Ցեղ մը ենթադրեցէք որ համաշխարհային մարդկութեան բերած նպաստներէն աւելի յիշուի իր կողոպուտներով։ Իւրացուցած ըլլայ ուրիշներու ստեղծագործութիւնը յափշտակել եւ այդ ալ պարծանքի առարկայ դարձնել։
Պատմութեան մէջ կան նման ցեղախումբեր, որոնք ժամանակի ընթացքին յարատեւ պարտուածութիւններու հետեւանքով հրաժարած են այդ գործելաոճէն եւ մասնակցած համաշխարհային քաղաքակրթութեան։ Եւրոպայի հիւսիսային տարածքներու երկիրները այդ տեսակն էին։ Վիքինկներ պատմութեան բեմ ելան իրենց հարեւան ժողովուրդներու ունեցուածքը թալանելով։ Այսօր այս սովորութիւնը իրենց համար պարծանք մը չէ, այլ անցեալի յիշողութիւն մը միայն։ Ընկալումի այս փոփոխութեան մէկ կարեւոր գործօն մը դարձած է քրիստոնէութիւնը, որ մերժած է նման արարքը։ Իսկ անդին մահմէտականութիւնը մինչեւ օրս կը գովաբանէ այդ եղանակը, զայն կոչելով արշաւ։
Մտահոգիչ է այս պատկերը, քանի որ այդ ժողովուրդներու համար լուրջ արգելք մը կը դառնայ քաղաքակիրթ ընկալումներու համակերպելու գործին մէջ։ Մարդկութիւնը համաշխարհային արժէքներ ձեւաւորելու համար բաւական երկար ճանապարհ մը անցած է։ Այսօր իսկապէս տխուր է տեսնել այդ ճանապարհի արժեզրկումը։ Տխուր է տեսնել թէ թալանի մտայնութիւնը ինչպէս զօրակցութիւն կը վայելէ իբրեւ թէ քաղաքակիրթ պետութիւններու կողմէ։ Այս պահուն կը տեսնենք թէ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ համամարդկային արժանիքները դոյզն իսկ նշանակութիւն չունին։ Գերիշխողը միայն ու միայն շահի ակնկալութիւնն է։ Շահ՝ անհատներու հաշւոյն եւ հետզհետէ այդ անհատներու ղեկավարած պետութիւններու հաշւոյն։ Ուրեմն չափազանցած չենք ըլլար եթէ պնդենք թէ իւրաքանչիւր պետութիւն կը հետապնդէ ոչ թէ համաշխարհային մարդկութեան, այլ այդ կառոյցը ղեկավարող խմբակներու շահերը։
Երկիրներէ ներս իշխանափոխութեան ուղղեալ մրցակցութեան հիմքն ալ ճիշդ այդ շահերու տիրանալու մրցակցութիւնն է միայն։ Այս բոլորի իբրեւ օրինակ մեր առջեւ ունինք Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը։ Ան կը գործէ որոշ գերտէրութիւններու ի նպաստ եւ անոր գործադրած բոլոր միջոցներն ալ կը ծառայեն այդ նոյն տէրութիւններու շահերուն։
Այս բոլորը մտաբերեցինք, երբ մամուլի էջերէն տեղեկացանք թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Անիի Մայր տաճարը նորոգելու եւ այդ նորոգութեան աւարտին մզկիթի վերածելու ծրագիրներուն մասին։ Ուրեմն 1000 տարուայ անցեալ ունեցող պատմամշակութային արժէքը տակաւին կը շարունակէ գրգռել ոմանց թալանելու անյագ ախորժակը։ Արշաւել եկեղեցին։ Այս է որ պարծանք պիտի պատճառէ քաղաքակրթութենէ զուրկ այս մտայնութեան համար։
Պահ մը յիշենք համաշխարհային մարդկութեան ճարտարագիտութեան մէջ արձանագրած նուաճումները։ Փարիզի Նոթր Տամի տաճարը յիշենք կամ Քոլոյնի Տոմը։
Նաեւ պարտինք յիշել թէ կոթիկ ճարտարապետութեան ոճին այս գեղակերտ շինութիւնները ներշնչուած են Անիի ճարտարապետութենէն։ Փոխանակ այդ կուտակումին վրայ սեփական նմոյշ մը աւելցնելէ, եղածը յափշտակել եւ 1000 տարի ետք այդ յափշտակուածը պարծանքով իւրացնելը միայն մէկ նշանակութիւն ունի, որն է նախնական յետամնացութիւն եւ բարբարոսութիւն։
Մենք չենք ուզեր տարուիլ Ժիրինովսքիի այդ տեսութեան, ընդ որու այս մտայնութեան վերացումը ոչինչ կը պակսեցնէ համաշխարհային զարգացումէն։
Մեզ մի՛ տանիք նման մտայնութիւններու, որոնք ձեր արարքներով արդարութիւն պիտի գտնեն։