Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ 11 Օգոստոսին ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ տարածաշրջանային հաղորդուղիները պիտի գործեն երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներու ծիրին մէջ եւ փոխադարձութեան հիման վրայ։
Փաշինեան-Փեզեշքեան զրոյցը կը յաջորդէ 8 Օգոստոսին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան Զանգեզուի ճամբան բանալու համաձայնագիրին, որուն շուրջ զգուշաւոր լաւատեսութեան կողքին Իրանի պաշտօնական շրջանակներէն նաեւ մտահոգութիւններ ու սպառնալիքներ կը հնչեն։
Հայաստանի կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, թէ Հայաստանի վարչապետը Իրանի նախագահին ներկայացուց Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն արդիւնքները՝ արտայայտելով այն կարծիքը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը կարելիութիւններ պիտի բանայ տարածաշրջանին համար:
«Վարչապետն Իրանի նախագահին շնորհակալութիւն է յայտնել վաշինգտոնեան համաձայնութիւնների մասին առարկայական գնահատականներով հանդէս գալու համար եւ ընդգծել Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի` առաջիկայում Հայաստան կատարուելիք այցի կարեւորութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Իրանի «Թասնիմ» գործակալութիւնը յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնեց այս հեռաձայնային զրոյցին մասին՝ նշելով, որ Իրանի նախագահը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ տարածաշրջանին մէջ երթուղիի նախագիծի իրագործման շուրջ համաձայնութեան ընդգծելով այս հարցին մէջ Հայաստանի գերիշխանութեան պահպանման եւ ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին ռազմական կամ ապահովական որեւէ ուժի միջամուխ չըլլալու կարեւորութիւնը։ Ան շեշտեց յատուկ զգօնութեան եւ վերահսկողութեան անհրաժեշտութիւնը ամերիկեան կողմի հաւանական քայլերուն, որոնք կրնան տնտեսական ներդրումներու եւ խաղաղութիւն ապահովելու յայտարարութիւններու քօղին տակ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ գերիշխող՝ յետին նպատակներ հետապնդել:
«Պէտք է ապահովել, որ այս ուղին իսկապէս ըլլայ խաղաղութեան եւ զարգացման ուղի, եւ ոչ թէ գործիք օտարներու գերիշխող նպատակներու իրականացման», ըսաւ Փեզեշքեան։
Այս մասին զրոյց ունեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղճի:
Միրզոյեան ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, որոնց կարգին՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ուղիներու ապաշրջափակման եւ զարգացման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն ու հետագայ աշխատանքները:
Միրզոյեան շեշտեց, որ ինչպէս նախապէս բազմաթիւ անգամներ յայտարարուած է Հայաստանի կողմէ՝ Ուաշինկթընի հռչակագիրին մէջ կ՛արտացոլայ այն, որ ենթակառուցուածքներու գործարկումը` ներառեալ Հայաստանի տարածքին մէջ ամերիկեան գործընկերութեամբ կառուցուելիքը, տեղի պիտի ունենայ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ծիրին մէջ: Այս գծով Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արաղճիին՝ Ուաշինկթընի համաձայնութիւններուն վերաբերեալ սկզբունքային անդրադարձին համար:
Աւելի կանուխ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը՝ Կովկասի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն վերաբերեալ: Ստորեւ` այդ յայտարարութիւնը.
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի շրջանի ընթացիկ հոլովոյթներուն եւ երկու դրացի երկիրներուն` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կը գտնուի կապի մէջ այս զարգացումներուն գծով: Անվիճելի է, որ Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը շահաւէտ են շրջանի բոլոր երկիրներուն համար:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ողջունելով երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրի վերջնականացման փաստը՝ այս իրադարձութիւնը կը գնահատէ իբրեւ կարեւոր քայլ` շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ:
«Նոյն ատեն, Իրան մտահոգութիւն կը յայտնէ որեւէ ձեւով եւ կերպով իրականացուող արտաքին միջամտութիւններու հաւանական բացասական հետեւանքներուն գծով, յատկապէս` դրացնութեամբ միացեալ սահմաններու, որոնք կրնան վտանգել շրջանի ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, նոյն ատեն շեշտելով իր ազգային իրաւունքները եւ շահերը ապահովելու նպատակով բոլոր քաղաքական, իրաւական եւ տնտեսական միջոցներու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը՝ համոզուած է, որ հաղորդակցութեան ուղիներու ստեղծումը եւ փոխադրամիջոցներու ցանցերու ապաշրջափակումը կրնան ծառայել շրջանի ժողովուրդներու կայունութեան, ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման միայն մէկ պարագայի, երբ՝ անոնք կ՛իրականացուին փոխադարձ շահերու ծիրին մէջ, յարգելով երկիրներու ազգային գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, առանց արտաքին միջամտութեան:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատրաստ է շարունակելու փոխշահաւէտ եւ կառուցողական համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` շրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման պահպանման նպատակով, թէ՛ երկկողմ եւ թէ շրջանային ձեւաչափերով, ներառեալ «3+3» գործիքակազմին միջոցով»:
Ուաշինկթընի հանդիպումին յաջորդ օրը, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդական, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Աքպար Վելայեթին, աւելի ծայրայեղ կեցուածք դրսեւորելով՝ ըսաւ. «Իրան պիտի արգելակէ Կովկասի ամերիկեան միջանցքը` Ռուսիոյ հետ միասին կամ առանց Ռուսիոյ: Կովկասը աշխարհի ամէնէն զգայուն աշխարհաքաղաքական կէտերէն մէկն է, եւ այդ անցումը ոչ թէ Թրամփի սեփականութիւնը պիտի դառնայ, այլ գերեզմանի պիտի վերածուի Թրամփի վարձկաններուն համար»։
Ըստ Վելայեթիի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի յառաջացումը կը փոխէ շրջանին մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, կը յանգեցնէ սահմաններու փոփոխութեան եւ միտուած է Հայաստանի մասնատման»: