Կասկած չկայ որ նոյնիսկ մեր համեստ առօրեային մէջ շրջապատուած ենք գիտութեան եւ տեխնիկական աներեւակայելի նուաճումներուն ապահոված դիւրութիւններով։
Իւրաքանչիւրս մեր գրպանին ունինք անիմաստօրէն հեռախօս բառով բացատրուած գործիք մը, որ ցանկացած պահուն կը վերածուի բազմահազար էջանոց հանրագիտարանի մը։
Ինքնաշարժի ղեկին անցնելով անոր կը պատուիրենք մեր հասնելիք հասցէն եւ վերջ։ Ամբողջ ճամբու տեւողութեամբ ուղեցոյց մըն է մեզի համար։ Վերջակէտը կը դնէ «պահանջուած տեղը հասած էք» ըսելով։
Սա զգլխեցուցիչ զարգացումներուն միայն մէկն էր։ Դեռ կան ոչ թէ տասնեակներով, այլ հարիւրաւոր,հազարաւոր նման օրինակներ տարբեր ոլորտներու մէջ։
Հիմնական խնդիրը հետեւեալն է։ Գիտութեան եւ տեխնիկական այս նուաճումներու պահուն ինչպէ՞ս եղաւ որ մարդկութիւնը վերադառնայ պատմութեան խաւար էջերուն։ Օրինակի համար ինչպէս յաջողեցանք որ, Թրամբի, Փութինի, Էրտողանի Ալիեւի եւ կամ Նաթանեահուի կերպարներով վերակենդանացնենք Կաղ Թիմուրը, Ճինկիզ Խանը, Հանիպալը եւ Յուլյուս Սեզարը։ Նմանապէս վերակենդանացուցինք Եւրոպայի հիւսիսային ցեղերու երբեմնի վանտալիզմը։ Այս բոլորը մտաբերեցի, երբ մամուլի էջերէն կարդացի Ստեփանակերտի մէջ Այվազովսքիի արձանի փլուզման լուրը։
Իսկոյն յիշեցի Ռուս-Ուկրաինական պատերազմի բռնկած օրերուն քաղաքակիրթ Եւրոպայի գրադարաններու Տոսթոյէվսքիի գիրքերը հեռացնելու կամ Չայքովսքիի յօրինումները համերգներու ծրագիրներէն դուրս բերելու որոշումները։ Գիտութեան եւ տեխնիկայի այս սլացքի պահուն մարդկային գիտակցութեան ահռելի անկումը իսկապէս անհաւատալի է։
Այս պահուն ակամայ կը յիշենք նաեւ Հանդինկդընի տեսութիւնը, որ կանխագուշակած էր այսօրուայ յիմարութիւնը աւելի քան 30 տարիներ առաջ։ Ան ըսած էր թէ ԻԱ. Դարը քաղաքակրթութիւններու բախման շրջանը պիտի ըլլայ։
Զգուշացուցած էր միքրօ ազգայնականութենէ բխած պատերազմներու դէմ։ Բայց կարծես ան ալ չէր կանխատեսած թէ այս բոլորի մղիչ ուժը պիտի ըլլայ իբրեւ թէ զարգացած Եւրոպան։
Անշուշտ այս համայնապատկերի հեղինակը ԱՄՆ-ի կամ Եւրոպայի հասարակութիւնը չէ, այլ այդ հասարակութեան անունով աշխարհի ուղղութիւնը ճշդող նէօլիպերալական դրամապաշտութիւնը։ Լիտեացիներու դրամի գիւտը ճիշդ է որ զարգացուց առեւտուրը, այդ առումով դիւրացուց մարդկանց կեանքը, բայց իր հետ բերաւ նաեւ բազում չարիքներ։
Այժմ այդ չարիքներու ամենադաժանը կ՚ապրինք, քանի որ ենթարկուած ենք դրամի թագաւորութեան։
Վերեւ նշուած քաղաքական գործիչները ինքնին ոչ մէկ նշանակութիւն ունին։ Անոնք պարզ պատուիրակատարներ են եւ կը կատարեն միջազգային ընկերութիւններու հրահանգները։ Այդ հրահանգներու ետին այս կամ այն հաւաքականութիւններու շահերէն աւելի գոյացած արժէքը յափշտակել եւ իրարու միջեւ բաշխելու մարմաջն է որ կը տիրէ։
Այդ է որ պետութիւնները օրըստօրէ կը հարստանան եւ մարդիկ ընդհակառակը։