակը։ Պատերու վրայ գեղանկարներ կան։ Իւղանկարերէն մէկը Կոմիտասին կը յիշեցնէ Էջմիածնի օրերը անկասկած. անոր վրայ պատկերուած է Արարատը։ Սենեակի մէջ կան նաեւ յոյն վարպետներու կողմէ շինուած երկու նրբակերտ գրադարաններ, մէկը ապակեպատ, իսկ միւսը՝ բաց։ Առաջինի մէջ վարդապետը դրած է Օրմանեանի նուիրած «Համապատում» եւ «Հայոց եկեղեցին» գիրքերը, ինչպէս նաեւ «Ո՜վ մեծասքանչ դու լեզու» երգի տպագիր օրինակը։ Փոքր գրադարանի մէջ ան դիզած է գեղջուկ երգերու ձեռագիր մշակումները։ Շողշողուն կարմիր գորգը Կուտինայէն եկած է, ընտիր նուէր՝ վաճառական հայրենակիցի մը կողմէ։ Սակայն սենեակի հիմնական առարկան դաշնակն է, ուր հեշտալուր ձայնի կը վերածուի ազգի բոլոր ապրումները։ «Ճումպա»յի պատուհաններէն երեք տեսարաններ ներշնչում կու տան վարդապետին. ճիշդ դիմացը հայոց գերեզմանատունն է իր քեղաքանդակ, սպիտակափայլ մարմարներով, հոն է թաղուած «Հոգեւոր Տէրը»՝ Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսը, անոր գերեզմանն ալ Պոլսոյ հայոց համար ուղխտատեղի մը դարձած է, ձախին՝ Մխիթարեան վարժարանը եւ ռուսաց եկեղեցին, աջին՝ Թաքսիմի բարեզարդ ճեմապարտէզը, որուն հիւրերը գարեջուր կը վայելեն եւ վիեննական նուագներ կ’ունկնդրեն՝ Պոսֆորը եւ Մարմարան դիտելով։ Սուրճ եփեց վարդապետը։ Առանց շաքարի։ Երկու պզտիկ բաժակի մէջ լեցուց։ Սկսաւ պատմել իր անաւարտ մնացած մէկ ծրագիրը.
Վարդապետի հետ քաղցրահամ վայրկեան մը
- Տասը տարուան երազս է։ «Անոյշ»ը կը մտածեմ օբերայի վերածել։ Արդէն յօրինեցի տարբեր բնոյթի 27 մեղեդիներ։ Թումանեանը գրեց խօսքերը, Դիլիջանի մէջ։ Երգերու մէկ մասը հայկական ժողովրդական մեղեդիներ են, մէկ մասն ալ ես ստեղծեցի տոհմիկ եղանակներու ոճաւորումով։ Դաշնակի վրայ են թերթիկները։ Կրնաք նայիլ։ «Ո՜վ մեծասքանչ»ի օրինակ մըն ալ առէք։ Ձեր աշակերտներուն կը սորուեցնէք։
Դաշնակի վրայ կար «Անուշ»ի 1903 թուականին հրատարակուած օրինակը։ Թերթեցի զայն։ Լուսանցքներու մէջ Կոմիտասը բազմաթիւ նշումներ կատարած էր։ Ուրեմն, մտածեցի, մէկ կամ երկու տարիէն մենք կրնանք զայն բեմի վրայ դիտել վարդապետի խմբաւարութեամբ։ Երբ մեր սուրճերը վերջացան, ստացայ նաեւ նախկին հարցումիս պատասխանը. վարդապետը անուշեղէն կը սիրէ…
Եօթը աղաւնի ծառի վրայ
Այժմ կը քալեմ դէպի նաւամատոյց, լուռ, քայլամոլոր, գիտնալով, թէ ի՚նչ պիտի պատահի քանի մը ժամէն։ Կասկածելի շքեղութիւններու այս քաղաքի մէջ եօթը մտաւորականները դեռ արթուն են։ Հակառակ մօտեցող ահաբեկութեան, հակառակ ժամացոյցի չարագոյժ հարուածներուն՝ անոնք մոլեգնօրէն կը ստեղծագործեն… Իսկ, յետոյ, ի՞նչ պիտի ըլլան Կոմիտասը, հայոց գերեզմանատունը, Անոյշ օբերան… Պատմեմ։ Կարմիր ուրուականներ եօթը դուռ պիտի զարնեն այդ գիշեր, եօթը դուռը եօթը չարաձայն ճռինչ պիտի արձակէ, ուրուականները պիտի մտնեն Բանկալթիի Վերնատունը, եօթը եկեղեցիներու զանգերը եօթը անգամ պիտի ծլնգան, եօթը աղաւնի երկինք պիտի թռի եօթը բարտիներուն ճիւղերէն…։ Եօթը հարսի սիրտերու մէջ՝ մէկը գերմանացի, սարսուռ պիտի դառնայ, վարդապետը այլայլած պիտի նայի եկուորներուն՝ պիտի հարցնէ. «Շուպէրթ լսելո՞ւ եկած էք», վարդապետը պիտի խելագարի, զինք պիտի փոխադրեն Շիշլի՝ գթութեան քոյրերու La Paix հոգեբուժարանը։ Գերեզմանո՞ցը։ Ան կամաց կամաց տեղի պիտի տայ Հիլթոն պանդոկի եւ քաղաքի ձայնասփիւռի հսկայական շէնքին։ «Անոյշ»ը պիտի մնայ 27 թերթիկներու վրայ։ Պարոյր Սեւակը պիտի ըսէ՝ «Ե՜կ, Վարդապե՚տ, Ու մի՚ խենթանա»։ Իսկ մեզի պիտի մնայ եօթը անուն նուիրական, անգերեզման։
Յ.Գ. «Եօթը» բառի հետ հիւսուած արտայայտութիւններու հոգեշնչողը եղաւ Համօ Սահեանի «Յոթ ձիաւորի բալլադը» անուն պոէմը։