Թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեանին շնորհուած է Ազգային արժանեաց պատուոյ շքանշանի ասպետի կոչում

Սեպ­տեմբեր 25-ին, Փա­րիզի Երաժշտա­կան բարձրա­գոյն վար­ժա­րանին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սաւոր արա­րողու­թեան մը ըն­թացքին՝ ֆրան­սա­հայ թաւ­ջութա­կահա­րու­հի Աստղիկ Սի­րանո­սեան ստա­ցած է Ազ­գա­յին ար­ժա­նեաց պա­տուոյ շքան­շա­նի աս­պե­տի կո­չում, որ Ֆրան­սա­յի ամե­նաբարձր պար­գեւնե­րէն է։ Ան ար­ժա­նի նկա­տուած է՝ իր արո­ւես­տի նո­ւաճումնե­րուն եւ քա­ղաքա­ցիական նո­ւիրու­մին հա­մար։

Շքան­շա­նը 36-ամեայ հայ երա­ժիշ­տին յանձնո­ւած է դրա­մատէր եւ մէ­կենաս Ֆրան­սո­ւա Հեն­րո­յի կող­մէ, մե­ծարեալի ըն­տա­նիքին, երա­ժիշտ բա­րեկամ­նե­րու, արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու, գրող­նե­րու, լրագ­րողնե­րու եւ ընդհան­րա­պէս գոր­ծա­րար աշ­խարհի ծա­նօթ դէմ­քե­րէ բաղ­կա­ցած այլ հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեան։

“Այս քայ­լով, Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պետու­թիւնը իր յար­գանքի տուրքը կը մա­տու­ցէ ոչ միայն բա­ցառիկ երա­ժիշ­տի մը, այ­լեւ՝ նո­ւիրեալ կնոջ մը, որ երաժշտու­թիւնը դար­ձուցած է բաժ­նեկցու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան հա­մապար­փակ լե­զու”,– յայ­տա­րարած է Հեն­րօ իր խօս­քին մէջ։

Փայ­լուն մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզ

Լիոնա­հայ ըն­տա­նիքի մը յար­կին տակ ծնած Աստղիկ Սի­րանո­սեան արա­գօրէն հաս­տա­տուե­ցաւ իբ­րեւ իր սե­րունդի ամե­նայատ­կանշա­կան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րէն մէ­կը։ Հե­ղինա­կաւոր մի­ջազ­գա­յին մրցոյթնե­րու դափ­նե­կիր՝ ան ելոյթ ու­նե­ցած է աշ­խարհի ամե­նահռչա­կաւոր բե­մերէն՝ Փա­րիզի Ֆիլ­հարմո­նիէն մին­չեւ Վիեն­նա­յի Մու­զիքֆե­րայն եւ Նիւ Եոր­քի Քար­նե­կի Հոլ՝ հա­մագոր­ծակցե­լով անո­ւանի խմբա­ւար­նե­րու եւ նո­ւագա­խումբե­րու հետ, միեւ­նոյն ատեն հե­տապնդե­լով սե­նեկա­յին երաժշտու­թեան աշ­խուժ գոր­ծունէու­թիւն մը, որ կ’ընդգրկէ դա­սակա­նէն մին­չեւ ժա­մանա­կակից եր­գա­ցանկ։ Քննա­դատ­նե­րու կող­մէ բարձր գնա­հատո­ւած իր ձայ­նագրու­թիւննե­րը կ’ընդգծեն արո­ւես­տա­գիտու­հի մը, որ կը հա­մադ­րէ վար­պե­տու­թիւն, զգայ­նութիւն եւ մէկ­նա­բանու­թեան խո­րու­թիւն։

Այս պար­գե­ւով, Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պետու­թիւնը կը պա­տուէ ոչ միայն գե­ղարուես­տա­կան բա­ցառիկ գոր­ծունէու­թիւն մը, այ­լեւ՝ խոր քա­ղաքա­ցիական նո­ւիրում մը։

Աստղիկ Սի­րանո­սեան այժմ կը միանայ փա­ղան­գին այն յար­գարժան երա­ժիշտնե­րու, որոնք իրենց արո­ւես­տով եւ մե­ծահո­գու­թեամբ կը նպաս­տեն Ֆրան­սա­յի մշա­կու­թա­յին ազ­դե­ցու­թեան եւ աշ­խարհի հետ անոր եր­կխօ­սու­թեան։

Արո­ւես­տա­գիտու­հին բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին մրցոյթնե­րու դափ­նե­կիր է։ Ան կը նո­ւագէ Ֆրան­չեսքօ Ռու­ճե­րիի 1676-ին կեր­տած բա­ցառիկ թաւ­ջութա­կին վրայ։ Սի­րանո­սեան, 2016-ին հրա­պարա­կած է ալ­պոմ մը՝ նո­ւիրո­ւած Կո­միտա­սին։

Աստղիկ Սի­րանո­սեան Փա­րիզի Աս­տուածա­մօր տա­ճարին մէջ կա­տարած է «Հա­ւուն, Հա­ւուն»-ը

Քա­նի որ խօս­քը Աստղիկ Սի­րանո­սեանի մա­սին է, նշէնք նաեւ որ քա­նի մը օր առաջ, Փա­րիզի Աս­տո­ւածա­մօր (Notre-Dame) տա­ճարի Արե­ւելեան քրիս­տո­նեանե­րու մա­տու­ռի կա­մար­նե­րուն տակ ան կա­տարեց «Հա­ւուն, Հա­ւուն» օրհներ­գը. Նկա­րահա­նուե­ցաւ նաեւ կա­տարու­մին տե­սահո­լովա­կը։ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիին վե­րագ­րո­ւող այս ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը կը հա­մարո­ւի հայ հո­գեւոր երաժշտու­թեան հնա­գոյն նմուշնե­րէն մէ­կը։

Փա­րիզի ար­քե­պիս­կո­պոս եւ Արե­ւել­քի կա­թոլիկ­նե­րու առաջ­նորդ Լո­ռան Իւլրի­խի փա­փաքով ու նա­խաձեռ­նութեամբ ստեղ­ծո­ւած Արե­ւելեան քրիս­տո­նեանե­րու մա­տու­ռը,– որուն բա­ցու­մը կա­տարո­ւեցաւ 2025 Մա­յիս 28-ին,– նո­ւիրո­ւած է Արե­ւել­քի քրիս­տո­նէական աւան­դութիւննե­րուն եւ կո­չուած է ուխտա­ւոր­նե­րուն յի­շեց­նե­լու արե­ւելեան եր­կիրնե­րէ եկող հո­գեւոր ակունքնե­րու մա­սին։

(Նոր Յառաջ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ