Դիտարժան բառ մը
Անսպասելի է ան եւ ցնցիչ։ Նախ շառաչ մը լսուի մոլորեցնող, ապա երեսի վրայ կը յայտնուի «հինգ եղբայրներու» մատնահետքը։ Ապտակն է ան։ Յարգելի ընթերցող, ո՛չ քնարական է բառս, ոչ ալ՝ գոյական մը հեշտալուր։ Երբ հայկական մամուլի մէջ ետեւ-ետեւի հնչեցին քաղաքական «ապտակներ», որոշեցի հասկնալ «ապտակ» բառի ցաւ պատճառող, երբեմն ալ ծիծաղելի պատմութիւնը եւ հասկնալ, թէ հայոց գրաւոր լեզուի մէջ ո՚վ «կերաւ» առաջին ապտակը, եւ հասկնալ նաեւ, թէ մեր մշակոյթի մէջ կա՚յ ապտակ մը, որ տարբեր է միւսներէն՝ երկիւղալի է ան եւ անուիճելի։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, յուսալով, թէ այս յօդուածս մանկական կամ դպրոցական անախորժ մտաբերումներ պիտի չպատճառէ ձեզի՝ գիշերային այս խաղաղ ժամերուն նստինք եւ շարժանկարի մը նման դիտենք հին ու նոր ապտակներու երիզ մը։
Ապտակեցէ՚ք, հրեաներու
թագաւոր է
Չենք գիտեր, թէ հայոց աշխարհի մէջ ո՚վ ստացաւ առաջին ապտակը, սակայն գրաւոր հայերէնի առաջին ապտակը մանրամասնօրէն արձանագրուած է Յովհաննէս աւետարանիչի կողմէ։ Յովհաննու աւետարանի 19-րդ գլուխի 1-3 հատուածներու մէջ հայը դառն կսկիծով ընթերցեց, թէ աշխարհի փրկիչ, Որդի Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսը ենթակայ եղաւ ապտակներու։ Բնագիրը կ’ըսէ. «Յայնժամ ա՚ռ Պեղատոս զՅիսուս, եւ գա՚ն եհար։ Եւ զինուորացն արարեալ պսա՚կ ՚ի փշոց՝ եդին ՚ի գլուխ նորա, եւ զգեցուցին նմա հանդե՚րձ ծիրանի. եւ գային առ նա՝ եւ ասէին. Ո՚ղջ եր արքայ Հրէից։ Եւ հանէի՚ն նմա ապտակս»։ Ես շատ փափաքեցայ այս խօսքերու աշխարհաբար տարբերակը կարդալ, որպէսզի բառ առ բառ հասկնամ այդ օր պատահածը. «Այն ատեն Պիղատոս առաւ Յիսուսը ու ծեծեց։ Զինուորներն ալ փուշերէ պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին եւ անոր ծիրանի հանդերձ մը հագցուցին. Ու կ’ըսէին. -Ողջո՜յն քեզ, Հրէի՚ց թագաւոր եւ ապտակներ կը զարնէին անոր»։ Հայը հասկցաւ եւ հաւատաց, թէ ապտակը ամօթալի չէ, երբ ամուր հաւատքն է անոր պատճառը։ Բազմաթիւ վկաներ, այնուհետեւ, Յիսուս Քրիստոսի օրինակով խոնարհեցան ապտակներու արջեւ։ Ահա հայոց վկաներու (նահատակ) վարքերէն սրտաճմլիկ երեք օրինակ.
«Թքանէին յերես նորա եւ
ապտակէին»
1474 թուականին Խարբերդի մէջ ոմն Գրիգոր քահանայի որդի Դաւիթի քեռայրը ուրացաւ իր քրիստոնէական հաւատքը։ Դաւիթը հարսնիքի մը մէջ անոր հանդիպեցաւ եւ ըսաւ. «Անհաւա՚տ եւ ուրացո՚ղ»։ Քաղաքի դատաւորը Դաւիթին բանտարկել տուաւ։ Բանտապահները փորձեցին չարչարանքներու ենթարկելով Դաւիթին հաւատքը թուլացնել։ Չյաջողեցան։ Քսան օր ետք որոշեցին քաղաքի մէջ, բազմութեան առջեւ, Դաւիթին հուրով այրել։ Նախ քան իր նահատակութիւնը, «հանդիսատես» ամբոխը ի՞նչ ըրաւ. «Սրով խոցոտեցին եւ փայտիւ ձաղեցին, ապտակեցին զերեսս նորա»։ 1524 թուականին նոյնը պատահեցաւ Պուտախ Ամիթեցի բարեպաշտ վկայի նահատակութեան օրը. «Եւ ժողովեալ փայտ՝ դիզեցին իբրեւ զբլուր մի. եւ բերեալ զսուրբն հանդէպ փայտին՝ մերկացուցին զնա եւ կապեցին զձեռսն յետս… ոմանք խոցոտէին եւ ոմանք ապտակէին»։ Իսկ ինչպէ՞ս չյիշատակել քրիստոնէական ուղղափառ հաւատքով լի, վայելուչ տեսքով, 25 տարեկան հայուհի հիզանցի Սիրունին նահատակութիւնը, որ պատահեցաւ 14 Յունուար 1476, Կիրակի օր. «Եւ պատատեցին զբոլոր մարմինն բարակ չուանով ընդ սիւնն. եւ ամենեքեան եկեալ թքանէին յերես նորա եւ ապտակէին»։
Ծիծաղելի ապտակներ
Դժուար է մտածել, թէ ապտակը ծիծաղ ալ պատճառէ։ Հայկական գրականութեան մէջ կա՚յ այդպիսի եզակի էջ մը։ «Ապտակ» երգիծական֊քաղաքական ամսագիրն է ան՝ Հնչակեան կուսակցութեան պաշտօնական հանդէսը, որ լոյս տեսած 1894-1897 թուականներուն նախ Աթէնքի, ապա՝ Լոնտոնի մէջ։ Թերթը քննադատած է ազատագրական շարժումներուն անտարբեր մեծահարուստ հայերը եւ կղերը։ Ամսագիրի մէջ լոյս տեսած են երգիծական բանաստեղծութիւններ եւ քաղաքական ծաղրանկարներ։ Այս թերթի օրինակով ալ մենք համոզուեցանք, թէ ապտակը մի գուցէ օգտակար է, եթէ տաղանդաւոր գրիչի գործն է ան։
Կերանք, խմեցինք ապտակ
«Ապտակ» բառը զօրաւոր հնչիւն ունի, սակայն անոր լեզուն շատ հարուստ չէ։ Այդ արմատէն ծնած են գէթ ձեռքի մը մատներու չափ բառ. ապտակալից, ապտակակոծ, ապտակատու, անապտակ եւ ապտակահարութիւն։ Անոնք ամենօրեայ բառեր չեն, բայց յաջողեցայ յայտնաբերել իւրաքանչիւրի անդրանիկ գործածութիւնը. ԱՊՏԱԿԱԼԻՑ, 5րդ դար, «Ապտակալից ձաղակոծ առնէ», ԱՊՏԱԿԱԾ, 12-րդ դար, «Իմ ապտակած երեսն», Ներսէս Լամբրոնացի, ԱՊՏԱԿԱԿՈԾ, 5-րդ դար, «Ապտակակոծ զմիմեանս առնել», ԱՊՏԱԿԱՏՈՒ, «Զմիւս ծնօտն ապտակատուին», ԱՆԱՊՏԱԿ, 5րդ դար, «Շրջեցաւ անապտակն (ծնօտը) ընդ ապտակին»։ Առաւելաբար, հայը ապտակ կ’ածէ, կը հանէ, կը նետէ, կը դնէ, կը մատուցանէ, կ’իջեցնէ, կ’ուտէ եւ կ’ըմպէ ապտակ, երբեմն ալ «կուլ կու տայ», այսինքն անոր չի պատասխաներ։
Ո՞ր ապտակը կը նախընտրէիք
Ձեռքի մատները միեւնոյնը չեն, միեւնոյնը չեն նաեւ ապտակները։ Տեսակ-տեսակ են անոնք։ Անոնց մէջ ամենէն ձայնաւորը՝ «Շրխկան ապտակ», ամենէն բարեկամականը՝ «Թեթեւ ապտակ», ամենէն քանդիչը՝ «Հզօր ապտակ», ամենէն կեցուցիչը՝ «Հօր ապտակ», ան որ կու գայ որպէս երկնային պատիժ՝ «Աստուծոյ ապտակ», իսկ յարգելի ընթերցող, կայ ապտակ մը որ երկիւղալի է, խոնարհեցնող, որուն կարելի չէ վիճիլ, ըմբոստանալ եւ զայրանալ։ «Մօր ապտակ» է ան։ Մեր աշուղ Սայաթ-Նովան ըսաւ, թէ խրատն իսկ ապտակ մըն է. «Խրատնիրը մէ-մէ ղամչի (մտրակ), մէ ապտակ»։ Իսկ Ծոփք նահանգի Կեղի գաւառի Խորձեն գիւղի մէջ ծնած, 1602 թուականին մահացած գիտնական եւ մանկավարժ Ղուկաս Կեղեցին հոգեւոր տաղի մը մէջ մեզի բացատրեց, թէ ե՚րբ արժանի եղանք Աստուծոյ ապտակին. «Աստուած քարոզեաց եւ խրատ ետուր (տուաւ), / Երբ որ չլսեցաք, նա ապտակ ետուր»։
Քնարական ապտակներ
1900 թուականին, դժուար է հաւատալ, ապտակ բառը դարձաւ քնարական եւ յարմար եկաւ բանաստեղծներու եւ վիպագիրներու գրիչին։ Միսաք Մեծարենցը օր մը երբ փափաքեցաւ աշունը նկարագրել՝ «ապտակ» բառը գործածեց։ Այդ քերթուածի մէջ աշնան «հեռարձակ» հովը չարաճճի եւ վառվռուն մանուկ մըն է։ Ան կ’ուզէ Միսաքի հետ խաղալ. «Շա՚չ, ապտակ մը կը զարնէ մերթ երեսիս, / Նոյն վայրկեանին կը փախչի»։ Տիգրան Չէօկիւրեան «Վանքը» վէպի մէջ նկարագրեց ձմրան ձիւնաբեր հովը. «Ահա մեծ խուճապ մը կը լեցուի մթնոլորտին մէջ, հովը ապակիներուն կը զարնէ ապտակ մը իր սպիտակ ափերով»։ Իսկ այժմ, յարգելի ընթերցող, ժամանակը եկած է, որ մենք դիտենք Պոլսական քանի մը երգիծական ապտակ։
Յակոբ Պարոնեանէն
ապտակ կերա՞ծ էք
Յակոբ Պարոնեան 1880 թուականին երբ գրի առաւ «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքը, ան նկարագրեց առտնին տեսարաններ, վէճեր եւ անշուշտ նաեւ՝ ապտակներ։ Ամէն թաղի մէջ ապտակ մը։ Ահա շարան մը. «Կիները տան գործերով կը զբաղին… իրենց ամուսիններէն երբեմն ապտակ կ՚ուտեն՝ ընդդիմախօս գտնուելնուն համար», Պէյքօզ, «Էրիկ կնիկ իրարու հետ կռուի բռնուած են… Էրիկը փայտով կը սպառնայ կնկանը՝ որ ապտակ կը ցցունէ էրկանը», Քում Քաբու, «Թաղիս ազգայիններն քաջ են։ Հաւատարիմ են իրանց խոստմանը. եթէ խոստանան քեզ ապտակ մ՚իջեցնելու՝ անմիջապէս կը գործադրեն զայն», Արտաքին Քում Քաբու, «Ծեծկւուքը կը սկսի, ապտակ եւ կից փոխանակուիլ կը սկսին», Քարակէօմրիւք, «Խիղճն ասանկ գործերու մէջ մտնելու իրաւունք չունի. խղճին ապտակ մը կը զարնէք դուրս կը վռնտէք», Իւսկիւտար։
1000 էջ ապտակ
Հաւանակա՞ն է, մտածեցի, որ հայկական գիրք մը իր խորագիրին մէջ ունենայ «ապտակ» բառը։ Հայկական գիրքը, որ հարուստ պատմութիւն մը ունենալու համբաւ կը վայելէ, չզարմացուց զիս։ Հինգ հատ, այո ճիշդ հինգ եղբայրներու չափ գիրք ծիծաղեցան ինծի։ Անոնց անուններն ալ քիչ մը երգիծական էին։ Առաջինը, «Մի բարեկամական թեթեւ ապտակ», Պոլսոյ մէջ 1880 թուականին լոյս տեսած քննադատական գիրք մը, ապա բոլորը Երեւանի մէջ լոյս տեսած հատորներ. «Կեանքի ապտակը», «Որի՞ն ապտակես», «Ապտակ Եուրի Խաչատրեանին եւ Սէյրան Գրիգորեանին» եւ ամենէն յանդուգն վերնագիրը՝ «Իմ սէրը պէտք է ծնուի ապտակից»։
Քաղաքական ապտակներ
Եւ ահա, յարգելի ընթերցող, իր աւարտին հասաւ հայկական «ապտակը»։ Հնչեղ էր ան, չէ՞, դաստիարակիչ, ուսուցիչ, հաւասարապէս հայրական եւ մայրական, եւ յուսամ՝ քիչ մըն ալ զուարճալի եւ բարեկամական։ Դուք հիմա, ճիշդ է, անհամբեր կը սպասէք մամուլի մէջ արձանագրուած ապտակները դիտել։ Այնքան շատ են։ Ո՞ր մէկը ցուցադրեմ։ Ահա քանի մը հետաքրքրական օրինակ. «Ընտրութիւններին քաղաքացիները թարս ապտակ կը տան», «Ապտակ Սփիւռքից», «Հայաստանի կողմից մեծ ապտակ», «Հաագայի դատարանի որոշումը շատ մեծ ապտակ է»։
Անապտակ երգ
Յարգելի ընթերցող, այժմ կ’առաջարկեմ, որ մենք լսենք Աշուղ Շիրինի խրատական մէկ երգը եւ հրաժեշտ տանք իրարու։ Երկու տարեկանին կուրացած Շիրինը (Յովհաննէս Կարապետեան, 1827-1857), իր երեսունամեայ կարճ կեանքի մէջ տեսած է, թէ կրթութիւնը ուսումով կ’ըլլայ, ո՚չ թէ ապտակով.
Այգեպան, ի՞նչ ես անում, շամբը բուրաստան չի լինի,
Օձի ո՚րքան գեղեցիկն ըլնի, սիրական չի լինի։
Մանկական ուսումն ունի միլիոնի չափ արժողութիւն,
Ապտակով սնուած տղէն առանց աստիճան չի լինի։
Դու, Շիրին, օրը հարիւր քաղցր ու ախորժ բան մտածես,
Քո հայերէն խաղերը Սայաթի նման չի լինի։