Հրաժեշտ Զիատ Ռահպանիին

ՓԱԹԻԼ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ

Զիատ Ռահ­պա­նի (1956-2025)՝ Ռահ­պա­նի ըն­տա­նիքի երկրորդ սե­րունդի առա­ջին զա­ւակն է, որ ծնաւ Լի­բանան, ապ­րե­ցաւ Լի­բանա­նի մէջ ու Լի­բանա­նի հա­մար եւ մա­հացաւ Լի­բանան։ Հռչա­կաւոր երա­ժիշտ Ասի Ռահ­պա­նիի եւ տի­վա Ֆէյ­րուզի առա­ջին զա­ւակը։ Մեծ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ու­նէր ու­սե­րուն, կա­նուխ տա­րիքէն ալ յայտնա­բերած է իր իւ­րա­յատուկ տա­ղան­դը։ Կը տար­բե­րէր Ռահ­պա­նի ըն­տա­նիքի մնա­ցեալ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րէն իբր երա­ժիշտ (յատ­կա­պէս դաշ­նա­կահար), եր­գա­հան, եր­գի­ծաբան, թա­տերա­գիր, դե­րասան եւ քա­ղաքա­կան մեկ­նա­բան։

Կա­նուխ տա­րիքէն կը սկսի գրել ու կազ­մա­կեր­պել ներ­կա­յացումներ։ Առա­ջինը 1973-ին երբ ան 17 տա­րեկան էր։ Յա­ջորդ տա­րին նոր գործ եւ շա­րու­նա­կական ձե­ւով Զիատ միշտ թատ­րոններ կը ներ­կա­յաց­նէ՝ ազ­դուած Լի­բանա­նի քա­ղաքա­կան եւ ըն­կե­րային վի­ճակէն։Թունդ ձա­խակող­մեան գա­ղափա­րակիր, Լի­բանա­նի հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թեան ան­դամ, Զիատ իր ներ­կա­յացումնե­րը՝ իբ­րեւ մար­տահրա­ւէր ու զէնք, զա­նոնք դար­ձուց լի­բանա­նեան քա­ղաքա­կան ու­ժե­րու դէմ։ Ան անդրա­դար­ձաւ լի­բանա­նեան քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մին, քա­ղաքա­կան եւ ըն­կե­րային փտա­ծու­թեան, աղան­դա­ւորա­կան շար­ժումնե­րու վտան­գին, կրթա­կան ապա­կանած ոլոր­տին, ինչպէս նաեւ` քա­ղաքա­ցիի առօ­րեայ իրա­ւունքնե­րուն։ Այս բո­լորը կը փո­խան­ցո­ւէր։ Զիատեան յա­տուկ ոճով մը, որ դար­ձաւ երե­ւոյթ՝ եօթա­նասու­նա­կան թո­ւական­նե­րէն մին­չեւ օրս, ներշնչե­լով յա­ջոր­դա­կան սե­րունդնե­րը։ Ան այսպի­սով վտանգ հան­դի­սացաւ քա­ղաքա­կան տար­բեր խա­ւի ղե­կավար­նե­րու։ Դար­ձաւ ըմ­բոստու­թեան խորհրդա­նիշ։ Իր գոր­ծե­րէն խօս­քեր կամ գա­ղափար­ներ տա­կաւին մին­չեւ օրս ան­պայման կը մէջ­բե­րուին առօ­րեայ զրոյցնե­րու ըն­թացքին։

Զիատ Ռահ­պա­նի ինքնին դպրոց մըն է, իր գոր­ծերն ու բարձրա­ցու­ցած աղ­մուկը իւ­րա­քան­չիւր տան մէջ է եւ մշտա­պէս կը կրկնո­ւին։

Ոչ այնքան իր Ռահ­պա­նի անու­նով, որ­քան իր ար­ժա­նաւոր գոր­ծե­րով, Զիատ Ռահ­պա­նի ձեռք ձգեց մեծ համ­բաւ, բա­ցար­ձա­կապէս խու­սա­փելով դիտ­մամբ լու­սարձա­կի տակ մնա­լէն։ Նոյն ձե­ւով ալ հե­ռացաւ կեան­քէն՝ անաղ­մուկ, ան­լուսար­ձակ, անակնկա­լի բե­րելով շա­տերը եւ յատ­կա­պէս իր երկրպա­գու­նե­րը, որոնց հա­մար ան պի­տի մնար ան­մահ։

(Տար­բե­րակ21-էն կրճատուած)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ