Երուսաղէ՛մն ալ հայրենիք է, Թորոնթօ՛ն ալ...

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

«Երու­սա­ղէմի օր»ն է, 26 Մայիս, եւ նստած եմ Աւե­տեաց երկրին սիր­տը գտնո­ւող «Save the ArQ» շար­ժումին կող­մէ կա­ռու­ցո­ւած ժա­մանա­կաւոր տնա­կին մէջ. «Կո­վերու պար­տէզ»-ին (կամ ինչպէս տղա­քը կը կո­չեն՝ «Փար­քինկ»-ի) կա­յանա­տեղիին մէջն ենք: Դուրսի օդը տա­քու­թեամբ ու լա­րուա­ծու­թեամբ ծան­րա­ցած է։ Քա­նի մը ժամ ետք, տաս­նեակ հա­զարա­ւոր կա­պոյտ ու ճեր­մակ դրօշ­ներ ծա­ծանող իս­րա­յէլ­ցի հրեաներ (շա­տերը բնա­կավայ­րե­րու նո­րաբ­նակներ) սադ­րիչ կեր­պով պի­տի քա­լեն Հին քա­ղաքին մէ­ջէն. բռնու­թեան սպառ­նա­լիքը բո­լորին գլուխնե­րուն վրայ է կա­խուած:

Ներ­սը, սա­կայն, հո­վասուն է. արաս­տա­ղին վրայ տե­ղադ­րո­ւած օդո­րակի­չը (air conditioner) մեղ­մօ­րէն կը խշշայ։ Հա­մացանց կայ, հե­ռատե­սիլն ալ վեր­ջին լու­րե­րը կը հա­ղոր­դէ։ Ին­ծի սուրճ կը մա­տու­ցո­ւի 24-ժա­մեայ հեր­թա­պահու­թիւն կա­տարող տղոց­մէ մէ­կուն կող­մէ (ինք հոս կը մնայ ամ­բողջ ժա­մանակ, միւսնե­րը կու գան ու կ՚եր­թան). փա­ռահեղ մօ­րուք մը կրող մարդ մը, որուն հետ եր­կու օր առաջ ծա­նօթա­ցած եմ, սա­կայն ին­ծի հետ կը վե­րաբե­րի հին ըն­կե­րոջ մը պէս։ Կարճ ճամ­բորդու­թեանս ամե­նէն տաք օրն է, բայց մինչ իրենց պա­հած շունն (Ար­ջը) եւ շնի­կը (Ար­քան) սրունգներս կը հո­տուը­տան, այս սուրճը կար­ծես սիրտս կը զո­վաց­նէ։

Ժա­մանա­կաւոր տնա­կը, որ այդքան ալ ժա­մանա­կաւոր տեսք չու­նի ար­դէն, կա­ռու­ցո­ւած է հո­գատա­րու­թեամբ, ինչպէս շար­ժումը որ ան կը ներ­կա­յաց­նէ. հո­գատա­րու­թիւն՝ 1 700 տա­րուան պատ­մութեան հան­դէպ, հո­գատա­րու­թիւն՝ Երու­սա­ղէմի հայ­կա­կան թա­ղամա­սի նիւ­թա­կան եւ հո­գեւոր ճար­տա­րապե­տու­թեան հան­դէպ եւ հա­ւանա­բար ամե­նէն կա­րեւո­րը՝ հո­գատա­րու­թիւն իրա­րու հան­դէպ։ Տա­րօրի­նակ զգա­ցում մըն է շրջա­պատուած ըլ­լալ այսպի­սի ան­վերջ առա­տաձեռ­նութեամբ՝ այսպի­սի գո­յու­թե­նական սպառ­նա­լիքի դի­մաց։

Նստած տե­ղէս քա­նի մը քայլ ան­դին, ոչ հե­ռու ան­ցեալին խո­շոր պուլտո­զեր­ներ մտած էին, ղրկո­ւած կա­ռու­ցա­պատո­ղի մը կող­մէն, որ հո­վանա­ւորո­ւած էր ծայ­րա­յեղ աջա­կող­մեան ակ­տի­ւիստնե­րու կող­մէ, յու­սա­լով, որ 98-ամեայ վար­ձա­կալու­թեան քո­ղին տակ բա­ժին մը խլեն այս պատ­մա­կան թա­ղամա­սէն։ Ասի­կա ան­շարժ գոյ­քի սո­վորա­կան վէճ մը չէ ու «Փար­քինկ»-ը սո­վորա­կան կա­յանա­տեղի մը չէ։ Ան ժո­ղովուրդի մը հո­գին է։

«Կո­վերու պար­տէզ»-ը ան­ցեալին ծա­ռայած է որ­պէս գիւ­ղատնտե­սական հող, ապաս­տա­րան եւ տուն։ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րող հա­յերը հոս ապաս­տան գտած էին։ Այ­սօր, ան առաջ­նա­գիծն է ոչ միայն հո­ղին, այ­լեւ գո­յատեւ­ման հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րին։

Եր­կու օր առաջ, 24 Մա­յիսին, մէկ այլ հայ­կա­կան հա­մայնքի մէջ տօն էր. այս այնգամ հա­յերն էին տօ­նախմբող­նե­րը սա­կայն: Երբ Երու­սա­ղէմի մէջ աճող լա­րուա­ծու­թեան մէջ հա­մակար­գի­չիս առ­ջեւ նստած էի, ել-նա­մակա­տուփս սկսաւ լե­ցուիլ հե­ռաւոր Թո­րոն­թո­յէն ղրկո­ւած լու­սանկար­նե­րով՝ պատ­կերներ Հայ երի­տասար­դա­կան կեդ­րո­նի ընդլայնման նա­խագի­ծի հիմ­նարկէ­քի արա­րողու­թե­նէն: Հա­րազատ դէմ­քեր, ման­կութեան ըն­կերներ, որոնք դար­ձած են հա­մայնքին ղե­կավար­նե­րը՝ հե­տեւե­լով մեր ծնող­նե­րուն, նախ­նի­ներուն հաս­տա­տուն քայ­լե­րուն։ Լու­սանկար­նե­րը կը յի­շեց­նեն, որ բա­րեկամ­ներս այժմ թո­րոն­թո­հայ հա­մայնքի ապա­գային մա­սին որո­շում կա­յաց­նողներն են:

Ծա­նօթ հպար­տութեան եւ կա­րօտի ալիք մը զգա­ցի. ինչպէս միշտ՝ յու­զո­ւեցայ։ Թո­րոն­թօն, ի վեր­ջոյ, ծննդա­վայրս է։

Հա­կադ­րութիւ­նը ուժգնօ­րէն զգա­ցուե­ցաւ. մէ­կը այն սփիւռքին՝ ըն­դարձա­կուող, բար­գա­ւաճող, միւ­սը՝ յոյ­սով կառ­չած իր գո­յու­թեան։

Բայց մա­կերե­սին տակ, թե­լը նոյնն է. երի­տասար­դութիւն մը, որ կը հա­մախմբո­ւի, տա­րեց­ներ, որոնք կ’առաջ­նորդեն, հա­մայնքներ, որոնք կը հա­ւատան։ Թէ՛ Երու­սա­ղէմի եւ թէ՛ Թո­րոն­թո­յի մէջ, պայ­քա­րը աւե­լի մեծ բա­նի մը հա­մար է, քան՝ պար­զա­պէս տա­րած­քի մը։ Ան մնա­յու­նութեան մա­սին է, ժա­ռան­գութեան մա­սին, ար­ժա­նապա­տուու­թեան մա­սին։

Ինչ որ զիս ամե­նէն շատ տպա­ւորեց Երու­սա­ղէմի հայ­կա­կան թա­ղամա­սին՝ բայց յատ­կա­պէս այս տնա­կին մէջ, ան­տարբե­րու­թեան բա­ցար­ձակ բա­ցակա­յու­թիւնն էր։ Այս տղա­քը՝ սա­ղիմա­հայ տղա­քը, անձնո­ւէր են, հայ­հո­յող, բայց սրտով մա­քուր ու բա­րի. եւ ան­շուշտ՝ վեր­ջին ծայր հպարտ։ Անոնք կը դի­մադ­րեն ու­րա­խու­թեան եւ տխրու­թեան միահիւ­սուած զգա­ցումնե­րով, բայց եր­բեք չեն յու­սա­հատիր։ Դի­տեցի այս երի­տասարդնե­րուն (մաս մը տա­րիքով երի­տասարդ, միւս մա­սը՝ հո­գուով), որոնք հա­ւաքուած էին իրենց թա­ղամա­սը պաշտպա­նելու սադ­րիչնե­րէն, ոչ թէ ատե­լու­թե­նէ մղո­ւած, այլ բա­ցար­ձակ սի­րով:

Եւ ին­ծի մտա­ծել տո­ւին, թէ ի՞նչ է սփիւռքը, եթէ ոչ այս տե­սակի նո­ւիրում, այս տե­սակի ար­մա­տար­կութիւն (rootedness), նոյ­նիսկ այսպէս ըսո­ւած «աք­սո­րի» մէջ։

Յա­ճախ կը խօ­սինք հայ­կա­կան սփիւռք(նե­րու) մա­սին մեծ, վե­րացա­կան եզ­րե­րով։ Կը չա­փենք զայն բնակ­չութեան թի­ւով, նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րու չա­փով, քա­ղաքա­կան գոյ­նե­րով ու պատ­կա­նելիու­թեամբ։ Բայց «Կո­վերու պար­տէզ»-ը մե­զի կը յի­շեց­նէ աւե­լի խո­րունկ բա­նի մը մա­սին, որ մեր ամե­նէն կա­րեւոր սփիւռքնե­րը չեն ամե­նէն մար­դա­շատե­րը, ամե­նէն բարձրա­ձայ­նե­րը կամ նոյ­նիսկ ամե­նէն ապա­հով­նե­րը (նիւ­թա­պէս կամ այլ)։ Անոնք են, որոնք տա­կաւին կը կրեն իրենց ետին ձգած հո­ղին բոյ­րը։ Անոնք, որոնք կը մնան ար­մա­տացած ոչ թէ նոս­տալժիայի մէջ, այլ՝ տե­ղի մէջ, ներ­կա­յու­թեան մէջ, դի­մադ­րութեան մէջ։

Հոս ռո­ման­թիզմ չկայ, այլ պարզ հաս­կա­ցողու­թիւն մըն է, որ ինչ որ բան վտան­գի տակ է։

Որ­պէս մէ­կը, որ սի­րելի ծննդա­վայ­րը ձգեց Երե­ւան ապ­րե­լու հա­մար, յա­ճախ ինքզինքս բաժ­նո­ւած կը գտնեմ՝ «տուն» հաս­կա­ցողու­թեան բազ­մա­թիւ տար­բե­րակ­նե­րու մի­ջեւ։ Հա­յաս­տա­նը խո­րապէս կը հա­մարեմ տունս, ու Թո­րոն­թօն միշտ ալ հիմքս պի­տի ըլ­լայ։ Եւ հի­մա, ինչ-որ ձե­ւով, Երու­սա­ղէմն ալ փո­րագ­րո­ւած է այդ բարդ քար­տէ­սին վրայ։

Դառն պար­զութիւն մը կը տի­րէ այսպի­սի տեղ մը ըլ­լա­լը, մա­նաւանդ այսպի­սի օր մը։ Սպառ­նա­լիք­նե­րը են­թադրա­կան չեն. անոնք հի­մա կը պա­տահին։ Պուլտո­զեր­նե­րը չեն ստեր։ Եւ մինչ կը նստիմ հա­մակար­գի­չիս դի­մաց, փոր­ձե­լով այս ամէ­նը մար­սել, կը գի­տակ­ցիմ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րի­լը սոր­վե­ցու­ցած է ին­ծի, թէ որ­քան փխրուն եւ որ­քան կա­տաղօ­րէն գե­ղեցիկ են մեր կա­պերը՝ դէ­պի հող, դէ­պի յի­շողու­թիւն, դէ­պի զի­րար։

Չեմ գի­տեր, թէ ինչպէս կը վեր­ջա­նայ այս պատ­մութիւ­նը։ Իրա­ւական պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի։ Սպառ­նա­լիք­նե­րը չեն ան­հե­տացած։ Բայց գի­տեմ, որ եր­բեք աւե­լի վստահ չեմ զգա­ցած այն մա­սին, թէ ինչ կը նշա­նակէ պայ­քա­րիլ հա­մայնքի հա­մար. թէ՛ Թո­րոն­թո­յի մէջ երի­տասար­դա­կան կեդ­րոն մը ընդլայ­նե­լը, թէ՛ Երու­սա­ղէմի մէջ դի­մադ­րութեան շար­ժում մը վառ պա­հելը, էու­թիւնը նոյնն է. պատ­կա­նիլը՝ պաշտպա­նել է։

Մենք Թո­րոն­թո­յի մէջ բախ­տա­ւոր ենք. ու­նինք կա­յու­նութիւն, մի­ջոց­ներ, տա­րածու­թիւն։ Սա­կայն եր­բեք պէտք չէ զայն «for granted» առ­նենք: Մենք մե­զի պէտք է հարցնենք՝ ի՞նչ կը կա­ռու­ցենք եւ որո՞ւ հա­մար կը կա­ռու­ցենք զայն։ Ար­դեօք կը ստեղ­ծե՞նք հա­մայնք մը, որ կրնայ դի­մանալ ժա­մանա­կին, կո­րուստին եւ ճնշու­մին։ Հա­մայնք մը, որ կը յի­շէ իր ան­ցեալը, մինչ կը պատ­րաստո­ւի ապա­գային հա­մար։

Երու­սա­ղէմի այս փոր­ձա­ռու­թիւնս յի­շեցուց ին­ծի, որ սփիւռքը պար­զա­պէս չէ այն տե­ղը, ուր կը յան­գինք, այլ այն բանն է, որուն կ’որո­շենք կառ­չիլ։

Շուրջս եղող տղոց հա­մար, Հա­յաս­տա­նէն շատ հե­ռու, Երու­սա­ղէմն ալ հայ­րե­նիք է, իսկ լու­սանկար­նե­րուն մէ­ջի տղոց հա­մար Թո­րոն­թօն ալ հայ­րե­նիք է:

Ու այդ բո­լորո­վին բնա­կան է: 

«Թո­րոն­թո­հայ»-ի Յու­նիս 2025

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ