Գնալը Կղզիի մէջ, 24 Օգոստոս 2025, Կիրակի երեկոյեան իր աւարտին հասան Նաւասարդեան Խաղերը, որ հոծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ վերածուեցաւ աննախընթաց տօնակատարութեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան գլխաւոր օժանդակութեամբ կազմակերպուած խաղերու փակման հանդիսութեան մասնակցեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
Մեր Հոգեւոր Պետը, ժամը 21.00-ին, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ եկաւ Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտ։ Մասնակցեցան Կղզեաց Քաղաքապետ Ալի Էրճան Աքփոլաթ, Կղզիի Թաղապետ Էրտալ Այտըն, Թրքահայ Վաքըֆներու Միութեան ատենադպիր եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Սասուն Պիթլիս Միութեան ատենապետ Արամ Տէմիր եւ ծանօթ երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեան։
Գարոլին Մամիկոնեանի եւ Եգիպտոսէն Շահան Թէրզիպաշեանի հանդիսավարութեամբ սկսաւ մրցանակաբաշխութիւնը։ Ոտնագնդակի, վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, նարտի, ճատրակի, թէնիսի մարզերու մէջ թափնեկիրներ ստացան իրենց մրցանակները։
Բեմ բարձրացաւ կամաւոր երիտասարդաց խումբը՝ կապոյտ հրեշտակները եւ ծափերու արժանացան։ Բեմ հրաւիրուեցան բոլոր խաղերու հսկիչներն ու համակարգողները եւ գլխաւորութեամբ Յարութիւն Քուրանի եւ Ռաֆֆի Քայքի ստացան յուշանուէրներ։
Մեր Հոգեւոր Պետը եւս կատարեց մրցանակաբաշխում եւ աւարտին շնորհաւորական պատգամը տուաւ։ Մեծ ուրախութիւն էր երեք օրեր շարունակ հազարաւորներու ներկայութիւնը վայելել եւ Գնալը Կղզիի մէջ ապրիլ տօնական մթնոլորտը։ Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական անձերու եւ համայնքիս անդամներուն՝ որոնց աշխատութեամբ յաջողութեամբ աւարտին հասան խաղերը։
Մրցանակաբաշխութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ նշանաւոր երգիչ Պէնկիւն եւ իր երգերով առաւել եւս ոգեւորեց հազարաւոր ունկնդիրները։ Այսպէս իր աւարտին հասաւ փակման հանդիսութիւնը գնահատանքին արժանանալով ներկաներուն։