Չարիքի դաշինքը կրկին յաղթական

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի օրակարգի գլխաւոր նիւթն է 8 Օգոստոսին ԱՄՆ-ի մէջ կնքուած համաձայնութիւնը։

Թուրքիոյ մամուլը համեմատաբար աւելի նուազ ուշադրութիւնով հետեւեցաւ այդ կարեւոր զարգացումին, որու գաղափարի հեղինակը եղած է անցեալի վարչապետներէն Պիւլենթ Էճեվիթ։ Խնդրի կարեւորութիւնը թելադրեց թէ «Ակօս»ի այս շաբաթուայ հայերէն էջերը ամբողջովին ծանրաբեռնուին այս նիւթով։ Եթէ պիտի գործածենք «կողմեր» եզրը ներկայ դրութեան մէջ Ատրպէյճան, Թուրքիա, Իսրայէլ եւ ԱՄՆ հասան իրենց նպատակին, իսկ միւս կողմէ Հայաստան եւ Իրան դարձեալ մատնուեցան զիջող կողմի հանգամանքին։ Աւելի ամօթալին յայտնուեցաւ, երբ հայկական կողմը օրակարգի բերաւ ներկայ ժամանակներու ամենակործանիչ դէմքերէն մէկուն, Խաղաղութեան Նոպելի թեկնածութեան նիւթը։

Այս առաջարկով հայկական դիւանագիտութիւնը ստորնացաւ աշխարհի բոլոր տուժած ժողովուրդներու դիմաց։

Երեւան եւ Պա­քու
հա­մաձայ­նա­գիրը ստո­րագ­րե­ցին

Հա­յաս­տա­­նի վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան, Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու նա­­խագահ Տա­­նըլտ Թրամփ եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւ ստո­­րագ­­րե­­­ցին միացեալ հռչա­­կագիր մը՝ «Մի­­ջազ­­գա­­­յին խա­­ղաղու­­թեան եւ բար­­գա­­­ւաճ­­ման հա­­մար Թրամ­­փի ճամ­­բայ»ին հա­­մար (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ պի­­տի ճանչցո­­ւի TRIPP յա­­պաւու­­մով։

Ուա­­շինկթը­­նէն «Ար­­մէնփրէս»ի թղթա­­կիցը կը տե­­ղեկաց­­նէ, որ Թրամփ, Ալիեւ եւ Փա­­շինեան այս հռչա­­կագի­­րը ստո­­րագ­­րե­­­ցին 8 Օգոս­­տո­­­սին, Սպի­­տակ տան մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած եռա­­կողմ հան­­դի­­­պու­­մէն ետք։

Թրամփ հռչա­­կագի­­րը ստո­­րագ­­րեց իբ­­րեւ վկայ, իսկ Փա­­շինեան եւ Ալիեւ՝ փաս­­տա­­­թուղթը ստո­­րագ­­րե­­­լով, պի­­տի հաս­­տա­­­տեն իրենց ու­­ղին դէ­­պի խա­­ղաղու­­թիւն, բա­­րեկե­­ցու­­թիւն եւ կա­­յու­­նութիւն։

Նախ­­քան եռա­­կողմ հան­­դի­­­պու­­մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Փա­­շինեանի եւ Թրամ­­փի հան­­դի­­­պու­­մը, որուն մա­­սին խօ­­սելով՝ Փա­­շինեանի բան­­բեր Նա­­զելի Բաղ­­դա­­­սարեան ըսաւ, որ նպա­­տակ ու­­նե­­­նալով խո­­րաց­­նել ռազ­­մա­­­վարա­­կան հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը երեք առանցքա­­յին ոլորտնե­­րու մէջ, Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րը ստո­­րագ­­րե­­­ցին «Խա­­ղաղու­­թեան խաչ­­մե­­­րուկ» նա­­խագի­­ծի կա­­րողու­­թիւննե­­րու զար­­գացման ոլոր­­տին մէջ գոր­­ծընկե­­րու­­թեան, ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան եւ կի­­սահա­­ղոր­­դիչնե­­րու ոլոր­­տին մէջ նո­­րարա­­րական գոր­­ծընկե­­րու­­թեան եւ ու­­ժա­­­նիւ­­թի ապա­­հովու­­թեան ոլոր­­տին մէջ գոր­­ծընկե­­րու­­թեան մա­­սին փո­­խըմբռնման յու­­շա­­­գիր­­նե­­­րը։ Ապա տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Թրամ­­փի եւ Ալիեւի մի­­ջեւ հան­­դի­­­պու­­մը։

Թրամփ յայտնեց, որ բազ­­մա­­­թիւ ան­­գամներ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի ղե­­կավար­­նե­­­րը փոր­­ձած են հաս­­նիլ հա­­մաձայ­­նութեան, սա­­կայն ցարդ չեն յա­­ջողած։ Ան շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Մար­­քօ Ռու­­պիոյին, իր յա­­տուկ յանձնա­­կատար Սթիւ Ուիթ­­քա­­­ֆին, նաեւ շնոր­­հա­­­ւորեց ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան կազ­­մը։ «Առա­­ւել քան 35 տա­­րինե­­րէ ի վեր Հա­­յաս­­տան եւ Ատրպէյ­­ճան կը պա­­տերազ­­մին ցա­­ւալի հա­­կամար­­տութեան մը շրջա­­գիծի մէջ, որ մեծ տա­­ռապանքներ պատ­­ճա­­­ռած է եր­­կու ժո­­ղովուրդնե­­րուն։ Շա­­տեր փոր­­ձած են լու­­ծում գտնել այս հար­­ցին, որոնց կար­­գին՝ Եւ­­րո­­­պական Միու­­թիւնը, Ռու­­սիա, որ շատ աշ­­խա­­­տած է այս ուղղու­­թեամբ, սա­­կայն չէ յա­­ջողած», ըսաւ Թրամփ՝ աւելցնե­­լով, որ այս ար­­ձա­­­նագ­­րութեամբ վեր­­ջա­­­պէս կա­­րելի եղած է հաս­­նիլ խա­­ղաղու­­թեան հաս­­տատման։

Թրամփ, Փա­­շինեան եւ Ալիեւ հան­­դէս եկան միացեալ մամ­­լոյ ասու­­լի­­­սով մը, որուն սկիզ­­բը Թրամփ ըսաւ հե­­տեւեալը. «35 տա­­րիներ իրենք կռո­­ւած են եւ հի­­մա ըն­­կերներ են ու ըն­­կերներ պի­­տի ըլ­­լան եր­­կար ատեն։ Մեծ պա­­տիւ է բո­­լորը ող­­ջունել Սպի­­տակ տան մէջ`Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ այս պատ­­մա­­­կան վե­­հաժո­­ղովին։ Կ՛ու­­զեմ ող­­ջունել եր­­կու հրա­­շալի առաջ­­նորդնե­­րը իրենց՝ Ուա­­շինկթըն գա­­լուն հա­­մար, որ­­պէսզի ստո­­րագ­­րեն այս պատ­­մա­­­կան ար­­ժէք ու­­նե­­­ցող հռչա­­կագի­­րը»։

Թրամփ աւել­­ցուց, որ ստո­­րագ­­րո­­­ւելիք փաս­­տա­­­թուղթը շատ մեծ կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նի։ Ան յայ­­տա­­­րարեց, որ Հա­­յաս­­տան եւ Ատրպէյ­­ճան պար­­տա­­­ւոր կը դառ­­նան միշտ դադ­­րեցնել բո­­լոր ռազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը։

«Հա­­յաս­­տան եւ Ատրպէյ­­ճան յանձն կ՛առ­­նեն յա­­ւերժ դադ­­րեցնել որե­­ւէ տե­­սակի կռիւ, բա­­նալ առեւտրա­­կան, ճա­­նապար­­հորդա­­կան եւ դի­­ւանա­­գիտա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը, յար­­գել իրա­­րու գե­­րիշ­­խա­­­նու­­թիւնը եւ տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թիւնը, ինչ որ շատ կա­­րեւոր է։

Իրենք շատ լաւ յա­­րաբե­­րու­­թիւններ պի­­տի ու­­նե­­­նան։ Անոնք այնքան յա­­ճախ չեն հան­­դի­­­պած իրա­­րու հետ, բայց կը կար­­ծեմ, որ անոնք պի­­տի հան­­դի­­­պին: Կաս­­կած չկայ, այ­­լա­­­պէս՝ ին­­ծի հե­­ռաձայ­­նե­­­ցէք, ես կ՛ուղղեմ ամէն ինչ», ըսաւ Թրամփ՝ նոյն ատեն յայտնե­­լով, որ Միացեալ Նա­­հանգներ կը վե­­րաց­­նէ Ատրպէյ­­ճա­­­նի հետ ռազ­­մա­­­կան հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րը։ Խօ­­սելով ճամ­­բուն մա­­սին՝ Թրամփ ըսաւ. «Ասի­­կա պի­­տի ըլ­­լայ յա­­տուկ տա­­րան­­ցիկ տա­­րածք մը, որ թոյլ պի­­տի տայ Ատրպէյ­­ճա­­­նին ամ­­բողջա­­կան հա­­սանե­­լիու­­թիւն ու­­նե­­­նալու Նա­­խիջե­­ւանի իր տա­­րած­­քը` բո­­լորո­­վին յար­­գե­­­լով Հա­­յաս­­տա­­­նի գե­­րիշ­­խա­­­նու­­թիւնը»։ Ըստ անոր՝ ամե­­րիկեան ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րը կը ծրագ­­րեն լայ­­նա­­­ծաւալ են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւած­­քա­­­յին զար­­գա­­­ցում Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ։

«Անոնք պի­­տի կա­­րենան իս­­կա­­­պէս ապ­­րիլ ու աշ­­խա­­­տիլ միասին, ինչ որ հիանա­­լի է», ըսաւ Թրամփ եւ աւել­­ցուց, որ Հա­­յաս­­տան նաեւ կը հաս­­տա­­­տէ բա­­ցառիկ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւն Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու հետ` զար­­գացնե­­լու այդ ու­­ղին, որ կրնայ եր­­կա­­­րաձ­­գո­­­ւիլ մին­­չեւ 99 տա­­րիներ։ «Եւ անոնք կը խոս­­տա­­­նան, որ 99 տա­­րի ետք պի­­տի եր­­կա­­­րաձ­­գեն ժամ­­կէ­­­տը, այնպէս չէ՞», հար­­ցուց Թրամփ՝ դի­­մելով հայ­­կա­­­կան պա­­տուի­­րակու­­թեան։

Թրամփ յայ­­տա­­­րարեց, որ կ՛ակնկա­­լուի, թէ ամե­­րիկեան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը մե­­ծածա­­ւալ են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւածքներ զար­­գացնէ հոն եւ մեծ գու­­մարներ պի­­տի ծախ­­սո­­­ւի։ «Աս­­կէ տնտե­­սապէս պի­­տի շա­­հին մեր երեք եր­­կիրնե­­րը։ Ասի­­կա շատ դրա­­կան լուր է ամ­­բողջ տա­­րածաշրջա­­նին հա­­մար» շեշ­­տեց Թրամփ՝ տե­­ղեկաց­­նե­­­լով, որ իրենք երկկողմ հա­­մաձայ­­նա­­­գիր­­ներ կը ստո­­րագ­­րեն Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի հետ՝ ընդլայ­­նե­­­լու հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը ու­­ժա­­­նիւ­­թի, առեւ­­տուրի եւ ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան ոլորտնե­­րուն մէջ։

Ալիեւ ըսաւ, որ Ատրպէյ­­ճա­­­նի ժո­­ղովուրդը պի­­տի յի­­շէ այդ օրը՝ նա­­խագահ Թրամ­­փի կող­­մէ «մեր երկրին նկատ­­մամբ ցու­­ցա­­­բերո­­ւած վե­­րաբեր­­մունքին հա­­մար»։

«Այ­­սօր մենք կը հաս­­տա­­­տենք խա­­ղաղու­­թիւն, որ նոր կա­­րելիու­­թիւններ պի­­տի բա­­նայ տա­­րածաշրջա­­նին մէջ, եւ որ պի­­տի վե­­րաց­­նէ խո­­չըն­­դոտնե­­րը եւ կա­­րելիու­­թիւններ պի­­տի ստեղ­­ծէ բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրնե­­րու հա­­մար», ըսաւ Ալիեւ՝ աւելցնե­­լով. «Նա­­խագահ Թրամփ խա­­ղաղու­­թիւն կը բե­­րէ Կով­­կա­­­սի մէջ, եւ մենք շնոր­­հա­­­կալ ենք ատոր հա­­մար։ Մենք պի­­տի դարձնենք արիւ­­նա­­­հեղու­­թեան էջը, եւ պայ­­ծառ ապա­­գայ մը պի­­տի ապա­­հովենք մեր զա­­ւակ­­նե­­­րուն հա­­մար»։

«Այս բե­­կումնա­­յին առա­­ջըն­­թա­­­ցը հնա­­րաւոր չէր լի­­նի առանց նա­­խագահ Թրամ­­փի անձնա­­կան ներգրա­­ւուա­­ծու­­թեան ու խա­­ղաղու­­թեան նկատ­­մամբ նրա վճռա­­կան յանձնա­­ռու­­թեան։ Խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մա­­­նագ­­րի նա­­խաս­­տո­­­րագ­­րումը ճա­­նապարհ կը հար­­թի մեր երկրնե­­րի մի­­ջեւ տաս­­նա­­­մեակ­­ներ տե­­ւած հա­­կամար­­տութեանը վերջ դնե­­լու հա­­մար եւ կբա­­ցի նոր դա­­րաշրջան», իր կար­­գին ըսաւ Փա­­շինեան, ըստ որուն, հա­­մաձայ­­նա­­­գիր­­նե­­­րու ստո­­րագ­­րութեան ներ­­կայ ըլ­­լա­­­լով, նա­­խագահ Թրամփ վստա­­հու­­թիւն կը հա­­ղոր­­դէ, որ՝ «մենք Հա­­րաւա­­յին Կով­­կա­­­սում բա­­ցում ենք խա­­ղաղու­­թեան, բար­­գա­­­ւաճ­­ման, տնտե­­սական հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան էջը»։

Փա­­շինեան յատ­­կա­­­պէս ընդգծեց, որ տա­­րածաշրջա­­նին մէջ հա­­ղոր­­դակցու­­թեան ու­­ղի­­­ներու բաց­­ման հա­­մաձայ­­նա­­­գիրը հիմ­­նո­­­ւած է գե­­րիշ­­խա­­­նու­­թեան, տա­­րած­­քա­­­յին ամ­­բողջա­­կանու­­թեան եւ իրա­­ւազօ­­րու­­թեան սկզբունքնե­­րուն վրայ։

«Սա լրջա­­գոյն գոր­­ծարք է մեր երկրնե­­րի, տա­­րածաշրջա­­նի ու աշ­­խարհի հա­­մար, քա­­նի որ աւե­­լի խա­­ղաղ տա­­րածաշրջա­­նը նշա­­նակում է աւե­­լի խա­­ղաղ աշ­­խարհ», աւել­­ցուց Փա­­շինեան, որ ան­­տե­­­սելով լրագ­­րո­­­ղի մը` տե­­ղահա­­նուած ար­­ցախցի­­ներուն Ար­­ցախ վե­­րադար­­ձի կա­­րելիու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ հար­­ցում մը՝ նիւ­­թը շե­­ղելով յայ­­տա­­­րարեց. «Նա­­խագահ Թրամ­­փը ար­­ժա­­­նի է Խա­­ղաղու­­թեան Նո­­բելեան մրցա­­նակի, մենք պաշտպա­­նելու ենք եւ այդ ուղղու­­թեամբ ջանք ենք գոր­­ծադրե­­լու»։

Ալիեւ՝ միանա­­լով այդ առա­­ջար­­կին ըսաւ. «Ո՞վ, եթէ ոչ Թրամփ ար­­ժա­­­նի է Խա­­ղաղու­­թեան մրցա­­նակին»։

Ալիեւ շեշ­­տեց, որ նա­­խագահ Թրամփ «հրաշք գոր­­ծած է, միայն վեց ամ­­սո­­­ւան ըն­­թացքին խա­­ղաղու­­թիւն բե­­րած է տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րով պա­­տերազ­­մի մէջ գտնո­­ւող տա­­րածաշրջա­­նին մէջ»։

Պա­­տաս­­խա­­­նելով այն հար­­ցումին, որ իրա­­ւական հե­­տեւանքներ պի­­տի ըլ­­լա՞ն, եթէ կող­­մե­­­րէն ոեւէ մէ­­կը հրա­­ժարի ձեռք բե­­րուած պայ­­մա­­­նաւո­­րուա­­ծու­­թիւննե­­րէն՝ Թրամփ ըսաւ. «Չեմ կար­­ծեր, թէ այդպի­­սի բան տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ։ Ես ըսած եմ, մեծ հար­­ցե­­­րը լու­­ծո­­­ւած են, եւ եթէ փոքր հար­­ցեր ու­­նե­­­նան, կրնան հե­­ռաձայ­­նել ին­­ծի, ես կը լու­­ծեմ։ Եթէ հարց ըլ­­լայ, մենք պի­­տի լու­­ծենք»։

«Մենք նա­­խաս­­տո­­­րագ­­րած ենք Խա­­ղաղու­­թեան պայ­­մա­­­նագի­­րը, որ եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր բա­­նակ­­ցութեան մէջ է, եւ փաս­­տը, որ անի­­կա կը նա­­խաս­­տո­­­րագ­­րուի, թիւ մէկ գեր­­տէ­­­րու­­թեան մայ­­րա­­­քաղա­­քին մէջ, աշ­­խարհի թիւ մէկ գրա­­սենեակին մէջ եւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մեծն նա­­խագա­­հին ներ­­կա­­­յու­­թեան, կը նշա­­նակէ, թէ կաս­­կած իսկ պէտք չէ ըլ­­լայ, որ կող­­մե­­­րէն ոեւէ մէ­­կը ետ­­քայլ պի­­տի կա­­տարէ: Եթէ մեզ­­մէ ոեւէ մէ­­կը մեր միտ­­քե­­­րուն մէջ ու­­նե­­­նայինք այդպի­­սի բան, չէինք գար հոս», յայ­­տա­­­րարեց Ալիեւ։

Թրամփ իր կար­­գին ըսաւ, թէ ինք չէ խնդրած, որ Հա­­յաս­­տա­­­նով անցնող եր­­թուղին ի պա­­տիւ իրեն իր անու­­նով կո­­չուի, նոյն ատեն աւելցնե­­լով՝ «մեծ պա­­տիւ է իրեն հա­­մար» եւ «Ես կը սի­­րեմ մի­­ջանցքը»։

«Էսո­­շիէյ­­թըտ Փրէս»ը՝ վկա­­յակո­­չելով Սպի­­տակ տան բարձրաս­­տի­­­ճան պաշ­­տօ­­­նատար մը, յայտնեց, որ իրա­­կանու­­թեան մէջ հա­­յերը առա­­ջար­­կած են այդ անունը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ