Փրկութիւնը կախեալ է դիմադրութենէն

Խնդի­րը վա­ղուց ան­ցած է նեղ սահ­մա­նու­մով տա­րած­քի մը նիւ­թը ըլ­լա­լէ եւ դար­ձած է հա­մամարդկա­յին փոր­ձի դաշտ մը։ Ակ­նարկու­թիւնը կը վե­րաբե­րի Կազ­զա­յի մէջ պա­տահած­նե­րուն։ Հե­ռուստա­հաղոր­դումնե­րով սփռո­ւած պատ­կերնե­րը անըն­դունե­լի են ինքզինք մարդ կո­չող իւ­րա­քան­չիւրի հաշ­ւոյն։ Պատ­կերներ՝ որոնք կը յի­շեց­նեն մարդկու­թեան ամե­նադա­ժան շրջան­նե­րը։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը նիւթ առ­նող նկար­նե­րը կամ Հո­լոքոս­տի դրո­ւագ­նե­րը հար եւ նմանն են այ­սօր Կազ­զա­յէն ցո­լացող­նե­րուն հետ։ Կմախ­քի վե­րածուած ման­կանց մար­միններ եւ սննդե­ղէնի բաշխման պա­հուն կա­տարո­ւած ռմբա­կոծու­թիւններ։ Այդ բո­լորին դի­մաց ան­զօ­րու­թեան մատ­նո­ւած ՄԱԿ եւ մի­ջազ­գա­յին բա­զում կազ­մա­կեր­պութիւններ։ Դրու­թիւնը եւ ան­տե­սու­մը սկզբունքի վե­րածած լրա­տուա­միջոց­ներ։

Ան­գամ մը եւս կը պար­զո­ւի թէ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւնը զրկո­ւելով լրա­հոսէն դա­տապար­տո­ւելով աջա­կող­մեան քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու վար­չա­կար­գին, կը կորսնցնէ նաեւ մարդ կո­չու­մը ար­դա­րաց­նող բո­լոր յատ­կա­նիշ­նե­րը։ Ինչպէս վե­րեւ ալ նշած ենք Կազ­զան փոր­ձի դաշտ մըն է, ուր սին կը մնայ «ան­գամ մըն ալ եր­բեք» կար­գա­խօսը։ Յայտնի է որ վե­րըն­ձիւղո­ւած գա­ղու­թա­տիրա­կան բնոյ­թով կայսրու­թիւննե­րը դժոխք պի­տի ապ­րեցնեն նախ հա­մեմա­տաբար հե­ռու թո­ւացող եր­կիրնե­րու բնակ­չութեան եւ ապա այդ նոյն դժոխ­քը պի­տի փո­խադ­րեն իրենց սե­փական եր­կիրնե­րուն։

Հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւնը նա­խապէս կրկնա­կի ան­գամներ մատ­նուեցաւ նման դժո­խային ապ­րումնե­րու։ Այդ փոր­ձա­ռու­թե­նէ ետք էր որ աղա­ղակեց «ան­գամ մըն ալ եր­բեք»ը։

Ով գի­տէ թե­րեւս ալ մարդ էակի յի­շողու­թիւնը աւե­լին չէ անձրու­կէ մը կամ հա­սարակ հա­ւէ մը։ Ու­րիշ ինչպէս բա­ցատ­րել իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ կար­թը կուլ տա­լու յի­մարու­թիւնը։

Խաբ­կանք մը՝ որ իր դրոշ­մը դրած է վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու, խլե­լով մարդկանց ընդվզե­լու կամ առար­կե­լու ու­նա­կու­թիւնը։

Ճիշտ է որ հա­տու­կենտ կը հան­դի­պինք յու­սադրիչ զար­գա­ցումնե­րու, բայց այդ նմոյշնե­րը խիստ ան­բա­ւարար են կա­տարո­ւածին դի­մաց։ Եգէական ծո­վու յու­նա­կան կղզի­ներէն մէ­կուն բնա­կիչ­նե­րը նա­ւահան­գիստ խու­ժե­ցին իս­րա­յէլեան զբօ­սաշրջա­կան նա­ւու մը խարսխե­լը ար­գի­լելու հա­մար։ Այդ օրի­նակին մէջ կղզիաբ­նակ ժո­ղովուրդը յա­ջողե­ցաւ իր դի­մադ­րութեան։

Հա­զիւ այդքան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող զար­գա­ցում մըն էր Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Էմա­նուէլ Մաք­րո­նի Պա­ղես­տի­նի պե­տակա­նու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս ճանչնա­լու որո­շու­մը։ Ըստ երե­ւոյ­թի Մեծ Բրի­տանիա եւս կ՚ըն­դա­նայ նոյն ճա­նապար­հով։ Ան­շուշտ որ չու­շա­ցաւ Նա­թան­յա­հուի եւ Թրամ­բի խիստ առար­կութիւննե­րը։

Աշ­խարհի նոր կա­նոնին մէջ այդ կեր­պարնե­րը նոյ­նիսկ թաքցնե­լու կա­րիքն իսկ չեն զգար իրենց որ­դեգրած վայ­րա­գու­թեան։

Ալ ժա­մանա­կը հա­սած է ամէն ինչ իր անու­նով կո­չելու։ Երկրա­գունդի վրայ օրի­նակա­նու­թեան երաշ­խիկ ըլ­լա­լով ներ­կա­յացող իշ­խա­նու­թիւններ այ­լեւս օրի­նակա­նու­թե­նէ բո­լորո­վին դուրս են եւ վե­րածո­ւած են ահա­բեկ­չա­կան պե­տու­թեան ձե­ւաչա­փին։ Ահա­բեկ­չութեան վառ օրի­նակ մըն էր «Սատ­տամ քի­մեական զէն­քեր ու­նի» սուտ պատ­րո­ւակով ան­կախ պե­տու­թիւն մը ար­շա­ւելը։

ԱՄՆ բա­զում ան­գամներ այդ ար­շա­ւը օրի­նակա­նաց­նե­լու հա­մար դի­մած էր ՄԱԿ-ին եւ ամէն ան­գա­մուն ալ մեր­ժուած։ Այս այսպէս ըլ­լա­լով հան­դերձ չէր վա­րանած Իրա­քը ար­շա­ւելու։

Տա­րիներ անց նոյն խաբ­կանքը բե­մադ­րո­ւեցաւ եւ Սու­րիան յանձնո­ւեցաւ ճի­հատա­կան ահա­բեկիչ­նե­րու։ Նոյնքան վտան­գա­ւոր է ԱՄՆ-ի Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խան տա­րած­քի որոշ մէկ հա­տուա­ծը վար­ձա­կալե­լու առա­ջար­կը։

Եթէ պի­տի յա­ջողինք, ստի­պուած ենք տա­րածե­լու յու­նա­կան աննշմար կղզիի մը բնա­կիչ­նե­րու դի­մադ­րութեան կամ­քը։

Պար­տինք իմա­նալ թէ հա­սարակ մարդկանց միաս­նա­կան ու­ժը կը գե­րազան­ցէ բո­լոր գեր­տէ­րու­թիւննե­րու ռազ­մա­կան կա­րողու­թիւնը։ Ու­րեմն մար­տահրա­ւէրը բա­ցայայտ է՝ պայ­քա­րիլ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան փրկու­թեան համար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ