ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Երբ գիտակցութիւնը բացակայի

Կարճ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մըն էր կա­­տարո­­ւածը։ Պո­­մոն­­թիի Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րանը ընդհա­­տեց իր ուսման առա­­քելու­­թիւնը կար­­ճա­­­տեւ դա­­դարի մը հա­­մար։ Այդ կար­­ճա­­­տեւը յայ­­տա­­­րարուեցաւ նախ եր­­կու տա­­րի եւ ապա շու­­տով ալ աւե­­լի կրճա­­տուե­­ցաւ եւ իջաւ մէկ տա­­րուայ։

Երբ այսպէս է դպրո­­ցի տնօ­­րէնու­­թե­­­նէն հնչող բա­­ցատրու­­թիւննե­­րը, ան­­դին շա­­տեր հա­­մոզո­­ւած էին որ դպրո­­ցը առ­­յա­­­ւէտ դա­­դարած է գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­նալէ։

Վար­­չա­­­յին­­նե­­­րը այս որո­­շու­­մը կը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նէին դպրո­­ցի շէն­­քի ամ­­րացման անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նով։ Ծա­­նօթ իրո­­ղու­­թիւն է, որ Իս­­թանպուլ քա­­ղաքը հետզհե­­տէ աւե­­լի ծանր կեր­­պով կը զգայ հա­­ւանա­­կան երկրա­­շար­­ժի մը սպառ­­նա­­­լիք։

Այս հա­­մեմա­­տաբար նո­­ւազ ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նացող որո­­շու­­մէն ետք ծնող­­ներ հար­­կադրո­­ւեցան հա­­մայնքի այլ վար­­ժա­­­րան­­ներ դի­­մելու։ Ճիշդ ալ այս պա­­հուն ի յայտ եկաւ պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի եւ անոր բնա­­կան ցո­­լացու­­մը հան­­դի­­­սացող կրթա­­կան հա­­մակար­­գի ամօ­­թալի երե­­ւոյ­­թը։ Բացի Սամաթիոյ Անարատ Յղութենէն ոչ մէկ դպրոց յօ­­ժարե­­ցաւ Մխի­­թարեանի սա­­ները ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լու։ Անոնցմէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը ու­­նէին իրենց պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնը։ Բայց այդ պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւննե­­րը որ­­քա­­­նով իրա­­ւացի էին, լուրջ հար­­ցում մըն է։ Գի­­տենք որ մեր դպրոց­­նե­­­րը յա­­ճախող աշա­­կերտնե­­րու թի­­ւը կը նո­­ւազի տա­­րուէ տա­­րի։ Բայց չես գի­­տեր ի՞նչ հրաշ­­քով բո­­լորն ալ լրա­­ցու­­ցած էին իրենց տե­­ղերը եւ նոր աշա­­կերտ ըն­­դունե­­լու ի վի­­ճակի չէին։

Հաս­­տատ իրո­­ղու­­թիւն է՝ հայ փոք­­րա­­­մաս­­նութեան պատ­­կա­­­նող վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը յա­­տուկ դպրոց­­ներ չեն։ Ար­­դա­­­րեւ չու­­նին քննու­­թիւնով աշա­­կերտ ըն­­դունե­­լու իրա­­ւունք։ Սա­­կայն նո­­րէն ալ չեն վա­­րանիր աշա­­կերտնե­­րը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լու պա­­հուն որոշ չա­­փանիշ­­ներ պա­­հան­­ջե­­­լէ։ Այդ զտու­­մը կ՚ընեն իբ­­րեւ թէ աւե­­լի յա­­ջող աշա­­կերտնե­­րով դպրո­­ցի վար­­քը բարձր պա­­հելու հա­­մար։

Այս ընդհա­­նուր հա­­կու­­մէն դուրս մնա­­ցող բա­­ցառիկ օրի­­նակ­­նե­­­րէն էր Պո­­մոն­­թի Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րանը։ Առանց վա­­րանու­­մի կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րէր ու­­րիշ դպրոց­­նե­­­րէ մեր­­ժո­­­ւած աշա­­կերտնե­­րը։ Երբ տգէտ­­ներ այս առու­­մով կը քննա­­դատէին տնօ­­րէն Գա­­րեգին Պար­­սա­­­մեանը «ոչ մէ­­կը մը մեր­­ժէ, ամէն դի­­մող կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րէ» ըսե­­լով, մենք կ՚ող­­ջունէինք տնօ­­րէնի այդ վար­­քը՝ հա­­մոզո­­ւելով թէ այդ է հայ դպրո­­ցէն ակնկա­­լուա­­ծը։ Խառն ամուսնու­­թե­­­նէ ծնած երա­­խաներ կամ սոր­­վե­­­լու որոշ դժո­­ւարու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­ներ, գի­­տակից ման­­կա­­­վար­­ժի մը հսկո­­ղու­­թեան տակ կրցած էին հա­­մակեր­­պիլ դա­­սարա­­նի ամ­­բողջա­­կան մա­­կար­­դա­­­կին եւ յաղ­­թա­­­հարած զա­­նազան դժո­­ւարու­­թիւններ։

Այ­­սօր կար­­ծես թէ քաղ­­քե­­­նի հա­­մակար­­գը վրէժ կը լու­­ծէ յա­­ջողու­­թիւնով պսա­­կուած այդ վար­­չա­­­ձեւին դէմ։

Ինչ որ ըսինք նա­­խապէս, պար­­տինք կրկնել։ Հայ դպրո­­ցը զուրկ պէտք է մնայ յի­­մար մրցակ­­ցութե­­նէ։ Անոր առա­­քելու­­թիւնը սահ­­մա­­­նուած է իր դու­­ռը թա­­կող աշա­­կեր­­տը գրկա­­բաց ըն­­դունե­­լու եւ ապա ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան շնորհնե­­րով զայն յղկե­­լով։ Եթէ յղկե­­լու այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան մէջ թե­­րացում մը կայ, մեղ­­քը ոչ թէ աշա­­կեր­­տին է, այլ այդ կա­­րողու­­թե­­­նէ զուրկ ու­­սուցի­­չին։ Ճիշդ այս է որ կ՚ընդգծենք, երբ կը շեշ­­տենք գի­­տակ­­ցութիւն կո­­չուա­­ծը։