Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէն Պաքուի բանտերը պահուող հայ գերիներու ընտանիքներուն փոխանցեց, թէ այլեւս պիտի չայցելեն գերիներուն, եւ որ այլեւս յարաբերութիւն չունին անոնց հետ։
Գերիներուն հարազատները այս լուրը լսելով՝ մեծապէս մտահոգուեցան, որովհետեւ Կարմիր Խաչը միակ միջազգային անկախ կառոյցն էր, որ կարելիութիւնը ունէր այցելելու բանտարկուած հայերուն, տեղեկանալ անոնց իրական վիճակին մասին, զբաղիլ անոնց առողջական հարցերով, անհրաժեշտ հագուստ եւ մաքրութեան պարագաներ հասցնելու անոնց, ինչպէս նաեւ հարազատներուն հետ տեսակապ ապահովելու։
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, հարազատներէն մէկը յայտնեց, որ թէ՛ իրենց եւ թէ գերիներուն վերջին յոյսը մարեցաւ, որովհետեւ Կարմիր Խաչը միակ միջոցն էր, որ գերիները ընտանիքներուն հետ կը կապէր:
Կարմիր Խաչի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց, որ վերջին անգամ հայ գերիներուն այցելած են Յունիսին. այս ամիս այցելութիւն չէ եղած։ Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պահանջով՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի Պաքուի ներկայացուցչութիւնը հետագային պիտի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս կը նշանակէ, թէ Պաքուի մէջ միջազգային կազմակերպութեան փակումէն ետք, Կարմիր Խաչը այլեւս պիտի չկարենա՞յ այցելել հայ գերիներուն՝ Ամատունի ըսաւ, որ այս հարցին շուրջ երկխօսութիւնը կը շարունակուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, սակայն, ձեւաչափին վերաբերեալ յստակ ոչինչ կայ։
Ան նաեւ յայտնեց, որ իրենց գործունէութիւնը միայն պահուող հայ անհատներուն չի վերաբերիր, այլ անյայտ կորսուածներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, որոնց պէտք է իրենց հարազատներուն ճակատագիրին մասին պատասխան տալ։