ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԲԺԻՇԿ

Անհրաժեշտ վի­­րահա­­տու­­թիւնը

Յու­­սամ առողջ է ձեր միտքն ու հո­­գին, սիրտն ու մար­­մի­­­նը, ինչպէս նաեւ ձեր երկրի քա­­ղաքա­­կան վի­­ճակը, տնտե­­սու­­թիւնը, եւ նոյնքան կա­­րեւո­­րը՝ ձեր արեւմտա­­հայե­­րէնը… Իսկ, եթէ կայ հի­­ւան­­դա­­­գին վի­­ճակ, ահա այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ես կառա­­ջար­­կեմ որ դուք այ­­ցե­­­լէք ճար­­տար բժիշկ մը։ Մի գու­­ցէ, բժշկա­­կան քննու­­թիւն մը պար­­զա­­­բանէ ձեր եւ մեր, ինչպէս նաեւ երկրի եւ մեր լե­­զուի ցա­­ւերը, եւ բո­­լորս վե­­րատի­­րանանք քաղցր եւ ցան­­կա­­­լի առող­­ջութեան։ Ուստի, մեր բժշկա­­րանը ըլ­­լայ բա­­ռարան մը, կամ՝ հին տա­­ղարան մը քնա­­րական, ու մենք վի­­րաբու­­ժի մաս­­նա­­­գիտու­­թեամբ զննենք «բժիշկ» բա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը եւ օգուտ քա­­ղենք անոր գրա­­կան ան­­ցեալէն։

Ինչպէ՞ս դառ­­նալ «բժիշկ»

Դիւ­­րին չէր հա­­յոց լե­­զուի մէջ «բժիշկ» մը ու­­նե­­­նալ։ Օտա­­րի օգ­­նութիւնն էր պէտք։ Լե­­զուա­­բան եւ ստու­­գա­­­բան այ­­րեր քով քո­­վի եկան, դի­­մակ­­ներ հա­­գան, նշդրակ գոր­­ծա­­­ծեցին, քննե­­ցին, վի­­րահա­­տեցին մեր մայ­­րե­­­նին, եւ որո­­շեցին, թէ «բժիշկ» բա­­ռի մայր երա­­կը «բիշ» բառն է։ Զնդե­­րէն ար­­մատ է ան, որ կը նշա­­նակէ «դեղ»։ Այս միավան­­կը, բջիջ մը լոկ, աճե­­ցաւ, աճե­­ցաւ ու դար­­ձաւ բա­­ռերու փար­­թամ եւ առոյգ մար­­մին մը։ Ան այժմ ու­­նի 50-է աւե­­լի ան­­դամ, ինչպէս՝ բժշկա­­գէտ, բժշկա­­պատ­­մութիւն, բժշկու­­հի, անբժշկե­­լի, դժուարաբժշկե­­լի եւ դիւ­­րաբժշկե­­լի։

Բժի՚շկ, հո­­գիս հի­­ւանդ էՀայ­­կա­­­կան բժշկու­­թեան եւ «բժիշկ» բա­­ռի գրա­­կան պատ­­մութեան մէջ, ի՜նչ զար­­մա­­­նալի բան, պար­­զե­­­ցի, թէ ամ­­բողջ հինգ հա­­րիւր տա­­րի՝ Ոս­­կե­­­դարէն մին­­չեւ Քրիս­­տո­­­սի առա­­ջին հա­­զարա­­մեակը, հա­­յը մտա­­հոգո­­ւեր է իր բա­­րոյա­­կան եւ հո­­գեւոր ախ­­տե­­­րով։ Հին հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թիւնը լի է աղա­­չական խօս­­քե­­­րով, ուր բո­­լոր գրիչ­­նե­­­րը Աս­­տուծոյ բժշկու­­թիւնը կը խնդրէ, մտա­­ծելով, թէ աւե­­լի ծանր է հո­­գեւոր հի­­ւան­­դութիւ­­նը, քան մարմնա­­կանը։ Կը փա­­փաքիմ ձե­­զի ներ­­կա­­­յաց­­նել մեր հի­­ներու ցա­­ւերը. 12-րդ դա­­րուն մեր մայ­­րե­­­նիին մաս կազ­­մեց «Ամե­­նաբ­­ժիշկ» բա­­ռը եւ ան դար­­ձաւ Յս. Քրիս­­տո­­­սի անու­­նը՝ «Քրիս­­տոս՝ գե­­րագոյն բժշկա­­պետ՝ բու­­ժիչ յա­­մենայն ցա­­ւոց»։ 6-րդ դա­­րուն ու­­նե­­­ցանք «Բժշկա­­րան» գո­­յակա­­նը։ Այդ բա­­ռը ին­­չո՞ւ պէտք էր հա­­յուն։ Հո­­գեւոր փրկու­­թեան հա­­մար։ Տե­­սէք, թէ ի՚նչ ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ կան այդ բա­­ռով. «Եկե­­ղեցի է բժշկա­­րան մե­­ղաւո­­րաց», «Եկե­­ղեցին՝ բժշկա­­րան անսխա­­լելի», «Ո՚վ խաչ՝ բժշկա­­րան», «Դեղ բժշկու­­թեան» են աղօթքն, ար­­գել մե­­ղաց, բժշկա­­րան յան­­ցա­­­նաց Իսկ ուշ միջ­­նա­­­դարուն, հա­­զիւ 1200 թո­­ւակա­­նին գրի առինք հայ­­կա­­­կան առա­­ջին բժշկա­­րանը, այ­­սինքն՝ «Գիրք կամ մա­­տեան բժշկու­­թեան ար­­հեստին»։ Ահա քա­­նի մը քա­­ղուածք եւս. «Բժշկա­­պետն Քրիս­­տոս», 10-րդ դար, «Բժշկէ զբե­­կեալ սիրտս», 6-րդ դար, «Տե­­րեւ ծա­­ռոյն էր բժշկու­­թիւն հե­­թանո­­սաց», եւ «Գտա­­նէին զբժշկու­­թիւն յա­­ղօթից սրբոյն», 5-րդ դար։

Ու­­սումն բժշկու­­թեան

Հա­­յը շատ ուշ՝ Ուշ-միջ­­նա­­­դարուն ու­­նե­­­ցաւ իր առա­­ջին բժիշկնե­­րը, որոնք գրա­­կան եր­­կեր գրի առին։ Այ­­սօր, խոր յար­­գանքով կը փա­­փաքիմ երեք անուն յի­­շել։ Առա­­ջինը, հայ­­կա­­­կան դա­­սական բժշկու­­թեան հիմ­­նա­­­դիրն է, 12-րդ դա­­րուն ապ­­րած գիտ­­նա­­­կան, բժիշկ, բնա­­գետ եւ իմաս­­տա­­­սէր, «Ջեր­­մանց Մխի­­թարու­­թիւն» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան հե­­ղինակ Մխի­­թար Հե­­րացին է, որուն ար­­ձա­­­նը կանգնած է Մա­­տենա­­դարա­­նի առ­­ջեւ։ Երկրոր­­դը Ամիր­­դովլաթ Ամա­­սիացին է, 15-րդ դա­­րուն Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան մէջ ապ­­րած, սուլթան­­նե­­­րու անձնա­­կան բժիշկ, բնա­­գէտ, մա­­տենա­­գիր, բա­­ռարա­­նագիր, դե­­ղագէտ, եւ հե­­տեւեալ երեք գիր­­քե­­­րու հե­­ղինա­­կը. «Ու­­սումն բժշկու­­թեան», նո­ւիրո­­ւած է մար­­դու մարմնա­­կազ­­մութեան, ախ­­տա­­­բանու­­թեան եւ դե­­ղագի­­տու­­թեան, «Ախ­­տա­­­պատին» դե­­ղագոր­­ծութեան եւ դե­­ղագի­­տու­­թեան նո­­ւիրո­­ւած աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւն է, իսկ «Օգուտ բժշկու­­թեան» գիր­­քը կը նկա­­րագ­­րէ սրտի, թո­­քերու, երի­­կամ­­նե­­­րու, լեար­­դի, փայ­­ծա­­­ղի, ստա­­մոք­­սի, աղիքներու, մի­­զասե­­ռական գոր­­ծա­­­րան­­նե­­­րու կա­­ռու­­ցո­­­ւած­­քը, դա­­սաւո­­րու­­մը եւ պաշ­­տօննե­­րը։ Գիր­­քը նաեւ կը նկա­­րագ­­րէ աչ­­քի թա­­ղանթնե­­րու կա­­ռու­­ցուած­­քը եւ տե­­սողու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ այլ նիւ­­թեր։ Եր­­րորդ անու­­նը Սե­­բաս­­տիոյ մէջ ծնած, 17րդ դա­­րու բժիշկ եւ տա­­ղասաց Բու­­նիաթ (Ասար) Սե­­բաս­­տա­­­ցին է, որ հե­­ղինա­­կեց թէ՚ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ եւ թէ՝ 140 գլու­­խէ բաղ­­կա­­­ցած բժշկա­­րան մը։ Գի­­տէ՞ք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, միջ­­նա­­­դարու հայ բժիշկնե­­րը ի՚նչ սկզբունքով կը կա­­տարէին իրենց ար­­հեստը. հե­­ռաց­­նել հի­­ւան­­դութեան պատ­­ճառնե­­րը, չթո­­ղուլ որ մար­­մի­­­նը հի­­ւան­­դա­­­նայ։ Անոր հա­­մար է, որ Ամիր­­դովլաթ Ամա­­սիացին կը շեշ­­տէր մաք­­րա­­­սիրու­­թեան դե­­ռը առող­­ջա­­­պահու­­թեան մէջ։ Հայ­­կա­­­կան հին մա­­տեանի մը մէջ գտայ այդ ըն­­տիր խօս­­քը. «Բժշկու­­թեան սկիզբն է ար­­գե­­­լուլ զհի­­ւան­­դութեանցն պատ­­ճառս, ոչ եւս թո­­ղուլ նիւթ հի­­ւան­­դա­­­րարու­­թեան»։

Բժիշկ Նա­­րեկը

Հա­­յու հա­­մար «Նա­­րեկ» մա­­տեանը լոկ աղօ­­թագիրք չէ։ Ան բժշկա­­րան է, ուր ամէն հայ գի­­շերա­­յին կամ վաղ առա­­ւօտեան ան­­դորր ժա­­մերուն մեղ­­մա­­­ձայն կըն­­թերցէ (Նա­­րեկը պէտք է ձայ­­նով կար­­դալ) ու կը գտնէ թէ՚ հո­­գեկան եւ թէ մարմնա­­կան բժշկու­­թիւն։ Այդ երե­­ւոյ­­թը ծնունդ տո­­ւաւ նոր բա­­ռի մը՝ «նա­­րեկա­­բու­­ժութիւն»։ Հա­­յը կը հա­­ւատայ, թէ բու­­ժիչ են Նա­­րեկա­­ցիի աղօթքնե­­րը։ Յի­­շենք, թէ Մա­­տեանի 41-րդ բա­­նը (գլու­­խը) բժշկու­­թեան աղօթք է։ Ես մա­­տեանի մէջ փնտռե­­ցի «բժիշկ» բա­­ռը եւ տե­­սայ, թէ ան ուղղուած է Աս­­տուծոյ եւ կը նկա­­րագ­­րէ զայն. «Ամե­­նաբ­­ժիշկ», «Ամէ­­նարո­­ւեստ բժիշկ», «Բժիշկ վի­­րաց անե­­րեւու­­թից», «Բժշկեա՚, ամե­­նակա­­րող», «Ամե­­նատե­­ղաց դեղ, ձրի բժշկու­­թիւն», «Բժշկու­­թիւն հոգ­­ւոց», «Եւ արդ, զիա՞րդ բժշկես­­ցիս, անձն իմ եղ­­կե­­­լի», «Շօ­­շափեա՚ բժշկա­­պէս զա­­մենաթ­­շո­­­ւառ ախ­­տա­­­ւորու­­թիւնս», «Բժշկու­­թիւն հոգ­­ւոյս աղեր­­սեմ»։ «Մե­­ղաւոր, ախ­­տա­­­ւոր, եղ­­կե­­­լի եւ աղ­­տե­­­ղացած» Նա­­րեկա­­ցին այս խօս­­քե­­­րով խնդրեց իր ան­­տե­­­սանե­­լի վէր­­քե­­­րու բժշկու­­թիւնը։

Ֆրի­­կը հի­­ւան­­դա­­­ցաւ

Մեր հի­­ւանդ տա­­ղասաց­­նե­­­րէն մէկն ալ Ֆրիկն էր։ Անոր ար­­ձա­­­նը Մա­­տենա­­դարա­­նի առ­­ջեւ Հե­­րացիի քով կը կանգնի ու կը բա­­րեւեէ ձեզ։ Ֆրիկն ալ կը տա­­ռապէր հո­­գեկան եւ բա­­րոյա­­կան ախ­­տե­­­րէ։ Լա­­ւագոյն դե՞ղն անոնց… Աղօթ­­քը։ Ճար­­տա­­­րագոյն բժի՞շկն անոնց… Քրիս­­տո­­­սը։ Ֆրի­­կի տա­­ղերու մէջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ես գտայ յու­­զիչ խօս­­քեր։ Ֆրի­­կի ցա­­ւերը, մի գու­­ցէ, աշ­­խարհի բո­­լոր մար­­դոց՝ խո­­ցելի Ադա­­մոր­­դիին ցա­­ւերն ըլ­­լա­­­յին, ուստի Ֆրիկ ըն­­թերցել, ինչպէս ըն­­թերցել Նա­­րեկ, կը նշա­­նակէ բժշկու­­թիւն աղեր­­սել։ Ահա ֆրի­­կի դի­­ւանէն ըն­­տիր խօս­­քեր. «Իմ խո­­ցիս դեղ Դու գի­­տես, որ բժշկէ դեղ քնքշամ», «Դու բժիշկ ես անար­­ծաթ, փող մի չու­­նիմ, որ ես Քեզ տամ», «Մի պշկար յիմ խո­­ցերոյս, որ Քո ձե­­ռօքդ առող­­ջա­­­նամ, թէ ասեն՝ ո՞վ բժշկեաց, ես ի Քե­­նէ լոկ գո­­հանամ», «Յու­­սով կու գամ առ Քեզ, Բժիշկ»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ առա­­ջին ան­­գամ է որ հա­­սարակ նա­­խադա­­սու­­թեան մը մէջ «բժիշկ» բա­­ռը գրո­­ւած է մե­­ծատառ եւ դար­­ձած է յա­­տուկ անուն։ Մենք աղօ­­թենք Ֆրի­­կի հա­­մար։

«Տղա­­մար­­դի եւ կնոջ գաղտնի հի­­ւան­­դութիւններ»

Ինչ լաւ կըլ­­լար, մտա­­ծեցի, փո­­խանակ ձե­­ռագիր մա­­տեանի, որ եզա­­կի է, բժշկա­­կան տպա­­գիր գիր­­քեր ու­­նե­­­նալ, որ­­պէսզի ամ­­բողջ հա­­սարա­­կու­­թիւնը օգ­­տո­­­ւէր անոր գի­­տելիք­­նե­­­րէն։ Հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութեան պատ­­մութեան մէջ պտոյտ մը կա­­տարե­­ցի։ Առող­­ջա­­­պահու­­թեան նո­­ւիրո­­ւած բազ­­մա­­­թիւ գիր­­քեր գտայ։ Այդ որո­­նու­­մի ժա­­մանակ նկա­­տեցի նաեւ, թէ հայ բժիշկնե­­րը, որոնք քաջ գի­­տէին գրա­­բար լե­­զուն, իրենց բժշկա­­կան աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւննե­­րը գրի առած են մի­­ջին հա­­յերէ­­նով, այ­­սինքն 1100-1600 թո­­ւական­­նե­­­րու լե­­զուով, որ հասկնա­­լի էր ռա­­միկին։ Այդ այ­­րե­­­րը ճա­­նաչեր են թէ՚ մարմնա­­կան եւ թէ՝ հո­­գեւոր ախ­­տե­­­րը։ Սկսիմ հայ­­կա­­­կան բժշկու­­թեան անդրա­­նիկ հրա­­տարա­­կու­­թեամբ՝ «Բժշկա­­րան», որ Լվով քա­­ղաքի մէջ տպո­­ւած է, հա­­յերէն առա­­ջին Աս­­տո­­­ւածա­­շունչէն 50 տա­­րի առաջ։ Ապա լոյս տե­­սան օգ­­տա­­­շատ անուններ. «Բժշկա­­րան հա­­մառօտ», Նոր-Նա­­խիջե­­ւան, Ս. Խաչ վան­­քի տպա­­րան, 1793, «Նիւթ բժշկա­­կան», Վե­­նետիկ, 1806, «Դեղ կե­­նաց որ եւ է հո­­գեւոր բժշկա­­րան», Վե­­նետիկ, 1810, «Բժշկա­­րան հո­­գեւոր», Պո­­լիս, պատ­­րիար­­գա­­­նիստ Մայր եկե­­ղեց­­ւոյ տպա­­րան, 1822, «Բժշկա­­րան հո­­գեւոր հի­­ւան­­դա­­­ցելոց», Փա­­րիզ, 1858, «Տա­­նու բժիշկ կամ հա­­սարա­­կաց բժշկա­­րան», Թիֆ­­լիս, 1863, Էջ­­միած­­նի տպա­­րանի մէջ՝ «Ինչպէս բժշկել երե­­խանե­­րի աչ­­քե­­­րը», 1876, բնա­­կան դե­­ղեր նա­­խընտրող­­նե­­­րու հա­­մար՝ «Բա­­ռարան բժշկա­­կան բոյ­­սե­­­րի», Երե­­ւան, 1883, իսկ սե­­ռային գաղտնի հար­­ցեր ու­­նե­­­ցողի հա­­մար՝ խիստ պատ­­կե­­­րազարդ (այդ նկար­­նե­­­րը կա­­րելի չէ թեր­­թի մէջ հրա­­տարա­­կել) «Բժշկա­­րան տղա­­մար­­դի եւ կնոջ գաղտնի հի­­ւան­­դութիւննե­­րի», Թիֆ­­լիս, 1911։ Այս գիր­­քե­­­րու խօ­­սած բժշկու­­թիւնը ժա­­մանա­­կավ­­րէպ կրնայ ըլ­­լալ, բայց կաս­­կած չկայ, թէ բո­­լորն ալ խիստ թան­­կա­­­գին են եւ հա­­ւագե­­լի։

Ո՞վ է բժիշկդ

Խոր­­հուրդ կու տան, որ հի­­ւան­­դը եր­­կու կամ երեք բժիշ­­կի կար­­ծի­­­քը լսէ։ Ո՞վ է, ու­­րեմն, լա­­ւագոյն բժիշ­­կը՝ ես ին­­ծի հար­­ցուցի։ Ապա, թեր­­թե­­­ցի «Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թիւն» կո­­չուած հսկայ բժշկա­­րանի այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րու ցան­­կը եւ տե­­սայ, թէ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի հա­­մար Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչն էր լա­­ւագոյն բժիշ­­կը։ «Տաղ Սրբոյն Գրի­­գորի Լու­­սա­­­ւոր­­չին» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ Շնոր­­հա­­­լին գրեց. «Վի­­րաց մե­­րոց բժիշկ, Գրի­­գորիո՛ս, աւե­­տաւոր բժիշկ»։ Ըստ Խա­­չատուր Երէց Խաչգռու­­զի՝ Հայր Աս­­տո­­­ւածն էր լա­­ւագոյն բժիշ­­կը. «Աս­­տո­­­ւած, իմ բա­­րի աս­­տո­­­ւած, / Բժիշկ իմաս­­տուն ես դու»։ Յով­­հաննէս Պլուզ Երզնկա­­ցին Աս­­տուծա­­մօր ապա­­ւինե­­ցաւ որ­­պէս իր սե­­փական բժիշ­­կը. «Բժիշկ կե­­նաց, մա՜յր մա­­քուր, Մա­­րիա՜մ. / Աննմա՜ն, աննմա՜ն, աննմա՜ն, կո՚յս Տի­­րամայր»։ Սի­­մէոն Կա­­ֆացին հա­­մաձայն էր. «Սպե­­ղանի իմ խո­­ցերոյս, / Բժիշկ եւ դեղ ցա­­ւերոյս, / Դու ես, Մա­­րիամ սուրբ կոյս»։ Տա­­ղասաց Ստե­­փանոս Թո­­խաթ­­ցին հա­­մոզո­­ւած էր, թէ իր քա­­ղաքի Սուրբ Քա­­ռասունք թա­­ղի Տէր Յա­­կոբ քա­­հանան էր վստա­­հելի բժիշկ. «Ո՚վ տէր Յա­­կոբ, բժիշկ բա­­րի, / Դու փա­­րատող ամէն ցա­­ւի, / Թէ հո­­գոյ ախտ եւ թէ մարմնի, / Ապա­­քինող ամե­­նայ­­նի»։ Բայց օր մը, աշ­­խարհիկ տա­­ղասաց մը յայտնո­­ւեցաւ, Ղա­­զար Սե­­բաս­­տա­­­ցին էր ան, գրի առաւ միջ­­նա­­­դարուն շատ տա­­րածո­­ւած սի­­րային, քնա­­րական եր­­գեր, ինչպէս՝ «Ծով աչք, ամ քա­­նի նա­­յիս խո­­լորով» եւ «Տաղ սի­­րոյ եւ ու­­րա­­­խու­­թեան», եւ մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ սի­­րու­­նա­­­տես եարը իր նա­­յուած­­քով կը բու­­ժէ ամէն ցաւ.

Ծո՛վ աչք, ամ քա­­նի՞ նա­­յիս խո­­լոռով,

Գաս նստիս, զա­­չերդ ածես խնճե­­րով,

Երբ որ գաս անցնիս, ճե­­մես նա­­զերով,

Տա­­նիս զշունչս ու զխելքս եւ զհո­­գիս ճո­­րով։

Քո սաս­­տիկ սի­­րուդ հի­­ւան­­դա­­­ցեալ եմ,

Հէ­­քիմ ու բժիշկ զքեզ լը­­ւեալ եմ,

Քո առ իս գա­­լուդ խիստ կա­­րօտեալ եմ։

Անոյշ տեսքդ է բժիշկ

Կէս-բժշկա­­կան այդ յօ­­դուածս, յու­­սամ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, քիչ մը բժշկում, ապա­­քինում եւ դար­­մա­­­նում տո­­ւաւ ձե­­զի։ Բայց ես կը խրա­­տեմ, որ դուք մէկ այլ բժիշ­­կի խօսքն ալ լսէք։ Իսկ արդ, ինչպէս մեր սո­­վորու­­թիւնն է, եր­­գով մը հրա­­ժեշտ տանք իրա­­րու։ Լսենք աշուղ Պայ­­ծա­­­ռի սի­­րային եր­­գը, հա­­մոզո­­ւած ըլ­­լա­­­լով, թէ եարի անոյշ նա­­յուածքն է լա­­ւագոյն բժիշ­­կը.

Ո՞ւր ես ար­­դեօք, ո՞ւր ես, անոյշ սի­­րական,

Քո սի­­րով զար­­կո­­­ւած եմ, հա­­սիր օգ­­նութեան.

Տուր սպե­­ղանի ցա­­ւիս պի­­տանի,

Քա՞նի մէկ, քա՞նի մնամ ան­­դարման։

Քեզ տես­­նելն է միայն իմ ճիգ եւ ջանքս,

Որ սի­­րոյ խօս­­քե­­­րով բժշկես կեանքս։