Հիւլէական գործակալութեան տնօրէնի համաձայն կարելի չէ իրողութիւնը ջնջել

Չենք գի­տեր, թէ իրա­նեան հարստա­ցուած իւ­րա­նիու­մը հի­մա ո՛ւր կրնայ ըլ­լալ: Անոր մէկ մա­սը կրնայ քան­դո­ւած ըլ­լալ, սա­կայն կրնայ անոր մէկ մա­սը փո­խադ­րո­ւած ըլ­լալ», «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց Հիւ­լէական ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կալու­թեան տնօ­րէն Ռա­ֆայէլ Կրո­սի՝ աւելցնե­լով. «Իրան հիւ­լէական ընդլայ­նո­ւած եւ յա­ւակ­նոտ ծրա­գիր ու­նէր, եւ կրնայ ըլ­լալ, որ անոր մէկ մա­սը տա­կաւին կան­գուն է: Իրան հիւ­լէական ճար­տա­րագի­տու­թեան մէջ յա­ռաջա­դէմ պե­տու­թիւն մըն է, եւ կա­րելի չէ այդ իրո­ղու­թիւնը ջնջել զինո­ւորա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով կամ առանց անոնց հա­ւանու­թեան: Իրա­նի հիւ­լէական թղթած­րա­րը զի­նուո­րական ճամ­բով վերջնա­կան կեր­պով պի­տի չլու­ծո­ւի, եւ պէտք է համա­ձայ­նութիւն գո­յաց­նենք»: Կրո­սի «Սի.Պի.Էս.»ին նաեւ ըսաւ, որ Թեհ­րան քա­նի մը ամսո­ւան ըն­թացքին կրնայ վերսկսիլ հարստա­ցուած իւ­րա­նիու­մի ար­տադրու­թեան, որով­հե­տեւ ու­նի անոր հա­մար պէտք եղած բո­լոր ար­դիւնա­բերա­կան եւ ճար­տա­րագի­տական կարելիութիւնները:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ