Պղտորեցաւ Հայաստանը։ Ո՚չ, յարգելի ընթերցող Սեւանի կամ Որոտանի ջուրերը նկատի չունիմ։ Երկրի քաղաքական վիճակն է պղտոր։ Փա՞ստն անոր... Հայրենի մամուլի մէջ լոյս տեսած խորագիրներ՝ ահազանգող եւ միտքեր պղտորող։ Ահա քանի մը ցնցիչ օրինակ. «Կան ոյժեր, ովքեր ուզում են պղտորել Հայաստանում եղած պարզ վիճակը», «Պղտոր ջրում ձուկ չեն որսում», «Պղտոր ջրերը վտանգաւոր են շատ», «Հռոմի ստատուսը փորձում է պղտորել ջրերը», «Բաքուն փորձում է պղտորել հայ-հնդկական յարաբերութիւնները»։ Յարգելի ընթերցող դուք լսեցիք պաշտօնական այրերու եւ հոգեւորականներու խօսքերը։ Իսկ հանրապետութեանս մէջ ժողովուրդը դժգոհ է այլ պղտորութիւններէ. «Շերամի փողոցի շէնքերում ծորակից պղտոր ջուր է գալիս», «Զովունու բնակիչներն ահազանգում են՝ խմելու ջուրն ժանգագոյն է ու պղտոր»։ Ա՚ս գիշեր, երբ պղտոր էր ճշմարիտի եւ կեղծի, արդարի եւ անարդարի սահմանագիծը՝ ես ինծի հարցուցի, թէ ե՞րբ պղտորեցաւ մեր մայրենին, մեր հոգին, մեր մայր Արաքսը։ Ապա որոշեցի լողալ հայոց լեզուի ջուրերու մէջ եւ հասկնալ «պղտոր» բառի ջինջ պատմութիւնը, մտածելով, թէ արդեօք կը յստականա՞ն մեզ յուզող հարցերը։
Պղտոր հրապոյրը
«Պղտոր» բառի մութ խորքերու մէջ կայ «պիղծ» բառի «պիղտ» արմատական ձեւը։ Գրաբարի յատակը, Ոսկեդարուն արդէն «պղտորած» էր։ Սուրբ Գիրքս իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ «պղտոր» խօսքեր. «Հրապոյր պղտոր», «Առ սմբակ պղտորէիր զջուրսն», «Պղտորել զջուրս բազումս»։ Մեր գրիչներն ալ, Ագաթանգեղոսէն Փարպեցի, յաճախ կը գործածէին «պղտոր», «պղտորել», «պղտորութիւն», «պղտորիչ» բառերը։ Արտօնեցէք, որ մէջբերեմ քանի մը մաքուր արտայայտութիւն. «Պղտոր ջրով դարմանեալ», «Բաժակ պղտոր», «Չար հաւատովն պղտորեցին», «Օդ պղտորագոյն», «Պղտորական վտակ», «Պղտորութիւն աչաց», «Պղտորէին զմեծ աշխարհն հայոց», «Գետն երասխ՝ յաւուրս իւրոյ պղտորութեանց», «Մի պղտորէք զմիտս իմ»։ Իսկ 10-րդ դարուն «պղտոր» բառը պիտի ստանար նոր հոսանք, երբ Գրիգոր Նարեկացին գրի առնէր իր Մատեանը։
«Կաթիլ մի պղտոր»
Վանայ ծովու ջուրերը դիտելով 10-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին գրեց իր Մատեանը։ Այդ գիրքի մէջ «պղտոր» բառը ստացաւ նոր հոսանք։ Նարեկացիի խօսքերուն մէջ մենք տեսանք պղտոր հոգիներ, պղտորած ձեռքեր, պղտորեալ միտքեր։ Լսենք բանաստեղծ վանականի խօսքերը. «Պղտոր եւ ձեռն անմաքուր աննուիրելի», «Կրկնապղտոր խորհուրդ», «Զմեղաց մրրիկ պղտորեալ»… Ապա սուրբը աղաչեց իր հոգիի փրկութեան համար. «Փրկեա ի ցնորից եկամուտ պղտորութեանց»։ Իսկ վանքի սահմաններէն դուրս՝ իր աշխարհիկ կեանքը վայելող ժողովուրդի համար «պղտոր» բառը ունէր այլ եւ այլ իմաստներ։
Պղտոր արտըսունք
Մենք, յարգելի ընթերցող, երբ կարդանք ժողովրդական բանահիւսութեան էջերը կը տեսնենք մարդ մը որ նման է պղտոր գետի, որու ջուրէն պէտք չէ խմել. «Ինքն ի պղտոր գետեր նմանի, / Ո՛չ մարդ յիւրմէն ջուր [խմի»։ Տաղասաց մը իր ազգի համար կը սպասէր աւետիս եւ փափաքեցաւ, որ իր լեարդը չար լուրերով չպղտորի. «Պղտոր մի՚ տար քնքուշ լերդիս. Աւետիս տամ Հայոց ազգիս»։ Իսկ այլաբանական երգի մը մէջ տեսանք մայր կաքաւը, որ կու լար իր կորուսեալ ձագուկին համար. «Կաքաւն ի քարին նստէր / Կու ձգէր պղտոր արտըսունք»։ Յարգելի ընթերցող, ամէն գետ իր պղտորութիւնը ունի, իսկ հայկական ամէն բարբառ՝ «պղտոր» բառի իր տարբերակը։ Այսօր իրենց բնաշխարհի մէջ կարելի չէ զանոնք լսել, սակայն, փառք մեր բանահաւաք, բանասէր եւ բանիմաց այրերու՝ գէթ կարելի է լսել անոնց ջինջ արձանագրութիւնը. Ջուղա, Սալմաստ «պխտոր», Ալաշկերտ, Մուշ «պղդոր», Վան «բխտոր», Խարբերդ «բղդօր», Համշէն, Սեբաստիա «բղդէօր», Տիգրանակերտ «բղդուր», Մուսա Լեռ «բղդիւր», Զէյթուն «բէօղդիւյ եւ բէօղդիւր», Արցախ «պրտէօղ», իսկ Նախիջեւանի մէջ Զանգեզուրի լեռնաշղթայի հարաւային հատուածէն բխող եւ քանի մը գիւղերու հողերը ոռոգող Ագուլիս գետակի շուրջ այլեւս լռած Ագուլիսի բառբարով՝ «պռտուղ»։
Անտունի սիրտն է պղտոր
19-րդ դարուն, երբ պղտոր էր հայու ապագան, ինչէպս նաեւ Արաքսը, հայ բանաստեղծը «պղտոր» ածականը յարմար տեսաւ ազգի հոգեբանութիւնը պատմելու համար։ Ռափայէլ Պատկանեանը օր մը տխրօրէն կը քալէր Արաքս գետի «Պղտոր ջրով եզերքին»։ Պատկանեանը խօսեցաւ գետի հետ եւ խնդրեց. «Մի՚ պղտորիր յատակդ»։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը երբ գրի առաւ «Գարուն» քերթուածը՝ տրտմութեամբ տեսաւ «Պղտոր վտակն հայոց»։ Իսկ Կոմիտաս վարդապետը գիրքի մը պէս կարդաց անտունի սիրտը. «Անտունի սիրտն է պղտոր ու մոլոր։ / Ա՜յ, տօ լա՜ճ տնաւէր»։ Իսկ եղան այլ օրեր, երբ «պղտոր» էր քնարերգակ բանաստեղծի ներքին կեանքը եւ ան երգեց իր անձնական յուզումները.
Բառ մը պղտոր
Սեւակներու, Սահեաններու եւ սիրտը այլայլած բանաստեղծներու գրականութեան մէջ պղտոր են անոնց հոգիները, սիրտը պղտոր, սէրը պղտոր, աշնան տխուր անձրեւը պղտոր։ Հայկական նոր գրականութեան մէջ նախ Ստեփանոս Նազարեանցը տխրեցաւ. «Ո՜հ, ինչպէս պղտոր էր սրտիս օրը»։ Պոլսոյ մէջ Մատթէոս Զարիֆեանը, որ կը բնակէր շոճիներով եւ նրբաքանդակ ապարանքնրով զարդարուած «Փրինքիփօ» կղզիի մէջ ու շրջապատուած էր Մարմարա ծովու գեղատեսիլ համայնապատկերով՝ զինք պարուրող գեղեցկութիւնները անտեսեց եւ տրտմեցաւ. «Հոգիս պղտո՜ր / Է՜ ծովի պէս»։ Սիրաբորբոք տղան «Համբոյր» քերթուածին մեզի պատմեց թանկագին յիշատակ մը. «Հազի՚ւ շրթներս իր շրթներուն էին հպած… / Զգացի որ կը հծծէին ցաւէն դեղնած ուրուականներ / Բա՚ռ մը պղտոր»։ Աշունը, ըսաւ Պարոյր Սեւակը, Տէրեանի նման, թախծոտ է. «Նոյն աշնան օրն է պղտոր ու խոնաւ, / Միայն չկայ քո պատկերը խոնարհ»։ Իսկ Համօ Սահեանը Սիւնիքի մէջ, Զանգեզուրի ջինջ երկինքի տակ, Լորաձոր գետի ափին նստած երբ կը դիտէր սպիտակ ջուրերը, նկատեց, թէ իր սիրոյ կեանքը՝ … Բանաստեղծը ի՚նքը թող պատմէ. «Ես պղտորուած մի վտակ, / Դու մոլորուած մի առու, / Չեմ էլ յիշում, թէ ինչպէս / Ու երբ գտանք իրարու… / Բայց չիմացանք, որ արդէն / Կորցրել ենք իրարու…»։
«Սիհունը ինչո՞ւ պղտոր է»
Երբ կը սուզուէի հայկական գրատպութեան խորութիւններու մէջ, կը կասկածէի, թէ հայկական գիրք մը «պղտոր» բառը ունենար իր անունի մէջ։ Յայտնի եղաւ, թէ այդ թիւը զէրօ չէ։ Իր 500 տարուայ պատմութեան մէջ հայ գիրքը երեք անգամ իր կողքի վրայ ունեցեր է այդ ածականը։ Նորագոյնը 2004-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած հատոր մըն է՝ «Չէ, մի պղտորէք ինձ իմ ակունքում»։ Ապա գտայ Սէրօ Խանզադեանի գիրքը, «Արաքսը պղտորւում է»։ Բայց ես կ’ուզէի իջնել ծովու յատակին, գտնել մեր առաջին «պղտոր» գիրքը։ Եւ ահա գտայ, «Սիհունը ինչո՞ւ պղտոր է. Յաւերժահարսի պատմութիւն», 16 էջնոց գրքոյկ մը՝ 1921 թուականին Ատանայի մէջ գրուած եւ 1923-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ լոյս տեսած։ Տպագրիչ Ստեփանեան եղբայրներու ընտիր մէկ հրատարակութիւնն է ան։ Գիրքի մէջ երկու եղբայրները որոշած են Լեւոն Թագաւորի գծանկար-դիմանկարը եւ Լեւոն Զ. թագաւորի ստորագրութիւնը դնել։ Դուք կ’ուզէք պատմութիւնն ալ լսել։ Պատմեմ աւարտը. Կիլիկիոյ երկու իշխան եշբայրներ Հեթումն ու Շահնշահը դեւերու կողմէ գերեկալուած, շղթայակապ, գիշեր ու ցերեկ կը փօրէն Սիհունի յատակը՝ իրենց ջրամոյն եղած սիրելեացներուն՝ Ալիծին եւ Փիլիպպինէի արցունքներէն կազմուած ադամանդներն ու մազի հիւսկէնները ժողուելու նպատակով։ Ահա, թէ ինչո՞ւ Սիհունը, այդ օրէն մինչեւ այսօր տխուր է եւ պղտոր։
«Պղտոր սիրտդ պարզ արա»
Այս յօդուածի միտքը, յարգելի ընթերցող, ձեր միտքերը պղտորել չէր, այլ՝ յստակութիւն բերել անոր։ Յուսամ այլեւս բոլորս ալ գիտենք մեր աշխարհի պղտորութիւններու պատճառը։ Քանի որ աւարտեցնիք մեր որոնումները, կ’առաջարկեմ երգով մը պսակել այս աշխատանքը։ Կը յիշեմ Գուսան Հաւասիի «Ընծայ խնձոր» երգը եւ անոր պատմութիւնը։ Օր մը գուսանը տխուր է։ Դրացուհին Հաւասիին խանդավառելու համար անոր կ’ուղարկէ զամբիւղ մը խնձոր, որպէս մահլամ (բուժում)։ Կարմիր խնձորները տեսնելով Հաւասին իսկոյն կը կազդուրուի ու կը գրէ իր յայտնի երգը. «Գարնան պղտոր գետի նման, / Խիստ եղած էր սիրտս այսօր… / Եարի ղրկած ընծայ խնձոր, / Մահլամ դրի վէրքերիս խոր»։ Իսկ այսօր Սայաթ-Նովան տայ հրաժեշտի պատգամը։ Աշուղը կը խրախուսէ, որ մենք հեռացնենք մեր սիրտերու պղտորութիւնը եւ ըլլանք ջինջ ու պարզ.
Հուր ի՚ս, էշխով կրակած,
Խօսկ իմ ասում առակած,
Չը’լի՞ միտքդ մոլրուիլ է,
Սրտումըդ պղտուր իս, ա՚խպեր։
Պղտուր սիրտդ պարզ արա,
Բլբուլի պէս փարզ արա։