ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ամփոփ

Ըմբշա­մար­տի աշ­խարհի ախո­յեանու­թիւնը աւար­տե­ցաւ։ Հայ մար­զի­կը՝ Ոս­կի մե­տալ… Հայ մար­զի­կը՝ Ար­ծաթ մե­տալ… Հայ մար­զի­կը՝ Կրկնա­կի ախո­յեան… Այս ար­դիւնքնե­րը ու­րա­խու­թեան եւ հպար­տութեան ալիք բարձրա­ցու­ցին դա­սարա­նի մէջ, երբ «Այժմէական լու­րեր» դի­տելով կամ­փո­փէինք շա­բաթը։ Իսկ նոյն օր գի­շերա­յին ժա­մերուն ամ­փոփ պտոյտ մը կա­տարե­ցի հա­յաս­տա­նեան այլ լու­րե­րու մէջ. «Վար­չա­պետն ամ­փո­փեց իր այ­ցը Չի­նաս­տան», «Armenian Auto Show-ն ամ­փո­փում է էքսպո­յի (ցու­ցա­հան­դէս) երկրորդ օրը»։ Ապա, լու­րե­րու յա­տուկ հա­տուած մը յայտնո­ւեցաւ պաս­տա­ռի վրայ՝ «Արեւմտա­հայե­րէն լու­րեր. շա­բաթուայ ամ­փո­փում»։ Ու ես մտա­ծեցի, կա­րելի՞ է ար­դեօք մէկ յօ­դուա­ծի մէջ ամ­փո­փել «ամ­փոփ» բա­ռի ըն­դարձակ պատ­մութիւ­նը։ Ուստի խո­րացայ հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան գրա­կանու­թեան էջե­րու մէջ։ Ահա ձե­զի կը ներ­կա­յաց­նեմ այդ ճա­նապար­հորդու­թեանս ամ­փո­փու­մը։

Ամ­փոփ հա­գիր

Ամ­փոփ բա­ռի պատ­մութիւ­նը իս­կա­պէս ամ­փոփ է։ Սուրբ Գի՞րքը… Ինքնամ­փոփ ըն­թերցե­ցի։ Ի՞նչ գտայ. երեք հե­տաքրքրա­կան ար­տա­յայ­տութիւն. «Ամ­փո­փեա զձեռն քո», «Ամ­փո­փիցես զմե­ռեալն», «Ամ­փո­փել զմար­մինս ան­կե­լոցն ՚ի պա­տերազ­մի»։ Ապա, մղում մը զիս տա­րաւ հայ­կա­կան հին մա­տենագ­րութեան մա­գաղա­թեայ էջե­րուն։ Ամ­փոփ գանձ մը գտայ։ Ահա, թէ ի՚նչ գրեր են մեր գրիչ­նե­րը 5-րդ դա­րէն մին­չեւ 10րդ դար. «Ժո­ղովեալ իցեմք… ամ­փոփ միաբա­նու­թեամբ», «Ամ­փո՚փ կալ զանձն քո ʼի քեզ», «Մի՚ առ զար­դա­րել, այլ առ ամ­փոփ զգե­նուլ»։ Գե­ղեցիկ էր տես­նել, թէ մեր հի­ները կը խրա­տէին «ամ­փոփ» ըլ­լալ, թէ խօս­քի եւ թէ զգես­տի մէջ։

Գլխիկդ ամ­փո­փէ կուրծքիս վրայ

Հա­կիրճ պտոյ­տիս մէջ հան­դի­պեցայ եր­կու ըն­տիր բա­ռերու. «Վաշ­խամփոփ», տուրք հա­ւաքող եւ «Ամ­փո­փիչ», հա­ւաքող, բո­վան­դա­կող։ Ներ­սէս Լամբրո­նացիի հա­մար Յի­սուս Քրիս­տոսն էր ամ­փո­փիչը՝ «Ծա­նեաւ զնո­սա՝ վա­րիչս ան­ձին իւ­րոյ, եւ զՔրիս­տոս՝ ամ­փո­փիչ», սաղ­մոս։ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին մե­զի պար­գե­ւեց երեք ար­տա­յայ­տութիւն. «Ափդ ամ­փո­փիչ ամե­նից հոգ­ւոց», «Ամ­փո­փիչ խորհրդոց», «Ամ­փո­փեա ամե­նակալդ թե­ւօք»։ Ի՜նչ գե­ղեցիկ է ու­նե­նալ վստա­հելի մէ­կը, որ իր թե­ւերով ամ­փո­փէ քեզ։ Քնա­րական պատ­կեր չէ՞ սա… Դա­նիէլ Վա­րու­ժանն ալ գի­տեր, թէ ի՚նչ քաղցր է ամ­փո­փուի­լը։ «Հար­ճը» քեր­թո­ւածի մէջ մե­զի շնոր­հեց այդ գրա­կան պատ­կե­րը, երբ շի­կահեր գե­ղեց­կուհին իր գլու­խը ամ­փո­փեց քա­ջարի, լայ­նա­լանջ իշ­խան Տրդա­տի կուրծքին մէջ. «Կ՛ար­շա­ւէին դէպ Շի­րակ / Տրդա­տի լայն կուրծքին վրայ / Կը հանգչեց­նէր՝ հարճն ամ­փոփ՝ գլուխն իբ­րեւ լուսնկայ»։ Նա­րեկա­ցիի չոր­րորդ խօս­քը, խիստ քնա­րական՝ պի­տի վա­յելէր 19-րդ դա­րու գե­ղապաշտ բա­նաս­տեղծնե­րու գրի­չին. «Ամ­փո­փեալ պա­րու­րեա զպա­տու­հան տե­սու­թեանց զգա­յարա­նացս»։ Մե­ծարենց մը, Տէ­րեան մը, կամ Թէ­քէեան մը պի­տի ըսէր՝ «Ամ­փո­փեալ պա­րու­րէ պա­տու­հաններն իմ աչ­քին»։

Ամ­փո­փուած Վար­դա­նը

«Վար­դա­նանք» վէ­պի մէջ Դե­րենիկ Դե­միր­ճեանը մե­զի սփո­փիչ բա­ցատ­րութիւն մը տո­ւաւ. Վար­դա­նը չէ մե­ռած. ան պար­զա­պէս եւ յա­ւեր­ժօ­րէն ամ­փո­փուած է. «…Մե­նաւոր մի դամ­բա­րան է ծած­կում իր տա­կին ամ­փո­փուած մի հո­գու յա­ւեր­ժա­կան հան­գիստը»։ Վար­դանն է հոն։ Աւա­րայ­րի վճիտ լռու­թեան մէջ այ­ցե­լու­նե­րը կը լսեն մեղ­մա­ձայն գեղ­գե­ղանք մը։ Ի՞նչ է ան։ Դե­միր­ճեանը շա­րու­նա­կեց. «Դա­րերի հին երգն է դա վար­դա­նանց նո­ւիրո­ւած։ Ահա այդ յա­ւեր­ժա­կան եր­գի մէջ են ար­դէն ճշմար­տօ­րէն ամ­փո­փուած Վար­դա­նը եւ վար­դա­նանք»։ Մա­հացա­ծի հա­մար գոր­ծա­ծել «ամ­փո­փել» բա­ռը… Ի՜նչ քնքոյշ վե­րաբեր­մունք, եր­կիւղի ի՜նչ ազ­նիւ ար­տա­յայ­տութիւն։ Մեր լե­զուն եւ անոր «ամ­փոփ» բա­ռը բա­ժին ու­նի՞ն այդ գե­ղեցիկ ար­տա­յայ­տութիւննե­րու մէջ։ Վար­դա­նանց պա­տերազ­մի ակա­նատես պատ­մի­չը պա­տաս­խա­նեց հար­ցումս (թարգմա­նաբար). «Յու­նա­րէնը մեղմ է, հռով­մէական լե­զուն՝ հզօր, հո­ներէ­նը՝ ահա­բեկող, ասո­րերէ­նը՝ աղեր­սա­կան, պարսկե­րէնը՝ պերճ, ալա­ներէ­նը՝ գե­ղեց­կա­զարդ, կո­թերէ­նը՝ հեգ­նա­կան, եգիպ­տե­րէնը՝ տա­փակա­խօս ու խա­ւարա­ձայն, հնդկե­րէնը՝ ճռո­ւողա­կան, հա­յերէ­նը՝ քաղցր, որ միաժա­մանակ կրնայ միւս բո­լոր լե­զու­նե­րու յատ­կութիւննե­րը ամ­փո­փել իր մէջ»։

Մանկտիք ամ­փո­փեցին ազ­գը

Ժա­մանա­կակից գրա­կանու­թեան մէջ «ամ­փոփ» բա­ռը, ինչ զար­մա­նալի բան, դար­ձաւ՝ հայ­րե­նասի­րական։ Ան իր մէջ ամ­փո­փեց հա­յու երազ­ներն ու մե­ծու­թիւննե­րը։ Նախ Դա­նիէլ Վա­րու­ժանն էր, որ լուռ ամ­փո­փուե­ցաւ Ալի­շանի շի­րիմին առ­ջեւ, ապա գրեց հե­տեւեալ տո­ղիկը. «…Կը նիր­հէ / Ար­ծիւն՝ ամ­փոփ»։ Սե­րօ Խան­զա­դեանը դրո­ւատեց Պա­րոյր Սե­ւակը. «Սոսկ մի լոյս չէր։ Նա իր վիթ­խա­րի հո­գու մէջ ամ­փո­փում էր հա­զարա­մեակ­ներ շա­րու­նակ բա­նաս­տեղծու­թեամբ շքե­ղացած հայ ժո­ղովրդի հա­զարա­մեակ­նե­րի բա­նաս­տեղծա­կան լոյ­սը»։ Իսկ Մու­րա­ցանը «Գե­ւորգ Մարզպե­տու­նի» պատ­մա­վէպի մէջ մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ խեղ­ճուկ խրճիթ­նե­րու մէջ ապ­րող հայ գեղ­ջուկ մանկտի­քը իրենց մէջ կամ­փո­փեն յա­տուկ ոյժ մը. «Դրանք են, որ ամ­փո­փում են իրանց մէջ հայ­րե­նիքի ոյ­ժը»։

Ամ­փո­փուե­ցայ սե­նեակիս մէջ

Այնքան հա­ճելի էր, յար­գե­լի ըն­թերցող, լու­սամփո­փի աղօտ լոյ­սին տակ նստած «ամ­փոփ» բա­ռի պատ­մութիւ­նը կար­դալ։ Տե­սայ, թէ բա­ւական ըն­դարձակ էր ան իմաս­տով եւ գոր­ծա­ծու­թեամբ։ Այդ բա­ռին հան­դի­պեցայ թ՚է հո­գեւոր եւ թէ՝ քնա­րական գրա­կանու­թեան մէջ։ Ահա անոր բազ­մա­զան իմաստնե­րը. ափով կամ ձեռ­քով շօ­շափել, փայ­փա­յել, սփո­փել, մեղ­մել, բռնել եւ շո­յել. «Զաս­տեղս երկնից ամ­փո­փել», ծած­կո­ւիլ, պատ­կա­ռիլ, գու­մա­րել, նո­ւաճել, պա­հուիլ, կծկտիլ, քա­շուիլ, սմքիլ, ինչպէս մէ­կը կառանձնա­նայ իր սե­նեակի մէջ. «Սե­նեակս ղօ­ղեալ ամ­փո­փիցիմ», կամ՝ «Արջն ամ­փո­փեալ յորջսն», դարձ առ­նել, յե­ղաշրջիլ, դառ­նալ. «Սուրն Սա­ւու­ղայ ոչ ամ­փո­փեցաւ դա­տար­կա­ցեալ», կամ՝ «Անձրեւ կե­նաց՝ ամ­փո­փեալ յեր­կինս» (Ն. Շնոր­հա­լի, տաղ)։ Իսկ վեր­ջի­նը լա­լու չափ քնա­րական է. փա­կել. խցա­նել. դադ­րիլ. գո­ցուիլ, բռնո­ւիլ, ինչպէս՝ լա­ցը. «Վտակք ար­տա­սուացք եւ ամ­փո­փեցին»։

Ինքնամ­փոփ բա­ռը

Ի՞նչ է այս գե­ղեց­կութեան աղ­բիւրը։ Յստակ չէ։ Ըստ մէկ կար­ծի­քի յու­նա­կան ծա­գում ու­նի ան։ Ար­մատն է ἀμφί (ամ­փի, ամ­ֆի) բա­ռը։ Զար­մա­նալին այն է, որ երբ մեր հի­ները հա­զիւ շի­նեցին «ամ­փո­փիչ» եւ «անամ­փոփ» (Ագա­թան­գե­ղոս) բա­ռերը, ժա­մանա­կակից հա­յերէ­նը յա­ջողե­ցաւ նո­րանոր, պատ­կե­րալից բա­ռեր ստեղ­ծել անոր հետ։ Այ­սօր կը վա­յելենք «ձայ­նամփոփ», «ինքնամ­փոփ» եւ «նե­րամ­փոփ» բա­ռերը։ Իսկ չոր­րորդը՝ «լու­սամփոփ» գո­յակա­նը, բախ­տա­ւորն է։ Շնոր­հիւ Եղի­շէ Չա­րեն­ցի եւ թո­քախ­տա­ւոր, թա­փան­ցիկ աղջկան մը, որ ու­նէր աս­տուածա­մօր աչ­քե­րը, բառս դար­ձաւ 20-րդ դա­րու հայ­կա­կան ամե­նայայտնի սի­րային բա­նաս­տեղծու­թեան առա­ջին բա­ռը.

Լու­սամփո­փի՜ պէս աղ­ջիկ՝ Աս­տո­ւածա­մօր աչ­քե­րով

Դու­րեանը ամ­փո­փեցինք

Լու­րե­րը պաս­տա­ռի վրայ են։ Խօս­նա­կը օրո­ւայ ամ­փո­փու­մը կը հա­ղոր­դէ։ Իսկ ես կը մտա­բերեմ հին լու­րեր, ուր «ամ­փոփ» բա­ռը ու­նէր քա­ղաքա­կան նշա­նակու­թիւն. «Մի­սաք Մա­նու­շեանի աճիւննե­րը կ՚ամ­փո­փուին Փա­րիզի Պան­թէոնին մէջ», «Զօ­րավար Սե­պու­հի աճիւննե­րը ամ­փո­փուե­ցան Եռաբ­լուրի մէջ»։ Իսկ եղան օրեր, երբ «ամ­փոփ» բա­ռը մե­զի տո­ւաւ յու­զիչ հպար­տութիւն մը. «Պետ­րոս Դու­րեանի մա­սունքը ամ­փո­փուե­ցաւ Երե­ւանի Պան­թէոնին մէջ», «Ջի­ւան Գաս­պա­րեանի 65ամեայ գոր­ծունէու­թիւնը ամ­փո­փուե­ցաւ երե­ւանեան հա­մեր­գով», «Մար­տի­րոս Սա­րեանի մա­տենան­կարչու­թեան հա­րուստ ժա­ռան­գութիւնն ամ­փո­փուե­ցաւ եռա­լեզու գրա­ցու­ցա­կի մէջ»։

Տաք ափե­րով զիս ամ­փո­փեցիր

Արդ, ժա­մանակն է որ մենք այ­լեւս ամ­փո­փենք յօ­դուա­ծը։ Կը փա­փաքիմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձե­զի քնա­րական տո­ղիկ­նե­րով հրա­ժեշտ տալ։ Երի­տասարդ բա­նաս­տեղծու­հի Ար­փի­նէ Խա­չատ­րեան նկա­տեց, թէ «ամ­փոփ» բա­ռը կրնա՚ր քնա­րական ըլ­լալ եւ երեք ամիս առաջ՝ ամ­րան պայ­ծառ օրե­րուն յօ­րինեց սի­րոյ եր­կու քաղցր քեր­թո­ւած։ Մինչ դուք կը մնաք այդ գե­ղեցիկ խօս­քե­րու հետ, ես կը մաղ­թեմ, որ ձեր կեան­քը ըլ­լայ ամ­փոփ եւ դուք լու­սամփո­փի մեղմ լոյ­սի տակ շա­րու­նա­կէք հայ­կա­կան ըն­տիր գրա­կանու­թեան էջե­րը վա­յելել.

Իմ կա­րօտի անափ ծո­ւում քեզ ափէ ափ,

Քո շուրթե­րի նուրբ թեր­թե­րը չամ­փո­փեցի։

Քեզ իմ սի­րոյ ան­հուն ծո­ւում չամ­փո­փեցի,

Թե­թեւա­սահ քո քայ­լե­րը երա­զան­քով չամ­պո­տեցի…

Ինձ նկա­տեցիր, իս­կոյն պո­կեցիր,

Քո տաք ափե­րում ինձ ամ­փո­փեցիր։