ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Էականն ու իզուրը

Ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րու կա­րեւո­րագոյն խնդիրն է ըն­կալման թե­րացու­մը։ Ար­դա­րեւ հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ ուսման մա­կար­դա­կը ճշդե­լու ուղղո­ւած քննար­կումնե­րու չա­փանիշ­նե­րէն մէկն ալ ու­սա­նողին իր մայ­րե­նի լե­զուով ուղղուած հար­ցումը ըն­կա­լելու կա­րողու­թիւնն է։ Թուրքիոյ աշա­կեր­տութիւ­նը բա­ւակա­նին տկար ցու­ցա­նիշ մը ար­ձա­նագ­րած է այդ խնդրին մէջ։

Հետզհե­տէ ըն­թերցե­լէ հե­ռացող, նոյ­նիսկ օրա­թերթ կար­դա­լու սո­վորու­թիւնը կորսնցու­ցած հա­սարա­կու­թեան մէջ մար­դիկ խնդիր­նե­րը կը դի­տեն կան­խա­կար­ծիքնե­րու պա­շարու­մով։ Կը դժո­ւարա­նան ըսո­ւածը կամ գրո­ւածը հասկնա­լու։ Կա­րելի է ըսել թէ գա­ղափա­րը իր ար­ժէ­քը զի­ջած է լո­զունգնե­րու կամ կար­գա­խօսու­թիւննե­րու։ Նման երե­ւոյթ յատ­կա­պէս կը դժո­ւարաց­նէ ՀՀ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի գոր­ծը։

Որով­հե­տեւ ան կը հա­կաճա­ռէ կա­ղապա­րուած եւ միտ­քե­րու մէջ դրոշ­մո­ւած շարք մը հաս­տա­տումնե­րու դէմ իս­կոյն կը մատ­նո­ւի ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րու։

Օրի­նակի հա­մար երբ Փա­շինեան «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչու­մը մեր առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րէն չէ» այս միտ­քը իս­կոյն կը վե­րածո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ու­րա­նալու։ Ընդդի­մու­թիւնը կը սկսի աղա­ղակել ար­դէն սո­վորա­կան դար­ձած յան­կերգը։ Այդ պա­հուն ոչ ոք կը յի­շէ թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչու­մը ե՞րբ, ո՞ր նա­խագա­հի շրջա­նին դար­ձած է Հա­յաս­տան երկրի մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու առանցքա­յին գի­ծը։ Նպա­տակ մը՝ որ բա­ւակա­նին ան­հանգստա­ցու­ցած է Թուրքիան, փո­խարէ­նը դոյզն իսկ չէ նպաս­տած Հա­յաս­տա­նի շա­հերուն։

Այս սիւ­նա­կին մէջ բա­զում ան­գամներ խօ­սած ենք սիրտ զո­վաց­նե­լու եւ նպաստ ապա­հովե­լու տար­բե­րու­թեան մա­սին։

Իրա­ւացի չէ ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մը ու­րա­խու­թիւնը վե­րագ­րել հա­կառա­կոր­դի սայ­թա­քու­մին վրայ։

Ան­կախ հան­րա­պետու­թեան 30 տա­րինե­րու փոր­ձը ապա­ցու­ցեց թէ նման ռազ­մա­վարու­թիւնը օգու­տէն աւե­լի վնաս պատ­ճա­ռեց հայ­րե­նի երկրին եւ անոր բնակ­չութեան։

Նման երե­ւոյթ գո­յացաւ, երբ վար­չա­պետ Փա­շինեան թի­րախա­ւորեց օլի­կար­խիկ հա­մակար­գի պաշտպան կղե­րական­նե­րը։ Անոնց դէմ ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքը իս­կոյն վե­րածո­ւեցաւ եկե­ղեց­ւոյ դէմ յար­ձա­կու­մի։ Բնա­կան է որ ընդդի­մադիր­ներ գո­յացած բո­լոր առիթ­նե­րը պի­տի շա­հագոր­ծեն իշ­խա­նու­թիւնը հա­լածե­լու հա­մար։ Այդ ար­շա­ւը իր ազ­դե­ցու­թիւնը կը գտնէ նաեւ հայ­կա­կան սփիւռքի տա­րած­քին, ուր զգա­լի գե­րակշռու­թիւն ու­նի Հայ Յե­ղափո­խական Դաշ­նակցու­թիւնը։

Զար­գա­ցումներ հետզհե­տէ հա­կադիր կը դարձնեն հայ­րե­նիքի եւ սփիւռքի հա­յու­թիւնը։ Թէեւ այդ հա­կադ­րութիւնն ալ ու­նե­ցած է պատ­մա­կան ան­ցեալ ամ­բողջ Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի պատ­մութեան ըն­թացքին։ Երբ հայ ժո­ղովուրդը Խորհրդա­յին տա­րինե­րուն կը կեր­տէր պե­տու­թիւն, Դաշ­նակցու­թիւնը կը վա­րէր նոյն հա­յաս­տա­նամերժ քա­րոզ­չութիւ­նը։ Ապազ­գա­յին կը կո­չէին այն կա­ռոյ­ցը, որ իր հաս­տա­տու­թիւննե­րով, հա­մակար­գով, ակա­դեմիայով պե­տու­թիւն կը ձե­ւաւո­րէր։

Դաշ­նակցու­թիւնը այժմ կը կրկնէ հա­յոց պե­տակա­նու­թիւնը թի­րախա­ւորող իր աւան­դա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը, ան­տե­սելով հայ­րե­նի երկրի հիմ­նա­կան անհրա­ժեշ­տութիւննե­րը եւ գե­րադա­սելով զգա­ցական կար­գա­խօս­նե­րը, որոնք հիւ­սո­ւած են թշնա­մու­թեան եւ ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րով։

Ան­գամ մը եւս փոր­ձի առաջ է աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւնը։ Կամ կը լծո­ւինք բար­գա­ւաճ եր­կիր կա­ռու­ցե­լու կամ ալ կը մո­լորինք հա­կառա­կոր­դի սայ­թա­քու­մէն ու­րա­խանա­լու սնա­մէջ սպա­սումով։