Էրտողան յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին

Թուրքիոյ նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի եւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի վար­­­չա­­­­­­­պետ Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանի մի­­­ջեւ հե­­­ռախօ­­­սազ­­­րոյց տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած է։ Այս մա­­­սին տե­­­ղեկու­­­թիւններ յայտնած են Թուրքիոյ նա­­­խագա­­­հի մա­­­մու­­­լի ծա­­­ռայու­­­թե­­­­­­­նէն։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան կող­­­մի խնդրան­­­քով տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած հե­­­ռախօ­­­սազ­­­րոյցի ըն­­­թացքին քննար­­­կո­­­­­­­ւած են Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի մի­­­ջեւ խա­­­ղաղու­­­թեան բա­­­նակ­­­ցութիւննե­­­րը։ Էր­­­տո­­­­­­­ղանը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորած է վար­­­չա­­­­­­­պետ Փա­­­շինեանը՝ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի մի­­­ջեւ հա­­­մաձայ­­­նութեան հաս­­­նե­­­­­­­լու կա­­­պակ­­­ցութեամբ։

«Նշե­­­լով, որ խա­­­ղաղու­­­թեան իր կամ­­­քը ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր է տա­­­րածաշրջա­­­նին մէջ խա­­­ղաղու­­­թեան հա­­­մար, Էր­­­տո­­­­­­­ղան շեշ­­­տած է, որ այդ քայ­­­լը պէտք է վե­­­րածո­­­ւի յստակ գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւննե­­­րու։

Յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­լով, որ Թուրքիոյ եւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մի­­­ջեւ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու կար­­­գա­­­­­­­ւոր­­­ման գոր­­­ծընթա­­­ցը առաջ մղե­­­լու հա­­­մար բա­­­նակ­­­ցութիւննե­­­րը տեխ­­­նի­­­­­­­կական մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կով պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուին, Էր­­­տո­­­­­­­ղան աւել­­­ցուցած է, որ այդ ուղղու­­­թեամբ ջան­­­քե­­­­­­­րը պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուին»,- նշած են Թուրքիոյ նա­­­խագա­­­հի գրա­­­սենեակէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ