Երկու կաթնաման
Եզակի բառ է «կուրծք» գոյականը, զոր յաճախ կը գործածենք անեզաբար, ինչպէս ձեռք, ոտք, խելք, միտք եւ յօնք։ Զարմանալի կենսագրութիւն մըն ալ ունի ան. մարդու կեանքի հետ իմաստ կը փոխէ։ Նորածինի համար սննունդի աղբիւր է, զոյգ կաթնագեղձեր ջերմ ու մայրական։ Կեանքի երկրորդ տասնամեակին սիրավառ, անփորձ տղաները կուրծք բառը կ’ընկալեն որպէս սիրոյ եւ պտղաբերութեան զոյգ ամաններ, - բանաստեղծութիւններու մէջ յաճախ՝ սերկեւիլ, նուռ, խնձոր կամ շամամ, ինչպէս որ կը նախընտրէք, - ու զանոնք յափշտակելու տարփանքով ալ անոնք կը դառնան՝ աշուղ։ Կրծքացաւէ տառապող մենաւոր քնարերգակի համար կուրծք բառը մռայլ զգացումներու եւ յոյզերու կեդրոնն է։ Յաղթանակներու տիրացած հասուն զինուորականի համար՝ մետալներու հաւաքատեղի է կուրծքը, լայնալանջ պաստառ մը պանծալի։ Իսկ յոգնատանջ թափառականի համար մանկութեան օրերու կարօտալի վայր է կուրծքը։ Յարգելի ընթերցող, կէս գիշերային այս խաղաղ ժամուն, երբ մայրացած աղջիկներ նորածին կը կերակրեն իրենց կաթնառատ կուրծքերով, եւ ինչ փոյթ, թէ ծագումը դեռ անյայտ է այդ բառին, կ’առաջարկեմ, որ միավանկս բարիք մը կատարէ՝ իր մայրահամ պատմութիւններով դիեցնէ մեզ՝ մօր կուրծքէն կէս դար մը առաջ հեռացածներուս։
Կուրծքը խանձարուրի մէջ
Այն օրը երբ ծնունդ առաւ մեր գրաւոր հայերէնը, կուրծք բառը արդէն լի էր քաղցրահամ արտայայտութիւններով։ Ահա զոյգ մը անոյշ կաթիլ. «զկրծիցն հարկանէր», Եղիշէ, «Այն ամենայն (վիշտ) յաշխարհի մօտ առ կուրծս կայր», Յովհ. Ոսկեբերան։ Այնուհետեւ բառս աճեցաւ եւ դարձաւ պերճախօս պատանի։ 7-րդ դարուն ունեցանք «կրծքացաւութիւն» բառը, 10-րդ դարուն «կրծաբախ», 12-րդ դարուն «կրծապահ» ածականները։ Թովմա Արծրունիին կը պարտինք «Կրծաբախ հառաչմամբ» արտայայտութիւնը։ Իսկ Ուռհայեցին պատերազմական տեսարան մը նկարագրեց «կրծապահ» բառով, որ կը նշանակէր յառաջապահ զօրք կամ պարիսպի առաջին պահապանը. «Բաբանն ... զառաջինն որ եհար՝ երեք այր պահ եւ զկրծապահն ʼի քաղաքն ձգեաց»։ Այսօր հայուհիները կը վայելեն՝ կրծքազարդ, զինուորները՝ կրծքազրահ, բժիշկները՝ կրծքադիտակ, գեղջկուհիները՝ կրծքակալ եւ կրծքաճարմանդ, սեղան նստած մանուկները՝ կրծքաշոր եւ ախոյեանները՝ կրծքանշան բառերը։ Իսկ «կրծքաբլուր» բառը կը մնայ որպէս սիրոյ եւ պտղաբերումի զոյգ գագաթնակէտեր։
Շապիկիդ կուրծքը
1530-ին Նահապետ Քուչակը, Անկայ մէջ, թէ՝ Վանայ ափին դուք որոշեցէք, 20-25նոց երիտասարդ էր, աշուղ դարձած տղայ մը դիւրաբորբոք։ Օր մը ան իր եարի թաղէն վար կու գայ։ Ի՜նչ տեսնէ. եարի նոր լուացուած եւ պարանէն կախուած շապիկը, որուն կուրծքը նախշազարդ է։ Խելակորոյս կը դառնայ Քուչակը, փոխանակ հազար խանութի տէր ըլլալու, փոխանակ հազար ոսկի ունենալու՝ կը ցանկանայ շապիկին տիրոջը տիրանալ, երանի տալով անոր բոյրին. «Մահալօքս ի վար կուգ’ի, նա տեսայ լաթեր լուացած. / Ի յայն լաթերուն միջին լուացած շապիկ մ’էր փռած / Իր կուրծքն էր ղալէմ քաշած... / Ատոր տէրն ի յիԲս պիտէր, զիս հազաԲր դեկան՝ դա գնած»։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան օր մը փափաքեցաւ իր սիրածի ոսկեթել մազերուն համբոյր մը տալ, կամ թռչուն դառնալ եւ գալ անոր գեղեցիկ դէմքը շոյել։ Թռչունը ո՞ւր բազմէր. «Ընտրէի ինձ բազմոց, / Կուրծքդ ձիւնափայլ»։ Ալեքսանդր Ծատուրեանը «վարդին» խօսք ուղղեց. «Ա՜յ վարդ, լսիր աղաչանքիս, / Թոյլ տուր՝ թփից քեզ պոկեմ / Եւ քեզանով սիրած կոյսիս / Չքնաղ կուրծքը զարդարեմ»։ Ծատուրեանի սիրածի կուրծքը անմահական պարտէզ է, ուր կայ յաւերժ կեանք. «Մի՚ վախենար, նրա կրծքին / Չես թառամի, քնքուշ վարդ, / Այնտեղ՝ մատաղ կրծքի տակին, / Կեանքի աղբիւր կայ առատ»։ Իսկ Շիրակի լեռներուն երբ գիշերն եկաւ, Աւետիք Իսահակեանը ոգեւորուած գրեց. «Աստղունք լուսնին ձայն տուին. / Լուսնեակ ելաւ մով-ծովն ընկաւ / … / Ես վեր ելայ ոգի առած՝ / Զարկի սրտիս լարերին. / Սիրտս խնդաց, կուրծքս թնդաց»։
Սիւնեաց ասպետի կուրծքը
Դուք, յարգելի ընթերցող, տեսա՞ծ էք Սիւնեաց ասպետներու, հայ իշխաններու, Բակուրի եւ Տրդատի կուրծքերը։ Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» պոեմը հերոսական պատկերներ ունի, ուր ասպետի կուրծքը վահան մըն է, ուր գեղեցկուհին պաշտպանուած է վտանքներու դէմ։ Կը փափաքիմ, որ Սուրէնեանց մը գար, կամ Թէրլէմէզեան մը, եւ գեղանկարներու շարք մը ստեղծէր այդ բանաստեղծութեան ընտիր տեսարաններով. տեսարան մէկ, Սիւնիքի այրերը. «Հոն են ճորտերը Սիւնեաց գաւառներուն երկտասան, / Լերան ազատ զաւակներ, միշտ զրահի մէջ կուրծքերնին»։ Տեսարան երկու, հարճը կը պարէ. «Ան կը ճախրէ՜, կը ճախրէ՜, կատաղօրէն կը ճախրէ՜։ / Երբոր ետեւ կը թեքի՝ կուրծքին վրայ հոյաշէն / Բլուրի պէս կը դիզուին ստինքներն իր սարսռալէն»։ Տեսարան երեք, հարճը կը խոստանայ մինչեւ արշալոյս, պատուհանին ճրագը առկայծ՝ իշխան Տրդատին սպասել. «Հոն կը սպասեմ ես քեզի վարդէնիի մը նման, / Որ կոկոններն իր բանայ պիտի կուրծքիդ վրայ տիտան»։ Պատկեր չորս, հինգ եւ վեց, հարճը Տրդատի կուրծքին վրայ գտած է ապահովութիւն. «Տրդատի լայն կուրծքին վրայ / Կը հանգչեցնէր՝ հարճն ամփոփ՝ գլուխն իբրեւ լուսնկայ / Եւ կուրծքիս վրայ քնացիր օրօրումով այս հզօր / Նազենիկ. լալ սկսաւ դառնահեծ, եւ Տրդատի կուրծքին վրայ գլուխը այնքա՚ն սաղմեց՝ որ զրահին մէջէն իսկ կը լսէր տրոփը սրտին»։
Դաշտի բրդոտ կուրծքը
19րդ դարուն կուրծք բառը դարձաւ՝ իմաստուն։ Ան կ’արտայայտէր բարձր գաղափարներ։ Սիլվա Կապուտիկեան մայր լեզուն պաշտպանելու խրատ տուաւ իր որդիին. «Դու պաշտպանիր կրծքով նրան, / Ինչպէս մօրդ կը պաշտպանես, / Թէ սուր քաշեն մօրդ վրան»։ Շուշանիկ Կուրղինեան կարեկցութեամբ նկարագրեց բանուորները, որոնք կայտառ եւ ժպտադէմ կը մտնէին գործարան, սակայն կը հիւծէին անոր դաժանութեան մէջ՝ «կուրծք տաշող հազով»։ Գուսան Շերամ Անդրանիկի պանծալի կուրծքը գովերգեց. «Հայոց կուսանք դափնեպսակ թող հիւսեն… / Գոհարներով անվախ կուրծքդ զարդարեն»։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանի գրական հերոսներն էին դաշտի հզօր զաւակները։ Մշակները երբ քալէին արտերու վրայ՝ մայր հողը չէր մնար անայլայլ. «Կը բաբախէ սիրտն հողին իրենց բրդոտ կրծքին տակ»։
Տէրեանի կուրծքը
Մենք տեսանք տանչուած կուրծքեր։ Շատերը լուռ մնացին եւ հեռացան։ Բայց Վահան Տէրեանը որոշեց իր թախիծը քնարական տողերու վերածել՝ «Մթնշաղի անուրջներ» ժողոուածուի մէջ մեզի թողուլ կրծքացաւ տողիկներ։ (Ուռած կուրծքով կ’աւետեմ, թէ այսօր, 12 Յուլիս 2025, Շաբաթ օր, բանաստեղծի ծննդավայրի մէջ վերաբացուեցաւ անոր տուն-թանգարանը, Վրաստանի մշակոյթի նախարարի, «Չաւախքի աջակցութիւն» հիմնադրամի տնօրէնի, Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարարի եւ Տէրեանի արուեստի բազմաթիւ սիրահարներու ներկայութեամբ) Բժիշկի կրծքադիտակ (Stethoscope- յունարէն, բառացիօրէն կուրծքի դիտակ) մը անհրաժեշտ չէ, որպէսզի դուք կարենայիք Տէրեանի կուրծքը լսել։ Կարդացէք անոր քերթուածները լոկ. «Ե՞րբ կը գայ նա իմ հիւանդ կրծքին»։ Տէրեանի կուրծքը պէտք ունի մխիթարող գլուխի մը. «Քնքոյշ երազով պաճուճիր հոգիս, / Նստիր մահճիս մօտ ու տխուր երգիր, / Մազերդ փռիր յոգնատանջ կրծքիս»։ Կոյսի մազի հպում մը իսկ պիտի բաւէր, որ Տէրեանի կուրծքը զգայ սփոփանք. «Քո պայծառ գահից մեղմօրէն իջիր, / Մազերդ փռիր յոգնատանջ կրծքիս… Օձեղէն մարմնով փարուել ես կրծքիս… Կրծքիս դիր դէմքը քո տխրադալուկը»։ Տէրեանը ինչո՞ւ դժբախտ է։ Ահա պատճառը. «Ծեծում են կուրծքս քամիները բիրտ»։ Վահան Տէրեանը, յարգելի ընթերցող, իր գրիչով կուրծք բառը ծածկող կիսաթափանց շղարշը հեռացուց եւ մենք տեսաք անոր քնարական, գրաւիչ եւ առինքնող, նոյն ժամանակ ցաւոտ տեսարանները։
«Էրնէկ ծոցիդ քնողին»
Կուրծքը, խօսքս բարբառներու մասին է, ունի զանազան տեսքեր։ Մէկը միւսին նման չէ։ Հաճընի եւ Զէյթունի մէջ՝ գոյձք, Մուսա Լերան մէջ՝ գօրձք, Խարբերդի մէջ՝ գուրսք, Մշոյ մէջ՝ կուտք, իսկ Նիկոմիդիայի բարբառի ենթաբարբառ Ասլանբեկի մէջ՝ գիւրսք։ Իսկ եթէ դուք հեռացնէք «ք» տառը, ան կը դառնայ կովու ստինք։ Արցախցիները անոր կ’ըսեն «կօռծ», իսկ երեւանցիները՝ «կուրծ»։ Մեր գաւառականները «կուրծք» բառի գործածութեան մէջ բաւական համարձակ են եղած, յատկապէս, առանց զարմանալու, մեր աշուղները։ Ժողովրդական երգ մը կ’ըսէ.
Կանգնել ես բարձր հովին,
Փռփռան դոշիդ մովին,
Էրնէկ ծոցդ քնողին,
Շամամ կուրծքդ գրկողին։
Գուսան Հաւասին իր եարը բաղնիքի ճամբուն վրայ տեսաւ եւ ուրախացաւ. «Եարս բաղեն գնաց, կուրծքը վարդերով»։ Երաժիշտ Ա. Մերանգուլեանը իր եարին տեսաւ վարդի թուփերու մէջ. «Յոյս վարդերով / Շուշան կուրծքդ զարդարուած / Քեզ նայողներն / Քո բոյր գեղով շիկնեցան»։ Գուսան Շերամը ձորի մէջ տեսաւ իր եարը ու երգեց. «Կուրծքդ նուրբ է, քնքոյշ է, / Խալերուդ ղուրբան, նազ աղջիկ»։ Գուսան Շերամը «Քեզանից մաս չունիմ» երգի մէջ խնդրեց որ եարը այլեւս չբանայ իր կուրծքերը. «Քեզանից մաս չունիմ, կուրծքդ մի՚ բանայ, / Իզուր ինձ մի՚ տանջիր, էլ չեմ դիմանայ»։
Վերադարձ մօր կուրծքին
Յարգելի ընթերցող, իմաստուն, հասուն մարդը, կեանքի վայրէջքի օրերուն կը փափաքի վերադառնալ մօր կուրծքը ու երեխայի նման վայելել անոր ջերմութիւնն ու անդորրութիւնը։ Կեանքը շրջան մըն է։ Վերջին հանգրուանի մէջ չկայ պայքար, չկայ տանջանք։ Երանի մարդ վերադառնար իր մանկութեան օրերուն ու լսէր օրօր ու կաթ ստանար մօր կուրծքէն։ Ուստի, կ’առաջարկեմ, որ Տէրեանի ծննդավայր Ջաւախքէն օրօրոցային երգ մը լսենք եւ աւարտենք «կուրծք» գոյականին նուիրուած այս յօդուածը, հաւատալով, թէ բոլորս գոհացանք անոր կաթնառատ եւ ջերմ պատմութեամբ.
Նանի, նանի, բալա, ջանէ, նանի,
Ախ, ելել սարը, գնացել եմ, նանի,
Բալա, ջանէ, նանի, նանի,
Ճերմակ կուրծքս բացել եմ։
Ճերմակ կուրծքս բաց եմ արել,
Քեզի անոյշ կաթ եմ տուել,
Նանի, բալա ջան, նանի,
Նանի, բալիկ ջան, նանի։