Ոչ միայն լռութիւն, այլ մերժում

ՀՄԱՅԱԿ (ՀԱՄՕ) ՍԱՐԵԱՆ

Հայաս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեանի Պո­­լիս կա­­տարած պաշ­­տօ­­­նական այ­­ցե­­­լու­­թեան ար­­ձա­­­գանգնե­­րը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կուին քննար­­կո­­ւիլ՝ հայ հա­­մայնքի որոշ շրջա­­նակ­­նե­­­րու կող­­մէ։ Քննարկման առանցքը դար­­ձած է Պատ­­րիար­­քա­­­րանի ցու­­ցա­­­բերած մօ­­տեցու­­մը Փա­­շինեանի նկատ­­մամբ՝ իբ­­րեւ տան­­տէր։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանը հրա­­պարա­­կեց յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, ուր լռու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնն էր վար­­չա­­­պետի՝ Կա­­թողի­­կոսա­­կան Աթո­­ռի հան­­դէպ քննա­­դատա­­կան կե­­ցուած­­քը։ Կը կար­­դանք, թէ լռու­­թիւնը ար­­դիւնք մըն էր բա­­րոյա­­կան ան­­հա­­­մաձայ­­նութեան։

Բայց կ՚ու­­զեմ հարց տալ. ար­­դեօք հար­­կա­­­ւո՞ր էր նման ընդհա­­նուր դիր­­քո­­­րոշ­­ման մէջ նե­­րառ­­նել ամ­­բողջ Պոլ­­սա­­­հայ հո­­գեւոր կա­­ռոյ­­ցը։ Ան­­հա­­­մաձայ­­նութիւ­­նը կա­­րելի էր ար­­տա­­­յայ­­տել՝ առանց դռնե­­րը փա­­կելու եւ առանց լռու­­թեան դի­­մելու։ Այդ ան­­հա­­­մաձայ­­նութիւ­­նը կրնար փո­­խան­­ցո­­­ւիլ դի­­ւանա­­գիտա­­կան, պատ­­շաճ եւ ար­­ժա­­­նապա­­տիւ մա­­կար­­դա­­­կով։

Հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւնը ան­­պայման հա­­մաձայ­­նութիւն չի նշա­­նակեր։ Մենք բո­­լորս՝ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու կող­­մէ բազ­­միցս լսած ենք սի­­րոյ, համ­­բե­­­րու­­թեան եւ նե­­րու­­մի մա­­սին քա­­րոզ­­ներ։ Ճիշդ կամ սխալ, սի­­րես կամ չսի­­րես՝ հայ­­կա­­­կան աւան­­դութեան մէջ հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւնը քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն չէ, այլ բա­­րոյա­­կան դիր­­քո­­­րոշում մըն է։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանի յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ մատ­­նանշո­­ւած պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնը՝ ան­­բա­­­ւարար է, այլ նաեւ ար­­դա­­­րացում չէ բա­­ցակա­­յու­­թեան մը, որ կրնար վե­­րածո­­ւիլ կապ ստեղ­­ծե­­­լու, փո­­խըմբռնման եւ կա­­մուրջ կա­­ռու­­ցե­­­լու առի­­թի մը։

Երկրորդ կա­­րեւոր կէ­­տը՝ այստեղ ապ­­րող բազ­­մա­­­թիւ հա­­յաս­­տանցի­­ներն են։ Անոնք, որոնք զգա­­ցական եւ յա­­տուկ կապ մը ու­­նին հայ­­րե­­­նիքի ղե­­կավա­­րու­­թեան հետ, որոնք հոս կ՚ապ­­րին եւ առօ­­րեայ խնդիր­­նե­­­րու լու­­ծում կը փնտռեն։ Անոնց հա­­մար այդ այ­­ցե­­­լու­­թիւնը կա­­րեւոր էր։ Սա­­կայն պատ­­րիար­­քա­­­րանի փակ դռնե­­րը շա­­տերուն մօտ առա­­ջացու­­ցին հիաս­­թա­­­փու­­թիւն եւ բար­­կութիւն։

Դար­­ձեալ պի­­տի կրկնեմ. հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւնը հա­­մաձայ­­նութիւն չէ, բայց բա­­ցակա­­յու­­թիւնը պի­­տի թո­­ղէ իր վէր­­քը եւ իր յի­­շատա­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ