Գնահատում 8 Օգոստոսի փաստաթուղթերու

ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ

Օգոս­­տո­­­­­­­­­­­սի 8-ին, Ուա­­­­շինկթըն, Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի եւ Ատրպէյ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­նի մի­­­­ջեւ, ինչպէս նաեւ իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան եւ ԱՄՆ-ի մի­­­­ջեւ առան­­­­ձին ստո­­­­րագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած հա­­­­մաձայ­­­­նագրե­­­­րը բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ կող­­­­մեր ու­­­­նին։

Հնա­­­­րաւոր է, որ դեռ վաղ է գնա­­­­հատել այդ հա­­­­մաձայ­­­­նագրե­­­­րու նշա­­­­նակու­­­­թիւնը։Անոնցմէ որոշ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը միայն ընդհա­­­­նուր սկզբունքներ կ՚առա­­­­ջար­­­­կեն, միւսնե­­­­րը չու­­­­նին բա­­­­ւարար ման­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­ներ՝ վերջնա­­­­կան դա­­­­տողու­­­­թիւններ ընե­­­­լու հա­­­­մար։ Այ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւամե­­­­նայ­­­­նիւ, ստո­­­­րեւ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացո­­­­ւած են նախ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան դի­­­­տար­­­­կումներ, որոնք կրնան օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կար ըլ­­­­լալ ըն­­­­թերցող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն՝ այդ հա­­­­մաձայ­­­­նագրե­­­­րու բո­­­­վան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թեան ու նշա­­­­նակու­­­­թեան գնա­­­­հատա­­­­կան տա­­­­լու հա­­­­մար։

Այս պա­­­­հուն իմ նպա­­­­տակը չէ ման­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նօ­­­­­­­­­­­­­­­րէն վեր­­­­լուծել փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­թուղթե­­­­րուն նե­­­­րառո­­­­ւած բո­­­­լոր հար­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Իմ դի­­­­տար­­­­կումնե­­­­րը կը կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նանան անոնց նշա­­­­նակու­­­­թեան վրայ՝ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի հա­­­­մար եւ թէ ինչ տեղ կրնան անոնք ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալ մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րուն։

Բա­­­­ցի այդ, այս մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւնը կը սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նափա­­­­կուի Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի հա­­­­մար այդ փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­թուղթե­­­­րու նշա­­­­նակու­­­­թեամբ՝ Ատրպէյ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­նի հա­­­­մար անոնց բո­­­­վան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կային մեկ­­­­նութիւ­­­­նը թո­­­­ղելով այ­­­­լոց։

Վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս, ըն­­­­դունե­­­­լով, որ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Մեղ­­­­րիի շրջա­­­­նը՝ տա­­­­րան­­­­ցիկ ճա­­­­նապար­­­­հի հան­­­­գոյցը, կրնայ ըլ­­­­լալ աշ­­­­խարհի ամե­­­­նակա­­­­րեւոր հո­­­­ղակ­­­­տորնե­­­­րէն մէ­­­­կը, ես այդ հար­­­­ցի քննար­­­­կումը կը թո­­­­ղեմ յե­­­­տագայ մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թեան հա­­­­մար։ Բա­­­­ցի այդ, կան բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ գոր­­­­ծընկեր­­­­ներ, որոնք ինձմէ աւե­­­­լի գի­­­­տակ են եւ կա­­­­րող են դի­­­­տար­­­­կել այդ չա­­­­փու­­­­մը։

(Շա­­րունակելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ