Թիւրքիոյ Օդային Ուղիներու ընկերութեան հանրային տեղեկատուութեան հարթակին վրայ յայտարարուեցաւ՝ «Հնարաւորութիւններուն եւ շուկային պայմաններուն համեմատ, որոշում կայացուած է սկսելու կանոնաւոր թռիչքներ դէպի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան»։
Սոյն յայտարարութեան մէջ հետեւեալ արտայայտութիւններուն տեղ տուաւ՝
«Մեր կազմակերպութեան վարչութեան խորհուրդը, հնարաւորութիւններուն եւ շուկային պայմաններուն համեմատ, որոշում կայացուցած է սկսելու կանոնաւոր թռիչքներ Ռումինիոյ Թեմեշվար քաղաքը եւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան»։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման ընթացքին մէջ, պատուիրակութիւններու վեցերորդ հանդիպումը 11 Սեպտեմբերին առաջին անգամ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կատարուած էր։ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը ցամաքային սահմանը անցնելով Երեւան հասած էր։
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդիպումէն ետք ըրած յայտարարութեան մէջ «Կողմերը նաեւ որոշեցին 2026 ամառէն սկսեալ տարբեր ընկերութիւններու համար տարբեր կէտեր թռիչքներ սկսելու անհրաժեշտ պատրաստութիւններուն կատարումը եւ այսպիսով երկու երկիրներու միջեւ օդային ուղիներուն եւ թռիչքներուն թիւը ընդլայնելը» արտայայտութիւններուն տեղ տուած էր։
«Շարունակութիւնը պիտի գայ»
Երկար տարիներ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդանաւային թռիչքներ կազմակերպող գործարար Տիգրան Ալթուն, զարգացումը գնահատեց «Ակօս»ին։
«Անցեալին ալ Թիւրքիոյ Օդային Ուղիներու ընկերութեան հետ դէպի Երեւան թռիչք կատարելու մասին խօսակցութիւններ ըրած ենք, սակայն որոշում չէ կայացած։ Այս թռիչքներու մասին վերջնական որոշումը կը մնար Արտաքին Գործոց Նախարարութեան։ Դէպի Հայաստան թռիչքներու սկսիլը բնականոնացման ընթացքին վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»։
Ալթուն նշեց որ թէեւ մանրամասնութիւնները չեն յստակացած, բայց կարելի է ենթադրել թէ նման քայլերու շարունակութիւնը պիտի գայ, որու հետեւանքով Հայաստանի մէջ դրական մթնոլորտ մը կը ստեղծուի։