Ս.Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի առթիւ դէպի Հաթայ եւ Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին աւանդական ուխտագնացութիւն կատարուեցաւ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Օգոստոս 2025, Ուրբաթ, առաւօտեան թռիչքով մէկնեցաւ Հաթայ։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեան։
Հաթայի օդակայանը նորոգութեան համար փակուած ըլլալով, Նորին Ամենապատուութիւնը այս անգամ մէկնեցաւ Մերսինի Չուքուրօվա օդակայանը։ Ան Չուքուրօվա Օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հաթայի Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցիներու Ծխական Խորհուրդներու ատենապետներու՝ Եուսուֆ Թապաշի եւ Ճէմ Չափարի կողմէ։
Պատուոյ սրահի մէջ կարճ հանգիստէ ետք առաջնորդուեցաւ Հաթայ։
Այց՝ Հաթայի Կուսակալին
Պատրիարք Հայրը, 15 Օգոստոս 2025, Ուրբաթ յետ միջօրէին, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեանի եւ Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդներու ատենապետներուն՝ Եուսուֆ Թապաշի եւ Ճէմ Չափարի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հաթայի Կուսակալ Մուսթաֆա Մասաթլըին։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս եկած էր նախագահելու Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ հովուապետական այցելութիւն տալու շրջանի մերազն ժողովուրդին։ Այս այցելութիւնը առիթ համարելով, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ նաեւ պետական բարձրագոյն իշխանութեան՝ Հաթայի Կուսակալութեան։
Այստեղ զրոյց տեղի ունեցաւ շրջանի մեր երեք եկեղեցիներու մասին, տեղեկութիւններ տրուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Մեծայարգ Կուսակալին կատարած օգնութեան համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ կարողութիւն մաղթեց մշակոյթներու եւ հաւատքներու կեդրոն դարձած այս քաղաքի մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին։
Ժամանում Վաքըֆգիւղ
Պատրիարք Հայրը, 15 Օգոստոս 2025, Ուրբաթ երեկոյեան ժամանեց Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղը։
Վաքըֆգիւղը հովուապետական այցելութեան ընթացքին դառն յուզումով դիմաւորած էր իր Հոգեւոր Պետը։ Այս անգամ, հակառակ որ դեռ բոլորովին չէ սպիացած երկրաշարժի վէրքը, սակայն տօնական առիթը պատճառ դարձաւ, որ գիւղացիներ աւանդական շուքով դիմաւօրէն իրենց Հոգեւոր Պետը։
Նորին Ամենապատուութիւնը գիւղ մտաւ տհոլ-զուռնայով, եկեղեցւոյ զանգի ձայնով եւ ժողովուրդի սիրալիր ողջոյններով։ Կատարուեցաւ աւանդական աղ ու հացի օրհնութիւն։
Տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն, որու աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը գոհաբանական աղօթք արտասանեց։ Կատարուեցաւ ճաշու ժամերգութիւն։
Բարի գալստեան խօսք արտասանեց Հաթայի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ իր ու ժողովուրդին անունով ուրախութիւնն յայտեց Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս գիւղի մէջ տեսնելով։ Տէր Հայրը խօսքի աւարտին խնդրեց մեր Հոգեւոր Պետին աղօթքն ու օրհնութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը սրտի խօսքով արտայայտեց հոգեւոր ուրախութիւնը, քանի կը գտնուէր կեդրոնէն ֆիզիքապէս հեռու իր հոգեւոր զաւակներուն հետ։ Ան ըսաւ թէ հոգ չէ թէ աշխարհագրականօրէն հեռու, սակայն սրտովին մօտ է բոլորին ու բոլորը իր աղօթքներուն մէջն են։ Մեր Հոգեւոր Պետը հայրաբար յորդորեց բոլորը մնալ իրենց տեղերն ու ամուր կապուիլ բոլորիս հոգեւոր ծննդավայրին՝ մեր մայր եկեղեցւոյ։
Կրօնական արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց ժողովուրդին հետ։
Հրաշափառի հանդիսութենէ ետք, մեր Հոգեւոր Պետը, իր հետն ունենալով Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, գիւղապետ Պերճ Քարթունը, Վաքըֆգիւղի եւ Իսկենտէրունի եկեղեցեաց ծխական խորհուրդներու ատենապետները՝ Ճէմ Չափարն ու Եուսուֆ Թապաշը, գիւղի մէջ այցելեց այն տուներուն վայրը, որ երկրաշարժէն տուժած, փլցուած եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարութեան ու Կուսակալութեան կողմէ վերակառուցման ենթարկուած էր։ Այստեղ Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ ստացաւ տարուած աշխատանքներու մասին։
Վաքըֆգիւղի մէջ
աւանդական Աղօրհնէք
Սահակ Բ. Պատրիարքը, 16 Օգոստոս 2025, Շաբաթ միջօրէին այցելեց Անթաքիա։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեան, Հաթայի Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները՝ Եուսուֆ Թապաշ եւ Ճէմ Չափար, ինչպէս նաեւ Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու։
Մեր Հոգեւոր Պետը քաղաքի մէջ շրջեցաւ Հաթայի մեծ երկրաշարժին վնաս կրած, փլած վայրերը, վերակառուցման աշխատանքը եւ նորակառոյց շէնքերը։
Յետ միջօրէին Նորին Ամենապատուութիւնը ուխտաւորաբար այցելեց Ս. Պետրոսի քարայր-աղօթատեղին։ Այստեղ էր, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներ առաջին անգամ կոչուեցան «Քրիստոնեայ»։ Մեր Հոգեւոր Պետը այստեղ իր ուխտի աղօթքը վերառաքեց։ Ապա վերադարձաւ Վաքըֆգիւղ։
Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի աւանդական մատաղօրհնութեան եւ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ կատարուած հանդիսաւոր աղօրհնէքին։
Արարողութեան մասնակցեցան Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեան, Հաթայի Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրշ. Սարվէն Սրկ. Պչաքճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու։
Նախ կատարուեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն ու ապա կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ Եկեղեցւոյ բակը, ուր կատարուեցաւ Աղօրհնէքի կարգը։ Այս աղը պիտի խառնուի եփուելիք աւանդական եօթը կաթսայ հարիսային, որոնց կրակները պիտի վառուին ուշ գիշեր։
Արարողութիւնները վերջ գտան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։
Հարիսա
Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս 2025, Շաբաթ իրիկուն Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ նախագահեց աւանդական խրախճանքին։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին գիւղի ու շրջակայ այլ գիւղերու բնակիչներ, զանազան քաղաքներէն ու արտասահմանէն ժամանած ուխտաւորներ։
Ժամը 23.30-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, համերաշխութիւն ու Աստուածային օրհնութիւն խնդրելով մեր այս գողտրիկ գիւղին համար, վառեց հարիսայի եօթը կաթսաներուն կրակները։
Տաղաւարի Ս. Պատարագ
Տաղաւարի հանդիսութեան նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։
Ժամը 10.30-ին սկսաւ Ս. Պատարագը։ Պատարագիչն էր Հաթայի Ս. Եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի համայնքներու հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարվէն Սրկ. Պչաքճեան, Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշ, Բրկ. Առէն Ուր. Դպ. Քուշեան եւ Մինաս Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճուի։ Ներկայ էր Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեան եւ Անթաքիոյ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հ. Ֆրանսուա Վրդ.ը։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց մեր Հոգեւոր Պետը «Ուր որ ես եմ, այնտեղ պիտի ըլլայ նաեւ զիս հետեւողը» աւետարանական բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Տէր Յիսուս Քրիստոս խոստումներ կատարեց եւ այս խոստումներու հասնելու միակ ճանապարհն է Անոր հետեւիլ։ Ապա անդրադառնալով օրուան տօնին՝ Ս. Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման, մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ ողջ քրիստոսնէութիւնը շատ բան կը պարտի Ս. Աստուածածնին եւ կը դիմենք Անոր բարեխօսութեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ ինչպէս Տէր Յիսուս երկինք փոխադրեց իր մայրը՝ Ս. Կոյս Աստուածածինը, այնպէս նաեւ երկինքի թագաւորութիւն պիտի առնէ մեզ, որ կը հաւատանք Իրեն ու կը հետեւինք Անոր։
Քարոզի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ Վաքըֆգիւղին ու Ս. Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցիին եւ ըսաւ, որ ան կարեւոր է եւ ահա ուխտի եկած ենք բոլորս։ Տօներ կարեւորութիւն կը ստանան, երբ մենք զանոնք կարեւոր կը տեսնենք, կը նշենք ու մեր յաջորդներուն կը փոխանցենք։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց ու բարձր գնահատեց յատկապէս Վաքըֆգիւղի բնակիչները, գլխաւորութեամբ իրենց հովուին՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայի, Ճեմ Չափարի ատենապետութեամբ Ծխական Խորհուրդի եւ գիւղապետ Պերճ Քարթունի ու յարատեւութիւն մաղթեց իրենց։
Յաւարտ Ս. Պատարագի Եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքը։ Ապա հարիսայի կաթսաներն օրհնուեցան մատաղի յատուկ աղօթնքերով ու բաժնուեցան ներկայ հաւատացեալներուն։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնն ու պաշտօնական հիւրեր հաւաքուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Մասնակցեցան Սամանտաղի Քաղաքապետ Էմրահ Քարաչայ, Իսլահիյէի Քաղաքապետ Քեմալ Վուրալ ու զանազան ոչ-քաղաքական հաստատութեանց ներկայացուցիչներ։
Նշենք նաեւ, որ այս տարուան տօնախմբութեան եւ ուխտագնացութեան մասնակցեցան Անթաքիայ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հ. Ֆրանսուա Վրդ.ի գլխաւորութեամբ հաւատացեալներ, Մերսինի եւ Իսկենտէրունի մեր համայնքներու անդամներ, Հայաստանէն քառասուն ուխտաւորներ եւ Ա.Մ.Ն.էն վաթսուն ուխտաւորներ։
Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն իրիկուն Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանն եւ Եուսուֆ Թապաշեանի կողմէ առաջնորդուեցաւ Չուքուրօվա Միջազգային օդակայանը, ուրկէ օդային ճամբով վերադարձաւ Իսթանպուլ։