Եթէ նկատի ունենանք թէ մարդ արարածի գլխաւոր թերացումներէն մէկը մոռացութիւնն է, ներկայ իրավիճակի գիտակցելու համար յաճախ կարիք կը զգանք յետադարձ ակնարկի։
Փորձենք վերյիշել Թուրքիոյ Խորհրդարանի այն բանավէճերը, երբ իշխանութիւնը իր բոլոր ուժով կը ձգտէր ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը չեղարկելու։
Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան այդ շրջանի պետը Քըլըչտարօղլու քաղաքական լուրջ սխալ մը գործած էր՝ «Թէեւ սահմանադրութեան հակառակ է, բայց կը ձայնակցինք իշխանութեան չեղարկման առաջարկին»։ Այդ որոշումէն ետք ՀՏՓ-ի համանախագահներ Սելահատտին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ աւելի քան ինը տարի է որ բանտարկուած են։
Այս դիտելով կրնանք ըսել թէ ժամանակավրէպ զղջումը գործուած սխալը չարդարացնէր։
Այսօր այդ նոյն գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ընտրուած քաղաքապետները շինծու եւ անհիմն մեղադրանքներով խումբ առ խումբ կը ձերբակալուին եւ կը բանտարկուին։
Կուսակցութեան պետը իրաւացիօրէն կատարուածները կը բնութագրէ իբրեւ պետական հարուած։
Ո՞վ կրնայ պնդել թէ այս հանգրուանին հասանք մէկ օրէն միւսը։ Ո՛չ, ամէն ինչ կայացաւ քայլ առ քայլ որոշ ծրագրի մը գործադրութեամբ։ Երբեմնի ապիկարութեան հետեւանքներ են որ այսօր ապտակի մը ուժգնութեամբ կը բախի մեր երեսներուն։
Քիչ մը շրջահայեաց դիտարկումով կը տեսնենք թէ Թուրքիոյ մէջ պատահածները բացառութիւններ չեն։ Անվտանգութեան պատրուակին ետին նման բռնատիրութեան փորձերը կը տեսնենք զանազան երկիրներու մէջ։ Կարծես այս առումով անգիր համաձայնութիւն մը կնքուած է զանազան պետութիւններու կողմէ։ Համաձայնութիւն մը՝ որ որդեգրած է անտեսել Թուրքիոյ անօրինութիւնները Սուրիոյ հիւսիսային տարածքը գրաւելու պահուն։ Յիշենք որ Եւրոպական բոլոր երկիրները կը կրկնէին նոյն յանկերգը, ըսելով որ Թուրքիան իր սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու իրաւունք ունի։ Այդ ըսելու պահուն բոլորն ալ գիտէին թէ նոյն Թուրքիոյ սահմանները ազատ անցակէտ դարձած էին դէպի Սուրիա ուղղուած միջազգային ահաբեկչութեան համար։
Նոյնը պատահեցաւ, երբ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն գործադրեց Կազզայի մէջ։ Նոյնիսկ ոտնակոխեցին իրենց իբրեւ թէ որդեգրած խօսքի ազատութեան սկզբունքը։ Մանաւանդ ԱՄՆ-ի մէջ շատ ծանր պատժամիջոցներ գործադրեցին Պաղէստինի հետ զօրակցողներու հանդէպ։
Շեղած է ցարդ ընդունուած քաղաքական բոլոր կանոնները։
Հայաստանի մէջ կղերականները եւ ընդդիմադիրներ բացայայտօրէն կոչեր կ՚ընեն բռնի իշխանափոխութեան համար։ Նման սպառնալիքին դէմ պետութեան դիմած կանխամիջոցները կը ներկայացնեն որպէս եկեղեցիի դէմ յարձակում։ Այդ պնդումներով կռիւի բեմ կը դարձնեն Ազգային Ժողովի դահլիճը։ Այս պայմաններուն մէջ ամենադժուարին բանն է օրինական երկրի ժողովրդավարութեան սկզբունքները յարգելը։
Բարեբախտաբար Փաշինեանի իշխանութիւնը այս պահուն տակաւին կը յաջողի այդ սկզբունքները պահելու։
Ինչպէս ըսինք յօդուածի սկզբին յետադարձ ակնարկը կ՚օգնէ ներկան ընկալելու։