Փաշինեան եւ Ալիեւ՝ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Թրամփի հետ հանդիպելով՝ ստորագրեցին «Յայտարարութիւն» մը։ Այս յայտարարութիւնը արդեօք առաջին քայլն է՞ երկու Կովկասեան երկիրներու խաղաղութեան համար։
Պատերազմող կողմեր խաղաղութեան համաձայնութիւն ստորագրելու իրենց կամքը յայտնեն՝ ի՞նչ կրնանք ընել բացի այդ քայլը ողջունելէ։ Մանաւանդ երբ ԱՄՆ Մերձաւոր Արեւելքի յարատեւ պատերազմներուն մէջ կը զօրակցի Իսրայէլին՝ մինչ Նէթանեահու Կազզայի մէջ պաղեստինցիները կը բնաջնջէ, Ալիեւ Արցախի մէջ էթնիկական զտման քաղաքականութիւն կը վարէ եւ վճռած է տարածքի վերջին հայկական հետքերը ջնջելու, Փութին ալ Ուկրանիան հողին հաւասարելու միտող պատերազմ մը կը վարէ...
Հայաստանը 2020-ին արդէն պարտուած էր։ Ատրպէյճան 2022-ին Հայաստանին յարձակելով հայկական նոր տարածքներ նուաճեց։ 2023-ին ալ Արցախը հայասթափ ըրաւ։ անշուշտ որ նման պայմաններուն մէջ դժուար կանխատեսելի էր բարենպաստ խաղաղութիւն մը կերտելը։ Բոլոր այս անցուդարձներուն Ռուսիան չէր արդարացուցած Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորի իր դիրքը։ Թրամփ առաջին վարչական շրջանին չէզոք միացած էր պատերազմի ծագման դէմ։ Նոյնիսկ մատը չէր շարժած այդ պատերազմը կասեցնելու համար։ Պայտընի վարչութիւնը նոյն վերաբերումը շարունակեց 2022-ի յարձակումներուն եւ մանաւանդ 2023-ի էդնիքական զտման հանդէպ նոյն անտարբերութիւնը ցուցաբերեց։ ԵՄ-ն ալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու կարեւորութիւն տալու փոխարէն զբաղած է բնական կազի գիներու սակարկութեամբ։
Հայաստանը ոչ միայն զինուորականապէս պարտուած, այլ դիւանագիտականապէս ալ լրիւ մինակ ձգուած վիճակ ունէր։ Մենք, ի հարկէ, խաղաղութիւնը կրնանք ողջունել, բայց իրապաշտ ըլլալու համար՝ յայտնենք թէ ասիկա Հայաստանի համար ոչ բարենպաստ խաղաղութիւն մըն է։
Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին բանակցային ճանապարհով լուծում մը գտնելու նպատակով 1992-ին կեանքի կոչուած Եւրոպական Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի Խումբի ցրուելուն համաձայնելով մեծ զիջում մը ըրաւ։
Յայտարարութեան ամէնէն ուշագրաւ եւ որուն մասին ամէնէն շատ մեկնաբանութիւն եղած կէտը ալ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին» մէջ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքները Նախիջեւանի անկլաւի հետ կապող «Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման համար Թրամփ Ճանապարհ»ի ստեղծումը կանոնակարգող չորրորդ կէտն էր։
Յայտարարութիւնը չանդրադառնար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բլուրներու եւ գետային աղբիւրներ ներառող՝ 2021-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Հայաստանի տարածքներուն ճակատագրին մասին։ Նոյնպէս էթնիկական զտման ընթացքին գերի վերցուած քաղաքական եւ զինուորական առաջնորդներու նիւթին ալ չակնարկէր։
Վերջապէս, անյայտ է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Ատրպէյճանի պահանջով դեռ փակ ըլլալու իրականութիւնը յաղթահարելու եղանակը եւ ժամկէտը։
Այս բացասական ենթահողին վրայ Հայաստանը արդիականացման նոր ճանապարհներ գտած է, որոնց շնորհիւ աւելի լաւ ապագայի մը հասնելու վիճակ ապահոված։