Հրանդ Տինք Հիմնարկի կրթաթոշակները

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի նա­­խապատ­­ւութիւն ըն­­ծա­­­յած նիւ­­թերն են ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­մը, հա­մակե­ցու­թեան սկզբունքը եւ այդ բո­լորը ու­սումնա­սիրող գի­տական աշ­խա­տանքնե­րը։

Հիմ­նարկու­թիւնը այժմ կրթա­թոշակ կը տրա­մադ­րէ՝ այն երի­տասարդ ու­սա­նող­նե­րուն, որոնք տրա­մադիր են իւ­րա­քան­չիւր ամիս իրենց 16 ժա­մերը տրա­մադ­րել Հիմ­նարկի նա­խագի­ծերուն աջակ­ցե­լու հա­մար։

2024-2025 ուսման տա­րեշրջա­նին, այս պա­հանջնե­րը դի­մագ­րա­ւող 6 ու­սա­նող­ներ օգ­տո­ւեցան կրթա­թոշա­կէն։ Անոնք կը վկա­յեն թէ կրթա­թոշա­կը մէկ կող­մէն նպաս­տած է իրենց ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին զար­գացման, իսկ միւս կող­մէ ալ ապա­հոված են ակա­դեմա­կան լայն շրջա­նակի մը հետ շփո­ւելու առի­թը։

Էտ­վին Մի­նասեան Հիմ­նարկի մի­ջոցով հա­սարա­կական գի­տու­թիւննե­րու բնա­գաւա­ռին մէջ կրթու­թիւն ստա­ցող ու­սա­նող­նե­րը կը խրա­խու­սո­ւին։ Նմա­նապէս Առող­ջա­պահա­կան Գի­տու­թիւննե­րու Կրթա­թոշա­կէն կ՚օգ­տո­ւին բժշկու­թիւն, բուժքոյ­րութիւն, դե­ղագոր­ծութիւն եւ նման բնա­գաւառ­նե­րու ու­սա­նող­նե­րը։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը կրնայ միջ­նորդել բո­լոր այն ան­հատնե­րու կամ հաս­տա­տու­թիւննե­րու, որոնք կ՚ու­զեն հիմ­նարկի կրթա­թոշակ յատ­կացնել իրենց հա­րազատ անուն մը յա­ւէր­ժացնե­լու նպա­տակաւ։ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի հետ կա­րելի է կապ հաս­տա­տիլ։

egitimbursu@hrantdink.org էլ. նա­մակի հաս­ցէով:կամ +90 212 2403361 հե­ռախօսահամարով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ