Վանայ Տարագիր Գեղեցկուհին
«Սարգիս Շնորհալիի «Մեկնութիւն Եօթանց Թղթոց Կաթուղիկեայց» աշխատութիւնը կը տեղափոխուի Մատենադարան». ահա հայկական եւ աւստրիական մամուլի մէջ շաբաթ մը առաջ յայտնուած այս խորագիրն էր, որ գրասէրս, պատմասէրս եւ հայրենասէրս ուրախացուց: Ուրախացողներէն մէկն ալ ե՛ս էի: Աստուածաբան մասնագէտները գիտէին, թէ այս աշխատասիրութիւնը պատմական եւ ձեռագրագիտական մեծ արժեք ունի: Ուստի, անհրաժեշտ էր, որ գիրքը հասնէր Հայաստան եւ դառնար հայ ազգի սեփականութիւնը: Իսկ ես, յարգելի ընթերցող, հետաքրքրուած էի գիրքի ոդիսականի հետ, թէ վանայ գանձ համարուող այս մեծածաւալ գիրքը ինչպէ՛ս յայտնուեցաւ Վիեննայի մէջ եւ դարձաւ վաճառքի առարկայ: Յարգելի ընթերցող, թէեւ դուք կը սպասէիք, որ ես հայկական բառի մը պատմութիւնը գրի առնեմ, բայց այսօր ըլլանք խղճամիտ եւ ականջ տանք այդ թանկագին հատորին, - վանայ տարագիր գեղեցկուհիին, - որ ունի իր յուզիչ եւ հէքիաթային առասպելը ու շատ կը փափաքի զայն պատմել մեզի, որպէս գիշերային զրոյց եւ սրտի սփոփանք:
Սարսափի գիշեր մը
Սուրբ Վարդան վանքիս պատերը կը ցնցուէին թնդանօթներու որոտումով եւ սուիններու շառաչով: Ամեհի ձիեր կը դոփէին փոշիի ամպ մը ձգելով իրենց քամակէն: Պայտերը հողին կը խփէին երկիրը շարժելով: Խանգարուեցաւ եօթհարիւր տարուայ խաղաղ քունս: Ձեռագրատան լուսամուտէն ես սոսկումով տեսայ մահ ու աւեր, լսեցի խռնդիւն եւ հառաչ, աւեր ու կոծ: Անծայր գիշեր էր: Այդ սարսափելի խառնաշփոթի մէջ բարեխիղճ ձեռք մը զիս առաւ եւ լաթի մը մէջ փաթթեց զգուշութեամբ: Ան խուսափեցաւ վանքէն դուրս: Սայլի մը ճռնչիւնով ես հեռաձայ Սուրբ Վարդանէն եւ Վան քաղաքէն: Ո՞վ եմ ես. «Մեկնութիւն Եօթանց Թղթոց Կաթուղիկեայց» ձեռագիր մատեանը: Զիս կ’անուանեն նաեւ «Վասպուրականի գանձը», կամ՝ «Վանայ ձեռագիր գեղեցկուհին»: Քոյրեր, եղբայրներ, այսօր վերջ գտաւ իմ տարագրութիւնս: Այժմ հայկական հողի վրայ եմ դարձեալ: Տանս մէջ չեմ, սակայն ազգիս գուրգուրանքին եւ խնամքին եմ յանձնուած: Իսկ այժմ վերագտած եմ ներքին խաղաղութիւնս եւ կը փափաքիմ ձեզի պատմել իմ եօթհարիւր տարուայ ոդիսականս:
Իմ Շնորհալի հեղինակս
Սարգիս էր անոր անունը: Այնքան գեղեցիկ էր լեզուն եւ այնքան խորիմաց էր վարդապետութիւնը՝ որ ան արժանացաւ «Շնորհալի» կոչումին: Զինք կը կոչեն նաեւ «Վարդապետ հայոց իմաստասէր եւ քաջ հռետոր»: Ան ուսում ստացաւ Քեսունի Կարմիր վանքի մէջ: Կիլիկիոյ Սեւ լերան վրայ հիմնուած այս վանքը հայ իշխան Գող Վասիլի ստեղծած իշխանութեան հոգեւոր կեդրոնն էր, ապա կաթողիկանիստ: Այս վանքի մէջ գոյութիւն ունէր բարձրագոյն դպրոց, որուն ամենանշանաւոր սանը Ներսէս Շնորհալին էր: Կարմիր վանքի մէջ էր, որ Մատթէոս Ուռհայեցին աւարտեց իր «Ժամանակագրութիւնը»: Ահա այս միջավայրի մէջ հեղինակս առանձնացաւ եւ նուիրուեցաւ հոգեւոր եւ ուսումնական աշխատանքի: Երբ իր մէջ արթնցաւ առաքելական թուղթերը մեկնելու փափաք՝ Սարգիս Շնորհալին ձեռնարկեց զիս գրի առնելու ազնիւ աշխատանքին: 1156 թուականին ծնունդ առի ես՝ եւ անուանուեցայ «Մեկնութիւն Եօթանց Թղթոց Կաթուղիկեայց»: Ունիմ պերճախօս լեզու: Շնորհալի Սարգիսը ամէն հնարք ու ջանք գործածեց, որ ընթերցողը համոզէ իր սրտէն արմատացած կիրքերը խլել։ Ան գործածեց գաղցր լեզու՝ երբ կը դրուատէր առաքինութիւնները։
Նոր կեանք Վանայ մէջ
1300 թուականին Վան քաղաքի Սուրբ Վարդան վանքի Տիրացու վանահայրը իր աշակերտներու դաստիարակութեան համար պատուիրեց իմ երկրորդ օրինակս: Այդ վանքի մէջ է որ ես խաղաղութեամբ պիտի մնայի եօթը հարիւր տարի, մինչեւ սարսափի այդ օրը: Վանայ Քաղաքամէջ թաղամասին ես շրջապատուած էի բազմաթիւ եկեղեցիներով եւ սրբատեղիներով: Այդ օրերուն այնքան բազմաթիւ էին անոնք: Արտօնեցէք կարօտով յիշատակեմ այդ եօթը գեղեցկութիւնները. Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եւ Սուրբ Առաքել զոյգ եկեղեցիները կը գտնուէին կողք կողքի, լոկ միջապատով մը առանձնացած: Վանեցիները զանոնք կը կոչէին «ժամը ժամի վրայ» կամ «ջուխտակ ժամը ժեռ քարի վրայ»։ Անոնք կը գտնուէին Քաղաքամէջի գլխաւոր հրապարակի հիւսիսային կողմը։ Սուրբ Նշան կամ Էջմիածին եկեղեցին Բերդաքաղաքի կեդրոնական եկեղեցին էր: Անոր կից կը գտնուէր Առաջնորդարանը։ Արհեստաւորներու ընտանիքները պահքի եւ մեծ տօներու օրերուն կը յաճախէին շուկայի Սուրբ Սահակ եկեղեցին: Անոր կողքին էր փայտաշէն Սուրբ Ստեփաննոսը, որ կը ծառայէր որպէս ժողովասրահ, ուր ազգային եւ համայնական խնդիրներ կը քննարկէին քաղաքի արհեստաւորաց համայնքի եւ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Սուրբ Սահակէն հինգ վայրկեան հեռու՝ ծիրանի ծառերով զարդարուած պարտէզի մէջ էր Սուրբ Ծիրանաւոր Աստուածամայր նուրբ եւ գողտրիկ եկեղեցին: Քաղաքիս հնագոյն սրբավայրն էր Սուրբ Տիրամայր եկեղեցին: Իսկ ես կը մնայի Սուրբ Վարդանի մէջ: Սուրբ Վարդանը Հայաստանի գիտական, աստուածաբանական եւ ձեռագրական հիմնական կեդրոններէն մէկն էր: Սուրբ Տիրամօր եկեղեցւոյ արեւելեան կողմն էր ան: Ե. դարու վերջերուն Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը՝ Շուշանը հիմնեց զայն իր նահատակ հօր յիշատակին: Անոր պատերը ունէին երկու մեթր հաստութիւն, իսկ որմնակամարները՝ մէկ մեթր խորութիւն: Այս եկեղեցւոյ կից՝ 1881 թուականին պիտի բացուէր Վան քաղաքի հայկական օրիորդաց առաջին վարժարանը: Անո՞ւնն անոր. արժանապէս՝ «Շուշանեան»:
Տարագրութեան օրերս
Մինչեւ Համաշխարհային առաջին պատերազմ ես մնացի Վանի մէջ: Այդ սարսափելի օրերուն, մարդիկ եկան, հիւսիսէն հասած տղաներ էին անոնք, զիս առին եւ տարին Թիֆլիս: 1926 թուականին 416րդ եւ 417րդ էջերուս վրայ գրի առին յիշատակարաններ: Անոնք ըսին, թէ ունիմ նոր տիրուհի մը: Անոր անունն է Նատէժտա Պլէյք: Տիկին Պլէյքը բիւզանդագէտ, հայկական եւ վրացական մշակոյթներու մասնագէտ, Նիքոլայ Մառի ուսանող Ռոպէրթ Պլէյքի կինն էր: Ինծի բացատրեցին, թէ պարոն Պլէյքը հայկական ձեռագիրներ փրկելու առաքելութեան մէջ հայկական կողմին տուած է ազնիւ ծառայութիւն եւ ես Պլէյք ընտանիքին ընծայուած էի որպէս հայ ազգի երախտագիտութիւնը: Ապա ես յայտնուեցայ Հարուըրտ համալսարանի հաւաքածոյի մէջ: Ամերիկացի տիար Պլէյքը այդ համալսարանի ուսանող եւ դասախօս էր եղած եւ յարմար տեսած էր, որ ես այդ ուսումնարանի հսկողութեան եւ խնամքին տակ գտնուիմ: Ապա,… Չեմ յիշեր: Ո՛չ մէկ յիշողութիւն: Ո՛չ մէկ նշան: Ես լսեցի գերմաներէն խօսքեր: Փողկապ կապած այրեր հիացումով զիս կը դիտէին եւ կը ծրագրէին զիս վաճառել:
Սպիտակ ձեռնոցով մայդիկը
Վիեննայի Rathausstasse, 19 հասցէի վրայ կը գտնուի Antiquariat INLIBRIS Gilhofer Nfg. GmbH գրախանութը: Հնատիպ գիրքերու եւ միջնադարեան ամենաընտիր ձեռագիրներու աշխարհահռչակ ընկերութիւն մըն է ան, որ գրեթէ տարեկից է Վան քաղաքի Շուշանեան վարժարանի հետ: Սպիտակ ձեռնոց հագած երկու այրեր զիս բծախնդրութեամբ եւ երկիւղածութեամբ չորրորդ յարկի պահեստանոցէն առին եւ հինգերորդ յարկ տարին: Հոն զիս զետեղեցին ապակեայ ցուցափեղկի մը մէջ: Հաճոյքով թերթեցին երկու հմուտ գրիչներու կողմէ ստեղծուած 419 էջերս, որոնք ունին 31x46 սանթիմ չափեր: Տառերս «բոլորգիր» են: Մասնագէտները նկատեցին բոլոր բարեմասնութիւններս. ունիմ 37 լուսանցքային աչքառու զարդեր, 4 գլխաւոր մանրանկարներ, բուսական եւ երկրաչափական զարդեր, դիցաբանական էակներ, ինչպէս նաեւ օձ մը եւ առիւծ մը: Կաշիով ծածկուած փայտեայ կազմ մը ունիմ: Այդ կազմը կատարուած է 1500 թուականին: Այրերը նկատեցին նաեւ իմ 63 յիշատակարաններս: Անոնցմէ 19 հատը Հէլիքսէթ վանականի գիրն է: Ան է որ 16-րդ դարուն զիս վերանորոգեց: Վանականը իր յիշատականի մէջ խնդրած էր, որ ընթերցողը յիշէ իր ծնողները՝ Մանուէլը եւ Զմրուխտը: Յիշեցնեմ, թէ իմ պատուիրատուս՝ Տիրացու վանահայրն ալ 85-րդ էջիս վրայ գրի առած էր իր լայնածաւալ յիշատակարանը…: Աւարտեցաւ մանրազննին ուսումնասիրութիւնը: Գրավաճառանոցը միջազգային աճուրդ յայտարարեց: Ծանուցումներու մէջ զիս ներկայացուցին հետեւեալ ձեւով. Highly important 13-th century Armenian manuscript: [Biblia armenica - Epistulae Catholicae - Commentary]. Sargis Shnorhali. Manuscript commentary on the Seven Catholic Epistles. Monastic school of St Vardan, Van (Vaspurakan), ca. 1300 CE. Large folio (310 x 460 mm). 419 ff. Անձկութեամբ եւ ներքին խոր յուզումով սպասեցի այն օրուան երբ պիտի պատկանէի նոր ու բոլորովին անծանօթ սեփականատիրոջ մը: Ո՞վ պիտի ըլլար ան. Գրահաւաք եւրոպացի՞ մը, թէ սփիւռքահայ գրասէր մը: Արդեօք, ԱՄՆ վերադարձ կա՞ր ճակատագիրիս մէջ: Սակայն, ինչ զարմանալի եւ անսպասելի բան, կանգ առաւ եւ չեղեալ նկատուեցաւ աճուրդը: Սիրտս ցնծութեամբ լեցուեցաւ, երբ լսեցի «Մատենադարան» բառը. Dieses Manuskript sollte Matenadaran gehören: (Այս ձեռագիրը Մատենադարանին պէտք է որ պատկանի:)
Կառավարութիւնը հաւաքուեցաւ
Յարգելի ընթերցող, «Վանայ ձեռագիր գեղեցկուհին» այժմ կը պատրաստուի 2500 քիլոմեթրանոց թռիչքի մը: Ապա, ան պիտի հասնի հայրենի հող եւ պիտի մտնէ Մատենադարան: Ինչպէ՞ս եղաւ այս զարգացումը: Քանի մը պարզ նախադասութեամբ համառօտեմ: Հայաստանի կառավարութիւնը նիստ գումարեց: Ժողովականները որոշեցին 93 միլիոն դրամ (250 հազար ԱՄն տոլար) յատկացնել ձեռագիրը գնելու նպատակով: Ձեռագրի ձեռքբերման համար բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային: Գրավաճառանոցի տէրերն ալ արդէն ցանկութիւն կը յայտնէին, որ անոր հասցէն պէտք է որ ըլլայ Մատենադարանը:
Վերադարձ հայրենի հող
Հայկական եւ աւստրիական կողմերու միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն: Կանգ առաւ աճուրդը: Մօտ օրէն ան հայ գիտնականի ուսումնասիրութեան պիտի յանձնուի: Իսկ մենք, Մատենադարանի պարբերական կամ՝ «անկանոն» այցելուներս յոյս ունինք, որ ան որպէս ցուցանմոյշ տեղադրուի ցուցափեղկի մը մէջ եւ արժանանաք անոր սիրուն տեսութեան: Այս գիրքը, յարգելի ընթերցող, զուտ աստուածաբանական կամ ձեռագրագիտական արժէք չէ, կը կարծեմ: «Վանայ ձեռագիր գեղեցկուհին» իր առասպելախառն պատմութեամբ եւ արկածախնդիր ոդիսականով նաեւ հայ ազգի պատմութեան վկայարանն է, պատկերազարդ 419 էջերու մէջ ամփոփուած: